ՀԱՅԵՐԷՆԸ՝ ԻՐ ՆՐԲԵՐԱՆԳՆԵՐՈՎ - Գ -

Կը շարունակենք խորհրդածել Հայ լեզուի նրբերանգներուն մասին։ Հայ լեզուի նրբերանգները կը յայտնուին մանաւանդ ուղղագրական կանոններու մէջ։ Ուստի այս նրբերանգներէն օրինակներ կ՚ուզենք ներկայացնել Բենիամին Թաշեանի «Լսարան հայ լեզուի» գիրքէն։

«Թէեւ շատ քիչ, բայց դեռ կան մարդիկ, որոնք -երբէք- կը գրեն (է-ով), փոխանակ գրելու -երբեք- (եչ-ով)։

«Հայ լեզուի մէջ -էք- վերջացող արմատական բառ չկայ։ Կ՚ըսենք -արմատական-, որովհետեւ կան բարդ եւ ածանց բառեր, որոնց մէջ կը հանդիպինք -էք- վերջնամասին, ինչպէս՝ խաչօրհնէք, ութօրէք, գիւղօրէք, եւ այլն։ Այս բառերը յոգնակի են, -եայ- վերջաւորութիւնը փոխուած է -է-ի, ըստ կանոնի։

«Երբեք-ին պէս նոյն ընտանիքին կը պատկանին -ուրեք-, -ուստեք-, -երեք-, -չորեք-, -կեղեք- (կեղեքել բային արմատը), -ուրեմն-, -ուստեն-, -երբեմն- բառերը։

«Աւելորդ է ըսել, թէ բայերու յոգնակի երկրորդ դէմքերը միշտ -էք- վերջնամասը կ՚ունենան. օրինակ՝ կը գրէք, պիտի գրէք, գրեցէք, կ՚երգէք, պիտի երգէք, երգեցէք։ Ասոնք ենթակայ չեն -եք-ի կանոնին։ Մեր խօսքը, ինչպէս ըսինք, արմատական բառերու մասին է…։

«Հայ լեզուի մէջ -չա- գիրը կը գրուի բայերուն առջեւ, իբրեւ ժխտականի մասնիկ. օրինակ՝ տեսայ-չտեսայ, կարդացիր-չկարդացիր, գրեց-չգրեց։

«-Չա- ժխտական մասնիկ մըն է -տ- գիրին պէս (տգէտ, տհաս, տկար)։ Ոմանք այս ժխտական մասնիկին քով կը դնեն -ըթ- մը եւ կը գրեն - չը տեսայ, չը կարդացի, չը գրեց։ Եւ կամ -ի- մը կը դնեն ու կը գրեն չի տեսայ, չի կարդիցիր, չի գրեց։ Ինչո՞ւ. պատասխանը… լռութիւն։ Չենք գրեր - տը գէտ, տը հաս, տը կար (այսինքն՝ մասնիկը բառէն չենք զատեր), ինչո՞ւ պիտի գրենք -չը լսեց- կամ -չը գնաց- կամ -չի գնաց։ Տրուած օրինակներուն մէջ -ըթ-երը աւելորդ են, միայն ոտանաւորի մէջ կը գրենք -չը-, -ըթ-ով, բայց պէտք չէ մասնիկը հեռու պահենք բայէն եւ գրենք -չը տեսաւ-, պէտք է գրել միացած (չըտեսաւ)։

«Կանոնը սա հետեւեալն է.

«Սահմանական ներկայ, եզակի երրորդ դէմքին ժխտականը կը կազմուի -չի- մասնիկով՝ փոխանակ -չ-ի, օրինակ՝ չի գրեր, չի տեսներ, չի գործածեր, բայց երբե՛ք՝ չը գրեր կամ չ՚գրեր եւ կամ չգրեր։

«-Չի- մասնիկին -ի-ն կը զեղչուի, երբ բայը ձայնաւոր գիրով մը կը սկսի, եւ զեղչուած -ի-ին տեղ ապաթարց կը դրուի. օրինակ՝ չ՚ուզեր (չի ուզեր ըսելու տեղ), չ՚ուտեր (չի ուտեր գրելու տեղ), չ՚երգեր (փոխանակ -չի երգեր-ի)։

