ՄԱՅԻՍ ԱՄԻՍԸ ԵԶԱԿԱՆ Է

Ամիսներու նուիրապետական կարգին մէջ մայիսի դիրքը եզակա՛ն է։ Աննկարագրելին ինչպէ՜ս կարելի է նկարագրել. մայիսն է ի՛նչ որ չէ եւ ո՛չ մէկ ուրիշ ամիս, եւ չի կրնար ըլլալ։ Մայիս ամիսը՝ «նորին վեհափառութիւն»ը թագուհին է տասներկու ամիսներուն մէջ, իր գեղեցկութեան անվիճելի գերազանցութեամբ։ Մայիսին է, որ կեանքը կը նորոգուի, կը բարեփոխուի եւ «նոր կեա՛նք» կ՚ըլլայ։

Արդարեւ մայիսին է, որ բնութիւնը նոյն ատեն կը հարստանայ, կը ճոխանայ եւ կը թագադրուի։ Ձմրան մութ վարագոյրը կը քաշուի այս ամսուն։ Եւ ահաւասիկ բեմին վրայ կը պարզուի ակնախտիղ պատկերը գարնան։ Բնութիւնը իր բեմադրութեան ամենէն դիւթիչ տեսարանները վերապահած կ՚երեւի մայիսին։

Մայիսը շռա՛յլ է իր յարդարանքովը։ Բնութիւնը իր մերկութենէն դո՛ւրս կ՚ելլէ, յեղակարծօրէն եւ մոգականօրէն, հագուած, սգուած եւ «հարսի մը պէս՝ իր փեսին համար պատրաստուած»։

Դրախտը կարելի չէ սահմանել աշխարհագրականօրէն, հապա՝ ժամանակագրականօրէ՛ն։ Մայիսը ո՛ւր որ է, գէթ երկրագունդիս հիւսիսամասին մէջ, հո՛ն է դրախտը, իր անթուելի եւ անօրինակելի զանազանութեամբը՝ բոյրերու, ձեւերու, գոյներու եւ թարմութեա՛ն։

Երկրակամարին կապոյտին դէմ կանաչութիւնը կը պսպղայ որպէս յատուկ գունազան պատկերներու՝ որոնք նկարուած են մայիսեան ծաղիկներով. ա՛լ ո՛ր մէկը կարելի է թուել կամ նկարագրել…։

Քանի որ ի՛նչ որ մարդուս աչքը կը տեսնէ՝ գրիչը անկարող է նկարագրել, նոյնիսկ թուել, որովհետեւ մարդ իր տեսածներուն անուններն իսկ չի գիտեր մայիսեան բնութեան լայնատարած աշխարհին մէջ։

Գրչի եւ խորհուրդի մարդու մը յարաբերութիւնը բնութեան հետ գիտական գետնի վրայ չի կրնար ըլլալ, այլ՝ զգացական գետնի վրայ։ Մարդ, ընդհանրապէս «տգէտ» է բնութեան գաղտնիքներուն՝ խորհուրդներուն, բայց զգայուն է անոր փառքին յայտնութիւններուն։ Սովորաբար, մարդ չի գիտեր, թէ ի՛նչպէս կը յղացուի եւ կը ծնի գարունը բնութեան արգանդին մէջ, բայց կարող է ան վայելել, ապրիլ բնութեան գարնան հրաշագործ եւ զարմանալի յայտնութիւնը մայիսի մէջ։ Եւ մանաւա՛նդ մայիսի մէջ։ Այս ուղղութեամբ «տեսնուածը» հասկնալու եւ ըմբռնելու անհրաժեշտութիւն չկայ, երբ կարելի է «վայելել» ի՛նչ որ կը տեսնուի։

Ուրեմն, փիլիսոփայ ըլլալու հարկ չկայ, կեանքը լիօրէն ապրելու համար։ Աստուած ամէն մարդ փիլիսոփայական մտքով չէ օժտած, ամէն մարդ իմաստասէր ըլլալու պարտաւորութիւն մը չունի, բայց ամէն մարդու, անխտիր, տուած է զոյգ մը աչք եւ ականջ՝ բնութեան հետ «զգայարանական հաղորդակցութիւն» հաստատելու, յարաբերութիւն մշակելու, եւ իր կեանքը ճոխացնելու բնութեան համերգովը եւ համայնապատկերովը։ Արդարեւ, մարդ էակին ձրի շնորհքն է «վայելել» կարողութիւնը՝ իր զգացումներով եւ գիտակցաբա՛ր։

