ԽՆԿԱՐԿՈՒ ՍԵՐՈՒՆԴԸ

Պատմութեան ընթացքին ամէն ժամանակաշրջան ունեցած է իր «նոր սերունդ»ը եւ այդ «նոր սերունդ»ին կողքին նո՛յն սերունդին պատկանող «այլ» սերունդ մը եւս, որոնք հակառակ հասակակիցներ ըլլալուն՝ եղած են իրարմէ ամբողջութեամբ տարբեր ու զատորոշ: Ամէն ժամանակաշրջան ունեցած է անտարբեր ու անփոյթ երիտասարդութեան խաւ մը, որ միշտ ալ որպէս վտանգ ներկայացուած է բոլո՛ր մշակոյթներուն համար, որովհետեւ այդ անհոգութիւնն է, որ արատաւորած է նախնիներու պահպանել փորձած դարաւոր սովորութիւնները, մշակոյթն ու արժէքները:

Սակայն բարեբախտաբար այդ անտարբերներուն կողքին միշտ ալ գոյութիւն ունեցած են գիտակիցները, որոնք առաջիններուն հակառակ լրջօրէն մտածած են ապագայի մասին եւ մշակոյթն ու արժէքները արատաւորելու փոխարէն մտատանջըւած են զանոնք բիւրեղացնելու եւ կատարելագործելու համար: 

Ոչ-բացայայտ ձեւով իրարու հակառակ այս սերունդները իրարու մէջ ապրելով հանդերձ իրարու «թշնամիներ» են, որովհետեւ կամայ թէ ակամայ անոնք իրարու դէմ կը գործեն. մի՛ն կը կործանէ, իսկ միւսը կառուցել կը փորձէ եւ եթէ լաւապէս սերտենք մարդկային պատմութիւնը, պիտի տեսնենք, որ մեծագոյն յեղափոխութիւնը սկիզբ առած է ո՛չ թէ մեծահասակներու, այլ՝ ուսանողականներու կողմէ:

Նման հայ ուսանողներ ունեցած ենք նաեւ մենք՝ հայերս. երիտասարդներ, որոնք ազգային կեանքը, մշակոյթն ու լեզուն աւելի կարեւոր նկատած են՝ քան երիտասարդական հաճոյքները: Նման երիտասարդութիւն մը կը տեսնենք 1910-1914 թուականներու ընթացքին, որոնք յառաջդիմութեան ու յեղափոխութեան հրայրքը իրենց մէջ ձեռնարկած են մամուլի հրատարակութեան՝ «Երկունք» անունով: Երիտասարդութիւնը նման մամուլ մը հրատարակելու կարիք զգաց, որովհետեւ նկատեց, թէ մամուլը ենթակայ ըլլալով «հին գլուխ» գաղափարներու, կը վախնայ տեղ տալ նոր գաղափարներու. մամուլի առաջին թիւին մէջ երիտասարդները կը գրեն. «Մամուլը, շատ քիչ բացառութեամբ, շարունակեց յամառօրէն իր հին եւ խռպոտ երգը. անշարժութեան եւ ստրկամտութեան իր վաղեմի առաքելութիւնը: Ընկերվարութեան ծանր մղձաւանջին տակ կքած՝ ան սարսափեցաւ անոր ստուերէն անգամ եւ փակեց իր դուռները նոր գաղափարներու առաջ»:

Մեր օրերուն հին սերունդը կ՚աղաչէ, որպէսզի նոր սերունդը իր անտարբերութենէն դուրս գալով գիտակից նոր սերունդներու դուռ բանայ, մինչ անցեալին կը տեսնենք հակառակը. իրականութեան մէջ այսօր եւս եթէ ունենանք նման սերունդ մը, նոյնպէս պիտի հանդիպի արգելքներու, որովհետեւ մենք կ՚ուզենք նոր սերունդի զարթնումը, սակայն զարթնելու պարագային ջանք չենք խնայեր դարձեալ քունի դատապարտելու համար:

Կը փորձենք լռութեան դատապարտել նոր սերունդը, որովհետեւ հին սերունդը ունի այդ գիտակցութիւնը, որ զարթնող նոր սերունդը երբեք լուռ պիտի չմնայ տեղի ունեցող անարդարութիւններուն դիմաց, որոնք ազգը կործանելու կը ծառայեն պարզապէս: Հայաստանի լրատուական միջոցները վերջերս կը բարձրաձայնեն թմրամոլութեան աճը Հայաստանի սահմաններէն ներս։ Ամէ՛ն տեղ բացայայտօրէն կը կատարուին թմրամոլութեան գովազդներ եւ այդ մէկը նոյնպէս մաս կը կազմէ նոր սերունդը քնացնելու աշխատանքին. պետութիւններ կը ձեւացնեն դէմ ըլլալ թմրամոլութեան եւ այդ բոլորը կանխել կը ձեւացնեն, սակայն իրականութեան մէջ կը հաւատանք, որ անոր տարածումը ի շահ պետութիւններուն կ՚ըլլայ, որովհետեւ թմրամոլ երիտասարդութիւն մը ի վիճակի չէ ունենալու յեղաշրջելու եւ սրբագրելու երկունքը:

Այսօր ցաւով կը տեսնենք նոր սերունդի անտարբերութիւնը՝ մայրաքաղաքի սրճարաններուն մէջ մէկտեղուած։ Այդ անտարբերութիւնը կը տեսնենք նաեւ իշխանութիւնը տեսնելով, որովհետեւ այսօր մենք շատ բան կ՚ակնկալենք երիտասարդութենէն, սակայն երբեք ալ առիթ չենք տար, որ մեր ակնկալիքները բաւարարեն. բացայայտօրէն թէ՛ պետութեան, թէ՛ կուսակցութիւններու, կազմակերպութիւններու մէջ կը տեսնենք մեր երիտասարդներու թիւի նուազումը, որովհետեւ յաջորդող սերունդ մը յառաջացնելու անկարողութեան մէջ կը գտնուին բոլորն ալ:

Ճշմարտութիւնը մէկ է. ինչպէս ընտանիք մը առանց զաւակի, առանց ժառանգորդի դատապարտուած է կորսուելու, նոյնպէս ալ ամէն պետութիւն, ազգ, կուսակցութիւն եւ կազմակերպութիւն վիճակուած է կորսուելու՝ եթէ իր մէջ չունի նոր սերունդ, որպէսզի աճ տայ ու շարունակէ այն առաքելութիւնն ու նպատակը, որ տուեալ հաստատութիւնը կը հետապնդէ:

Մեր երիտասարդները այսօր կը զբաղին միայն իրենց աշխատանքով, իրենց աշխատավարձով ու հաճոյքով եւ նման խաւ մը միշտ ալ գոյութիւն ունեցած է. 1912 թուականին «Երկունք» թերթի խմբագիր երիտասարդները թերթի հրատարակութեան առիթով կը գրեն. «Մեր խօսքը այն ուսանողութեան մասին չէ, որ ծառան ու ստրուկ խնկարկուն է ամէն տեղ տիրող դասակարգին» եւ մեր հայազգի երիտասարդութեան մէջ նոյն այդ խնկարկուի հոգեբանութիւնն է, որ կը տիրէ, որովհետեւ եթէ չխնկարկե՛ս՝ արդէն իսկ կորսուած ես:

 

ԿԱՐՃ ՊԱՏՈՒՄՆԵՐ -195-

Ցաւ ի սիրտ մենք, կը խաբենք մեր երիտասարդները եւ այդ մէկը տեսայ ու փաստեցի սեփական փորձով: Պաշտօնի բերումով որոշ ժամանակ հայկական կազմակերպութիւններէն ամենաբարձր գրասենեակին մէջ պաշտօն ստանձնեցի: Գործի բերումով կը մասնակցէի նաեւ անոնց ժողովներուն:

Տեղեակ էի, որ մի քանի ամիս ետք տեղի պիտի ունենար ընտրութիւն մը եւ ըստ կարգի այդ ընտրութիւնը պիտի կատարուէր քուէարկութեամբ՝ գուցէ երիտասարդներու եւ հետեւորդներու փափաքն ու կամքը արդարացնելու համար: Ընտրութեան մէջ մեծամասնութեան ձայնը կը յաղթէ եւ այդ մէկը կարելի է արդար նկատել, սակայն վիճակը այդպէս չէր:

Ընտրութենէն շաբաթներ առաջ ժողովի ընթացքին որոշուեցաւ նորընտիր վարչութիւնը. գոնէ մեզի համար յստակ էր արդիւնքը, սակայն տեղի ունեցաւ ընտրութիւն՝ այն ալ մեծ խանդավառութեամբ:

Ընտրութեան աւարտին ընտրուեցան անոնք, որոնց ցանկը արդէն մի քանի շաբաթ առաջ պատրաստ էր եւ այդ մէկը երիտասար-դութեան տրուեցաւ՝ որպէս «արդար» ընտրութեան արդիւնք:

ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ

Վաղարշապատ

Ուրբաթ, Մարտ 17, 2023