ԵԿԵՂԵՑԻՆ՝ ԵԿԵՂԵՑԻԷՆ ԴՈՒՐՍ

Մեր թուականէն 90 տարիներ առաջ՝ 1930-ական թուականներուն որոշ հայ «հաւատացեալներ» որոշեցին եկեղեցւոյ մէջ կատարուած պատարագներէն տարբեր պաշտամունք կատարել սրահներու եւ սեփական տուներու մէջ՝  ոչ-եկեղեցականներու առաջնորդութեամբ, որուն մասին օրուան մամուլները արձագանգեցին «Հայ Եկեղեցիին սպառնացող վտանգ մը եւ մեր հոգեւոր իշխանութեան անտարբերութիւնը» խորագիրով: Գուցէ այդ անտարբերութեան պատճառով է, որ մինչեւ այսօր թէ՛ Լիբանանի, թէ՛ Սուրիոյ, թէ՛ Հայրենիքի մէջ եւ այլուր գոյութիւն ունին հայ հոգեւոր շարժումներ:

Օրուան մամուլը այս հաւաքները հետեւեալ տողերով կը ներկայացնէ. «5-6 տարիներէ ի վեր ուժգին շարժում մը կայ «հոգեւոր» անունով ծածկուած, գոյութիւն ունին մէկէ աւելի հոգեւոր լսարաններ, ուր կը կատարուին քարոզութիւններ, որոնք Հայ Եկեղեցւոյ զաւակները անկէ բաժնելու կը միտին»: Հակառակ այս ճշմարտութեան, այդ շարժումները (մինչեւ օրս) գործեցին Հայ Առաքելական Եկեղեցւոյ «անուան» տակ՝ սակայն քարոզութեամբ մի՛շտ ալ հեռու մնացին Հայ Եկեղեցիէն եւ որդեգրեցին օտարոտի երեւոյթներ ու նաեւ հաւատալիքներ: Այս մէկը Հայ Եկեղեցւոյ հանդէպ վտանգ նկատուեցաւ հետեւեալ պատճառներով.-

Ա.- ԱՆՀՍԿՈՂՈՒԹԻՒՆ.- Նման խմբակցութիւններ թէ՛ անցեալին եւ թէ՛ այսօր եկեղեցական իշխանութիւններու կողմէ հսկողութեան չեն ենթարկուիր. այդտեղ կատարուող պաշտամունքներն ու աղօթքները եկեղեցականներու կողմէ չեն առաջնորդուիր:

Բ.- ԱՆՃՇԴՈՒԹԻՒՆ.- Այդ պաշտամունքներու ընթացքին աշխարհականներու կողմէ կը տրուին քարոզներ եւ, ցաւ ի սիրտ, նոյնիսկ կը կատարուին Աւետարանական մեկնութիւններ, որոնք կրնան չհամապատասխանել ճշմարտութեան եւ մանաւանդ մեր դաւանանքին. ոչ-եկեղեցականի մը կողմէ տրուած բացատրութիւնները կրնան յարիր չըլլար Հայ Առաքելական Եկեղեցւոյ հաւատամքին ու դաւանանքին. նման խմբակցութիւններ յաճախող անհատներ կրնան այդ անճշդութիւնները որպէս ճիշդ ընդունիլ:

Գ.- ՕՏԱՐԱՄՈԼՈՒԹԻՒՆ.- Մինչեւ օրս կը տեսնենք, թէ հակառակ Հայ Առաքելական Եկեղեցւոյ անուան տակ գործելու, շատ մը խմբակցութիւններ իրենց պաշտամունքին մէջ օտար երեւոյթներ կը ներառեն։ Աղօթքի պահուն կը ծափահարեն, կը պարեն, շարականներէ տարբեր երգեր կ՚երգեն, շատ անգամ գետին կը տապալին ու այս բոլորը Հայ Առաքելական Եկեղեցւոյ պաշտամունք անուան տակ կը հրամցուին ներկաներուն:

Երբ Հայ Առաքելական Եկեղեցւոյ մէջ Ս. Պատարագ ու քարոզախօսութիւն տեղի կ՚ունենայ, ինչո՞ւ համար խմբակցութիւններու կարիքը։ Այս մէկը ինքնաբերաբար եկեղեցւոյ դէմ ատելութեան մթնոլորտ մը կը ստեղծէ, որովհետեւ մարդ նորի կարիքը կը զգայ, երբ եկեղեցւոյ մատուցածը նկատէ անբաւարար, անյաջող ու թերի եւ այդ պակասը նորով մը լեցնել կը փորձէ  ու այստեղ կը ծագի հետեւեալ հարցը. խնդիրը եկեղեցին ու եկեղեցականնե՞րն են, թէ ոչ օտար երեւոյթներու հանդէպ հետաքրքրութիւնն ու սէրն է:

Եկեղեցւոյ իշխանութիւնները չկրցան առաջքը առնել այս սպառնացող վտանգին, այն աստիճան, որ եկաւ ժամանակ, երբ եկեղեցին պարտաւորուեցաւ գործակցութիւն առաջարկել. բազմաթիւ հոգեւոր խումբեր ունենալով իրենց ազատութիւնը, սկսան գործել Հայ Առաքելական Եկեղեցւոյ «հովանի»ին տակ։ Այլ խօսքով՝ յաջողեցան պաշտօնականացնել իրենց օտարոտի պաշտամունքները, իսկ անդին եկեղեցին փորձեց արդարանալ «հսկիչ»ի դերակատարութիւնը «ստանձնած» ըլլալով: Եկեղեցին նոյնիսկ ժամանակ մը փորձեց եկեղեցիէն ներս տեղ տալ աշխարհական քարոզիչներու՝ կատարելու համար փափաքը այդ խմբակցութիւններուն:

Աղանդաւորական շարժումներ լաւապէս կը գիտակցին, որ կարելի չէ բացայայտօրէն գործել, որովհետեւ հասարակութիւնը առանց խորքը գիտնալու, անունով կը դատէ շատ անգամ եւ հետեւաբար Հայ Առաքելական Եկեղեցւոյ հովանաւորութեան ու անուան տակ գործելը «բերդը ներսէն գրաւել»ու ազդեցութիւնը կրնար ունենալ։ Եկեղեցին իր հովանաւորութեան տակ առնելով փորձեց ինքզինք հեռու պահել քննադատութիւններէն, ինքզինք «հսկող»ի դերին մէջ դնելով, մինչ այդ ինքնարդարացման համար եղած հովանաւորութիւնը բացայայտ գովազդ մըն էր այդ խմբակցութիւններուն համար, այդ հովանաւորութիւնը ցոյց տալով աւելի ազատ գործելու եւ իրենց նպատակները հետապնդելու համար:

Այսօր, մանաւանդ սփիւռքի մէջ գոյութիւն ունին Հայ Առաքելական Եկեղեցւոյ հովանաւորութեան տակ գործող խմբակցութիւններ, որոնք  օտար սովորութիւններ որդեգրելով տասանորդ կը վճարեն, «եղբայր» եւ «քոյր»ով կը դիմեն. ամէն անգամ իրար տեսնելուն կ՚ողջագուրուին. իւրաքանչիւր խօսքի վերջաւորութեան «Ալելուիա» մը կ՚ըսեն. այլ խօսքով՝ Հայ Առաքելական Եկեղեցւոյ չպատկանող գրեթէ ամէ՛ն բան կ՚ընեն՝ սակայն Հայ Առաքելական եկեղեցւոյ անուան տակ: Այլ խօսքով՝ ազատութեամբ մեր ժողովուրդի զաւակներուն մէջ կը շրջին՝ իրենց գայլի ինքնութեան վրայ առնելով գառնուկի մորթ մը:

Այս սանձարձակութեան պատճառով է, որ այսօր թէ՛ Հայաստանի եւ թէ՛ սփիւռքի մէջ գոյութիւն ունին եղբայր Յովհաննէսներ, եղբայր Պետրոսներ, եղբայր Պօղոսներ եւ ուրիշներ:

 

ԿԱՐՃ ՊԱՏՈՒՄՆԵՐ -194-

Նախքան եկեղեցական ըլլալս որոշ ժամանակ ունեցայ «աշխարհիկ» կեանքի մը փորձը՝ աւելի քան վեց տարի: Այդ միջոցին նշանախօսութեան ընթացք մը ունեցայ: Աղջկան ընտանիքը կը հետեւէր «հոգեւոր» խմբակցութեան մը՝ որ կը վայելէր հովանաւորութիւնը Հայ Առաքելական Եկեղեցւոյ:

Առիթով մը ես ալ մասնակցեցայ: Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Դպրեվանքէն շրջանաւարտ ըլլալս գրեթէ ոչ ոք գիտէր եւ այդ մէկը առիթ տուաւ հանգստութեամբ եւ «չգիտցող»ի երեւոյթով հետեւիլ բոլոր «արարողութեան»:

Քարոզիչը սկսաւ մեկնաբանել Յիսուսի առակներէն մին, որ մինչեւ այսօր մոռնալ կարելի չեղաւ: Մահմետական մը աւելի տրամաբանական բացատրութիւններ պիտի տար՝ քան այդ քարոզիչը: Սակայն բոլորը խանդավառութեամբ եւ հետաքրքրութեամբ լսեցին բացատրութիւնները եւ տեսածիս համաձայն՝ նաեւ համաձայն գտնուեցան: Քարոզխօսութիւնը վերջ չգտած դուրս եկայ:

Նման հոգեւոր խաչելութիւններ մինչեւ օրս, գրեթէ ամէ՛ն օր կը կատարուին այդ կործանող խմբակցութիւններուն մէջ:

ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ

Վաղարշապատ

Հինգշաբթի, Մարտ 16, 2023