ՄԵՌԱԾ ՊԱՏԱՍԽԱՆԱՏՈՒՈՒԹԻՒՆ ՄԸ

Աշխարհի երեսին իր գոյութիւնը քաշքշող ամէ՛ն պետութիւն, ուղղակի թէ ոչ, իր երիտասարդութիւնը դէպի ապագայ առաջնորդող ցուցանակները ուղղելու, անոր կնճռոտ ճամբաները հարթել փորձելու եւ անոր չարաբաստիկ վախճանը կանխելու գործունէութեան լծուած են, որովհետեւ բոլորը քաջ կը գիտակցին, որ յամրօրէն, բոլոր ճամբաները դէպի Հռոմ տանելու տրամաբանութեամբ բոլոր ճամբաները սկսած են դէպի ձուլում եւ կործանում տանիլ:

Պարտիզպանի հմուտ տրամաբանութեամբ ամէ՛ն ազգ կը փորձէ կարելի եղածին չափ շտկել մէջքը թեքած ծառին՝ երիտասարդութեան ուռճանալու ընթացքը, որուն յաջողութենէն կամ ձախողութենէն կախեալ է ապագայ սերունդներուն նախասահմանուած ճակատագիրը:

Ապագայ սերունդի ճակատագիրի ինչութիւնը յարաբերական ճշմարտութիւն մըն է, որովհետեւ հակառակ այլասերումին, շատեր կը փորձեն լաւատեսութեամբ առաջնորդուիլ. այդպիսիները կորուստի տանող գնացքին դիմաց կրաւորական դիրք որդեգրողներն են:

Մեր թուականէն 62 տարիներ առաջ՝ 1959 թուականին Պոլսոյ մէջ լոյս կը տեսնէ «ԹՕ» անունով ամսագիր մը. թէ ի՞նչ կը նշանակէ «ԹՕ»՝ խմբագիրը կ՚ըսէ. «Ատենէ մը ի վեր, բան մը կը փնտռենք, Թօ ըսինք անոր, կրնայինք որեւէ բան ըսել, Թօ ըսինք...»: Նշեալ ամսագիրի առաջին թիւի 11րդ էջին մէջ Ս. Միքայէլեան անուն յօդուածագիր մը կը ստորագրէ «Փորձ մը բանաստեղծութեան շուրջ» խորագրեալ յօդուած մը, որուն մէջ խօսելով նոր սերունդի կարեւորութեան մասին կ՚ըսէ. «Ամէն դար, ամէն սերունդ կը ծնի իրմէ առաջուանին մէջ, կը սնանի նախորդով ու իրեն աւանդուածը կը տանի կը հասցնէ նոր բարձունքներու, յանձնելու համար զայն իր նորերուն»:

Տեսականօրէն ինչքա՜ն իրաւացի, նոյնքան եւ աւելի՛ վախազդու ու սարսափելի ճշմարտութիւն: Միքայէլեան կը նկարագրէ սար բարձրացող լեռնագնացները, որոնք քի՛չ քիչ կը բարձրանան հասնելու գագաթին. մենք այժմ գագաթէն վերադարձողներ, հզօր զառիվարէն վազողներ ենք պարզապէս:

Եթէ իրապէս ճշմարիտ ըլլար ամէն սերունդի իրեն աւանդուածը տանիլ նոր բարձունքներու հասցնելը՝  յանձնելու նոր սերունդներուն, այսօր մեր վիճակը այսպէս պիտի չըլլար:

Վերջին տասնամեակին մենք ո՛չ միայն չկրցանք մեզի տրուած աւանդը նոր բարձունքներու հասցնել, այլ եղածն իսկ սկսանք ուժաթափել ու հիւծախտէ տառապող հիւանդի մը պէս փոխանցել արդէն իսկ կամաց կամաց օտարացող սերունդներուն:

Միքայէլեան տակաւին կը պնդէ իր տեսութիւնը. «Քիչ կամ շատ ամէն սերունդ իրեն յանձնուածը կը կոկէ, կը մաքրէ, աւելի լաւ վիճակի մը մէջ կը փոխանցէ իր յաջորդին»: Աշխարհի երեսին պիտի գտնուի՞ կոյր հայ մը, որ պնդէ, թէ նոյն պատասխանատուութեամբ է, որ կ՚ապրինք այսօր ազգովի, մեր նախնիներէն մեզի յանձնուածը աւելիո՛վ իմաստաւորելու եւ տանելու գալիքին:

