ՉԳԻՏՑԱԾԻՆ ԱՆԴՐԱԴԱՌՆԱԼ

«Մարդիկ եթէ անդրադառնան իրենց չգիտցածներուն…»։

ՍՈԿՐԱՏ

Սորվելու ամենամեծ արգե՛լքն է գիտնալ կարծել։ Մարդ երբ ինքզինք «ամենագէտ» կարծէ, նաեւ կարծէ, թէ իր գիտցածները ամբողջ գիտութիւնն է, սորվելու եւ գիտնալու համար քայլ մը իսկ չի կրնար յառաջանալ եւ կը բաւարարուի միա՛յն իր գիտցած կարծածներով։

Մարդիկ, մինչդեռ եթէ անդրադառնան իրենց չգիտցածներուն կրնան սորվիլ եւ իրապէ՛ս գիտնալ, գոնէ անսահման, անվերջ գիտութեան ովկիանոսէն մաս մը։ Գիտութիւնը անսահման է՝ անհուն, անյատակ վիհ մը՝ որուն հասնիլ գրեթէ անկարելի է մարդու մը ամբողջ կեանքի ընթացքին։ Եւ գիտութիւնը կը նմանի հեռուէն դիտուած հորիզոնին, մարդ որքան մօտենալ, հասնիլ փորձէ հորիզոնին, ատիկա անկարելի է, եւ որքան մօտենայ մարդ անոր, ան միշտ կը հեռանայ, որովհետեւ հորիզոնին բնոյթն է միշտ հեռո՛ւ ըլլալ…։

Մարդուս ամբողջ կեանքը չի՛ բաւեր ամէն ինչ սորվելու, գիտնալու, բայց ամբողջ գիտութենէն մաս մը միայն։ Այս իմաստով «ամենագէտ» ածականը չափազանցուած ածական մըն է եւ վերացական՝ տեսաբանական գաղափար մը…։ Բայց այս իրականութիւնը պէտք չէ յուսալքութեան մատնէ, ընդհակառակը պէտք է մղիչ ուժ մը ըլլայ, միշտ աւելին սորվելու, շատ բան գիտնալու, որովհետեւ հետաքրքրութիւնը մարդուս ընդոծին զգացումներէն մէկն է, եւ մարդ պէտք չէ լքէ այդ առաւելութիւնը, քանի որ ան զինք «բանաւոր» ընող ազդակներէն մին եւ գլխաւորն է։

Արդարեւ, մարդ կ՚ուզէ սորվիլ, կ՚ուզէ գիտնալ, եւ երբ նոր բան մը սորվի, բնութեան մասին գիտելիքներուն վրայ նոր գիտելիք մը աւելցնէ, երջանիկ կը զգայ ինքզինք եւ ասկէ կը հետեւի՝ երջանիկ ըլլալու համար, մարդ պէտք է սորվի, գիտնայ եւ տեղեկութիւն ունենայ։

Հոս կարելի է հարցում մը հարցնել. այս տրամաբանութեամբ, տգիտութիւնը արդեօք դժբախտութի՞ւն է, կամ ապերջանկութեան պատճա՞ռ։ Կ՚ըսուի որ տգիտութիւնը երջանկութիւն է. երջանկութի՞ւն թէ դժբախտութիւն…

Կեանքը ճանապարհ է, նպատակ եւ պարգե՛ւ։ Գոյութիւն ունենալ՝ մեծագոյն պարգեւ է մարդուն, եւ մարդուս կեանքը տիեզերքի պատմութիւնն է, ուստի կեանքի հետ մարդ վարուելու է իբրեւ տօն, քանի որ կեանքը ինքն իրմով արդէն արժէ՛ք է։ Եւ մարդուս դժբախտութիւնը իր ընտրութիւնն է։ Ի՞նչ կը խորհիք սիրելի՜ բարեկամներ, մարդ առանց գիտնալու, առանց սորվելու եւ կեանքի մասին անտեղեակ մնալով կրնա՞յ երջանիկ ըլլալ։ Ուրեմն, մարդ պէտք է իր կարողութեան եւ տարողութեան չափով սորվի, գիտնալու ջանայ։ Մարդ ծառէն քաղուած պտուղները կ՚ուտէ, բայց ծառին բոլոր պտուղները չի կրնար ուտել, ատիկա բնութեան հակառակ է, նոյնն է աշխարհի գիտութիւնը՝ մարդ գիտնալու ջանք կ՚ընէ բայց չի կրնար աշխարհի բոլոր գիտութիւնները սորվիլ, ամէն ինչ գիտնալ…։

