ՀԱՅԵՐԷՆԸ՝ ԻՐ ՆՐԲԵՐԱՆԳՆԵՐՈՎ - Դ -

«Մարդ որքան լեզուներ գիտնայ խօսիլ՝ ա՛յնքան մարդ է», կ՚ըսէ առածը։ Բայց ի՞նչ կը նշանակէ «լեզու խօսիլ» կամ աւելի լայն առումով, «լեզու գիտնալ»։ Լեզու գիտնալ կը նշանակէ՝ շիտակ խօսիլ, անսխալ գրել, խօսուածը ճիշդ հասկնալ, կարդալ եւ կարդացուածը ուղիղ եւ անթերի հասկնալ, ամբողջութեամբ իւրացուցած ըլլալ լեզուն։ Եւ ինչպէս «մարդ ըլլալ» եւ «կատարեալ մարդ ըլլալ» նոյն բաները չեն, «լեզուի մասին հարեւանցի, մակերեսային տեղեկութիւններ ունենալ» եւ «լեզուն գիտնալ, անոր ծանօթ ըլլալ, լեզուին տիրապետել»ն ալ նոյն բաները չեն։

Բայց ո՞րքան կարելի է լեզու մը կատարեալ կերպով գիտնալ, ամբողջութեամբ տիրապետել անոր, այդ խնդրական է։ Ուրեմն դժուար է ըսել.- ես սա մէկ լեզուն լաւ գիտեմ, անթերի է իմ ծանօթութիւնս այդ լեզուին մասին։ Անշուշտ կան հմուտ անձեր, որոնք լա՛ւ գիտեն որեւէ լեզու մը կամ լեզուներ, բայց հազուագի՛ւտ։

Այս ուղղութեամբ ճիշդ է, թէ մարդ միշտ պէտք է սորվի։ Գիտութիւնը, արդարեւ, տարածելով կը ճոխանայ եւ տարածուելով կը զարգանայ, եւ այս ալ կը նշանակէ, որ մարդ ո՛րքան սորվելով կը սորվի, բայց նոյնքան ալ սորվեցնելով կը սորվի, սորվեցնելով կը հաստատէ իր գիտելիքները, սորվածները։ Ուստի մարդ պէտք չէ տարակուսի, վարանի գիտցածը ուրիշներու փոխանցելէ, պէտք չէ խնայէ գիտութիւնը տարածելու, վարանելու սորվածը, գիտցածը ուրիշներու փոխանցելու, քանի որ գիտութիւնը եւ ընդհանրապէս մշակոյթը այդ ճամբով կը զարգանայ, այդ կերպով կը կատարելագործուի։

Մարդուն նպատակը կատարեալ ըլլալ է, իր ամենալայն ըմբռնումով, ուրեմն կատարեալ ըլլալու համար պէտք է որ իր գործերն ալ կատարեալ ըլլան թէ՛ մտապէս, թէ՛ հոգեպէս։

Այս կէտին յիշենք ամերիկացիներու մէկ խօսքը.- Եթէ կատարեալ ըլլալ կ՚ուզես, սովորական գործէ մը տարբեր, աննախընթաց գործ մը կատարէ, իսկ եթէ չես կրնար այդպէս եզական գործ մը ընել, սովորական գործ մը ըրէ, բայց կատարեալը ըրէ, լաւագոյնը ըրէ՛։

Ուրեմն գիտնալ, սորվիլ չի բաւեր, պէտք է գիտութիւնը, սորվուածները տարածել, փոխանցել։ Արդարեւ, անգործածական գիտութիւնը, չօգտագործուած գիտելիքը անշահ գիտութիւն է. ի՞նչ բանի կը ծառայէ գիտութիւնը, եթէ չգործածուի, եթէ գործի չվերածուի…։

Ահաւասիկ, այդ խորհրդածութիւններով կը շարունակենք հատուածներ ներկայացնել Բենիամին Թաշեանի «Լսարան հայ լեզուի» գիրքէն։ Եւ այս հատուածները մեզի ցոյց կու տան, թէ ո՛րքան կարեւոր են նրբերանգները լեզու մը լա՛ւ գիտնալու համար, ամբողջութեամբ տիրապետելու համար անոր։

«Պահ մը ենթադրենք, թէ իրապէս երկրորդ անգամ աշխարհ եկած է Երանելի Մենակեացը։ Իմ առաջին հարցումս պիտի ըլլար իրեն.- Վա՛րդապետ, Կարօ՞ գրեմ թէ Կարոյ, Մարօ՞ գրեմ թէ Մարոյ։

