ՏԵՍՆԵԼ ԵՒ ԽՈՐՀԻԼ

Կան ոմանք որ կ՚ըսեն.- Ես միայն տեսածիս կը հաւատամ։ Բայց միայն տեսնելով հասկնալ եւ հաւատալ կարելի՞ է սիրելի՜ ընթերցող բարեկամներ։

Մարդ կրնայ սխալիլ իր տեսածին մասին, եւ շատ ալ բնական է ասիկա, քանի որ միայն մարմնական աչքով տեսնուածը միայն մակերեսային է եւ տեսնուածին ամբողջ էութիւնը իսկութեամբ չի ցոլացներ։ Այս իսկ պատճառով, մարդ կրնայ սխալիլ։ Սա իրողութիւն մըն է, որ ամէն էութիւն ունի թէեւ արտաքին կողմ մը, բայց ունի նաեւ ներքին կողմ մը՝ որ կարելի չէ տեսնել մարմնական աչքով, բայց միայն՝ մտքի աչքո՛վ։

Կը հետեւի ուրեմն, թէ որեւէ իրի կամ իրողութեան յատկանշական էութեան բացատրութիւնը կարելի չէ գտնել առանց զայն դիտելու մտքի աչքով. ուստի պէտք է «խորհիլ» եւ խորանա՛լ մտքի աչքով, որպէսզի կարելի ըլլայ թափանցել անոր ամբողջ էութեան, որ է՝ թէ՛ արտաքինը եւ թէ՛ ներքինը։

Մարդ իր տեսածին մէջ յաճախ չի գտներ բացատրութիւն մը՝ որ գոհացուցիչ ըլլայ իրեն։

Զոր օրինակ, բնութեան գեղեցկութիւնները երբ կը դիտէ մարդ, հոն կը նշմարէ քաշողական հմայք մը, որ միայն իրեն յատկանշական կը թուի ըլլալ։ Բայց չի բաւեր միայն «դիտել», այլ պէտք է «տեսնե՛լ» նաեւ։ Բայց ընդհանրապէս գեղեցկութիւնը ըստ ինքեան քաշողական ուժ չունի։ Չէ՞ք հանդիպած մարդոց, որոնց դիմագիծը գեղեցկագիտօրէն տգեղ է, բայց շնորհազարդուած՝ արտացոլումովը սիրազեղ սրտի մը եւ ազնուականութեամբը նկարագրին։ Եւ փոխադարձաբար, գեղեցիկ դիմագծի մը ետին ծածկուած վատ նկարագիր մը…։

Ահաւասիկ, հո՛ս է հարցը. ո՞րն է գեղեցիկը։

Գեղեցիկ է ա՞յն, որ «գեղեցիկ» կ՚երեւի, «գեղեցիկ» կ՚երեւի, գեղեցիկ տեսք ունի, թէ այն՝ որ ներքնապէս գեղեցիկ է՝ ազնիւ եւ լաւ նկարագրի տէ՛ր։ Այս ուղղութեամբ մարդիկ կը շփոթին նաեւ իրողութիւններու նկատմամբ. կան իրողութիւններ, որոնք արտաքնապէս անօգուտ, նոյնիսկ վնասակար կ՚երեւին, բայց անոնց հետեւանքը օգտակար է եւ շահաբե՛ր։

Կեանքի մէջ կը հանդիպինք դէպքերու, պատահարներու, որոնք մեզի համար անբաղձալի են, բայց եթէ համբերենք՝ կը տեսնենք, որ այդ անբաղձալի դէպքերուն հետեւանքը շատ բարի է մեզի համար։ Այս փորձառութինը մեզի ցոյց կու տայ այն ճշմարտութիւնը, թէ որեւէ պատահար պէտք է գնահատել ժամանակի մէջ, ոչ միայն այդ պահուն, այլ որոշ շրջանի մը, ընթացքի մը տեւողութեանը մէջ։ Եւ այս կը նշանակէ անմիջապէս որոշում տալէ խուսափիլ. սպասել հետեւանքին, համբերել, լայն շրջանակի մը մէջ եւ խորութեամբը դատել, կշռել, մտածել եւ յետոյ եզրակացութեան մը յանգիլ, եւ այն ամէն ինչ որ կ՚ընէ ողջամիտ, խոհեմ եւ խելացի մարդ մը…։

