ԱՍՏՈՒԱԾ ՈՒՐԱՑՈՂՆԵՐ

Երբ պատանի էի, յաճախ հիացումով կը դիտէի հօրս ճոխ գրադարանը՝ ուր կային նաեւ մեծ հօրս գիրքերը։

Օր մը երբ կը դիտէի գիրքերը, ուշադրութիւնս գրաւեց գորշ, մոխրագոյն կողքով գիրք մը, որուն վերտառութիւնն էր, ինծի բոլորովին անծանօթ բառ մը. «L'ATHEISM»։

Հայրս միշտ կը քաջալերէր գիրք կարդալը, եւ շատ անգամ ինք գրադարանէն գիրքեր կու տար՝ պատուիրելով որ կարդամ զանոնք, եւ երբեմն ալ կը տանէր զիս իրեն ծանօթ գրավաճառներու խանութը եւ գիրքեր կը գնէր ինծի համար, որպէսզի կարդամ։ Jean-Jacques Rousseau-ի «Էմիլ կամ դաստիարակութեան մասին» եւ «Ընկերային համաձայնագրութիւն» գիրքերը յատկապէ՛ս ուզած էր որ կարդամ։

Մինչ ազատ էի հօրս գրադարանէն գիրքեր առնել եւ կարդալու։ Բայց սովորութիւն ունէի հօրս հարցնելու, թէ ո՞ր գիրքը աւելի յարմար է ինծի համար։ Ան միշտ մեծ ուրախութեամբ եւ քաջալերանքով կը դիմաւորէր զիս։ Եւ այս անգամ երբ վերոյիշեալ գիրքին մասին՝ «L'ATHEISM»ի համար հարցուցի, իր ամէն ատենուան մեղմ եւ համոզիչ ձայնով ըսաւ. «Ո՛չ մանչս, քեզի համար տակաւին ատենը չէ կարդալու այդ գիրքը, երբ աւելի հասուն տարիք ունենաս, այն ժամանակ կը կարդաս…»։

Առաջին անգամ «գիրքի արգելք»ի մը հետ դէմ յանդիման եկած էի եւ թէ հօրս կողմէ…։

Տարիներ անցան, եւ այդ գիրքը կարդալու առիթը երբեք չներկայացաւ։ Բայց այդ «ժամանակաւոր արգելք»ը պատճառ եղաւ, որ Աստուած գիտէ, հաւատացեալ մէկը ըլլամ եւ հոգեւոր ծառայութեան յօժարակամութիւնը ունենամ։ Եւ ես այսօրուան վիճակս կը պարտիմ հօրս «արգելք»ին ահաւասի՛կ։

Կարդալը ընտանեկան աւանդ մըն էր ինծի համար, որ շարունակուեցաւ Երէցկինս Աննիկով եւ կը շարունակուի Գրիգորով եւ Արարատով, իրենց ընտանիքներով։ Կարելի՞ է աւելի մեծ երջանկութիւն երեւակայել երբ աւանդութիւն մը կը շարունակուի սերունդէ՜ սերունդ, ինչ որ Աստուածային շնորհ մըն է՝ յաւիտենականութիւն, որ կ՚ենթադրէ՝ անմահութի՛ւն։

Ուրեմն «անձնական»էն փոխադրուինք «ընդհանրական»ին եւ խորհրդածենք աստուածուրացութեան մասին, այն նիւթին՝ որու մասին գրուած գիրքը կարդալ երբեք կարելի չեղա՛ւ։ Իսկ եթէ կարդացած ըլլայի ի՞նչ կը պատահէր։ Ճշմարտութիւնը սիրող եւ փնտռող ամէն մարդ կը հաւատայ, ուստի ողջախոհ մարդը կը հաւատայ, քանի որ մարդ ստեղծուած է այդ կոչումով, եւ այն որ կ՚անդրադառնայ իր կոչումին՝ իր էութեան պատճառին, կը հաւատա՛յ։ Բայց ասիկա ժամանակի կը կարօտի, հասուն եւ փորձ մտքի, ինչ որ հայրս արդէն իր ժամանակաւոր արգելքով ըսել ուզած էր ինծի…

