ԽՈՆԱՐՀՈՒԹԵԱՆ ՊԱԿԱՍԸ

Մարդկային հոգեբանութիւնը տարօրինակ է։ Ամէն մարդ յարգը եւ պատիւը իրեն յարմար կը կարծէ, մանաւանդ երբ առաւելութիւն մը ունի ուրիշներուն նկատմամբ։ Եւ խոնարհութեան զգացումը կ՚անէանայ եւ գոռոզութեան, մեծամտութեան, ինքնահաւանութեան, ինքնիրմով հպարտանալու, «զատուած» մարդ ըլլալու զգացումը երեւան կ՚ելլէ։

Մինչդեռ հպարտութիւնը Եկեղեցւոյ եօթը մահացու մեղքերէն մին է։ Ուրեմն գիտակցելով այս իրողութեան հպարտանալ, մեղքը կը ծանրացնէ։ «Մեծ ըլլալ», «մեծ երեւիլ» մարդ արարածին ձգտումը եղած է միշտ։ Զոր օրինակ, հրաւէրի մը առթիւ, շատեր անմիջապէս կը դիմեն գլխաւոր սեղանները եւ կը փափաքին բազմիլ «գլխաւոր»ներու մօտ։ Ամէն մարդ կ՚ուզէ նախապատիւ ըլլալ՝ առանց նայելու իսկական «նախապատիւ»ներու՝ որոնք համեստ կերպով կը սպասեն, որ իրենց յատկացուած սեղանը ցոյց տրուի իրենց։

Իրապէս մեծ մարդու մը սեղանը արդէն յայտնի է. ան ո՛ւր որ նստի, գլխաւոր սեղանը ա՛յն է, եթէ նոյնիսկ այդ սեղանը սրահին անշուք մէկ անկիւնը ըլլայ, որովհետեւ եթէ անձը՝ ի՛նք «մեծ» է, սեղանը չէ որ կը մեծցնէ զայն։ Ասոր նման է սքեմը, որ յաճախ կը կրկնենք, սքեմը չէ՛ որ անձին պատիւը կ՚աւելցնէ, այլ՝ արժանի անձն է որ այդ սքեմը կը կրէ։ Անարժան մէկու մը տրուած սքեմը զայն արժանաւորներու դասուն կրնա՞յ փոխադրել…։ Անշո՛ւշտ, ոչ։

Սիրելի՜ բարեկամներ, հանդիպած չէ՞ք ինքնակոչ կարծեցեալ «մեծ եւ կարեւոր մարդոց», որոնք կը տպաւորեն շատերը իրենց սուտ եւ անիրական կեցուածքով։ Խնդրեմ, դիտեցէք ուշադրութեամբ ձեր շուրջը, անպայման պիտի հանդիպիք անոնց եւ դուք ալ պիտի շուարիք, ըսելով որ այդքան սուտ կրնա՞յ ըլլալ…։

Մեծ երեւիլ մարդը «մեծ» չ՚ըներ, մարդ իրապէս մե՛ծ ըլլալու է որ «մեծ եւ յարգարժան մարդ» ըլլայ։ Մարդը բոյս չէ որ ջուրով, պարարտացուցիչով, արեւի ճառագայթներով հասուննայ՝ մեծնայ։ Մարդուն «մեծ» ըլլալու ճամբան շատ երկար եւ յոգնեցուցիչ է. այլապէս վիճելի է, թէ մարդուս «մեծութիւն»ը ընդոծի՞ն է, թէ ստացական։ Մարդ արդէն «մեծ» կը ծնի, թէ կեանքի պայմաններու բերումով, պատեհ առիթներու օգնութեամբ «մեծ» կ՚ըլլայ։ Այդ մասին որոշումը կը թողում ձեզի՝ իմ սիրելի՛ բարեկամներ…։

Բայց, ինչպէս ըսինք, մեծութեան ձգտումը, քիչ թէ շատ ամէն մարդու մէջ կա՛յ. որ մէկը խոնարհաբար, ուրիշ մէկը բռնութեամբ եւ հարկադրաբար, գոռոզութեամբ։ Այդպէս կը կարծեմ, թէ մեծութիւնը, աւելի ճիշդը՝ շուրջիններուն աչքին «մեծ» երեւելու հարցը, քիչ մըն ալ առիթները լաւ օգտագործելու խնդիր մըն է։

