ՎՍՏԱՀՈՒԹԵԱՆ ՄԱՍԻՆ

«Այո՛, Դուն կը սիրես ամէն ինչ, որ գոյութիւն ունի եւ չես խորշիր ո՛չ մէկ բանէ, զոր ստեղծեցիր. որովհետեւ եթէ Դուն բան մը ատէիր, պիտի չստեղծէիր։ Եւ բան մը ի՞նչպէս գոյութիւն ունենայ, եթէ Դուն չես ուզեր զայն։ Բան մը ի՞նչպէս պիտի գոյատեւէ, եթէ Դուն չես կանչած զայն։ Բայց Դուն կը խնայես ամէն բանի, որովհետեւ ամէն ինչ Քուկդ է, Դուն որ հոգեսէր Տէր ես» (ԻՄՏ. ԺԱ 24-26)։

Արարչագործութենէն ետք, Աստուած չի լքեր Իր արարածը ինքնիրեն, ինքզինքին մէջ առանձին։

Աստուած Իր արարածին չի տար միայն ծնունդ եւ գոյատեւում, այլ կը պահէ զայն ամէն վայրկեան գոյութեան մէջ, զայն գործելու կը լծէ եւ կը հասցնէ իր վախճանին։

Ճանչնալ այս կատարեալ առկախութիւնը Արարչէն՝ աղբի՛ւր է իմաստութեան եւ ազատութեան, ուրախութեան եւ վստահութեա՛ն։

Ուստի Աստուած Արարիչ է եւ նաեւ՝ Նախախնամ Իր բոլոր արարածներուն։

Արարչագործութինը ունի իր իւրայատուկ լաւութիւնը, բարիքը եւ կատարելութիւնը, բայց ան Արարչին ձեռքերէն չելաւ բոլորովին աւարտած։ Ան ստեղծուեցաւ «ընթացողի վիճակի մէջ», ան կ՚ընթանայ դէպի նուաճելի «վերջին կատարելութիւն» մը, որուն սահմանած է զայն Աստուած։

Այն միջոցառումները որոնցմով Աստուած կ՚առաջնորդէ Իր արարչագործութիւնը դէպի այս կատարելութիւնը՝ մենք զայն կը կոչենք «աստուածային նախախնամութիւն»։

«Աստուած Իր նախախնամութեամբ կը պահպանէ եւ կը կառավարէ ի՛նչ որ ստեղծած է։ Զօրութեամբ կը հասնի ծագէ ծագ եւ կը տնօրինէ ամէն ինչ քաղցրութեամբ» (ԻՄ. Ը 1)։ Որովհետեւ Անոր հայեացքին դիմաց՝ «ամէն ինչ մերկապարանոց կայ» (ԵԲՐ. Դ 13), նոյնիսկ այն բոլոր բաները, զորս արարածներուն ազատ կամքը պիտի իրագործէ։ Պօղոս Առաքեալ կ՚ըսէ. «Եւ չկայ արարած մը որ Աստուծոյ տեսողութենէն վրիպի։ Անիկա պարզ եւ յստակ կը տեսնէ ամէն ինչ, իրենց ամբողջ մերկութեամբ։ Եւ անոր է որ հաշիւ պիտի տանք» (ԵԲՐ. Դ 13)։ Աստուածային նախախնամութեան հոգածութիւնը «շօշափելի» եւ «անմիջական» է, եւ «տեսանելի՛»։

Արդարեւ, Աստուած որպէս Նախախնամ Հայր, հոգածու է ամէն բանի, սկսեալ փոքրագոյնէն մինչեւ մեծագոյն դէպքերը աշխարհի եւ պատմութեան։ Սուրբ Գիրքը ուժգնօրէն կը հաստատէ Աստուծոյ բացարձակ տիրակալութիւնը դէպքերուն ընթացքին վրայ. «Մեր Աստուածը երկինքի մէջ եւ երկրի վրայ կ՚ընէ այն ինչը որ հաճելի է Իրեն» (ՍԱՂՄ. ՃԺԴ 3)։ Քրիստոսի մասին ալ ըսուած է. «Եթէ Ան բանայ, ո՛չ ոք պիտի փակէ, եթէ Ան փակէ, ո՛չ ոք պիտի բանայ» (ՅԱՅՏ. Գ 7)։

