ՍՐԲՈՒԹԻՒՆՆԵՐԸ ՊՈՌՆԿԱՑԱԾ

Մարդու կեանքը նման է այն հին կշիռքին, որ անհաւասարութեան պարագային սխալ արդիւնք կու տայ. ինչքա՜ն դիւրին՝ նոյնքան դժուար է պահել այդ հաւասարութիւնը:

Աւելի քան դար մը առաջ երջանկայիշատակ Սահակ Բ. Կաթողիկոս իր յուշերէն մէկուն մէջ կը գրէ գաղթականութեան ընթացքին իրենց ունեցած դժուարութիւններուն մասին. «նիւթական ահռելի զրկանքներու տոկացինք... ո՞վ պիտի տար ինձ վեհարան մը, հոգ չէ թէ այն խրճիթ մը եղած ըլլար, ո՞վ պիտի շնորհէր ինձ Մայր Տաճար մը, փոյթ չէ թէ այն տախտակաշէն պարագ մը եղած ըլլար, ո՞վ պիտի տրամադրէր ինձ քանի մը խցիկներ, ուր կարենայի դպրեվանք մը բանալ եւ տպարան մը հաստատել, բայց եթէ տրուէր իսկ, ո՞վ պիտի կազմակերպէր այդ ամէնը, որովհետեւ այն ատեն արդէն 82 տարեկան էի»:

Վերոյիշեալ տողերը բաւարար են պարզելու այդ ժամանակահատուածին գոյութիւն ունեցած դժուարութիւնները, սակայն այդ բոլոր դժուարութեանց դիմաց Վեհափառ Հայրապետը կը գրէ. «չարաչար աշխատանքով հազիւ թէ ինքզինքնիս գտանք եւ եղածով գոհացանք»: Վստահաբար մեր ազգը այդ դժուարութիւնը չունեցաւ միայն եկեղեցի եւ վեհարան շինելու համար. մեր նախնիները ոչինչէ՛ն ստեղծեցին դպրոցներ, եկեղեցիներ, ակումբներ, տպարաններ, թատրոններ եւ այլ արժէքներ: Եւ ի՜նչ տարօրինակութիւն. իրենք իրենց աղքատութեան մէջ հիմնեցին այնպիսի՛ հիմնարկներ ու կառոյցներ, որոնք մենք այսօր մեր հարսութեան մէջ չե՛նք կրնար պահել:

Այդ դժբախտ իրողութեան պատճառը նիւթականի չգոյութիւնը չէ, այլ ժամանակներուն հետ միասին չափանիշներու եւ արժեւորումներու փոփոխութիւնն է, որ կամաց կամաց մեզ կը հեռացնէ հինէն:

Սփիւռքի տարածքին աղքատ նախնիներու հարո՛ւստ տեսիլքով հիմնուեցան դպրոցներ, եկեղեցիներ, ակումբներ ու այլ կառոյցներ, որոնք այսօր հակառակ «ճոխութեան» կը մնան լքուած, կը մնան փակ եւ ցայսօր կը շարունակուին փակուիլ:

Այս դժբախտ իրողութեան պատճառը այն է, որ դպրոցներու, եկեղեցիներու, կազմակերպութիւններու ու հիմնարկներու խնամքը ստանձնող անհատները այդ կառոյցները կը տեսնեն որպէս քարէ շինուած սովորական շէնք մը: Տարիներ առաջ գաղութի «ղեկավար»ներէն մին բարեկամներէս մէկուն կ՚առաջարկէ թաղական խորհուրդի անդամ դառնալու. բարեկամս քաղաքավարութեամբ կը մերժէ առաջարկը. համոզելու համար՝ առաջարկողը կ՚ըսէ. «Մասնաւոր բան մը չկայ ընելիք, միայն կիրակի օրերը կ՚երթանք, գրասենեակ կայ սուրճ կը խմենք». իրապէ՛ս ալ ընելիք բան մը չկայ:

Խոնարհաբար ես ալ 4-5 տարի եկեղեցւոյ երգչախումբին դպրապետը եղայ։ Թաղական խորհուրդը կը կարծէր, որ իրենց պաշտօնը պարզապէս եկեղեցւոյ մէջ հաւաքուած դրամը հաշուելն է...: Ուրիշ ո՛չ մէկ բան:

Արեւելքի մէջ այսօր գիտէ՞ք քանի փակուած դպրոցներ ու հայկական կառոյցներու տարածքներ կան, որոնք նիւթական անկնալութեամբ վարձով տրուած են օտարազգիներու: Այս երեւոյթը նորութիւն մը չէ մեր ազգի կեանքին մէջ. անտրամաբանական այդ քայլերը տեղի ունեցած են նաեւ Պոլսոյ մէջ. ԺԱՄԱՆԱԿ թերթի շաբաթ, 28 հոկտեմբեր 1939 եւ կիրակի, 29 հոկտեմբեր 1939-ի թիւներուն մէջ կը կարդանք, թէ ինչպէս մի քանի թաղականներ նիւթականը պատրուակ բռնելով Գումգաբուի եկեղեցին վարձու կու տան օտարներու, որուն մասին Պատրիարքին բողոք կը ներկայացնէ ԺԱՄԱՆԱԿ-ի օրուայ խմբագիրը՝ Մելիք Գօչունեան:

