ՍՈՒՏԸ՝ ՄԱՀՈՒԱՆ ՊԱՏՃԱՌ

«-Ի՞նչ պէտք ունէիր այս խաբէութիւնը խորհելու. ո՛չ թէ մարդիկը, այլ զԱստուած փորձեցիր խաբել։ Անանիա այս խօսքերը լսելով՝ գետին ինկաւ եւ շունչը փչեց». (ԳՈՐԾՔ. Ե 4-5)։

Սուտը կամ խաբէութիւնը արդարացնելու եւ կամ անոնց հետեւանքը մեղմացնելու կամ թեթեւցնելու համար, ընդհանրապէս կը գործածուի սա բանաձեւը. «Սուտի պատճառով ո՞վ է մեռեր…»։

Բայց սուտը եւ խաբէութիւնը ո՛չ մէկ արդարացում կրնան ունենալ. քանի որ անոնք բոլորովին դէ՛մ են ճշմարտութեան։

«Սուտ»ը կը կայանայ սխալ բան մը ըսելու մէջ, խաբելու դիտաւորութեամբ, ինչպէս կ՚ըսէ Սուրբ Օգոստինոս Աւրելիոս։ Ուստի Տէրը սուտին մէջ կը մատնանշէ «սատանայական» գործ մը. «Դուք ձեր հօրմէն՝ սատանայէն էք… անոր մէջ ճշմարտութիւն չկայ. ան երբ սուտ խօսի, իր խորքէն կը խօսի. վասն զի ստախօս է եւ հայր ստախօսութեան». (ՅՈՎՀ. Ը 44)։

Արդարեւ, ճշմարտութեան հաղորդակցելու իրաւունքը անպայմանաւոր է։ Ամէն մարդ պարտի իր կեանքը համակերպել եղբայրական սիրոյն աւետարանական պատուէրին հետ։ Ասիկա շօշափելի կացութիւններուն մէջ կը պահանջէ վճռել, թէ արդեօք պատշա՞ճ է ճշմարտութիւնը զայն խնդրողին յայտնել կամ ո՛չ։ Սուտը, եւ որովհետեւ բռնաբարում մըն է ճշմարտախօսութեան առաքինութեան՝ ուրիշին վրայ գործուած իսկական բռնութի՛ւն մըն է։ Ան մարդը կը վիրաւորէ, կը խոցէ ճանաչումի իր կարողութեան մէջ, որ նախապայմա՛նն է ամէն դատումի եւ որոշումի։ Ան իր սերմին մէջ կը բովանդակէ մտքերուն պառակտումը եւ անոր յարուցած բոլոր չարիքները։ Սուտը աղէտալի է։

Սուտը կը քանդէ վստահութիւնը մարդոց միջեւ եւ կը պատռէ հիւսուածքը ընկերային փոխյարաբերութիններուն։ Սուտը աղէտալի է ամբողջ ընկերութեան համար։ Սուտը, այս իմաստով, արդարութեան եւ ճշմարտութեան դէմ գործուած ծանր յանցա՛նք մըն է։ Սուտը կը վիրաւորէ մարդուս խիղճը եւ արժանապատուութիւնը։

Եղբայրսիրութիւնը եւ ճշմարտութեան յարգանքը մարդուս կը պարտադրեն ճշմարտախօս եւ անկեղծ ըլլալ։

Իր բնութեամբ իսկ սուտը դատապարտելի՛ է։

Ան սրբապղծութիւն մըն է խօսքին, որ եղած է ճանչցուած ճշմարտութիւնը ուրիշներուն հաղորդելու։

Ճշմարտութեան հակառակ խօսքերով մերձաւորը սխալին տանելու դիտումնաւոր առաջադրանքը, կը գոյացնէ «թերացում մը արդարութեան եւ եղբայրսիրութեան դէմ»։ Յանցաւորութիւնն ալ աւելի ծանր է, երբ խաբելու դիտաւորութիւնը կրնայ աղէտալի հետեւանքներ ունենալ անոնց համար, որոնք շեղեցուած են ճշմարիտէն։ Այս իմաստով, հասարակաց բարիքին դէմ սուտը ծանր եւ լուրջ յանցանք մըն է, եւ պատիժն ալ՝ նոյնքան ծա՛նր։

Սուտին կամ խաբէութեան պատիժը կրնա՞յ մահ ըլլալ։ Սուրբ Գիրքի վկայութիւնները եւ ճշմարտութիւնը ցոյց կու տան, թէ սուտը կրնայ մինչեւ իսկ մա՛հ տանիլ ստախօսը։ Արդարեւ, Անանիայի եւ Սափիրայի պատիժը մա՛հ եղաւ երբ սուտ խօսեցան եւ փորձեցին խաբել իրենց եղբայրները եւ հաւատակիցները։ Դէպքը կը կարդանք «Գործք Առաքելոց»ի Ե գլխուն 1-16 համարներուն մէջ։ Այս դէպքին ժամանակը ստուգել կարելի չէ։ Այն ատեն քրիստոնէական եկեղեցւոյն վիճակը յաջող էր. մինչեւ այն ատեն եկեղեցւոյ վտանգը լոկ արտաքին էր, զոր օրինակ՝ դուրսէն հալածում։ Բայց այս դէպքին մէջ եկեղեցին ներքին վտանգի մը հանդիպած կը գտնենք։