Այս առթիւ հարցում մը. մարդուս նկարագիրը կրնա՞յ փոխուիլ։ Եթէ այո՛, ուրեմն «փոքր»եր ժամանակի ընթացքին կրնան «մեծ» ըլլալ ուրեմն, ինչ որ շատերս վկայած ենք այդ երեւոյթին եւ… դժբախտաբա՛ր…։

Դժբախտաբար, որովհետեւ յայտնի հեգնական խօսքը բոլորս ալ շատ լսած ենք, թէ՝ «գլուխներ ոտք, ոտքեր գլուխ եղած են», այսինքն, գլխաւորներ հասարակ, հասարակներ գլխաւոր։ Արժանապէ՞ս։ Ահաւասիկ ատիկա խնդրական է, քանի որ այդ խօսքը, ընդհանրապէս հեգնական խօսք մըն է եղած։

Անշուշտ որ հասարակ մէկն ալ գլխաւոր ըլլալու իրաւունքը ունի, ասիկա անոր արդար իրաւունքն է, բաւ է որ ան «գլխաւոր» ըլլալու արժանի մէկը ըլլայ։ Չե՞ն եղած գլխաւորներ ալ, աւելի ճիշդ՝ գլխաւոր կարծուածներ, որոնք ժամանակի ընթացքին հասարակ մարդու վերածուած եւ երբեմն ալ նոյնիսկ հասարակէն աւելի ցած դիրքերու մատնուած են։

Կեանքի մէջ ամէն մարդ իր արժանի տեղը կը գրաւէ, ինչպէս գլխաւոր սեղան մը բազմած ինքնակոչ հրաւիրեալը, որուն կ՚ազդարարուի անցնիլ իրեն յատուկ սեղանը եւ անոր անիրաւ կերպով գրաւած սեղանը կ՚առաջնորդուի արժանի անձը։

Արդարեւ, կեանքը պայքար մըն է. այս պայքարին դրուագներէն մին ալ «փոքր» կամ «մեծ», հասարակ կամ գլխաւոր ըլլալու կռիւը։ Մա՛րդ «փոքր» ըլլալ եւ «փոքր» մնալ չ՚ուզեր։ Բնական է ասիկա։ Բայց այդ հարցը արժանապատուութեան հարց պէտք չէ ընել, քանի որ իր կարգին բոլորն ալ՝ «փոքր»ն ալ, «մեծ»ն ալ արժանապատուութիւն ունին, քանի որ մարդ են։ Սակայն մեծ ըլլալու, մեծութեան հասնելու համար պէտք է ջանադիր ըլլալ, աշխատիլ, իր ամբողջ կեանքովը արժանի ըլլալ մեծութեան։ Որովհետեւ «մեծութիւն» ըսուածը ինքնին չի գար, պէտք է անոր հասնիլ, բայց ան կը նմանի հորիզոնին՝ մարդ որքան անոր մօտենալ փորձէ, ան տեւական կը հեռանայ եւ մարդ կը բաւարարուի միայն հեռուէն դիտելով զայն։

Ուրեմն, սիրելի՜ներ, մեծ ըլլալ որքան որ բաղձալի է, նոյնքան ալ ծանր եւ դժուարին աշխատանք պահանջող դիրք մըն է։ Ամէն մարդ կ՚ուզէ «մե՛ծ» ըլլալ, բայց քիչեր կրնան բառին բուն իմաստովը մեծ ըլլալ։ Այսուհետեւ, եթէ մեծութիւնը նմանցնենք երազի մը, երբեմն երազներ իրական կրնան ըլլալ…։

Մարդիկ պէտք է նախ խոնարհ, համեստ ըլլան, որ կարենան արժանանալ մեծութեան։ Երբ վեր կը բարձրանաք սանդուխին վերջին աստիճանէն չէք կրնար ձեր նպատակին հասնիլ՝ բարձրանալ, ուրեմն պէտք է սկսիլ առաջին, ստորին աստիճանէն եւ յետոյ բարձրանալ՝ վեր ելլել։ Այս առթիւ, չեմ գիտեր որքա՞ն կը պատշաճի մեր ներկայ նիւթին, բայց կը յիշեմ Սուրբ Օգոստինոս Աւրելիոսի խօսքը. «Ձախողութիւնները՝ յաջողութեան բարձրացող սանդուխի մը աստիճաններն են»։ Եթէ այս իմաստալից խօսքը պատշաճեցնենք մեծ ըլլալու ձգտումին՝ նախ պէտք է համեստ, խոնարհ ըլլալ եւ չվհատիլ արգելքներէ եւ ապա «մեծ» ըլլալ, անշուշտ եթէ արժանի է ենթական…։