«Երանելին պիտի պատասխանէր անկասկած.- Բայց մենք -օ- անունով գիր չունինք։

«Ես ալ իմ կարգիս պիտի ըսէի իրեն.- Չունէինք, այո՛, բայց հիմա ունինք։

«Եւ Մտքի Փրկիչը,- ինչպէս կ՚անուանէ զայն Սիամանթօ,- պիտի հրամանագրէր,- Քանի որ ունինք, գրէ՛, տղա՛ս, -օ-ով գրէ։ Կարօ գրէ՛, Մարօ գրէ՛…։

«Փոխանակ արդէն ընդհանրացած, գրեթէ -նուիրագործուած- սխալները սրբագրելու, յաճախ նոր սխալներ կ՚աւելցնենք հիներուն վրայ, որպէսզի ամէն բան կատարեալ ըլլայ…։

«Կը վախնամ, որ, օր մը, մեր խօսած ու գրած լեզուին մէջ սխալ ձեւերը բազմանան, իսկ ուղիղ ձեւերը մոռցուին հետզհետէ։ Այդ պարագային՝ ստիպուած պիտի ըլլանք սխալը նկատելու կանոն, իսկ ուղիղը՝ …բացառութիւն։

«Կամայականութիւնը, երբեմն անգիտութիւնը, յաճախ ինքնատիպ երեւելու մարմաջը, վերջապէս պարզ քմայքը իրենց դերը ունին ուղղագրական այս մեծատարած Բաբելոնին մէջ։

«Բարեկամ մը, որ հայկաբանութեան դասատու է, օր մը գրեց իմ ներկայութեանս.- Ուրախութիւնէս լացի։

«-Կարծեմ պէտք է գրել.- ուրախութենէս,- դիտել տուի խոնարհաբար։

«-Ես ասանկ կը գրեմ,- կարճ եւ ազդու շեշտով վրայ բերաւ իմ շնորհալի բարեկամս, որ հայկաբանութեան դասատու է։

«-Կրնա՞մ ես ալ -ուրախութենէս- գրել,- հարցուցի ակնածանքով։

«-Ո՛չ,- ըսաւ,- ատիկա սխալ է։

«Կը կարծէր թերեւս, որ -ուրախութիւնէս- գրելը սխալ չէր, քանի որ ինք… ատանկ կը գրէր։

«Ուրիշ բարեկամ մը, նոյնպէս հայերէնի ուսուցիչ, մինչեւ հիմա ալ կ՚ըսէ ու կը գրէ.- Կը որոշեմ-։ Ինչո՞ւ -կը որոշեմ-, կը հարցնեմ երբեմն հետաքրքրութեան համար։

«-Մեր գաւառին մէջ մենք այդպէս կ՚ըսէինք,- կը պատասխանէ յարգելի բարեկամս անտարբեր շեշտով մը, որ պաղ քըր-տինքներ թափել կու տայ ինծի։

«Ակամայ միտքս կ՚իյնայ երանելին Աբրահամ Այվազեան, որ մեռաւ գնաց, առանց սորվելու -որ-ին եւ -զոր-ին տարբերութիւնը, ինչպէս կը պատմեն իր ժամանակակիցները։

«Երբեմն այնպիսի տարրական եւ տարականոն սխալներու կը հանդիպինք թերթերու եւ գիրքերու մէջ, որ միայն քրտինքը չի բաւեր այլեւս. պէտք կ՚ըլլայ նաեւ -յապուշ կրթիլ-։

«Կրնայ պատահիլ, որ վաւերական քերականագէտ մը շուարի ու սխալ գրէ, օրինակ, -հեղձամղձուկ- բառը։ Կարելի է տասը ձեւով գրել այս բառը, բայց այս տասը ձեւերէն միայն մէկը ճիշդ է, մնացած ինը սխալ են։ Սակայն կարելի՞ է, ներելի՞ է գիրքը -քիրք-, -քիրգ-, կամ -գիրկ- գրել, մանաւանդ եթէ գրողը հայկաբանութեան դասատու է…»։

Երբ Բենիամին Թաշեանի այս տողերը կը կարդանք, մենք մեզի կ՚ըսենք,- Ես հայերէն գիտեմ, ես հայերէն անսխալ կը գրեմ, ըսել ո՜րքան դժուար է, եւ եթէ ներուի մեզի պարզապէս յաւակնութիւն է, կամ գոնէ համարձակութիւն եւ քաջութիւն կը պահանջէ, անշուշտ նկատի ունենալով յարգելի հազուագիւտ բացառութիւնները…։

Լեզուն սորվելով, կրկին սորվելով իւրացնել լուրջ աշխատանք կը պահանջէ, քանի որ լեզուն կենդանի՝ ապրող էութի՛ւն մըն է…։

- Պիտի շարունակուի։

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

Հոկտեմբեր 10, 2020, Իսթանպուլ

Հինգշաբթի, Հոկտեմբեր 15, 2020