«Կան, որ այս ապաթարցը աւելորդ կը համարին եւ կը գրեն -չըսեր, չուտեր, չուզեր-։ Ասիկա անհիմն առարկութիւն մըն է։ Լեզուի մը կանոնները կարելի չէ փոխել ըստ կամս։ Կանոնը կանոն է. պէտք է անխախտ (աւելի ճիշդ՝ անխախուտ) պահել Սահակէն եւ Մեսրոպէն մեզի կտակուած սրբազան ժառանգութիւնը։

«Եթէ ամէն գրող աւելորդ կամ անհարկի նկատէ լեզուին հիմնական կանոնները, մեր ունեցածը այլեւս լեզու մը չ՚ըլլար, այլ կ՚ըլլայ -լեզուի պէս բան մը-, ինչպէս իրաւամբ կ՚ըսէր Գրիգոր Օտեան։

«Հայ լեզուի մէջ կանոն մը կայ, որուն համաձայն ածանցումի կամ բարդութեան ատեն -է- գիրը -ի-ի կը փոխուի. օրինակ գէր-գիրութիւն, շէն-շինարար, տէր-տիրական, սէր-սիրելի, գէտ-գիտուն, եւ այլն։

«Կանոնը կանոն է անշուշտ. բայց երբեմն նկատի կ՚առուին նաեւ բառերու ներդաշնակութիւնն ու արտասանելիութիւնը։ Այսպէս, օրինակ. ո՛չ ներդաշնակ, ո՛չ ալ դիւրաւ արտասանելի է -կիտադրութիւն- բառը. աւելի ներդաշնակ է եւ աւելի դիւրաւ արտասանելի՝ -կէտադրութիւն- կամ -կետադրութիւն-։

«Մեր մէջ այլեւս գրեթէ հիւանդութիւն դարձած է -օ- գիրին անհարկի գործածութիւնը։

«Զուտ հայերէն բառերու մէջ պարզ է կանոնը. -օ-ն կը համապատասխանէ գրաբարի -աւ-ին. օրինակ՝ աւր-օր, աւրինակ-օրինակ, աւճառ-օճառ, կաւշիկ-կօշիկ։

«Պարզ է կանոնը նաեւ օտար բառերուն համար, լատինական -օ- գիրը համարժէք է մեր -ո-ին, իսկ -au-ն՝ մեր -օ-ին. (Փօլ, Լօզան)։

«Դարձանք եկանք նորէն -օ-ի եւ -ոյ-ի փշոտ խնդրին։

«Ըստ -մաքրակրօն- հայկաբաններու, հայ լեզուի մէջ չկայ բառ մը, որ -օ-ով վերջանայ։ Բացառութիւն են այո, քո բառերը, ինչպէս -ուցանել- մասնիկով բայերուն հրամայականները,- կեցո՛, մատո՛, եւ այլն։

«Ա՛յս է հայ լեզուի ադամանդեայ կանոնը,- կ՚ըսեն մեր -մաքրակրօն- հայկաբանները։

«Լեզուական հարցերու մէջ ես ալ -մաքրակրօն- եմ, մաքրակրօններու հետ եղած եմ միշտ։ Բայց,- կը հարցնեմ ես ինծի,- երբ ամէն բան կը յառաջդիմէ ու կը բարեշրջուի, լեզուն ինչո՞ւ պիտի չյառաջդիմէ եւ պիտի չբարեշրջուի։

«Եթէ յանկարծ Հինգերորդ դարու սուրբ հայրերէն մէկը,- Եղիշէն կամ նոյն ինքն Սուրբ Մեսրոպը,- կրկին աշխարհ գար եւ լսէր կամ տեսնէր մեր խօսած ու գրած աշխարհաբարը, հաւանաբար պիտի բացագանչէր. «Բայց ասիկա հայերէ՜ն չէ»։

«Այո՛, անճանաչելի ըլլալու աստիճան փոխուած է մեր լեզուն հիմա թէ՛ բառամթերքով, թէ՛ բառակազմութեամբ եւ թէ շարադասութեամբ։ Ժամանակին հետ քալած է։

«Պահ մը ենթադրենք, թէ իրապէս երկրորդ անգամ աշխարհ եկած է Երանելի Մենակեացը։ Իմ առաջին հարցումս պիտի ըլլար իրեն,- Վա՛րդապետ, Կարօ՞ գրեմ թէ Կարոյ, Մարօ՞ գրեմ թէ Մարոյ…»։

- Պիտի շարունակուի։

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

Հոկտեմբեր 9, 2020, Իսթանպուլ

Չորեքշաբթի, Հոկտեմբեր 14, 2020