Ինչպէս դաշտի շուշանը՝ որ մարդկային աչերու եւ գեղեցկասիրութեան ճաշակին գոհացում տալու համար իրաւունք ունի ապրելու, եւ առնելու իր բաժինը հողէն, ջուրէն, օդէն եւ արեւին լոյսէն, եւ թէ արդար իրաւունք, նոյնպէս եւ մարդս աւելի՛ բարձր նպատակի եւ կոչումի մը ծառայելով եւ հոգեկան աւելի մեծ կարելիութիւններով օժտուած ըլլալով՝ իրաւունք ունի ապրելո՛ւ եւ գոհացնելու իր մարմնին օրինաւոր բնական պահանջները։

Արդարեւ, «մարմին»ը աւանդ մըն է մարդուս Աստուծմէ՝ ան տաճար մըն է Հոգիին։ Ուստի ճգնաւորական դարերու ըմբռնումով վարուիլ, զրկել եւ չարչարել մարմինը, տառապեցնել, տանջել զայն, հոգ եւ խնամք չտանիլ մաքրութեան, առողջութեան եւ հանգիստի ընդհանուր պայմաններուն, սխա՛լ է եւ դէմ՝ Աստուծոյ ծրագրին։ Մարդկային ստորին բնութեան, չարին արտայայտութիւններուն դէմ պայքարելու համար՝ մարմինին, ֆիզիքականին դէմ կռուիլ մեծ սխա՛լ մըն է՝ որ յաճախ գործադրուած է հի՛ն ժամանակներու մէջ։ Ուստի, պէտք է միշտ աչքի առջեւ ունենալ Քրիստոնէութեան շեշտած սա ճշմարտութիւնը, թէ՝ մարդկային մարմինը Հոգիին տաճարն է. տաճարը Աստուծոյ Հոգիին, որ կը տիրէ մեր հոգիներուն եւ կ՚ազնուացնէ եւ կը լեցնէ զանոնք միշտ բարձր իտէալներով։

Սիրելի՜ բարեկամներ, զօրացնենք մեր հոգեւոր կեանքը։ Ի՛նչպէս որ մեր մարմնաւոր, ֆիզիքական կեանքը, նո՛յնպէս մեր հոգեւոր կեանքը պէտք ունի հոգածութեան, խնամքի՝ սնունդի եւ դարմանի։

Մեր մէջ զօրացած եւ արմատացած ամէն բարի ունակութիւն եւ սովորոյթ մահացո՛ւմն է մեր մէջ չար ցանկութեան. դէպի վե՛ր ամէն քայլափոխ հեռացում մըն է ապականութեան ճահիճէն։ Ճիշդ այս պատճառով, իրաւամբ ըսուած է թէ մարդ ճարտարապե՛տն է իր իսկ «ճակատագրին»։ Ուստի շատերու «ճակատագիր» ըսածը ուրիշ բան չէ, եթէ ոչ մարդուն իր իսկ արարքներուն բնական մէկ հետեւանքը…։

Արեւը իր ամենօրեայ ծագումին եւ մայրամուտին հետ, կա՛մ երկնաւոր հարսերու յատուկ ոսկեթել պատմուճանին ասուին կը հիւսէ մեզի համար, կա՛մ օղակներ կ՚աւելցնէ մեր ստրկութեան ամրապինդ շղթաներուն վրայ։

Ուրեմն, սիրելի՜ բարեկամներ, աշխարհային զբաղումներու, ապրուստի հոգերու հեւ ի հեւ վազքին մէջ պահ մը գոնէ կենանք եւ խորհինք մեր հոգիներուն, մեր հոգեւոր կեանքին ալ մասին, եւ գիտակցինք որ հոգին է «կենդանարար» եւ ո՛չ մարմինը…։

ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ

Հոկտեմբեր 2 2022, Իսթանպուլ

Շաբաթ, Հոկտեմբեր 15, 2022