ՄՇԱԿՈՅԹԻ ՇԱԲԹՈՒԱՆ ՈԳԻՆ - Ա -

Սրբոց Թարգմանչաց յիշատակի տօնը, այս տարի կը տօնուի 14 Հոկտեմբերին, որուն կը յաջորդէ «Մշակոյթի Շաբաթ»ը։ Ուստի բարեպատեհ առիթ մըն է, որ ամբողջ շաբաթ մը վերյիշենք եւ վերապրինք մշակոյթի արժէքները, անդրադառնանք լեզուի, գիրի, գրականութեան արուեստի կարեւորութեան՝ որոնց ամբողջը կը կազմէ «մշակոյթ»ը։ Չըսելու համար անտեսուա՛ծ, յետաձգուած գնահատանքի մը արտայայտութեան առիթ մը պէտք է նկատուի այս եօթը օրուան ժամանակաշրջանը՝ որուն ստեղծած ոգին մաղթելի է որ տեւէ ամբողջ կեանքի ընթացքին, քանի որ մշակոյթը ապրելակերպ մըն է, եւ թէ կարելի չէ սահմանափակել միայն եօթը օրերու մէջ, այլ պէտք ըլլայ մշտնջենական ոգեւորութեան, խանդավառութեան աղբի՛ւր։

«Մշակոյթի հոգին՝ հոգւոյ մշակոյթն է», կ՚ըսէ Եոհան Վոլֆկանկ ֆոն Կէօթէ։ Ուստի, մշակոյթը թէ՛ հոգին եւ թէ՛ միտքը զարգացնող երեւոյթ մըն է, որ համամարդկային է, այսինքն ո՛չ միայն յատուկ ժողովուրդի մը, այլ ամբողջ մարդկութեան կը պատկանի։ Անշուշտ այս համամարդկային մշակոյթին իրենց մասնակցութիւնը կը բերեն ամէն մէկ ժողովուրդի յատուկ մշակոյթներ, որոնց բաղադրութիւնն է ընդհանուր-հասարակաց մշակոյթը։

Ուրեմն, իւրաքանչիւր ժողովուրդի պա՛րտքն է հոգալ, խնամք տանիլ իր մշակոյթին՝ զարգացնել զայն, ի՛նչ որ ծառայութիւն մըն է համայն մարդկութեան։

Ժողովուրդ մը երբ կը պահպանէ եւ կը տեւականացնէ իր մշակոյթը հետզհետէ ճոխացնելով եւ զարգացնելով զայն, համայն մարդկութեան մեծ եւ ճշմարիտ ծառայութիւն մը մատուցած կ՚ըլլայ։ Այս իմաստով, ամէն հոգեմտաւոր աշխատանք կը նպաստեն մշակոյթի զարգացման։

Մշակոյթը, իրապէ՛ս հոգին եւ միտքն է ժողովուրդին, որուն միջոցով կը հաղորդակցի ուրիշ ժողովուրդներու հետ, եւ անդամ կը դառնայ մարդկութեան մեծ ընտանիքին։ Եւ այն ամէն ինչ որ կը ծառայէ մշակոյթի զարգացման՝ կը ծառայէ մարդկութեան հոգիի եւ մտքի կատարելութեան՝ աճմա՛ն։

Մշակոյթ մը ստեղծելու եւ զարգացնելու առաջին եւ անհրաժեշտ պայմա՛նն է՝ արժէք եւ արժանիք գնահատել՝ ազնիւ գաղափարականներ ստեղծել եւ մանաւանդ իրագործել զանոնք։ Մշակոյթ կը նշանակէ ձգտիլ բարիին, գեղեցիկին եւ ճշմարտութեան։

Մշակոյթը, արդարեւ այն է՝ ի՛նչ որ կ՚ազնուացնէ կեանքը, դիւրատար կ՚ընէ զայն։ Մշակոյթի շնորհիւ է որ մարդ կ՚անդրադառնայ առաքինութիւններու կարեւորութեան՝ բարի ըլլալու, գեղեցիկ ըլլալու եւ ճշմարիտ ըլլալու յատկութեան։

