ՄԵՌԵԱԼՆԵՐՈՒ ՅԻՇԱՏԱԿԻ ՕՐ

Երբ կ՚ապ­րինք տօ­նա­կան օ­րե­րու ու­րա­խու­թիւ­նը, պէտք չէ՛ մոռ­նանք նաեւ մեր սի­րե­լի­նե­րը՝ ո­րոնք բաժ­նուած են այս աշ­խար­հէն։ Ար­դա­րեւ «յի­շել» կը նշա­նա­կէ՝ մոռ­ցուած մէ­կը կամ ի­րո­ղու­թիւն մը՝ ա­ռի­թով մը մտա­բե­րել եւ քա­նի որ մեր սի­րե­լի­նե­րը եր­բեք չե՛նք մոռ­նար, ա­պա ու­րեմն, ա­նոնց հա­մար չը­սենք «յի­շել», այլ ը­սենք՝ տօ­նա­կան օ­րե­րու եւ կամ ո­րոշ օ­րե­րու ու­րա­խու­թեան, հրճուան­քին, ցնծու­թեան ա­նոնք ալ կեր­պով մը «մաս­նա­կից» ը­նել. ա­ղօթ­քի եւ պաշ­տա­մուն­քի մէջ միա­սին ըլ­լալ։

Ա­հա­ւա­սիկ «մե­ռե­լոց յի­շա­տակ» եւ կամ «հո­գե­հան­գիստ»ի ա­րա­րո­ղու­թիւն­նե­րը կ՚ու­զենք ա՛յս­պէս հասկ­նալ, ի՛նչ որ «սի­րոյ ան­մա­հու­թեան» գա­ղա­փա­րին շատ ա­ւե­լի՛ կը հա­մա­պա­տաս­խա­նէ։ Քա­նի որ Աս­տուած սէ՛ր է, ա­պա ու­րեմն սէ­րը յա­ւի­տե­նա­կան է, ինչ­պէս՝ Աս­տուած յա­ւի­տե­նա­կան է եւ «մահ» կո­չուած «պա՛հ» մը չի՛ կրնար վեր­ջաց­նել յա­ւի­տե­նա­կան, ան­ժա­մա­նակ ար­ժէք մը՝ սէ­րը։ Եւ ու­րեմն մենք չե՛նք յի­շեր մեր սի­րե­լի­նե­րը, այլ միշտ կ՚ապ­րինք ա­նոնք սի­րոյ ան­մա­հու­թեան մէջ։ Այս ապ­րու­մին մէջ, յա­տուկ օ­րեր հա­ւա­քա­բար կը բաժ­նենք մեր ա­ղօթք­նե­րը, ու­րա­խու­թիւն­նե­րը, հո­գե­ւոր վա­յելք­նե­րը եւ ապ­րում­նե­րը եւ ա­րա­րո­ղու­թեամբ կ՚ապ­րինք ա­նոնց հո­գե­ւոր ներ­կա­յու­թիւ­նը։

Այս ի­մաս­տով յա­տուկ օ­րե­րու առ­թիւ մաս­նա­կից կ՚ը­նենք ա­նոնք մեր ապ­րում­նե­րուն, այ­լա­պէս ա­նոնք ար­դէն միշտ մե­զի հետ են հո­գե­պէս ե՛ւ մտա­պէս եւ թե­րեւս հե­ռա­ցած մարմ­նա­պէս, ֆի­զի­քա­պէս։

Ուս­տի «Հո­գե­հան­գիստ»ը ա­ղօթ­քի ա­րա­րո­ղու­թիւն մըն է՝ որ կը կա­տա­րէ Ե­կե­ղե­ցին՝ Քրիս­տո­սով ննջող իր ան­դամ­նե­րուն հո­գի­նե­րուն հա­մար։ «Ե­կե­ղեց­ւոյ ան­դամ» եւ «Աս­տու­ծոյ որ­դե­գիր» կը կո­չուին բո­լոր մկրտուող­նե­րը։ Իսկ «Քրիս­տո­սով ննջած» կ՚ըլ­լան հան­դեր­ձեալ կեան­քի մեկ­նած՝ այս աշ­խար­հի կեան­քէն բաժ­նուած այն ան­դամ­նե­րը՝ ո­րոնք ի­րենց երկ­րա­ւոր կեան­քի ըն­թաց­քին հա­ւատ­քի մէջ՝ հա­ւա­տա­լիք­նե­րու հա­ւա­տա­րիմ մնա­ցած են։ Նոյն­պէս «Քրիս­տո­սով ննջած» կը սե­պուին ե­կե­ղեց­ւոյ այն ան­դամ­նե­րը, ո­րոնք թէեւ մեղ­սա­լից կեանք ապ­րած ըլ­լան, սա­կայն ի­րենց վեր­ջին շուն­չը չփչած դար­ձի կու գան։ Ուս­տի, Ե­կե­ղե­ցին կ՚ա­ղօ­թէ ու կը խնդրէ Յի­սուս Քրիս­տո­սէ, որ վեր­ջին դա­տաս­տա­նին օ­րը իր ա­ռատ ո­ղոր­մու­թեամբ նե­րէ ննջե­ցեալ­նե­րու մեղ­քե­րուն եւ ար­ժա­նաց­նէ զա­նոնք եր­կին­քի ար­քա­յու­թեան։