Ո՜վ Աստուած ուրացողներ. սիրելի եղբայրներ, ձեզ «եղբայր» կը կոչեմ, որովհետեւ դուք եւ բոլորս մէկ Ստեղծողի, մէկ Արարիչի արարածները, որդիներն ենք։ Մեր բոլորին երկնաւոր Հայրը մէկ է, Աստուած մէկ է, եւ Ան երբեք չ՚ուրանար Իր հայրութիւնը, ապա դուք ինչո՞ւ կ՚ուրանաք զԱյն։ Հաւատքը փաստի պէտք չունի, քանի որ հաւատքը արդէն ինք ամենամեծ փաստն է՝ մեր ամէն մէկուն գոյութիւնը արդէն հաստատ ապացոյցն է հաւատին՝ Աստուծոյ անուրանալի գոյութեան։

Իսկ եթէ ստեղծութիւնը գիտութեան միջոցով բացատրել ջանանք՝ ճիշդ է, քանի որ որքան անուրանալի եւ անմերժելի է հաւատքը, նո՛յնքան անուրանալի եւ անմերժելի է գիտութիւնը, եւ ո՛չ մէկ կասկած։ Բայց հաւատքը փոքր հարցում մը կ՚ուղղէ. «Լա՛ւ, բայց գիտութիւնը, իմաստութիւնը ո՞ւրկէ է…»։

Եթէ Աստուծոյ ստեղծած արարածները ահարկու են, որքան աւելի ահով ու դողով Անոր առջեւ պէտք է կենալ, խոնարհ եւ խոստովանելով մեր ինքնահաւանութիւնը, մեծամտութիւնը, թերութիւն եւ տկարութիւնները եւ անկատարութիւնը։ Մարդ ժամանակաւոր է, կարելի չէ որ այս սահմանաւոր ժամանակի ընթացքին կատարեալ ըլլայ, կարենայ ամէն բան ընել եւ ամէն բան ըլլալ։

«Քու Տէր Աստուածդ դիմաւորելու պատրաստուէ». (ԱՄՈՎՍ. Դ 12)։ Ուստի, պէտք է մասնակցիլ Յոբի եւ կրկնել անոր խօսքը. «… Իմ անձս կ՚արհամարհեմ. հողի եւ մոխիրի վրայ կը զղջամ». (ՅՈԲ. ԽԲ 6)։ Եւ լսենք Սաղմոսերգուն. «Վասնզի Տէրը կը ճանչնայ արդարներուն ճամբան. բայց ամբարիշտներուն ճամբան պիտի կորսուի». (ՍԱՂՄ. Ա 6)։

«… Պոչը կ՚երեւցնէ եղեւնիի պէս։ Միթէ անիկա յայտնի կը բռնուի՞։ Թռչունի հետ խաղալու պէս անոր հետ կրնա՞ս խաղալ»։

Սիրելի՜ աստուածուրացող եղբայրս, քարայրներու մէջ ապրող նախամարդը ինչպէ՞ս կրցաւ դիմանալ բնութեան այնքան հարուածներուն եւ կրցաւ գոյութիւնը պահել եւ գոյատեւել եւ մնալ մինչեւ այսօրս. մինչդեռ հոյամողէզը (dinosaur) չէ կրցած գոյատեւել։ Երբեք փորձած ես մտածել այս մասին, թէ՝ ո՞ր Զօրութիւնը, ո՞ր հոգատարը, ո՞ր խնամատարը յաջողեցաւ զայն պաշտպանել։ Արդեօք Նախախնամ Արարիչը՝ Տէր Աստուած կրնա՞յ ըլլալ…

Դո՛ւն, սիրելի՜ աստուածուրացող եղբա՛յր, շարունակէ ուրանալ եւ մերժել Ճշմարտութիւնը, բայց կանխակալ եւ նախապաշարուած մի՛ մնար, երբեմն ալ փորձէ խորհիլ, երբեմն ալ լսէ քու խղճիդ ձայնը, երբեմն հոգեւոր աչքով նայիլ փորձէ կեանքիդ, էութեանդ պատճառը հարցաքննէ, թերեւս հոն հանդիպիս Ճշմարտութեան Լոյսին։ Ո՛չ մէկ խաւար բոլորովին մութ է, հոն կայ անպայմա՛ն լոյսի շող մը…

ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ

Յունուար 10 2023, Իսթանպուլ

Շաբաթ, Յունուար 14, 2023