ԱԶԱՏՈՒԹԻՒՆ ԵՒ ՕՐԷՆՔ

«Ազատութիւն» եւ «օրէնք», երկու արժէքներ, որոնք կը կանոնաւորեն թէ՛ անհատական եւ թէ հաւաքական կեանքը։ Ուստի մարդ կ՚ապրի «ազատ», բայց միշտ հպատակ «օրէնք»ի տրամադրութիւններուն։

Արդարեւ, ազատութիւնը երբ անսահման եւ անկանոն ըլլայ՝ քաոս մը միայն կը ստեղծուի, քանի որ ինքնագլուխ եւ քմայական տիեզերք մը «տիեզերք» չէ, այլ «քաո՛ս» մը միայն։

Այս իմաստով շատ ցաւալի եւ մտահոգիչ պարագայ մըն է, թէ յաճախ «ազատութիւն»ը եւ «օրէնք»ը, այս երկու արժէքները, տրամագծօրէն իրարու հակառակ, իրար հակասող գաղափարներ ըլլալ կը թուին ընդհանրապէս։ Եւ ոմանք կը կարծեն, թէ օրէնքը, կանոնը արգելք են ազատութեան, քանի որ սահմա՛ն մը կը դնեն անոր։ Կան մարդիկ, որոնք արդիական, լուսաւորեալ եւ յառաջդիմական երեւելու համար կարծես, թէ անհրաժեշտ կը նկատեն օրէնքի չհնազանդիլ, չհպատակիլ, անոր դէմ ապստամբիլ եւ մինչեւ իսկ անարգել զայն։

Բայց այսպէս մտածողներ չարաչար կը սխալին։

Օրէնքի, տուեալ տրամադրութիւններու հանդէպ յարգանքի պակասը, անհնազանդութիւնը ոչ թէ յառաջդիմութեան, այլ ընդհակառակը յետադիմութեան, խաւարամտութեան, տգիտութեան նշան է։ Սխա՛լ է խորհիլ, ինչպէս որ ոմանք կը խորհին, թէ օրէնքը ազատութիւնը կը բռնաբարէ, կը կաշկանդէ։ Օրէնքը ազատութիւնը չի՛ չէզոքացներ։ Ոմանք կրնան կարծել, թէ մարդ որպէսզի «ազա՛տ» ըլլայ, պէտք է օրէնքէ զերծ եւ օրէնքէ դուրս ապրի։ Բայց «ազատութիւն»ը այս չէ՛։ Սխա՛լ է կարծել, թէ՝ իբր թէ ուր որ օրէնքը կը տիրապետէ, ազատութիւն գոյութիւն չի կրնար ունենալ հոն։ Ընդհակառակը՝ հոն ուր օրէնք կայ, հոն կայ կատարեալ ազատութի՛ւն…։

Արդարեւ, իրականութիւնը այն է, թէ օրէնքը ո՛չ միայն չի բռնաբարեր կամ «խեղդամահ» չ՚ըներ ազատութիւնը, այլ մանաւանդ կ՚երաշխաւորէ եւ կը պահպանէ, կը զօրացնէ զայն։ Ազատութիւնը բուն իսկ իր գոյութիւնը կը պարտի օրէնքի։ Ուր որ օրէնք չկայ, կամ չի գործադրուիր, հոն քաոս կը տիրէ։

Ուստի, ընկերութեան մը մէջ, եթէ նոյնիսկ մէկ անհատ այս իմաստով «ազատ» չէ, հոն կատարեալ ազատութիւն նկատել անկարելի կը թուի։

Եւ պէտք չէ անտեսել, որ ամբողջ տիեզերքը հիմնուած է «Օրէնք»ի մը համաձայն, եւ ամէն գոյութեան, ամէն երեւոյթի հիմն է եւ շարժառիթը օրէնքը։ Առանց օրէնքի չկա՛յ որեւէ գոյութիւն։