Վեր­ջին դա­տաս­տա­նը ա­նո­ղորմ պի­տի ըլ­լայ այն մե­ղա­ւոր­նե­րուն հան­դէպ՝ ո­րոնք ան­բար­տա­ւան եւ անզ­գամ են ե­ղած ի­րենց երկ­րա­յին կեան­քին մէջ։

Ան­բար­տա­ւան ե­ղած են՝ շա­րու­նակ դէ՛մ կե­ցած են Սորբ Հո­գիին՝ մա­հա­ցու մեղ­քեր գոր­ծած եւ զղջու­մի, ա­պաշ­խա­րան­քի նշան մը իսկ ցոյց չե՛ն տուած։

«Անզ­գա­մը իր սրտին մէջ ը­սաւ, թէ՝ Աս­տուած չկա՛յ։ Ա­պա­կա­նե­ցան ու պիղծ գոր­ծեր ը­րին. մէ­կը չկայ որ ա­ղէ­կու­թիւն ը­նէ։ Տէ­րը եր­կին­քէն նա­յե­ցաւ մար­դոց որ­դի­նե­րուն, որ­պէս­զի տես­նէ, թէ կա՞յ ար­դեօք ի­մաս­տուն մէ­կը, որ Աս­տուած փնտռէ։ Ա­մէն­քը խո­տո­րե­ցան, մէկ­տեղ ան­պի­տան ե­ղան։ Ա­ղէ­կու­թիւն ը­նող մը չկայ, հատ մըն ալ չկա՛յ» (ՍԱՂՄ. ԺԴ 1-3)։

­Սա­կայն պա­րա­գան տար­բեր է Քրիս­տո­սով ննջող մե­ղա­ւոր­նե­րուն հա­մար, ո­րոնք կոտ­րած սրտեր են ու­նե­ցած։

Ար­դա­րեւ Յի­սուս կը յայտ­նէ, թէ մեղ­քե­րը՝ որ մարդ­կա­յին տկա­րու­թեան հե­տե­ւանք են, զղջու­մով եւ ա­պաշ­խա­րու­թեամբ կը թո­ղուին. սա­կայն ամ­բար­տա­ւա­նու­թեամբ եւ կա­մա­կո­րու­թեամբ Սուրբ Հո­գիին դէմ գոր­ծուած մեղ­քե­րը նե­րու­մի պի­տի չար­ժա­նա­նան ո՛չ այս աշ­խար­հի վրայ եւ ո՛չ իսկ հան­դեր­ձեա­լին մէջ։ Յի­սու­սի խօս­քե­րէն յստա­կօ­րէն յայտ­նի է, թէ ննջե­ցեալ­նե­րէն շա­տեր վեր­ջին դա­տաս­տա­նին օ­րը ո­ղոր­մու­թիւն գտնե­լով թո­ղու­թիւն պի­տի ստա­նան ի­րենց այն մեղ­քե­րուն՝ ո­րոնց քա­ւու­թեա­նը հա­մար չէին կրցած ա­ղերս ներ­կա­յաց­նել երկ­րի վրայ երբ կ՚ապ­րէին։ Ուս­տի, Պօ­ղոս Ա­ռա­քեալ, Տի­մո­թէո­սին ուղ­ղած իր նա­մա­կին մէջ հե­տե­ւեալ մաղ­թան­քը կ՚ը­նէ Քրիս­տո­սով ննջած Ո­նե­սի­փո­րո­սի հա­մար, երբ կ՚ը­սէ. «Տէ­րը ի­րեն տայ որ այն օ­րը Տի­րոջ­մէ ո­ղոր­մու­թիւն գտնէ» (Բ ՏԻՄ. Ա 16-18)։

­Սուրբ Գիր­քին մէջ կա­րե­լի է կար­դալ նաեւ, թէ շա­տեր վեր­ջին դա­տաս­տա­նի օ­րը հա­զիւ թէ պի­տի ա­զա­տին դժոխ­քի ան­շէջ կրա­կէն՝ Տի­րոջ գթու­թեան եւ ո­ղոր­մու­թեան շնոր­հիւ, ո­րոնց հա­մար Պօ­ղոս Ա­ռա­քեալ կ՚ը­սէ. «Իսկ ե­թէ մէ­կուն գոր­ծը այ­րի՝ ան պի­տի տու­ժէ թէեւ ինք պի­տի ա­զա­տի, բայց նման մէ­կու, որ կրա­կի մէջ ին­կած ըլ­լար»  (Ա ԿՈՐՆ. Գ 15)։ Իսկ Պետ­րոս Ա­ռա­քեալ կ՚ը­սէ. «Ե­թէ ար­դա­րը դժուա­րաւ կը փրկուի, հա­պա ամ­բա­րիշ­տը եւ մե­ղա­ւո­րը ո՞ւր պի­տի գտնուին» (Ա ՊԵՏՐ. Դ 18)։­

