ՀԵՌԱՑՈՂԸ ԵՒ ՀԵՌԱՑՆՈՂԸ

Ընդհանրապէս գանգատ կը յայտնուի, որ համայնքային կեանքի մէջ մասնակցութիւն չեն բերեր ուսեալ, զարգացած անձեր, հեռացած՝ անտարբեր կը մնան հասարակաց կեանքէն։

Մինչդեռ այս կարգի անձեր, մանաւանդ երիտասարդներ կարեւոր եւ անյետաձգելի մարդուժ են ընկերային կեանքը բարւոքելու եւ զարգացնելու հարցին նկատմամբ։

Արդարեւ, ընկերային կեանքի հիմը, խարիսխը, կորիզն է ընտանիքը։ Անհատներու կեանքի ընթացքը կը խմորուի, կը կազմուի նախ ընտանիքին մէջ. ոչ մէկ կասկած այս մասին։ Յետոյ հանդէս կու գայ դպրոցը. ուսուցիչը, դասատուն, բոլորը կը մշակեն «ապագայ մարդ»ուն խմորուած եւ կազմուած նկարագիրը եւ բնաւորութիւնը։

Անշուշտ, այս կէտին կարելի չէ անտեսել Եկեղեցիին դրական դերը եւ միջամտութիւնը՝ իր իսկական իմաստով նուիրուած հոգեւորականներու, հոգեւոր ծառայողներու մականին ներքեւ։ Ուստի, Եկեղեցիէն ալ հեռու մնալ, մարդուս հոգեւոր եւ բարոյական կեանքին համար բացասական երեւոյթ մըն է, քանի որ մարդ որքան մարմին, նո՛յնքան ալ հոգի է, եւ հոգին կ՚ազնուանայ հոգեւորի եւ բարոյականի հանդէպ ցոյց տրուած կարեւորութեամբ։

Ընտանիք, դպրոց եւ Եկեղեցի. մարդ ի վերջոյ անդամ մըն է ընկերութեան եւ համայն մարդկութեան մեծ ընտանիքին։ Այս իմաստով ան ունի պատկանելիութիւն մը՝ իրաւունքի եւ պարտականութեան համադրութիւն մը։

Այս պատճառով, ահաւասիկ, ընկերային անձը՝ անհատը պէտք չէ հեռանայ, անտարբեր մնայ իր պատկանած շրջապատին։ Ասիկա, լայն առումով ընկերութիւն, սեղմ իմաստով՝ համայնքն է։ Եւ ահաւասիկ, այս կէտին կու գայ կարեւոր հարցումը. մարդ ինչո՞ւ հեռու կը մնայ, կամ ինչո՞ւ կ՚օտարանայ իր պատկանելիութեան։ Չըսելու համար կ՚ուրանայ կամ կը մերժէ իր ինքնութեան յատկութիւնը եւ բարոյական-աւանդական արժէքները։

Ո՞վ է այս անտարբերութեան եւ հեռացումին պատասխանատուն։

Հարցը այս է ահաւասիկ. հեռացողը՞, թէ հեռացումի պատճառ եղողը՝ հեռացնողը։

Ընկերութեան մը մէջ մարդուժը կարեւոր է՝ անհրաժեշտ եւ անյետաձգելի՛։ Ուրեմն, մասնագէտ, որակաւոր անհատներ միշտ անհրաժեշտ են ընկերութեան բարգաւաճման, զարգացման եւ յառաջդիմութեան համար։

Ահաւասիկ, այս իմաստով, մարդուժի պատրաստութիւնը անյետաձգելի եւ կարեւոր հարց մը պէտք է նկատել, ինչ որ կը սկսի ընտանիքէն, դպրոցէն եւ կ՚աճի հոգեւոր կեանքի մէջ…

ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ

Չորեքշաբթի, Յունուար 17, 2024