Հոս եթէ միտ դրուի, յայտնի կը տեսնուի, որ այս երկու անձերը, Անանիայի եւ Սափիրայի յանկարծական մահը քրիստոնէական եկեղեցւոյ եւ հաւատացեալներու հոգեւոր բարօրութեանը համար շատ նպաստաւոր եղաւ։ Ուստի այս պատմութենէն կը սորվինք, թէ անարժան մարդիկ միշտ կրնան սպրդիլ մտնել Քրիստոսի եկեղեցւոյ մէջ։ Բայց կը սորվինք նաեւ, թէ եկեղեցւոյ գերագոյն Գլուխը միշտ յարմար միջոցներ կը գործածէ, որպէսզի եկեղեցին մաքուր եւ անարատ պահուի։

Այս համարներուն մէջ յիշուած երկու անձի մասին ուրիշ տեղեկութիւններ չեն գտնուիր։ Ասոնք այր եւ կին, միաբան որոշեցին այն «սուտ»ը խօսիլ։ Յայտնի չէ, թէ ինչ էր վաճառուած բանին գինը։ Սա միայն կը հասկցուի, թէ անշարժ ստացուածք էր վաճառուածը, եւ այն՝ արտ կամ գետին։

Վաճառուածին գինէն մաս մը խորելով, այսինքն իրենց քով պահելով, մնացածը «հասարակաց արկղ»ին յանձնելու համար բերին պաշտօնեային, այսինքն Առաքեալին, սակայն. նախ՝ առատաձեռնութեան համբաւ ստանալու համար վաճառած էին իրենց ստացուածքը, եւ, ինչպէս կ՚երեւի, գինին մեծ մասը խորելով, իրենց պահելով՝ մէկ փոքր մասը միայն բերին կեղծաւորութեա՛մբ։ Յետոյ՝ անոնց այս գործէն կը տեսնուի, որ անոնք ագահութեան ախտին գերի էին։ Վերջապէս, կը հետեւի որ այս երկու անձը ճշմարիտ հաւատացեալ չէին, ուստի եւ ո՛չ սրտի նորոգութիւն, ո՛չ ալ Սուրբ Հոգիին մասնաւոր ազդեցութիւնը ստացած էին։

Ուստի, կը տեսնուի, որ անոնց նպատակն էր խաբե՛լ Առաքեալները, որոնք Սուրբ Հոգին ունէին, եւ այս պատճառով անոնց այս գործը «Սուրբ Հոգիին դէմ» եղած կ՚ըսուի։ Դարձեալ կը տեսնուի, որ «սուտ»ը ո՛չ միայն խօսքով, այլ եւ գործով եւ վարմունքով կրնայ ըլլալ։

Ստացուածք կամ կալուած վաճառելով՝ դրամը բոլոր հաւատացեալներուն պէտքերուն համար տալ՝ հաւատացեալներուն պարտաւորութիւնը չէր, այլ իւրաքանչիւրին կամքին թողուած էր. ուստի եւ Անանիայի եւ Սափիրայի մեղքը այն չէր որ քիչ դրամ տուին, այլ որովհետեւ կեղծաւորութեամբ, ստութեամբ եւ ագահութեամբ ջանացին խաբել Առաքեալները եւ ուրիշ հաւատացեալները եւ մանաւանդ Սուրբ Հոգին։

Անտարակոյս Պետրոս առաքեալ Աստուծոյ մասնաւոր ազդեցութեամբ գուշակեց անոնց գաղտնի խորհուրդը եւ պատուհասեց զանոնք։ Եւ եթէ այս պատուհասը չափազանց խիստ կ՚երեւնայ, պէտք է գիտնալ, որ եթէ անոնք մահուամբ չպատժուէին, կերպով մը հաճութիւն տրուած պիտի ըլլար անոնց, եւ այնպիսի խաբէութիւն մը մուտ գտնելով ընդհանուր եկեղեցւոյ մէջ՝ շատերուն կորստեանը պատճառ պիտի ըլլար։

Պատիժները յանցանքները կանխելու համար է, երբեմն մարդիկ մեղքի պատիժէն վախնալով ետ կը կենան մեղքէ։ Թէեւ Աստուծոյ բարկութիւնը մեղքի դէմ միշտ այս կերպով չի յայտնուիր…։

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

Փետրուար 12, 2021, Իսթանպուլ

Երկուշաբթի, Փետրուար 15, 2021