ԿՌԻՒԻՆ ՇԱՐԺԱՌԻԹՆԵՐԸ

«Կռիւ»ը իր ամենալայն իմաստով կը նշանակէ՝ դիմադրել, հակառակիլ, փոխադարձել։ Կռիւը կրնայ ըլլալ մտային պայքար՝ վէճ, բանավէճ, ինչ որ գաղափարներու, տեսակէտներու ընդհարումն է՝ ուրկէ կը ծագի ճշմարտութիւնը։ Արդարեւ, ասիկա «կռիւ»ի օգտակար մէկ տեսակն է։ Գաղափարներ, մտածումներ, տեսակէտներ եւ մինչեւ իսկ սկզբունքներ պէտք է բախին, պէտք է «կռուին», որպէսզի ճշմարտութիւնը ի վերջոյ յայտնուի։ Ամուլ կամ միակողմանի գաղափարը, որովհետեւ, բռնութիւն կը ստեղծէ եւ ո՛չ թէ օգուտ, այլ վնաս կը պատճառէ, եւ արդէն մարդկային բանականութիւնն ալ, խորհելու եւ դատելու ազատութիւնն ալ ա՛յս կը պահանջէ։

«Կռիւ»ը կրնայ ըլլալ նաեւ բարոյական պայքար մը՝ չարին եւ վնասակարին դէմ պայքար մը՝ ընդդիմութիւն մը՝ ընդդիմամարտութիւն մը, ասիկա ալ օգտակար «կռիւ» մըն է եւ մարդուս բարոյականութեան մէկ պահանջքը՝ որմէ կը ծնի արդարութի՛ւնը։

«Կռիւ»ը կրնայ ըլլալ կեանքի ընդհանուր պայքար մը՝ մաքառում մը՝ գոյապահպանման եւ գոյատեւման համար։ Այս կռիւն ալ բանական է եւ բնական՝ մարդուս թէ՛ մարմնաւոր եւ թէ հոգեւոր կեանքին պահպանմանը համար, այսինքն ապրելո՛ւ համար։ Ուրեմն, ասիկա ալ պահանջք մըն է՝ բնական եւ բանական, օգտակա՛ր։

Բայց իր նեղ իմաստով եւ ընդհանրապէս սովորական իմաստով «կռիւ»ը՝ իրար հարուածել, ֆիզիքական ուժ գործադրել, բռնութեամբ գերադաս վիճակ մը ստեղծել, անարդարութեամբ եւ անիրաւութեամբ դիրք մը գրաւելու ջանալ, աշխատիլ կը նշանակէ։ Այս իմաստով «կռիւ»ը կը մերժեն բոլոր բարոյագիտական դրութիւններ, քանի որ ան ներհակ է մարդկային ազատութեան եւ մանաւանդ վիրաւորանք մը՝ մարդկային արժանապատուութեա՛ն։ Մարդ՝ բանաւոր էակը պէտք է իր բոլոր հարցերը լուծէ փոխադարձ հասկացողութեամբ եւ համաձայնութեամբ, եւ ո՛չ թէ բռնութեամբ, այսինքն՝ կռիւով։

Ուստի, ֆիզիքական կռիւը՝ որքան հարուած մըն է մարդուս մարմնին, նոյնքան եւ աւելի մեծ հարուած մըն է անոր արժանապատուութեան, անոր բարոյական՝ մտաւոր եւ հոգեւոր էութեան։

Եւ այս պատճառով, ամէն բարոյագիտական դրութիւն փախչիլ, հեռանալ կը պատուիրէ կռիւէ՝ խուսափիլ այս վնասակար արարքէն։

Արդարեւ, Քրիստոս մեզի օրինակ է փախչելու կռիւի այս տեսակէն։ «Անիկա պիտի չպոռայ եւ պիտի չաղաղակէ եւ իր ձայնը դուրսը լսել պիտի չտայ», (ԵՍԱՅԵԱՅ, ԽԲ 2)։ Եւ ինչպէս Աւետարանը կը վկայէ. «Անիկա ո՛չ պիտի հակառակի եւ ոչ ալ հրապարակներու վրայ անոր ձայնը պիտի լսուի։ Ջախջախուած եղէգը պիտի չփշրէ եւ առկայծ ճրագը պիտի չմարէ, մինչեւ որ արդարութիւնը յաղթանակէ։ Եւ բոլոր ազգերը իրենց յոյսը անոր վրայ պիտի դնեն» (ՄԱՏԹ. ԺԲ 19-21)։ Այս հատուածներուն մէջ կարելի է նշմարել՝ բարոյական կռիւի եւ ֆիզիքական կռիւի տարբերութիւնը, քանի որ Յիսուս կ՚ըսէ նաեւ, թէ՝ չարին դէմ պէ՛տք է պայքարիլ եւ թէ՝ աշխարհի նեղութիւններու դէմ պէտք է քա՛ջ ըլլալ, քանի որ Ինք յաղթեց աշխարհին։

Եւ ուրեմն կ՚երեւի, թէ անընդունելին ո՛չ թէ բարոյական՝ մտաւոր եւ հոգեւոր «կռիւ»ը, այլ ֆիզիքական՝ բռնութիւն եւ սաստկութիւն գործադրուող կռի՛ւն է։ Եւ պէտք է խուսափիլ այդ տեսակ վնասակար կռիւէ…։

