ԳԻՏՈՒԹԻՒՆ ԵՒ ՀԱՒԱՏՔ

Մարդիկ, սկսեալ Ադամէն, Աստուծոյ հասնիլ կը ջանան իրենց գիտութեամբ, արուեստով եւ ստեղծագործութեամբ, եւ մինչեւ այսօր անոնց «յաջողութիւն»ը կը նմանի ճամբորդի մը՝ որուն առջեւ կ՚երկարի մէկ միլիոն մղոն ճամբայ մը եւ որուն վրայէն միայն տասը քայլ յառաջացած է ան։

Սակայն ճշմարիտը չի՛ կրնար հակասել ճշմարիտին։ Այս պատճառով՝ գիտութեան բոլոր մարզերուն մէջ հետեւողական որոնումը, եթէ իսկապէ՛ս գիտականօրէն յառաջ տարուի եւ եթէ բարոյական կանոններուն հետեւի, չի կրնար երբեք իրապէս հակադրուիլ հաւատքին, քանի որ աշխարհային եւ հաւատքի իրականութիւնները իրենց ծագումը միեւնոյն Աստուծոյ մէջ կը գտնեն։ Դեռ աւելի, ան որ կը հնարի իրերուն գաղտնիքները թափանցել, գիտակից կերպով առաջնորդուած է Աստուծոյ աջովը, որ զօրավիգ է բոլոր էակներուն եւ զանոնք կ՚ընէ այն ի՛նչ որ են։ Ստեղծուած ըստ Աստուծոյ պատկերին, մարդը Աստուծոյ հետ իր առընչութեան ճշմարտութիւնը կ՚արտայայտէ նաեւ իր գեղարուեստական գործերուն գեղեցկութեամբ։ Արդարեւ արուեստը՝ յատկապէս մարդկային արտայայտութեան մէկ ձեւն է՝ բոլոր կենդանի արարածներուն հասարակաց եղող կենսական անհրաժեշտութիւններուն որոնումէն անդին, ան ձրի յորդառատութիւն մըն է մարդկային արարածին ներքին ճոխութեան, բարոյական հարստութեան։

Յայտնելով Արարչէն տրուած տաղանդէ մը, նաեւ մարդուն ջանքերէն, արուեստը գործնական իմաստութեան մէկ ձեւն է, որ իրարու միացնելով ճանաչում եւ ճարպիկութիւն, կերպարանք կու տայ իրականութեան մը ճշմարտութեան, տեսողութեան եւ լսողութեան մատչելի բարբառով մը։ Արուեստը այսպէս իր մէջ կը կրէ որոշ նմանութիւն մը Աստուծոյ արարածին մէջ գործելակերպին հետ, այն չափով որ ան կը ներշնչուի ճշմարտութենէն եւ արարածներուն սէրէն։

Ինչպէս մարդկային ամէն գործունէութիւն, արուեստը եւս իր մէջ չունի իր բացարձակ վախճանը, այլ նպատակադրուած է մարդուն վերջնագոյն վախճանին հետ եւ ազնուացած է անով։ Եւ այսպէս, արուեստը Աստուծոյ հասնելու միջոց մը կը հանդիսանայ…։

«Սրբազան արուեստ»ը ճշմարիտ է եւ գեղեցիկ, երբ իր ձեւերով կը համապատասխանէ իր յատուկ կոչումին որ է՝ հաւատքով եւ երկրպագութեամբ յիշել եւ փառաւորել գերակայ խորհուրդն Աստուծոյ, որ գեղեցկութիւնն է վսեմ անտեսանելի ճշմարտութեան եւ սիրոյ, որ երեւցաւ Քրիստոսի մէջ, որ «պայծառութիւնն է Անոր փառքին եւ պատկերը Անոր էութեան» (ԵԲՐ. Ա 3), որուն մէջ «կը բնակի մարմնապէս ամբողջ լրումը աստուածութեան» (ԿՈՂ. Բ 9), հոգեւոր գեղեցկութիւն՝ որ կը ցոլայ Ամենասրբուհի Կոյս Աստուածամօր, հրեշտակներուն եւ սուրբերուն մէջ։