Գիտնալու համար պէ՛տք է սորվիլ, բայց խորհիլ եւ զգալ՝ բնատուր կարողութիւններ են ամէն մարդու։

Չըսելու համար «տգէտ», համեստ գիտութեան տէր մէկու մըն ալ ձրի առանձնաշնորհումն է վայելելու կարողութիւնը, օգտուիլ բնութեան բարիքներէն՝ իր «մայիսեան վեհափառութիւն»ովը՝ ա՛յնքան լիօրէն ո՛րքան համբաւաւոր իմաստասէրներ եւ հռչակաւոր գիտնականներ՝ որոնք կրցած են վայելել իրենց իմացականութեամբը եւ գիտութեամբը։

Հազա՜ր փառք Աստուծոյ այս անգին վայելքի շնորհքին համար…։

Բայց մայիսը ունի նաեւ տխրեցուցիչ կողմ մը։ Ի՞նչ արդարացում կայ սակայն տխրութեան մայիսի մէջ։ Մայիսը տխրեցուցիչ ազդեցութիւն մը ունի, որովհետեւ ան կը յիշեցնէ, թէ ամէն ամիս մայիս չէ, եւ մայիսը ժամանակաւոր է՝ միջոց մը վերջ պիտի հասնի իր աւարտին։ Այս ուղղութեամբ, մայիսէն շատ ալ հեռու չէ դեկտեմբերը, որ ի վերջոյ պիտի հասնի եւ գրաւէ իր տեղը մարդուս կեանքին մէջ։ Մայիսը չէ կեանքի «մնայուն» հանգրուանը. մայիսն ալ անցաւոր է, եւ ա՛յդ է որ կը տխրեցնէ մարդը…։ Ուստի, ո՛ւր որ դրախտ կայ՝ անմիջապէս քովը կայ նաեւ «անապատ» մը, ուր վտարանդի՝ աքսորական կամ տարագիր կ՚անցնէ իր կեանքը մարդ, պանդուխտի պէս, գոնէ կէսը, եթէ ո՛չ շատ աւելին…։

Ժամանակի սրարշաւ կառքը երկար չի կենար մայիսեան դրախտին մէջ, հապա՝ կը յառաջանայ դէպի աշունը եւ ապա ձմեռը կեանքին…։

Երանի՜ անոնց որոնք՝ երբ ժամանակի կառքը հեծած կը ճամբորդեն՝ շատ անգամներ մայիսը վայելելու բանաւոր ակնկալութիւնը ունին։ Բայց ոմանք… արդէն տեսեր, վայելեր են մայիսը եօթանասունվեց անգամներ. ասկէ յետոյ քանի՞ անգամ դեռ տեսնելու պատեհութիւն պիտի տրուի անոնց…։

Երբ մայիսը կը վայելէ մարդ իր եօթանասունվեց տարեկան հասակին այսօր՝ դեկտեմբերի մղձաւանջը կը վրդովէ իր հոգին…։

Բայց նորէն պէտք է փառք տան անոնք այսօրուան վայելած մայիսին համար… Մայիսներ կը շարունակեն, զանոնք վայելողներ ալ չեն պակսիր երբեք, եթէ նոյնիսկ վայելողներ փոխուին. մայիսներ եւ դեկտեմբերներ միշտ կը յաջորդեն իրարու, կեանքը կը շարունակէ, այս ընթացքին մէջ կը փոխուին ապրուած կեանքեր. ոմանք կը մոռցուին, ոմանք ժամանակի մը համար անմոռաց կը մնան, բայց միջոց մը վերջ անոնք ալ կը մոռցուին, ոմանք երբեմն կը յիշուին եւ երբ յիշողներ ալ կորսուին, անոնք ալ այլեւս չեն յիշուիր եւ կը կորսուին. մինչ կեանքը եւ մայիսները կը շարունակեն իրենց մշտատեւ վայելքով…։

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

Մայիս 9, 2019, Իսթանպուլ

Երեքշաբթի, Մայիս 14, 2019