Իմացական եւ բարոյական արժէքներ կը կազմաւորուին մշակոյթի մէջ՝ մարդկային հոգեմտաւոր ստեղծագործութիւններու ամբողջութիւնը կը տեսնուի հոն, որուն նպատակն է միշտ նոր արժէքներ գտնել, եւ բարդել՝ մշակոյթի հարստութեան վրայ։

Մշակոյթը, իր ամբողջութեան մէջ կարող է բարձրացնելու եւ ազնուացնելու հաւաքական կեանքը։

Արդարեւ, կրնայ ըլլալ որ խորհողներ ըլլան, թէ ճարտարարուեստի ներկայ դարուն մէջ, մշակոյթը պերճա՞նք մըն է արդեօք։ Իրաւ է, որ ճարտարարուեստը քաղցրացնելու, դիւրացնելու միջոց մըն է եղած մարդուս մանաւանդ ընկերային կեանքը, բայց միա՛յն անոր մարմնական եւ նիւթական պահանջներուն եւ կարիքներուն գոհացում եւ բաւարարութիւն տալու համար։ Եւ երբ այս տեսանկիւնէն դիտենք մարդկային ամբողջ կեանքը, պիտի տեսնուի, թէ մարդ միայն մարմին չէ՛, այլ ունի եւ «ներաշխարհ» մը՝ իր յոյզերով, ապրումներով, իտէալներով, գաղափարներով, զգացումներով։

Այս իրողութենէն կը հետեւի, թէ մշակոյթը երբե՛ք պերճանք մը չէ, այլ՝ պահա՛նջք, ապա եւ ուրեմն ճարտարարուեստը ինքնին՝ պիտի չկարենայ մարդուս ներաշխարհին ձգտումները եւ հոգեկան կարիքները գոհացնել երբեք։

Արդարեւ, ինչպէս մարդկային մարմինը՝ ֆիզիքական էութիւնը բարեշրջման ենթակայ է, եւ ասոր համար սնունդի պէտքը ունի, հոգին եւ միտքն ալ կ՚աճին եւ կը զարգանան հետզհետէ՝ հոգին կ՚ազնուանայ եւ միտքը կը յառաջդիմէ, եւ ասոնց համար ալ անհրաժեշտ է սնունդը։

Եւ հոգիին եւ մտքին սնունդն է՝ մշակոյթը իր ամբողջութեանը մէջ, ամէն երեսակներով, ամէն երեւոյթներով եւ աստիճաններով։ Մշակոյթը աւի՛շն է հոգիին եւ մտքին, ինչպէս՝ հացը մարմինին։

Այս իմասոտվ անհրաժե՛շտ է մշակոյթը…։

Սերունդնե՜ր կ՚անցնին, երբեմն կը կատարելագործուին, աւելի առողջ կ՚ընթանան դէպի կատարելութիւն, որուն կոչուած է մարդ։ Եւ սերունդներ ալ կան՝ որոնք կ՚անցնին՝ հիւծած, այլասերած, եւ ո՜րքան տխուր է այս տեսարանը։

Մարդիկ, հետզհետէ կ՚ուծանան գիր եւ գրականութենէ, անոնք այլեւս չեն հետա-քըրքրուիր տիպ ու տառով, շինիչ գիրքեր չե՛ն խանդավառեր՝ ինչպէս երբեմն, բայց կը նախընտրեն անօգուտ տեղեկութիւններով լեցուն գիրքերով, աննպատակ, անիմաստ գրականութեամբ, տպագրութիւններով, որոնք կը յափշտակուին ձեռքէ՜ ձեռք։

Ցաւալի՜ բայց իրական է այս երեւոյթը։

Կարծես «մշակոյթ» բառին իմաստը բոլորովին փոխուած է՝ անիմաստ, աննպատակ եւ անօգուտ ամէն ինչ եղած է անիկա։ Այն՝ որ չի ծառայեր նիւթին, նիւթականին, այն՝ որ կը պատկանի միայն բարոյականին, այսինքն հոգիին եւ մտքին, այն՝ որ անտեսանելի է եւ անշօշափելի, աննպատակ, անիմաստ եւ անօգուտ կը համարուի ընդհանրապէս, դժբախտաբար։ Թէեւ ցաւալի է ասիկա, բայց իրատես ըլլալու է, քանի որ ընդհանուր տեսարանը ա՛յս է։