Արդարեւ, «Բազմաթիւ մտածումներ կ՚անցնին մարդուն սրտէն, միայն Աստուծոյ ծրագիրը պիտի իրականանայ» (ԱՌ. ԺԹ 21)։

Հոն կը տեսնենք, որ Սուրբ Հոգին, գլխաւոր հեղինակը Սուրբ Գիրքին, յաճախ արարքներ կը վերագրէ Աստուծոյ, առանց յիշատակելու երկրորդական պատճառները։ Ասիկա արտայայտուելու նախնական կերպ մը չէ, այլ խորունկ միջոց մը յիշեցնելու Աստուծոյ գլխաւորութիւնը եւ բացարձակ տէրութիւնը պատմութեան եւ աշխարհի վրայ, եւ այսպէսով՝ մեզ վստահութեան վարժեցնելու Իրեն հանդէպ։

Այս իմաստով Սաղմոսներուն աղօթքը ամենամեծ դպրոցն է այս վստահութեան։

Յիսուս կը խնդրէ որդիական թողլքում մը՝ հանդէպ երկնաւոր Հօր նախախնամութեան, որ կը հոգայ նուազագոյն կարիքները Իր զաւակներուն. «Դուք ուրեմն մի՛ մտահոգուիք եւ մի՛ ըսէք՝ ի՞նչ պիտի ուտենք, ի՞նչ պիտի խմենք կամ ի՞նչ պիտի հագնինք…։ Ձեր երկնաւոր Հայրը գիտէ ձեր այս բոլոր կարիքները։ Դուք փնտռեցէք նախ Աստուծոյ Արքայութիւնը եւ Անոր արդարութիւնը եւ այս ամէնը աւելիով պիտի տրուի ձեզի» (ՄԱՏԹ. Զ 31-33)։ «Որովհետեւ ամէն ինչ կարելի է Աստուծոյ համար» (ՄԱՏԹ. Ժ 27)։

Արարիչ եւ Նախախնամ Աստուծոյ հանդէպ մեր հաւատքէն անբաժանելի ճշմարտութիւն մըն է, թէ Աստուած Իր արարածներուն ամէն մէկ գործերուն մէջ Ինք եւս կը գործէ. «Որովհետեւ Աստուած Ինքն է որ կը ներգործէ մեր մէջ թէ՛ կամենալը եւ թէ՛ գործելը ի նպաստ իր բարեհաճ ծրագիրներուն» (ՓԻԼ. Բ 13)։

Աստուած առաջինը եղաւ մեզ սիրելու։ Ան որ անկեղծ սիրով կը սիրէ, վստահութիւն կը ներշնչէ, այն որ սէր ունի՝ վստահելի՛ է։

Միակ Աստուծոյ սէրը վերյիշուած է «Տասը պատուիրաններ»ուն առաջինին մէջ։ Պատուիրանները ապա կը բացայայտեն սիրոյ այն պատասխանը՝ զոր մարդ կոչուած է տալու իր Աստուծոյ։ Աստուծոյ սիրոյ մարդուն պատասխանը՝ վստահութիւն եւ հաւա՛տք է։

