ԱՆՑԵԱԼԸ ԵՒ ՆԵՐԿԱՆ

Մարդոց կեանքին մէջ տարիները կը սահին եւ կ՚երթան. անցեալի դպրոցականներ, ուսանողներ ներկայիս զանազան ասպարէզներու տէր, դիրքերու եւ աստիճաններու տիրացած, պաշտօններ ստացած՝ գործնական կեանքի յորձանուտին մէջ կեանքի պայքարին մասնակիցները եղած են։ Տարիներ կ՚անցնին եւ կեանքեր կը փոխուին՝ ընտանիքի փոքրագոյն անդամը կը վերածուի նորակազմ ընտանիքի մը ամենէն տարեցը՝ իր նախկին դիրքը փոխանցելով նոր կրտսերագոյն անդամներու։ Տարիներ կը փոխուին՝ փոխելով նաեւ մարդիկ իրենց ամբողջ կեանքով։

Երբեմն երէկուան աննշան ուսանող պատանին կը ներկայանայ իբր պետը եւ վարիչը կարեւոր հաստատութեան մը՝ ուր տնօրէններ, պաշտօնեաներ, գրագիրներ եւ ուրիշ անձեր յարգանքով կը մօտենան իրեն։ Եւ նախկին ուսանողին եւ ներկայ «կարեւոր անձ»ին պատկերներուն վկայած ենք շատ անգամ եւ կամ ուղղակի ապրած այդ տեսարանը։ Այս երկու պատկերը, այսպէս իրարու քով դրուած՝ մարդուն կը պարգեւէին գոհունակութիւն մը՝ զոր յաջողուած կեանք մը միայն կրնայ յառաջ բերել։ Եւ մարդ կը խորհի, թէ մարդու մը կեանքը կրնայ այսքան զգալի կերպով փոխուիլ, եւ թէ ինչպէ՞ս կարելի է այդ երբ անձը նոյն անձն է։

«Բախտ» պիտի ըսեն ոմանք, եւ անցնին…։

Իրաւ է թէ դժբախտութիւններ կան կեանքի մէջ ընդհանրապէս եւ նաեւ գործի կեանքի մէջ՝ զանազան ասպարէզներու աշխատանքի ընթացքին, որոնք յաճախ կը հեգնեն մարդկային փորձառութիւնը եւ իմաստութիւնը։ Բայց պէտք չէ մոռնալ, թէ ի՛նչ որ մարդիկ «դժբախտութիւն» կը կոչեն յաճախ ասպար մը՝ վահան մըն է, որուն ետեւ վատօրէն կ՚ապաստանին աշխատանքէ վախցողներ, հաճոյքը եւ հանգիստը պարտականութենէն եւ պատասխանատուութենէն վեր դասողներ, ծախքը եւ եկամուտը հաւասարակշռելու խելք չունեցողներ, կամ իրենց պերճանքին եւ հաճոյքին համար անհաշիւ մսխումներ ընողներ՝ որոնք անտարբեր եւ անպատասխանատու են իրենց պարտականութան որպէս ընկերութեան մէկ անդամը։ Եւ հրա՜շք մը պէտք է համարել իրօք, որ այս տեսակ բացուածքներ ունեցող նաւ մը անմիջապէս չի խորտակուիր։ Այս կարգի կործանումներու համար «բախտ»ը բնաւ պատասխանատու չէ։

Կեանքի մէջ յաջողած մարդոց յաջողութիւնը ո՛չ անպատասխանատու դիպուածին՝ ոչ ալ կոյր բախտին արդիւնքն է։ Արդարեւ յաջողութիւն մը դիպուածի կամ բախտի վերագրել յաջողութիւնը ստորագնահատել՝ գործը պզտիկ տեսնել է եւ ենթակային ալ՝ անիրաւութի՛ւն։

Ասպարէզի մը ընդունակութիւնը, ենթակային ձեռներէցութիւնը եւ հեռատեսութիւնը յաջողութեան ազդակներ են անշուշտ, բայց ասոնք նկատի առնելով ասոնց համար ենթական շատ ալ հպարտանալու իրաւունք չունի, որովհետեւ ասոնք իր հետ ծնած՝ ընդոծին ծինային-ժառանգական յատկութիւններ են, եւ ո՛չ թէ իր աշխատանքով յառաջ բերուած արժանիքներ։