Կ՚ըսեն շատեր, թէ «դարը փոխուած է», այս ճիշդ է՝ փոխուած է դարը, բայց մարդը չէ փոխուած, մարդը միշտ նո՛յն մարդն է ըստ էութեան, թերեւս արտաքնապէս փոփոխութեան ենթարկուած, բայց ներքնապէս միշտ նոյն մա՛րդը՝ ընդհանուր մարդկային նկարագրով, բնութեամբ, բնաւորութեամբ, քանի որ ծինային յատկութիւնները միշտ նոյնը կը մնան մարդուն։ Եւ ուրեմն դարեր որքան ալ փոխուին, ինչ որ բնական է, անփոփոխ կը մնայ մարդը իր մարդկային ընդհանուր գիծերով։ Ուստի «դարերու փոփոխութիւն»ը արդարացուցիչ փաստարկութիւն մը չի կրնար ըլլալ, այլ միամիտ չքմեղանք մը միայն…։

Եւ երբ մշակոյթի հոգին հետզհետէ կը հեռանայ, մարդիկ կը դառնան աւելի եւս նիւթապաշտ եւ աւելի եւս մարմնասէր։ Առաքինութիւն, ազնիւ գաղափարներ՝ տեղի կու տան մոլութիւններու, որով կը սկսի արդէն «վսեմ»ի եւ «գռեհիկ»ի պայքարը իր ամբողջ սաստկութեամբ՝ փոթորկելով մատղաշ սերունդը եւ չափահասներն իսկ։

Անողոք պայքա՛ր մըն է ասիկա։

Ո՞վ յաղթական պիտի ելլէ այս պայքարէն։

Եթէ մշակոյթին պէտք եղած արժէքը չընծայուի, ցաւով պէտք է ըսուի, թէ՝ դժբախտաբար չարը եւ գռեհիկը։ Կեանքը արագ կ՚ընթանայ շատ անգամ մարդ կը դժուարանայ անդրադառնալու իր իսկ սխալներուն, տկարութիւններուն եւ թերութիւններուն, եւ յաղթական կը շարունակուին սխալները, տկարութիւնները եւ թերութիւնները մարդուն։ Եւ ահաւասիկ, ընդհանուր առումով մշակո՛յթն է որ պիտի սրբագրէ սխալները, պիտի զօրացնէ տկարութիւնները եւ պիտի կատարելագործէ թերութիւնները մարդուն։ Մշակո՛յթն է որ պիտի անդրադարձնէ մարդը գեղեցիկին, բարիին եւ ճշմարիտին, մշակո՛յթն է որ պիտի յիշեցնէ մարդուն, որ ունի նաեւ ներաշխարհ մը՝ նոյնքան կարեւոր, նոյնքան իրական՝ որքան մարմինը, նիւթականը, նո՛յնքան արտաքինը։

Ուստի մշակոյթին պարտականութիւնն է՝ պախարակել՝ եսապաշտութիւնը, հաճոյամոլութիւնը, ընչաքաղցութիւնը եւ ամէն մոլութիւն՝ որոնք կը վիրաւորեն մարդկային արժանապատուութիւնը եւ կը նուաստացնեն բանաւոր էակին արժանաւորութիւնը։

Ամէն ողջամիտ անձնաւորութեան պարտականութիւնն է վե՛ր պահել մշակոյթի շնորհներու արժէքը, մշակոյթին գոյապահպանման եւ գոյատեւման նպաստե՛լ՝ որ կը նշանակէ. մարդկութեան ծառայե՛լ…։

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

Հոկտեմբեր 11, 2017, Իսթանպուլ

Երկուշաբթի, Հոկտեմբեր 16, 2017