ՄՇՏԱՆՈՐՈԳ ՀԻՆ ԷՋԵՐ

Հետաքրքրական էջեր կարելի է գտնել Հայ Մամուլի հին էջերուն մէջ՝ որոնք «մշտանորոգ հին էջեր» կարելի է անուանել, քանի որ պատմութիւնը, ընդհանրապէս դէպքերու կրկնութիւնն է՝ թէեւ տարբեր երեւոյթներով բայց էապէս նոյն կերպով։

Եւ ահաւասիկ յուլիս 1, 1939 թուակիր «The GOTCHNAG - An Armenian Weekly» շաբաթաթերթէն հետաքրքրական հատուածներ, որոնք առիթ կ՚ընծայեն բաղդատել անցեալը ներկային հետ։

ՀԵԾԵԼԱՆԻՒՈՎ ՎԱԶՔ ԼԵՆԻՆԱԿԱՆԷՆ ԵՐԵՒԱՆ

Ի պատիւ Կոմունիստ կուսակցութեան 18-րդ համագումարին, Լենինականի Մարմնամարզական Խորհուրդը կազմակերպած էր հեծելանիւով խմբակային վազք, Լենինական-Կիրովական-Դիլիջան-Երեւան ճանապարհով։

Վազքին մասնակցողները դադարներու ժամանակ տեղական բնակչութեան մէջ բացատրական աշխատանք կատարեցին Մոլոթովի եւ Ժտանովի զեկուցումներուն շուրջ։

***

ԴԱՍԸՆԹԱՑՔՆԵՐ ՔԱՈՒՉՈՒԿԻ ԳՈՐԾԱՐԱՆԻՆ ՄԷՋ

Քաուչուկի գործարանի վարչութիւնը մասնաւոր դասընթացք մը հաստատած է քարտաշներու, որմնադիրներու, հիւսներու, մոթորներու վրայ աշխատողներու եւ փականագործներու համար։

Դասընթացքները սկսած են Մարտ 15-ին եւ պիտի տեւեն երեք ամիս։

Ընդունակները պիտի ստանան ամսական 150 ռուբլի եւ հանրակացարան։

(Ծանօթագրութիւն.- «քարտաշ»= քառակուսի քարը տաշող, «որմնադիր»= պատ հիւսող արհեստաւոր, «հիւսն»= փայտէ կազմածներ շինող արհեստաւոր, ատաղձագործ, «փականագործ»= կղպանք, կողպանք շինող արհեստաւոր, «հանրակացարան»= նոյնատեսակ զբաղում ունեցողներու հաւաքական բնակարան)։

***

ՇԱՔԱՐԻ ԳՈՐԾԱՐԱՆ

Կոմունիստական 18-րդ համագումարը որոշած է Երրորդ Հնգամեակի ընթացքին Հայաստանի մէջ կառուցանել շաքարի գործարան մը։ Այս գործարանին վայրը որոշուած է Շիրակի Համամլու գիւղը։

Այս գործարանին համար ծրագրուած է որ պէտք է մշակէ տարեկան 50,000 կենդինար ճակնդեղ։ Շաքարի գործարան շինելու գաղափարը յառաջ եկած է շաքարի ճակնդեղի յաջող մշակումէն։

Հինգ տարի առաջ Շիրակի դաշտավայրին մէջ, որ ծովի մակերեսէն 1500 մեթր բարձր է, կատարուեցաւ շաքարի ճակնդեղի փորձական ցանք։

Խ. Միութեան երկիրներուն մէջ առաջին անգամն է որ այդպիսի հողային բարձրութեան մը վրայ շաքարի ճակնդեղ կը մշակուէր։ Եւ արդիւնքը փայլուն եղաւ։ Այս բոլորովին նոր պայմաններուն տակ շաքարի ճակնդեղը աճեցաւ՝ տալով (18-19 տոկոս) շաքարի բարձր պարունակութիւն։

Տարուէ տարի ընդարձակուելով ճակնդեղի ցանքերուն տարածութիւնը, անցեալ տարի հասաւ 1020 հեքթարի (2000 էյքըրէն աւելի)։ Այժմ ճակնդեղ կը մշակեն Արթիկի, Դիւգքեանտի, Ազինի, Սպիտակի եւ Կիրովականի հաւաքական տնտեսութիւնները։

Հողային գործավարութեան մշակած ծրագրին համաձայն, Երրորդ Հնգամեակի վերջին՝ շաքարի ճակնդեղի ցանքերու տարածութիւնը պիտի հասնի 3000 հեքթարի։