Եւ յաջողութեան համար ասոնք որքան ալ կարեւոր բայց բաւարար դրամագլուխ մը չեն կազմեր։ Այս յատկութիւններուն հետ, եւ թերեւս ասոնցմէ ալ վեր, աշխատանքի սէրը, եւ անթեքելի ուղղամտութիւն մը գործի մնայուն յաջողութեան անհրաժեշտ պայմաններ են։

Հոս, ահաւասիկ կ՚ուզենք ծանրանալ «ուղղամտութիւն» բառին վրայ։ Ուղղամտութիւնը՝ անկեղծութիւն, պարկեշտութիւն, անխարդախ ըլլալ, ճշմարտախօս, այսինքն՝ ներքինը արտաքինին համապատասխան ըլլալ կը նշանակէ։ Այն՝ որուն ո՛չը «ոչ» եւ այո՛ն «այո» է։ Ուղղամտութի՜ւն՝ արժէք մը, առաքինութիւն մը, որ ընդհանրապէս կը պակսի մարդկային փոխյարաբերութիւններու մէջ, մանաւանդ երբ շահ մը խնդրոյ առարկայ է եւ դժբախտաբար մարդկային փոխյարաբերութիւններն ալ շահու վրայ հիմնուած են։

Ահաւասիկ, այս պատճառով, երբ կը գործածուի «ուղղամտութիւն» բառը, ընդհանրապէս հեգնական քմծիծաղ մը կը գծէ շատերուն դէմքին վրայ։ «Ուղղամտութի՞ւն», կը հարցնեն շատեր եւ կը շարունակեն. «ի՞նչ բանի կը ծառայէ այդ մէկը, եթէ շահը խնդրոյ առարկայ է, կարելի՞ է խօսիլ ուղղամտութեան մասին…»։

Գործի կեանքի մէջ երբ շատեր ճարտարօրէն խօսուած սո՛ւտ մը առեւտուրի անհրաժեշտ մէկ պայմանը կը նկատեն եւ «խորամանկ խաբէութիւն մը՝ ճարպիկութիւն» կը համարուի կամ այդպէս կը թարգմանուի, ուղղամտութիւնը մաքրակրօններու մէկ ծայրայեղութիւնը եւ կամ «բորբոսած նախապաշարում» մը պիտի սեպուի, որ չի կրնար բնաւ տեղ մը ունենալ առեւտուրի մէջ, եւ ուստի զայն յաջողութեան պայման նկատել առնուազն միամտութիւն կը համարուի։ Այս սխալ եւ վնասաբեր մտայնութիւնը դժբախտաբար շատ գետին գտած է։ Սակայն աշխարհի ամէն կողմերուն մէջ ճշմարտապէս յաջող վաճառականներու կեանքը եւ վկայութիւնը այս սխալ համոզումին հակառակը կը հաստատեն։ Ուղղամտութիւնը առանց նկատելու անոր բարոյական հայեցակէտը, պայմա՛ն մըն է ճշմարիտ եւ արդար յաջողութեան. բաւական է որ մարդ քաջաբա՛ր եւ յարատեւօրէն զայն իր գործին մէջ կիրարկելու կորովը ունենայ։

Անգլիական առած մը կ՚ըսէ՝ թէ ուղղամտութիւնը լաւագո՛յն աշխարհավարութիւնն է։

Եւ ահաւասիկ, երբ ուսանող մը կը սկսի իր կեանքի պայքարին, գործի մէջ յաջողութիւններ կ՚ունենայ, հարստութիւնը, վարկը եւ պատիւը որքան իր կարողութիւններուն, յատկութիւններուն, նո՛յնքան ալ ուղղամտութեան սկզբունքին հաւատարիմ մնալու իր որոշումին կը պարտի։ Եւ իրապէ՛ս ուղղամտութիւնը անհրաժեշտ է կեանքի յաջողութեան համար…։

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

Մայիս 5, 2019, Իսթանպուլ

Չորեքշաբթի, Մայիս 15, 2019