Եւ ահաւասիկ, մարդ երբ կ՚ուզէ գոհացուցիչ պատասխան մը առնել, պէտք է խոհեմ ըլլայ, պէտք է համբերել գիտնայ եւ պէտք է հակակշռէ իր կիրքերը։ Այս պատճառով ըսուած է՝ թէ պէտք է տասը անգամ խորհիլ եւ մէկ անգամ խօսիլ կամ գործել։ Անմիտօրէն, անխոհեմ կերպով առնուած քայլ մը կը վտանգէ բոլոր ընթացքը, քանի որ միշտ «առաջին քայլ»ն է կարեւորը։

Ժողովրդական իմաստութիւնը առածով մը թարգման կ՚ըլլայ այս իրողութեան երբ կ՚ըսէ. «Ուշ ըլլայ՝ անուշ ըլլա՛յ»։

Եւ ո՜րքան հետաքրքրական է որ «ուշ» կը նշանակէ՝ այն որ կանուխ չէ, այսինքն ժամանակի կը կարօտի, բայց կը նշանակէ նաեւ՝ խելք, գիտակցութիւն։ Ուրեմն կարելի է հետեւցնել, թէ՝ գիտակցութեամբ եւ խոհեմութեամբ գործելու արդիւնքը անուշ, որ է ըսել՝ գոհացուցիչ, արդիւնաւոր կ՚ըլլայ…։

Ուրեմն առանց աճապարանքի, առանց խուճապի մատնուելու՝ համբերութեամբ առնուած որոշումներ ընդհանրապէս աւելի նպատակայարմար եւ առողջ կ՚ըլլան, քան աճապարանքով, իսկոյն առնուած որոշումներ։ Ուստի մարդ «որոշող» արարած մըն է, բայց նախ՝ խորհող, դատող եւ կշռող. այսինքն բանականութեան տէր էակ մը։ Եւ այս իմաստով, որոշումներ պէտք չէ առնուին որպէս հակազդեցութիւն, որ կը համապատասխանէ բնազդի, ինչ որ օտար է բանաւոր էակ՝ մարդ արարածին։

Արդարեւ, մարդ «իր կապանքներուն մէջ» կը գտնէ ազատութիւնը։ Կապանքները, բարոյական մարզի մէջ մարդուն «գեղեցկութիւն»ը կ՚աւելցնեն։ Եւ եթէ մարդ ունայնասիրութենէ մղուած, անբանականութեամբ իր կապանքներէն ազատութիւն փնտռէ՝ կարգապահութեան, օրէնքի եւ կանոնի «անգութ բայց արդար դանակ»ով կը զսպուին եւ արդարութեան կշիռքով կը հաւասարակշռուին։

Մարդ կարգապահութեան մէջ (=discipline) կը շարունակէ վայելել իր ազատութիւնը՝ որպէսզի արդիւնաբեր ըլլայ իր աշխատանքը եւ օգտակար իր նմաններուն՝ որուն կոչուած է արդէն իր ստեղծումէն իսկ։ Ան ամէն նեղութիւն, ամէն դժուարութիւն եւ ամէն հարուած իսկ սիրով եւ համբերութեամբ կ՚ընդունի, պէ՛տք է ընդունի, որպէսզի հասնի բարութեան եւ գեղեցկութեան՝ որոնք նպատակն են իր գոյութեան, իր կեանքին։ Ան կը պահէ իր ստեղծագործ կեանքը եւ հաստատակամ կը դիմէ իր նպատակին։ Ան իր կեանքով կեա՛նք կու տայ։

Եւ երբեմն մարդ իր նուիրական ծառայութեան ընթացքին կը մնայ միայնակ, ան-մըխիթար եւ փոխաբերական իմաստով՝ անդամահատուած, նման՝ Յիսուսի Գողգոթայի գագաթը՝ խաչին վրայ…։

Մարդ սիրոյ զո՛հ կ՚ըլլայ. կու տայ ի՛նչ որ ունի մեծ երկունքով. կու տայ իր կեանքը ամբողջութեամբ անխնայ, որպէսզի մարդկութիւնը գոյատեւէ, ուրախ եւ երջանիկ ապրի։ Որովհետեւ ան լա՛ւ գիտէ, որ եթէ «մարդ»ը չըլլայ, չ՚ըլլար նաեւ «մարդկութիւն»ը։

Մարդ ունի կենսատու սէ՛ր մը եւ պէտք է անդրադառնայ այդ սիրոյն եւ ապրի եւ ապրեցնէ զայն…։

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

Նոյեմբեր 11, 2020, Իսթանպուլ

Երկուշաբթի, Նոյեմբեր 16, 2020