«ԵՍ»ԷՆ ՁԵՐԲԱԶԱՏՈՒԻԼ

Մարդուս ամենէն մեծ եւ վտանգաւոր թշնամին իր «ԵՍ»ն է։ Մարդ եթէ կարենայ պարտութեան մատնել, փրկուիլ անոր կապանքէն, կրնայ իսկական իմաստով «բարի՛» ըլլալ, հեռացնել իրմէ ամէն ինչ որ «չար» է։

Շատեր կան՝ որ իսկապէս կը փափաքին «բարի» ըլլալ, «չար»էն հեռանալ, սակայն յօժար չեն «ԵՍ»էն եւ կամքէն փրկուելու։ «ԵՍ»ը ամենէն զօրաւոր արգելքն է անոնց «բարի»ն ընտրելու եւ իրապէս «բարի» ըլլալու։ Անոնք չեն յօժարիր իրենց «անձնական ճամբայ»էն հրաժարելու եւ կերպով մը աշխարհային ընթացքէն ե՛տ կենալու։

Արդարեւ, իրապէս «բարի» ըլլալու, փրկուելու համար «ԵՍ»ի կապանքէն, պէտք է ենթարկուիլ Քրիստոսի պայմաններուն, պատուէրներուն։ «Թող ամբարիշտը՝ իր ճամբայէն եւ անօրէն մարդը իր խորհուրդներէն հրաժարի եւ Տէրոջը դառնայ (որ Ադամով ապստամբած էր Աստուծմէ) եւ Ան պիտի ողորմի անոր». (ԵՍԱՅԻ. ԾԵ 7)։ Յիսուս կը պատուիրէ. «Ահա այսպէս ալ ձեր մէջէն մէկը եթէ իր բոլոր ստացուածքէն (Ամէն ի՛նչ որ Ինծի հակառակ է) ետ չկենայ, չի՛ կրնար իմ աշակերտս ըլլալ». (ՂՈՒԿ. ԺԴ 33)։ Ուստի, մարդոց «Աչքերը բացուելու են խաւարէն լոյսին՝ եւ Սատանայի իշխանութենէն՝ Աստուծոյ՝ որպէսզի անոնք մեղքերու թողութիւն գտնեն եւ սուրբերուն հետ մասնակից ըլլան ինծի հաւատալով». (ԳՈՐԾՔ. ԻԶ 18)։

«Ուստի ինչպէս ընդունեցիք Քրիստոս Յիսուս Տէրը, այնպէս քալեցէք», կ՚ըսէ Պօղոս առաքեալ. (ԿՈՂ. Բ 6)։ Այս խօսքը խրախոյս մըն է հաւատացեալներուն՝ որպէսզի շարունակեն հաւատքի մէջ ապրիլ՝ ինչպէս որ սկսան։ Թէեւ կարեւորը սկսիլն է, բայց անհրաժեշտ է զանիկա տեւականացնել՝ որպէսզի կարելի ըլլայ հասնիլ նպատակին։ Ուստի, ճամբան քալելով կարելի է հասնիլ տեղ մը։ Առաջին քայլը արժէք կը ստանայ շարունակելով, այսինքն՝ քալելո՛վ։

Սակայն ինչպէ՞ս սկսան ընդունելով Քրիստոս Յիսուս Տէրը, Իրեն յանձնուելով, Իր կամքին ենթարկուելով, հպատակելով եւ դադրելով ինքնահաճութենէ, ինքնահաւանութենէ։ Այլեւս, երբ յանձնուելով Անոր, կը փոխուինք, «նոր մարդ» կ՚ըլլանք, Անոր հեղինակութիւնը եւ իշխանութիւնը նախապատիւ է, Անոր պատուէրները դարձած են իրենց կեանքի կանոնը, ապրելակերպը եւ անոր սէրը կը ստիպէ զիրենք ուրախութեամբ՝ անվերապահ հնազանդութեան։ «… Անոնք իրենց անձերն ալ տուին Տէրոջը». (Բ ԿՈՐՆԹ. Ը 5)։