Քրիստոսի պատմած «Երեք ծառաներու առակ»ին մէջ երրորդ ծառան իրեն տրուածը աւելցնել չկարենալուն պատճառով «Չար եւ ծո՛յլ ծառայ» կը կոչուի: Չար եւ ծո՛յլ, որովհետեւ իրեն յանձնուածը եղածին պէս, առանց փոփոխութեան պահած էր: Իսկ մենք՝ որ եղածն անգամ չենք կրցած պահել... չարերէն եւ ծոյլերէն շա՜տ աւելի թուլամորթ չե՞նք: Եւ այնքան ատեն որ եղածը չենք կրցած պահել, ապագայ սերունդին ի՞նչ պիտի յանձնենք. իրենք մեր տուած կիսատը իրենց կարգին պիտի կարենա՞ն պահել, թէ ոչ մաս մըն ալ իրենք պակսեցնելով իրենց կարգին պիտի փոխանցեն ուրիշներու... մինչեւ այլեւս պակսեցնելիք չմնայ, ու գուցէ մենք չմնանք:

Տարիներ առաջ Անթիլիասի Դպրեվանքի տեսուչ Բիւզանդ Եղիայեան «ՀԱՍԿ»ի ԻԲ. տարի թիւ 10, 1953-ի իր «Մեր նախակրթարաններու անկումը» գրութեանը մէջ կը գրէր սկզբնական քննութեան ներկայացող պատանիներու մասին: Եղիայեան կ՚ըմբոստանար, թէ հինգ տող հայերէն գրելու ընթացքին նախակրթարանի աշակերտները կատարած են տասնհինգ ուղղագրական սխալ...: Երնէ՜կ այդ օրերուն. այսօր միայն մէկ տողի մէջ կարելի է հանդիպիլ շա՜տ աւելի սխալներու: Մենք չկրցանք մերը պահպանել ու օրէ օր աւելի բարձունքի հասցնել, այդ իսկ պատճառով մեր ազգինը գոյատեւում չէ, այլ հոգեվարք մը:

Ամէն սերունդ կը ծնի իրմէ առաջուանին մէջ... երանի՜ մնայինք առաջուանին մէջ, որովհետեւ այն գնացքը որուն մէջ կը գտնուինք, որպէս վախճան ու նպատակակէտ ճշդած է անդունդը:

Գոնէ բան մը փոխանցել կարենանք...:

 

ՀԱՅԿԱԿԱՆ ԱՆՑԵԱԼԷՆ ՊԱՏՄՈՒԹԵԱՆ ՄԷՋ ԱՅՍՕՐ

ՄՈՒՇԵՂ ԳԱԼՇՈՅԵԱՆ

(1933-1980)

Մեր թուականէն 41 տարիներ առաջ՝ 15 հոկտեմբեր 1980-ին Հայաստանի մէջ մահացած է արձակագիր ու լրագրող Մուշեղ Գալշոյեան (բուն մականունով Մանուկեան):

Մուշեղ Գալշոյեան ծնած է 13 դեկտեմբեր 1933 թուականին, Արագածոտնի մարզի Կաթնաղբիւր գիւղին մէջ: Նախնական կրթութիւնը ստացած է Երեւանի Գիւղատնտեսական կաճառէն ներս եւ որոշ ժամանակ իր մասնագիտութեամբ զբաղելէ ետք դարձած է լրագրող: Երկար ժամանակ աշխատակցած է «Ավանգարդ» թերթի եւ «Գարուն» ամսագիրի մէջ, հանդէս գալով զանազան ժանրի յօդուածներով եւ հրապարակախօսութեամբ: Յօդուածագրութեան կողքին զբաղած է վիպագրութեամբ, գրելով իր առաջին վիպակը՝ «Ձորի Միրոն» խորագրով:

Գալշոյեան ընդհանրապէս գրած է գաղթականներու կեանքն ու հերոսապատումներ. իր գրականութեան մէջ լայն տեղ տուած է Սասունի ապստամբութեան ու լայն ձեւով նկարագրած է Սասունը:  Իր պատմուածքներուն մեծամասնութիւնը ամփոփուած է «Մարութա սարի ամպերը» աշխատութեան մէջ: Հրատարակած է վէպեր. ինչպէս՝ «Կռունկ» (1969), «Ընծայագիր» (1972), «Ծաղկած քարեր» (1973), «Մամփրէ արքան» եւ ուրիշներ:

Մուշեղ Գալշոյեան իր «Մարութա սարի ամպերը» ժողովածոյին համար 1981 թուականին արժանացած է Հայաստանի Հանրապետութեան Պետական մրցանակին:

Արձակագիր ու լրագրող Մուշեղ Գալշոյեան մահացած է իր ծննդավայրին մէջ, հրացանի պատահական կրակոցի պատճառով:

ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ

Ուրբաթ, Հոկտեմբեր 15, 2021