Ի՞նչեր են այս տեսակ վնասակար կռիւի դրդապատճառները՝ շարժառիթները։

Գլխաւոր պատճառներէն մին է՝ ատելութիւնը, ինչպէս կը վկայէ Սուրբ Գիրքը։

«Ատելութիւնը կռիւներ կը հանէ, բայց սէրը ամէն յանցանք կը ծածկէ», (ԱՌԱԿ. Ժ 12)։

Եւ յաջորդաբար միւս բոլոր վատ զգացումները՝ որոնք պատճառներ կը դառնան կռիւի։

Հպարտութիւն. «Յիմարները յանցաւորը կը ծաղրեն, բայց ուղիղներուն մէջ ներողամտութիւն կայ։ Մարդուն սիրտը իր հոգիին ցաւը կը ճանչնայ, ուրիշը անոր ուրախութեանը մասնակից չ՚ըլլար», (ԱՌԱԿ. ԺԴ 9-10), ինչպէս նաեւ՝ «Հպարտ սիրտ ունեցող մարդը կռիւ կը հանէ, բայց Տէրոջը ապաւինողը պիտի գիրնայ», (ԱՌԱԿ. ԻԸ 25)։ Եւ վերջապէս. «Յիրաւի հպարտութենէն կռիւ կը ծագի, բայց խրատին մտիկ ընողներուն քով իմաստութիւն կայ», (ԱՌԱԿ. ԺԳ 10)։

Բարկութիւն. «Բարկասիրտ մարդը վէճ կը հանէ, բայց երկայնամիտը կռիւը կը դադրեցնէ», (ԱՌԱԿ. ԺԵ 18)։ Նաեւ. «Վա-սընզի եթէ կաթը ծեծես՝ կոգի (=անարատ՝ զուտ կարագ) կ՚ելլէ, եթէ քիթը ճմլես՝ արիւն կ՚ելլէ, նոյնպէս եթէ բարկութիւնը գրգռես՝ կռի՛ւ կ՚ելլէ», (ԱՌԱԿ. Լ 33)։

Գեղութիւն (ծուռ). «Ծուռ մարդը կռիւ կը հանէ եւ քսուն (խօսք խառնող չարախօս) մտերիմ բարեկամները կը զատէ», (ԱՌԱԿ. ԺԶ 28)։

Հակառակասէր բնութիւն. «Ինչպէս ածուխը՝ կայծերուն եւ փայտը՝ կրակին, այնպէս ալ կռուազան, կռուարար մարդը վէճ բռնկցնելու», (ԱՌԱԿ. ԻԶ 21), եւ. «Ինչպէս կատղած մարդը, որ կրակի կայծեր, նետեր եւ մահ կը ցանէ, այնպէս է այն մարդը որ իր բարեկամին նենգութիւն կ՚ընէ եւ ետքը կ՚ըսէ. -Կատակ ըրի։ Առանց փայտի կրակը կը մարի եւ եթէ քսու չըլլայ, կռիւը արդէն կը դադրի», (ԱՌԱԿ. ԻԶ 18-20)։

Քսութիւն. «Եթէ քսու չըլլայ, կռիւը կը դադրի» (ԱՌԱԿ. ԻԶ 20)։

Գինովութիւն. «Որո՞ւն է վայը, որո՞ւն է ցաւը, որո՞ւն են կռիւները, որո՞ւն են տրտունջները, որո՞ւն են առանց պատճառի վէրքերը, վիրաւորանքները, որո՞ւն է աչքառու կարմրութիւնը։ Գինիին քով մնացողներուն, խառնուած գինին փնտռելու գացողներուն…», (ԱՌԱԿ. ԻԳ 29-30)։

Ցանկութիւններ, կիրքեր. «Ուրկէ՞ յառաջ կու գան ձեր հակամարտութիւնները եւ կռիւները. արդեօք ձեր ցանկութիւններէն չէ՞, որոնք ձեր մարմնին մէջ կռիւ կը մղեն», (ՅԱԿ. Դ 1)։

Յիմարական անիմաստ վէճեր. «Այնպիսի հպարտութեամբ կուրցած մըն է, որ ո՛չինչ գիտէ։ Խնդիրներ եւ վէճեր ստեղծելու հիւանդութիւնը ունի. եւ ատկէ ծնունդ կ՚առնեն՝, նախանձը, հակառակասիրութիւնը, հայհոյութիւնը, չար կասկածները, եւ անվերջ բաղխումները՝ միտքով ապականած եւ ճշմարտութենէն հեռացած մարդոց միջեւ, որոնք կը կարծեն թէ կրօնքը շահի աղբիւր է…», (Ա ՏԻՄ. Զ 4-5)։

«Յիմար եւ անօգուտ վէճերէ հրաժարէ՛, գիտնալով որ անոնցմէ կռիւներ կը գրգռուն եւ կը ծագին։ Աստուծոյ ծառան պէտք չէ՛ կռուի, այլ պէտք է հեզ ըլլայ բոլորին հանդէպ» (Բ ՏԻՄ. Բ 23-24)։

Ծաղրաբանութիւն. «Ծաղրողը եթէ վռնտես, կռիւը կ՚անցնի եւ վէճը եւ անարգանքը կը դադրին», (ԱՌԱԿ. ԻԲ 10)։

Ուրեմն, մարդ եթէ կարենայ հաւասարակշռել իր զգացումները եւ կարենայ չափաւորութեամբ շարժիլ, ինչ որ կը նշանակէ՝ «ինքզինք ճանչնալ» եւ «ինք իրեն տէրը ըլլալ», այլապէս կը դադրին կռիւներ, վէճեր, որոնք կը մաշեցնեն մարդկային փոխյարաբերութիւնները…։

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

Հոկտեմբեր 12, 2018, Իսթանպուլ 

Երկուշաբթի, Հոկտեմբեր 15, 2018