Պէտք է մենք մեզի հարցնենք, թէ ո՞րքան կրնայ պատշաճիլ մեր կեանքը այս խօսքին։

Կեանքին նպատակը ճշմարտութեան հասնիլ է։ Իսկ ճշմարտութիւնը հորիզոնի չափ հեռու բայց մարդուս սրտին չափ մօտ է։ Ճշմարտութեան հասնելու համար մարդուս միտքը բազմազան ճամբաներ ունի՝ որոնք երբեմն կը հասնին, երբեմն ալ չեն հասնիր ճշմարտութեան, իսկ հոգին, կրնանք ըսել՝ սիրտը, ունի միայն մէկ ճամբայ, ապահով եւ իսկական ճամբայ, որ միշտ կը տանի ճշմարտութեան։ Այս ապահով եւ անսխալ ճամբան՝ հաւա՛տքն է։ Այն որ կը հաւատայ, կը հասնի ճշմարտութեան, կը հասկնայ եւ կը ճանչնայ ճշմարտութիւնը։

Ահաւասիկ մարդը՝ բանաւոր, մտաւորը եւ հաւատաւոր, հաւատարիմ մարդը։ Ճշմարտութիւնը փնտռող մարդը կ՚ընտրէ այս երկու ճամբաներէն մէկը՝ մին որոշ, միւսը անորոշ։ Անշուշտ երկուքն ալ մարդը կը տանին ճշմարտութեան, մին՝ ապահով, միւսը՝ փորձի կարօտող։ Այլապէս, մարդ ազատ է իր կամքով ընտրելու այս երկու ճամբայէն մին…

Հրաշքը այն է՝ որ մարդ կ՚ընտրէ լաւագոյն ճամբան։

Յիսուս Քրիստոսը ընդունիլ՝ բոլորովին մարդկային զօրութենէ անդին է։ Վերջին բանն է, որ աննորոգ սիրտ մը պիտի փափաքի։ Սրտի գերբնական փոփոխութիւն մը ըլլալու է, նախքան Յիսուսի հանդէպ «փափաք» մը ունենալը՝ որպէսզի գրաւէ Իր գահը։ Եւ այդ փոփոխութիւնը «հրաշք» մը պիտի ըլլայ՝ որ միայն Աստուած կրնայ ընել։

Ուրեմն, սիրելի՜ բարեկամներ, «Տէրը փնտռեցէք քանի որ անիկա կը գտնուի». (ԵՍԱՅ. ԾԵ 6)։

Բայց եթէ մարդուն սրտին, խղճին մէջ «ԵՍ»ը տեղ է գրաւած, «ԵՍ»ը տիրապետած է մտքին, անկարելի է որ հոն ընդունուի Քրիստոս Յիսուսը։ Ուստի, խոստովանելով՝ պէտք է վտարել «ԵՍ»ը սրտէն, խղճէն եւ վերջ տալ «ԵՍ»ին տիրապետութեան մտքին վրայ, եւ այն ատեն Քրիստոս Յիսուս տեղ պիտի գրաւէ սրտերու եւ խղճերու մէջ եւ պիտի տիրապետէ միտքերու։ Եւ այն ատեն մարդ պիտի կրկնէ Թովմաս առաքեալի հետ. «Իմ Տէրս եւ իմ Աստուա՛ծս»։

Փորձենք սիրելի՜ներ եւ ընդունի՛նք զԱյն…։

ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ

Մարտ 14, 2023, Իսթանպուլ

Յետ գրութեան.-

Մեր նախորդ «Աստուածը տեսնել բնութեան մէջ» գրութեան մէջ՝ վեցերորդ հատուածին՝ «միշտ Է, միշտ մեր անսկիզբ եւ անվերջ Արարածը եւ Նախախնամը…», տողերուն մէջ «Արարած» գրուած է՝ որ պէտք է ըլլայ՝ «Արարիչը»։

Այս վրիպումիս համար, ապաւինելով սիրելի ընթերցող բարեկամներուս հանդուրժողութեան, ներողութիւն կը խնդրեմ։

Մաշտոց Քահանայ

Հինգշաբթի, Մարտ 16, 2023