Ցաւալի այս վիճակը ամէ՛ն տեղ է. մի քանի տարիներ առաջ զբօսաշրջութեան կազմակերպութիւն մը կ՚որոշէ օտարազգիներ տանիլ աւելի քան 1300 տարուայ հնութիւն ունեցող Զուարթնոց տաճար։ Ճամբու ընթացքին պատասխանատուն օտարներուն կը սկսի տեղեկութիւններ տալ եւ Զուարթնոց տաճարի արժէքին ու կարեւորութեան մասին խօսիլ, ներկայացնելով որպէս բացառիկ մշակութային կոթող ու սրբավայր: Երբ կը հասնին, կը տեսնէ, թէ եկեղեցւոյ բակը վարձով տրուած է արտասահմանեան ընկերութեան մը՝ խնջոյք ու խրախճանք կատարելու նպատակով: Տաճարը կը գտնուի մշակոյթի նախարարութեան հսկողութեան տակ: 

Հայաստանի մէջ գոյութիւն ունի շէնք մը, որուն պատշգամէն յայտարարուած է Հայաստանի Առաջին Հանրապետութեան հռչակումը, շէնք՝ ուր առաջին անգամ այդտեղ բարձրացած է հայկական դրօշը անկախութենէն ետք: Շէնք՝ որուն մէջ գործած են Արամ Մանուկեան, Քաջազնունի եւ այլ տիտաններ: Կ՚ուզէի՞ք տեսնել նման շէնք մը... եթէ պատասխանը այո է, կրնաք երթալ եւ «pizza» մը ուտել այդտեղ, որովհետեւ հիմա կը գործէ որպէս ճաշարան: Տարիներ առաջ այդ շէնքին դիմաց պատահական անցորդներու հարց տրուեցաւ շէնքի ինքնութեան մասին... ո՛չ ոք գիտէր անոր իսկական ինքնութեան մասին:

Գացէ՛ք, հաւանաբար «pizza»  կերած ժամանակ զգաք ներկայութիւնը այն մեծերուն՝ որոնք զոհուած են մեր ազգին համար. ո՞վ պիտի չուզէր Արամ Մանուկեանի շունչով կէսօրուայ ճաշ մը ուտել...:

Ու այսպէս կամաց կամաց կարծես պիտի ծախուի եւ վարձու տրուի ամէ՛ն բան, այնպէս՝ ինչպէս վարձու տրուած ու ծախուած է մեր ազգասիրութիւնն ու հայկականութիւնը. օր մը չզարմանաք, եթէ պարահանդէսի հրաւիրատոմս ստանաք եւ որպէս վայր նշուած ըլլայ Ս. Սարգիս եկեղեցի:

Նայինք ո՞ւր պիտի հասնինք:

 

ՀԱՅԿԱԿԱՆ ԱՆՑԵԱԼԷՆ ՊԱՏՄՈՒԹԵԱՆ ՄԷՋ ԱՅՍՕՐ

ՏԻԳՐԱՆ ԹՈՔՄԱՃԵԱՆ
(1923-2004)

Մեր թուականէն 17 տարիներ առաջ՝ 16 նոյեմբեր 2004-ին Երեւանի մէջ մահացած է նկարիչ ու արուեստի գործիչ Տիգրան Թոքմաճեան:

Թոքմաճեան ծնած է 10 սեպտեմբեր 1923-ին, Կիւմրիի մէջ: Ան 1945 թուականին աւարտած է «Փանոս Թերլեմեզեան» գեղարուեստի ուսումնարանը, իսկ 1952-ին՝ Երեւանի գեղարուեստի եւ թատրոնի համալսարանը: Ուսումը աւարտելէ ետք վարած է ուսուցչութեան պաշտօն՝ «Փանոս Թերլեմեզեան» ուսումնարանին (1969-1970) եւ «Խաչատուր Աբովեան» պետական մանկավարժական համալսարանէն ներս (1970-1983): Թոքմաճեան հեղինակ է բազմաթիւ նկարչական գործերու, որոնք առաւելաբար  բնապատկերներ ու որմանկարներ են: Անոր յայտնի գործերէն են «Սեւան» (1985), «Ժայռեր» (1990), «Լաւաշ թխող կանայք» (1996), «Խաչելութիւն» (1997), «Գրիգոր Նարեկացի» (1999), «Մեսրոպ Մաշտոց» եւ այլ գործեր: Նկարիչը իր գործերով Երեւանի մէջ կազմակերպած է երեք ցուցահանդէս՝ 1995, 2000 եւ 2003 թուականներուն: Թոքմաճեանի գործերը մինչեւ այսօր կը պահուին Հայաստանի Ազգային պատկերասրահին, Մարտունիի պատկերասրահին, Էջմիածնի վանքին եւ Օշականի Ս.Մեսրոպ Մաշտոց թանգարանին մէջ:

Նկարչութեան կողքին Թոքմաճեան զբաղած է նաեւ գիրքերու կազմութեամբ եւ հրատարակութեամբ. ինչպէս՝ Երուխանի «Ամիրային աղջիկը», Յովհաննէս Թումանեանի «Եղջերուն», Շիրվանզադէի «Իմ կեանքից»ը եւ ուրիշներ:

Նկարիչը 1985 թուականին արժանացած է Հայաստանի Վաստակաւոր նկարիչի կոչման:

ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ

Երեքշաբթի, Նոյեմբեր 16, 2021