Ուստի պատուիրաններուն առաջինը կ՚ընդգրկէ հաւատքը, յոյսը եւ սէրը։ Արդարեւ, ո՛վ որ Աստուած կ՚ըսէ, կ՚ըսէ Էակ մը մնայուն, անփոփոխ, միշտ նոյնը, հաւատարիմ, կատարելապէս արդար եւ անհունօրէն վստահելի՛։ Հետեւաբար մարդ պէտք է անհրաժեշտաբար ընդունի Անոր Խօսքերը եւ Անոր հանդէպ ունենայ ամբողջական վստահութիւն՝ հաւատք եւ յոյս։ Ան Ամենակարող է, բարեսիրտ, անհունօրէն տար-ւած բարիք գործելու։ Ո՞վ պիտի կարենար իր ամբողջ յոյսը Անոր վրայ չդնել եւ ո՞վ պիտի կարենար չսիրել զԻնք՝ դիտելով բարութեան եւ խանդաղատանքին գանձերը, զորս Ինք սփռեց մեր վրայ։ Ան ամենավստահելին է, քանի որ Ան ամենակարո՛ղն է եւ կը տիրապետէ ամէն բանի։ Ասոր համար Աստուած Սուրբ Գիրքին մէջ Իր պատուէրներուն թէ՛ սկիզբը եւ թէ՛ վերջը կը գործածէ այս բանաձեւը. «Ես եմ Տէրը»։

Հաւատքը կ՚ենթադրէ վստահութիւն։

Մարդուն բարոյական կեանքը իր ակունքը կը քաղէ Հաւատքին մէջ Աստուծոյ, որ Իր սէրը կը յայտնէ իրեն։ Պօղոս Առաքեալ «հաւատքի հնազանդութեան» մասին կը խօսի իբրեւ «առաջին պարտաւորութեան» մասին եւ ան բարոյական բոլոր շեղումներուն սկիզբը եւ բացատրութիւնը կը բացայայտէ «Աստուծոյ անճանաչողութեան» մէջ. (ՀՌՈՄ. Ա 5, ԺԶ 26)։ Աստուծոյ հանդէպ մարդուն պարտականութիւնն է վստահիլ՝ հաւատալ եւ վկայել Անոր։ Ուստի պէտք է վստահիլ անվերապահօրէն, հաւատքը սնուցանել եւ պահպանել խոհեմութեամբ եւ արթնութեամբ եւ մերժել ի՛նչ որ կը հակառակի անոր։ Մարդ վստահելու է Աստուծոյ՝ երկնային Հօր այնպէս՝ ի՛նչպէս մանուկը կը վստահի իր հօր եւ մօր։

Աստուած կրնայ ապագան յայտնել Իր մարգարէներուն կամ նաեւ ուրիշ սուրբերու։ Քրիստոնեայ ուղիղ հաւատքը եւ կեցուածքը սակայն կը կայանայ ապագային նկատմամբ ինքզինք վստահութեամբ Նախախնամութեան ձեռքերուն յանձնելու մէջ եւ այս մասին մէկդի դնելով ամէն վատառողջ հետաքրքրութիւն։

Արդարեւ անհեռատեսութիւնը կրնայ պատասխանատուութեան պակաս մը գոյացնել։

Եւ ո՜րքան գեղեցիկ է եւ տպաւորիչ վստահութիւնը զաւակներուն, որոնք ամէն ինչ իրենց Հօրմէն կը սպասեն։ «Ան իր արեգակը կը ծագէ չարերուն եւ բարիներուն վրայ, եւ անձրեւը կը տեղայ արդարներուն եւ մեղաւորներուն վրայ» (ՄԱՏԹ. Ե 45), կու տայ բոլոր կենդանիներուն «կերակուրը իր ժամանակին» (ՍԱՂՄ. ՃԳ 27)։ Յիսուս կը սորվեցնէ մեզի «Տո՛ւր մեզի» խնդրանքը, որ իսկապէ՛ս կը փառաւորէ Հայրը, քանի որ Ան կը ճանչնայ թէ՝ Հայրը ո՛րքան Բարի է, ամէն բարութենէ անդին…։

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

Յունուար 9, 2020, Իսթանպուլ

Ուրբաթ, Յունուար 17, 2020