Որեւէ նիւթի «մասնագէտ» մը, յիշեալ նիւթի մասին կրնայ մասնագէտ ըլլալ, բայց ո՛չ երբեք ամենագէտ։ Ամէն ինչ սահման մը ունի մարդուս կեանքին մէջ, գիտութիւնն ալ, մարդուս համար սահմանափակ է, քանի որ մարդուս միտքը սահմանափակ է, իսկ գիտութիւնը՝ անսահման։ Եւ ան որ ինքզինք «ամենագէտ» կը կարծէ՝ ինքզինք կը խաբէ, կը սխալի, քանի որ ան դեռ սորվելիք, գիտնալիք շա՜տ բան ունի, այնքան շա՛տ որ իր կեանքը չի բաւեր գիտնալու, սորվելու այն բոլորը։

Գրադարաններ ինչո՞ւ գիրքով լեցուն են։

Բնաւ խորհա՞ծ էք։ Եթէ մարդ ամէն ինչ գիտնար գրադարան ունենալու պէտքը պիտի զգա՞ր. արդարեւ, կան մարդիկ որ իրենց տան մէջ ունին գրադարան, ճոխ գրադարան, որ կը գործածեն իբրեւ զա՛րդ, պճնանք եւ իբրեւ ապացոյց, թէ «կը կարդան»։

Երբեմն կը հարցնեն. «պարապ ժամերնուդ ի՞նչ կ՚ընէք», եւ ոմանք հպարտանալով կը պատասխանեն. «կը կարդա՛մ», «գիրքը իմ պարապ ժամերուս ընկերն է…»։ Կարդալը այդքա՞ն անարժէք զբաղում մըն է, որ «պարապ ժամեր»ուն կ՚օգտագործուի։ Հապա «լեցուն ժամեր»ը, ի՞նչ զբաղում կ՚ունենայ մարդ այդ կարեւոր «լեցուն ժամեր»ուն։ Դրա՛մ կը շահի, կ՚աշխատի, կարեւոր գործերով կը զբաղի, եւ «կարդալ»ը միայն «պարապ ժամեր»ու յատուկ է։

Կարդալը, գիտնալը, սորվիլը պերճանք չեն, երջանկութեան համար անհրաժեշտ զբաղումներ։ Անշուշտ մարդ գոյատեւելու համար պէտք է աշխատի, ապրուստը ճարէ, հոգայ ինքզինք եւ իր խնամատարութեան վստահուած ընտանիքը, շատ բնական է ատիկա։ Բայց առանց արհեստ մը սորվելու, առանց նուազագոյն գիտութիւն մը ունենալու մարդ ինչպէ՞ս կրնայ հոգալ եւ խնամել իր ընտանիքը։ Իրաւ է որ կեանքը դժուար է, եւ դժուար պայքար մը՝ պէտք է աշխատիլ, իր սովորական բացատրութեամբ «հացի դրամ շահիլ», բայց բոլոր ասոնք ընելու համար մարդ գիտութեան կը կարօտի։ Երբ գիտութիւն կ՚ըսենք, ասիկա պէտք չէ նկատուի բարձրագոյն աստիճանի, այլ գոնէ նուազագոյնը, այնչափ՝ որ դիւրացնէ իր աշխատանքը…։

Ուրեմն, «տգիտութիւնը երջանկութիւն» է բանաձեւը պարզ հեգնանք մըն է միայն, ծաղրանք մը՝ որ կ՚ուզէ մատնանշել գիտութեան կարեւորութիւնը եւ անհրաժեշտութիւնը։

Բայց մարդ պէ՛տք է գիտակցութիւնը ունենայ նաեւ իր «տգիտութեան»։ Սոկրատ կ՚ըսէ, թէ մէկ բան յստակ գիտէ՝ այն որ ո՛չինչ գիտէ…։

Մեծամիտ, ինքնահաւան, ինքն իրմով հպարտ մարդիկ միա՛յն կը յաւակնին «ամենագէտ» ըլլալ, կը ստորադասեն ուրիշները, որոնք համեստ եւ բաւականաչափ գիտութեան տէր են, բայց ի վերջոյ պահ մը կու գայ, ուր իրենք զիրենք «ամենագէտ» կարծող յաւակնոտներ, կարօտ կ՚ըլլան պարզ եւ համեստ գիտութեան տէր մարդոց։

Արդարեւ, կարեւորն ալ շատ բան գիտնալը չէ, այլ՝ օգտակարը գիտնալ, եւ կարենալ գործածել զայն ի պահանջել հարկին…։

ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ

Նոյեմբեր 4 2022, Իսթանպուլ

Երկուշաբթի, Նոյեմբեր 14, 2022