Սրբազան իսկական արուեստը կը տանի մարդը սիրոյ, աղօթքի եւ երկրպագութեան հանդէպ Արարիչ, Նախախնամ եւ Փրկիչ, Սուրբ եւ Սրբազան Աստուծոյ։ Արդարեւ, արուեստները, եւ մանաւանդ սրբազան արուեստը, կը ձգտին իրենց բնութեամբ իսկ մարդկային գործերուն մէջ որոշ կերպով մը արտայայտելու անհուն գեղեցկութիւնն Աստուծոյ, եւ Անոր գովաբանութիւնը եւ փառքը աճեցնելու, ուրիշ նպատակ չունենալով եթէ ոչ կարելիութեան առաւել չափով օժանդակելու մարդկային հոգիներուն դէպի Աստուծոյ ճշմարտուիւնը, դէպի Աստուած դարձը։

Արարչագործութիւնը, մարդուս համար հասնելու միջոց մըն է Աստուծոյ. մարդ իր իսկ «արարչագործութիւն»ներով կը ջանայ հասնիլ Աստուծոյ։

Աստուածաշունչին մէջ «երկինք եւ երկիր» ասոյթը կը նշանակէ ի՛նչ որ գոյութիւն ունի, ամբո՛ղջ արարչութիւնը։

Արարչութենէն ներս Աստուածաշունչը կը մատնանշէ նաեւ այն զօդը՝ որ երկինքը եւ երկիրը իրարու կը միացնէ եւ միանգամայն կը զատորոշէ «երկիր»ը, աշխարհն է մարդոց, իսկ «երկինք»ը կամ «երկինքներ»ը՝ կրնան մատնանշել երկնակամարը, ինչպէս նաեւ Աստուծոյ յատուկ «վայր»ը՝ «Հայր մեր որ երկինքն ես» (ՄԱՏԹ. Ե 16), (ՍԱՂՄ. ՃԺԴ 16), եւ հետեւաբար արքայութիւնը, որ կատարածնային փառքն է։

Վերջապէս «երկինք» բառը կը մատնանշէ Աստուծոյ շուրջ եղող հոգեւոր արարածներուն՝ հրեշտակներուն վայրը։ Աստուած ոչինչէն ստեղծեց հոգեւոր եւ մարմնաւոր արարածները։

Քանի որ Աստուած իմաստութեամբ կը ստեղծէ, ուրեմն արարչագործութիւնը բարեկարգ է. «Դուն ամէն ինչ կարգաւորեցիր չափով, թիւով եւ կշիռքով» (ԻՄՏ. ԺԱ 20)։ Յաւիտենական Բանով եւ Բանին մէջ գոյութիւն ունեցած արարչագործութիւնը իբր պատկեր անտեսանելի Աստուծոյ (ԿՈՂ. Ա 15), (ԾՆՆԴ. Ա 26), վիճակուեցաւ եւ ուղղուեցաւ մարդուն՝ պատկեր Աստուծոյ, որ իր հերթին կոչուած է անձնական յարաբերութեան Աստուծոյ հետ։

Մեր իմացականութիւնը քանի որ մասնակից է աստուածային Իմացականութեան լոյսին, կարող է՝ թէեւ մեծ ճիգով եւ միանգամայն Արարչին եւ Անոր գործին հանդէպ խոնարհութեան ոգիով եւ յարգանքով, իմանալ ի՛նչ որ Աստուած կ՚ըսէ մեզի իր արարչագործութեամբ։

Ուստի արարչագործութիւնը եւ ստեղծագործութիւնը ծագում է առած աստուածային բարութենէն, ան կը մասնակցի այս բարութեան. «Եւ Աստուած տեսաւ որ բարի էր… շատ բարի», (ԾՆՆԴ. Ա, Դ, Ժ, ԺԲ, ԺԸ, ԻԱ, ԼԱ)։ Որովհետեւ արարչագործութիւնը եւ ստեղծագործութիւնը Աստուծմէ ուզուած է իբր «պարգեւ» մը մարդուն եւ իբր «ժառանգութիւն» մը, որ սահմանուած եւ վստահուած է անոր։

Եւ ուրեմն մարդ սկիզբէն իսկ ունի արարչագործութեան իրաւասութիւն եւ կարողութիւն սահմանաւոր կերպով՝ այնքան՝ որքան տրուած է Աստուծոյ կողմէ։ Գիւտեր, գեղարուեստական արտադրութիւններ ահաւասիկ, մարդուն այս կարողութեան արտայայտութիւններն են…։

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

Օգոստոս 7, 2019, Իսթանպուլ

Երկուշաբթի, Հոկտեմբեր 14, 2019