(Ծանօթագրութիւն.- «Կենդինար»= ծանրութեան չափ. centinarium, 100 քիլօ= 88 օխայ, հարիւրեակ, եւս եւ հարիւր լիթր, «էյքըր»=acker= դաշտավայր, լծվար, ծուփ)։

***

ԱՆԳԼԻՈՅ ԹԱԳԱՒՈՐՆ ՈՒ ԹԱԳՈՒՀԻՆ ԼՈՆՏՈՆԻ ՄԷՋ

Անգլիոյ Ճորճ Թագաւորն ու Էլիզապէթհ Թագուհին՝ Գանատա եւ Մ. Նահանգներ այցելելէ յետոյ մեկնեցան դէպի Լոնտոն, ուր հասան Յունիս 22-ին։ Արքայական ամոլին վերադարձը բերկրութեամբ ողջունուեցաւ Անգլիոյ ժողովուրդէն։ Երբ որ թագաւորն ու թագուհին փոխադրող Էմփրէս նաեւը Սաութհէմփթըն հասաւ, արքայական ամոլը բարեկամական ցոյցերու առարկայ դարձաւ։

Սաութհէմփթընի փողոցները խռնուած էին միլիոնաւոր անձինք, որոնք կարծես երախտագիտութիւն կը յայտնէին որ թագաւորն եւ թագուհին յաջողութեամբ ի գլուխ հանեցին իրենց արքայական գործը։

Երբ թագաւորն եւ թագուհին պալատ (Լոնտոն) հասան, ու շէնքին վրայ վերսկսաւ ծածանիլ արքայական դրօշը, շատեր - շուրջ 50,000 անձինք -  հաւաքւեցան պալատին շուրջ, փափաքելով տեսնել իրենց սիրելի վեհապետն եւ թագուհին։

Բարի գալուստի իրենց ողջոյնները մատուցանելու նպատակաւ Լոնտոնի Կիլտ հօլի մէջ հաւաքուող անձանց ուղերձ մ՚ընելով Ճորճ Թագաւոր պատմեց այն քաղցր տպաւորութիւնները զոր կրած էր ճամբորդութեան ընթացքին։ Թագաւորը այս առթիւ յիշեց մասնաւորապէս Մ. Նահանգաց հանդուրժողական ոգին։ Անիկա խօսեցաւ այնպիսի սահունութեամբ, որ շատերուն զարմանք առթեց։ Թագաւորին այս ուղերձը րէտիոյով հաղորդուեցաւ հասարակութեան։

***

ՍԱՆԱՍԱՐԵԱՆ ԽԱՆԻ ԴԱՏԻՆ ԽՆԴԻՐԸ

Նախորդ Քաղաքապետին կողմէ Սանասարեան Խանի դատին համար պահանջուած 380,000 ոսկիի դատին առթիւ Ս. Պատրիարք Հօր կողմէ պատուիրակութիւն մը ներկայացած էր Վարչապետին եւ բերանացի ու գրաւոր բացատրութիւններ տուած էր։

Ս. Պատրիարք Հայրը այս առթիւ յիշատակագիր մը ներկայացուցած էր Կուսակալութեան։

Այս յուշագրին ընթացք տալով, այժմ հաղորդուած է Սթանպուլի Կուսակալութեան դատական ճիւղին որ իր կարգին յայտնէ թէ ի՛նչ պատճառով դատին ձեռնարկուած է։

Յետոյ թղթածրարը պիտի վերադար-ձըւի կեդրոն՝ Վարչապետութեան։

(Ծանօթագրութիւն.- «յիշատակագիր»= ծանուցագիր, պաշտօնագիր։

Շրջանի Վարչապետն էր՝ Րէֆիք Սայտամ (1939-1942)

Շրջանի Ս. Պատրիարքն էր՝ Մեսրոպ Ա. Մշեցի Նարոյեան (1927-1944)։

«Թղթածրար»= փաստաթուղթերու հաւաքածոյ, թուղթերէ կազմուած տրցակ)։

***

ՆՈՐ ԱՅԳԻՆԵՐ

Հայաստանի Գիւղատնտեսական Դրամատունը 20 միլիոն 555,000 ռուբլի վարկ յատկացուցած է կոլտնտեսականներուն, նոր այգիներ մշակելու համար։

***

Ինչպէս յաճախ կը կրկնենք, ներկան լաւ հասկնալու համար պէտք է անցեալի մասին տեղեկութիւն ունենալ եւ բաղդատել անցեալը եւ ներկան, քանի որ ամէն անհատ պատասխանատո՛ւ է ապագային նկատմամբ…։

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

Յուլիս 11, 2020, Իսթանպուլ

Երեքշաբթի, Յուլիս 14, 2020