ՄԱՐԴՈՒԺԻ ՊԱՏՐԱՍՏՈՒԹԵԱՆ ԿԱՐԻՔԸ ՉՈՒՆԻՆՔ

Մի քանի օրեր առաջ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսը 2024 թուականը հռչակեց «Մարդուժի պատրաստութեան տարի». նոյն մարդուժի պատրաստութեան գծով մեր օրաթերթի մէջ մի քանի օրեր առաջ լոյս տեսաւ գրութիւն մը՝ «Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածինը՝ մարդուժի պատրաստութեան առանցքային կեդրոն» խորագրով. այլ խօսքով կը տեսնենք, թէ երկու Աթոռները իրենց գործունէութեան հիմնական մէկ մասը կ՚ուզեն դարձնել «մարդուժի պատրաստութիւն»ը:

Սակայն «Մարդուժի պատրաստութիւն» արտայայտութիւնը կը նկատենք ժամանակավրէպ, որովհետեւ մեր ազգի դժբախտութեան պատճառը այնպէս ինչպէս անցեալին, նոյնպէս այսօր մարդուժի պատակը չէ, որովհետեւ մարդուժի պատրաստութեան հիմնական ու կարեւոր նուիրական գործէն առաջ շատ աւելի կարեւոր ու առաջնահերթ խնդիրներու պէտք է լուծում տանք, այլապէս ամբողջութեամբ անիմաստ են այդ «պատրաստութիւն»ները:

Արամ Ա. Կաթողիկոս իր հռչակագիրին մէջ հետեւեալ հարցը կու տար.- «Ինչո՞ւ մարդուժի պակաս կայ սփիւռքի կեանքէն ներս». այս հաստատումին հակառակ, կը հաւատանք, որ մեր ազգին մէջ գոյութիւն չունի մարդուժի պակաս, այլ գոյութիւն ունի փտածութիւն մը, որ հակառակ իրենց կամքին կը մեկուսացնէ մեր մէջ գոյութիւն ունեցող մարդուժերը եւ զանոնք հեռու կը պահէ հայկական ու գաղութային կեանքէ եւ հետեւաբար շատ աւելի առաջնահերթ կը նկատենք այդ փտածութեան վերացումը՝ քան մարդուժի պատրաստութիւնը, որովհետեւ ներկայ փտածութեան մէջ մարդուժ պատրաստելը նման է այն սերմերուն՝ որոնք արմատ չունենալու պատճառով չորցան եւ երկինքի թռչունները կերան:

Մեր մարդուժի պատրաստութեան փորձերը պարզապէս նման են տակաւին լոյս աշխարհ չեկած մանուկի մը վազել վարժեցնելու. Կիկոսի մահ մը պարզապէս՝ որ մահ կը պատճառէ մեր ամբողջ ազգին:

Մարդու պատրաստութեան դէմ մեր ունեցած համոզումը բացատրենք հետեւեալ ձեւով.-

Ա.- Մարդուժի պատրաստութեան ընթացքին տրուածն ու իրականութիւնը ամբողջութեամբ հակասութիւն մըն են. վերացական գետնի վրայ կը քարոզենք ու կը պնդենք, որ պէտք է ծառայել, նուիրուիլ հայ լեզուին, ժողովուրդին, մեր գաղութներուն ու ժողովուրդին, սակայն նոյն ինքնավստահութեամբ կը քարկոծենք ու կը հալածենք ծառայողներն ու անձնուրաց նուիրուողները: Մարդուժի պատրաստութեան ժամանակ կը սորվեցնենք, թէ «1+1»ին պատասխանը երկու կ՚ընէ, սակայն հակառակ այս ուսուցումին կը սպասենք, որ նոյն այդ մարդուժը լուռ մնայ, երբ գաղութէն ներս «1+1» չորս կամ երեք աւարտի եւ ամենայն հանգստութեամբ յանձն կ՚առնենք չէզոքացնել այն մարդուժը՝ որ պնդէ թէ երեքը եւ չորսը սխալ է, իսկ երկուն՝ ճիշդ:

Թուաբանական այս անճշդութիւնը չսրբագրած անիմաստ է մարդուժ պատրաստել, որովհետեւ նման պայմաններու մէջ նուիրուած մարդուժ մը «էշ նահատակ» մըն է պարզապէս, որ գոյատեւելու համար պէտք է յանձն առնէ մարդուժի պատրաստութեան ժամանակ փոխանցուած բոլոր արէժքներուն հակառակը կատարել ու անոր հետեւիլ:

Արամ Ա. Կաթողիկոսին «ինչո՞ւ»ին պատասխանը պէտք է հո՛ս փնտռել. ծանօ՞թ է ձեզի Կոստան Զարեանի «Նաւը լեռան գրայ» վէպը. նման պայմաններու մէջ պատրաստուած մարդուժը լեռան վրայ գտնուող նաւէն տարբերութիւն պիտի չունենայ, որովհետեւ մեր գաղութները ամէն ջանք ի գործ պիտի դնեն զանոնք ջուրերէն հեռու պահելու համար՝ միաժամանակ այպանելով ու պահանջելով ու անոնք վերադառնան ջուր:

 Բ.- Արամ Ա. Կաթողիկոս իր հռչակագիրին մէջ կ՚ըսէ.- «Սեր ունեցած ներկայ մարդուժը ընդհանրապէս չի համապատասխաներ ներկայ ժամանակներու կարիքներուն ու պահանջներուն». պէտք է յստակեցնել, թէ ի՞նչ են ներկայ ժամանակներու պահանջներն ու կարիքները. ներկայ ժամանակներու, ինչպէս նաեւ մեր գաղութը ղեկավարողներուն պահանջը զեխութեան ու անառակութեան, անարդարութեան ու կատարուող անիրաւութիւններու դիմաց լուռ ու անտարբեր մնալը չէ՞ միթէ. մեր մէջ առողջ քննադատութեան հասկացողութիւն գոյութիւն չունի. մեզ հարկաւոր են մարդուժեր՝ որոնք կրնան խղճի ամենայն հանգստութեամբ «1+1» հարցին տալ երեք կամ չորս պատասխանը՝ համապատասխանելու համար ժամանակի «պահանջներուն ու կարիքներուն»:

Ան ճիշդ հաստատում մը կը կատարէ. «մեր մարդուժին կարեւոր մէկ մասը փաստօրէն կա՛մ հայ կեանքի լուսանցքին վրայ կը գտնուի, կա՛մ հեռու է հայ կեանքէն». Վեհափառ Տէր, լուսանցքին վրայ, լուսանցքէն դուրս ու հայ կեանքէ հեռու գտնուողները «1+1»ին պատասխանը որպէս երկու կ՚ընդունին, սակայն ունինք գաղութներ, որոնք Փանջունիի պնդագլուխութեամբ այլ պատասխան մը կ՚ակնկալեն:

Այդ հեռու մնացողները երբեք պիտի չմօտենան հայ կեանքին՝ մինչեւ չի հեռանան Փանջունիները՝ որոնք ո՛չ թէ ազգին, այլ սեփական շահեր կը հետապնդեն: Եթէ այսօր մարդուժի պատրաստութեան հասկացողութեան տակ պիտի պատրասենք երիտասարդ մը, սակայն պիտի պահանջենք լուռ մնալ կատարուած անարդարութիւններուն դիմաց՝ նախընտրելի է չպատրաստել, որովհետեւ այդ մէկը ոչ միայն անձին, այլ նաեւ ազգի արէժքներուն հանդէպ գործուած ոճիր մըն է:

Արամ Կաթողիկոս «հաստատ կամեցողութիւնը ու գիտակից յանձնառութիւն» կը սպասէ հեռու մնացողներէն. այդ հեռու մնացողները եթէ այսօր կամեցողութիւնն ու գիտակցութիւնը յանձն առնելով գան եկեղեցւոյ, ազգային կեանքին, մեր կրթական հաստատութիւններէն ներս իրենց տեսած զեխութիւններուն ու անիրաւութիւններուն մասին բարձրաձայնեն, եկեղեցին եւ գաղութը առաջնորդողները նոյն «գիտակից յանձնառութիւն»ը պիտի ունենա՞ն: Բոլորս ալ գիտենք, որ պատասխանը ո՛չ է. հետեւաբար մարդուժի պատրաստութեան կարեւոր առաքելութենէն հեռու մնալով, նախ եւ առաջ առողջ ու արդար գետին մը ստեղծենք անոնց համար, որպէսզի անոնց կեանքը չվերածենք դժոխքի:

Ժողովրդական առածը ճի՛շդ կ՚ըսէ. «Պտղատու ծառը կը քարկոծուի». եթէ մարդուժ պատրաստելով պիտի քարկոծենք՝ աւելի լաւ է հեռու մնանք այդ պատրաստութենէն եւ բաւարարուինք «հայապահպանում», «ծառայութիւն» եւ նման այլ բառերու կողքին «Մարդուժի պատրաստութիւն» ականջի անուշ հնչող սակայն մեր իրականութենէն հեռու արտայայտութիւնը թանգարանացնելով:

 

ՀԱՐՑ՝ ԱՐՀԵՍՏԱԿԱՆ ԲԱՆԱԿԱՆՈՒԹԵԱՆ

Հարցում. Հայու մը կողմէ կատարուած կարեւոր ի՞նչ գիւտ գիտես:

Պատասխան. Հայու մը կողմէ կատարուած ամենէն կարեւոր գիւտերէն մէկը Ռայմոնտ Տամատեանի ամբողջ աշխարհի մէջ գործածուող MRI բժշկական նկարահանող սարքի գիւտն է: Տամատեան 1970-ական թուականներուն սկիզբը բժշկական հետազօտութիւններ կատարելով ստեղծեց MRI նկարահանող սարքը: Անոր գիւտը մեծ ազդեցութիւն ունեցած է բժշկական ոլորտէն ներս, հնարաւորութիւն տալով աւելի յստակ ու ճիշդ ախտորոշում կատարել: Անոր այս գիւտը համաշխարհային ճանաչում ստացած է, ինչպէս նաեւ արժանացած է պարգեւներու:

ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ

Երեւան

Երեքշաբթի, Յունուար 16, 2024