Զոր օրինակ, մեր տիեզերքը ի՞նչու համար հրաշակերտ մեքենայ մըն է, կազմուածք մը, որ կը շարժի եւ կը գործէ առանց խառնաշփոթութեան, առանց աղմուկի եւ առանց բաղխումի, այլ հիանալի՜ ներդաշնակութեամբ, կարգապահութեամբ, ճշդապահութեամբ, հաւասարակշռութեամբ եւ կանոնաւորութեամբ. որովհետեւ անիկա օրէնքի, կանոնի հպատա՛կ է։

Ի՞նչ է «գիտական զարգացում»ը։ Ո՛չ ուրիշ բան՝ այլ միայն բնութեան ուժերը, օրէնքները խուզարկել, ուսումնասիրել եւ անոնց հպատակի՛լ։

Արդարեւ, բնութիւնը մեզի կը ծառայէ միայն այն համեմատութեամբ եւ այն չափով, որով մենք անոր օրէնքներուն կը հնազանդինք եւ զանոնք կը յարգենք։

Որպէսզի մարդ ֆիզիքական աշխարհին վրայ յաղթանակ տանի, որպէսզի անոր ուժերը կարենայ օգտագործել, պէտք է որ բնական օրէնքները ընդունի եւ անոնց գերիշխանութիւնը ճանչնայ եւ անոնց հպատակի։

Այդ օրէնքներէն դոյզն ինչ շեղիլ իր ձեռնարկին մէջ վիժիլ, ձախողիլ եւ խորտակուիլ պիտի նշանակէր։ Մարդ արդարեւ բնութիւնը նուաճած է եւ հետզհետէ կը նուաճէ։ Բայց ի՞նչպէս յաջողած է զայդ ընել։

Տեսականին մէջ մա՛րդն է, որ ֆիզիքական աշխարհը, բնութիւնը կը նուաճէ. իսկ իրականին մէջ ԲՆՈՒԹԻ՛ՒՆՆ Է ՈՐ ՄԱՐԴԸ ԿԸ ՆՈՒԱՃԷ։ Այլ խօսքով, մարդ գիտական հնարքներով եւ խուզարկութիւններով ո՛չ թէ բնական ուժերը եւ օրէնքները կը յաղթահարէ, այսինքն կ՚ազատագրէ, այլ ԻՆՔԶԻՆՔ ԱՆՈՆՑ ՏՐԱՄԱԴՐՈՒԹԵԱՆԸ, ՀՊԱՏԱԿՈՒԹԵԱՆԸ ՆԵՐՔԵՒ ԿԸ ԴՆԷ։ Գիտութիւնը օրէնքը խափանելու կամ փոխելու չի ձգտիր, որովհետեւ բացարձակապէս անկարելի՛ է այդ, այլ կը ձգտի ինքզինք անոր յարմարցնելու, անոր հետ համերաշխ գործելու, կերպով մը «հաշտուելու», մէկ խօսքով անոր բացարձակ հեղինակութիւնը, իշխանութիւնը ճանչնալու եւ անոր հպատակելու։

Ուստի «Բնական Օրէնք»ներու գերիշխանութենէն ազատագրուելու միա՛կ կերպն է անոնց հպատակիլ։ «Եւ ճշմարտութիւնը պիտի գիտնաք եւ այն ճշմարտութիւնը ձեզ պիտի ազատէ»։

Ֆիզիքական աշխարհը լեցուն է ճշմարտութիւններով, զորս ան կ՚արտայայտէ ֆիզիքական օրէնքներով եւ այդ օրէնքներու հնազանդելով է, որ մարդ յաջողութիւն, երջանկութիւն, ազատութիւն եւ կեա՛նք կը վայելէ։

Ան որ կը հպատակի եւ կը հնազանդի օրէնքին, անիկա ազա՛տ է. ճշմարիտ ազատութիւնը օրէնքին տրամադրութիւններու ներքեւ կը գտնուի։

Եւ բնութիւնը ինքզինք մեր տրամադրութեան ներքեւ կը դնէ, մեզի սպասաւորութիւն կ՚ընէ, մեզի կը ծառայէ երբոր մենք անոր հպատակինք եւ հնազանդի՛նք…։

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

Մայիս 12, 2020, Իսթանպուլ

Հինգշաբթի, Մայիս 14, 2020