Ըստ վե­րո­յի­շեալ հա­մար­նե­րուն՝ ննջե­ցեալ­նե­րը դա­տաս­տա­նի օ­րը Տի­րոջ ո­ղոր­մու­թեան շնոր­հիւ պի­տի ար­ժա­նա­նան եր­կին­քի ար­քա­յու­թեան եւ յու­սով կը սպա­սեն իսկ ստա­նա­լու այդ ո­ղոր­մու­թիւ­նը։

Ի վեր­ջոյ, պէտք չէ՛ մոռ­նալ որ Աս­տու­ծոյ սէրն ու ո­ղոր­մու­թիւ­նը ան­չափ ու ան­սահ­ման է, եւ վե՛ր կը մնայ մար­դոց բո­լոր չա­փա­նիշ­նե­րէն։

Ե­կե­ղե­ցին կրնայ խնդրել ո­րե­ւէ բան՝ որ Աս­տու­ծոյ կամ­քին հա­կա­ռակ չէ։ Ա­մէ­նուրեք եւ ա­մէն ժա­մա­նակ՝ ուր Տի­րոջ կող­մէ ո­ղոր­մու­թիւն կը շնոր­հուի, հա­ւա­տա­ցեա­լը ար­տօ­նու­թիւն ու­նի հա­մար­ձա­կօ­րէ՛ն զայն խնդրե­լու ի­րեն եւ ու­րիշ­նե­րուն օգ­տին հա­մար։

Եւ ա­հա­ւա­սի՛կ, հո­գե­հանգս­տեան ա­րա­րո­ղու­թիւն­նե­րու ի­մաս­տը հոս է. ննջե­ցեալ­նե­րու հո­գիին հա­մար հա­ւա­քա­բար ա­ղօ­թել։ Եւ քա­նի որ վեր­ջին օ­րը Տէ­րը իր ան­սահ­ման ո­ղոր­մու­թիւ­նը պի­տի բաշ­խէ ի­րեն յու­սա­ցող ննջե­ցեալ­նե­րուն, Ե­կե­ղե­ցին ալ իր կար­գին ան­տար­բեր չի կրնար մնալ ա­նոնց նկատ­մամբ եւ միշտ կ՚ա­ղօ­թէ որ այն օ­րը ա­նոնք Ո­նե­սի­փո­րո­սի եւ ա­նոր նման­նե­րուն հետ ո­ղո­րմու­թիւն գտնեն Տի­րոջ­մէ։

Այս ի­մաս­տով, հո­գե­հանգս­տեան ա­րա­րո­ղու­թիւ­նը կրնայ կա­տա­րուիլ միա՛յն Քրիս­տո­սով ննջող­նե­րուն հա­մար։ Ե­կե­ղեց­ւոյ քա­հա­նայ հայ­րը կամ պաշ­տօ­նէու­թիւ­նը իւ­րա­քան­չիւր ննջե­ցեա­լի ներ­քին ապ­րում­նե­րուն՝ նե­րաշ­խար­հին թա­փան­ցած չեն կրնար ըլ­լալ, ի՛նչ որ բնա­կան է։ Ուս­տի սիր­տե­րը եւ հո­գի­նե­րը քննո­ղը եւ դա­տա­ւո­րը Տէ՛րն իսկ է եւ միա՛յն Ան է։

Ե­կե­ղե­ցին որ­պէս «մայր» պար­տա­կա­նու­թիւն կը սե­պէ ի­րեն՝ ա­ղօ­թել իր ննջող բո­լոր զա­ւակ­նե­րուն հա­մար եւ կը յանձ­նէ զա­նոնք Աս­տու­ծոյ ար­դար կամ­քին՝ ինչ­պէս որ կ՚ը­նէ երկ­րի վրայ ապ­րող իր զա­ւակ­նե­րուն։

Հո­գե­հանգս­տեան ա­րա­րո­ղու­թիւ­նը կ՚ար­գի­լէ Ե­կե­ղե­ցին ան­հա­ւատ­նե­րու, չմկրտուած ան­ձե­րու, անձ­նաս­պա­ն­­նե­րու եւ կա­խար­դա­կան գոր­ծե­րով զբա­ղող­նե­րու հա­մար, ուս­տի ա­նոնց նկատ­մամբ հո­գե­տանգս­տեան ա­րա­րո­ղու­թիւն չի՛ կա­տա­րուիր։

Հո­գե­հանգս­տեան յա­տուկ ա­րա­րո­ղու­թիւն­նե­րէն ան­կախ, Ե­կե­ղե­ցին իր ա­ռօ­րեայ ժա­մեր­գու­թիւն­նե­րուն եւ Սուրբ Պա­տա­րա­գի ըն­թաց­քին կը մտա­բե­րէ նաեւ ննջե­ցեալ­նե­րը իր ա­ղօթք­նե­րուն եւ շա­րա­կան­նե­րուն մէջ։ Ուս­տի ան­մո­ռաց են բո­լոր ննջե­ցեալ­նե­րը, բո­լոր սի­րե­լի­նե­րը, ո­րոնց հա­մար, ո­րոնց հետ կա­րե­լի է միշտ, ա­մէն ա­ռի­թով ա­ղօ­թե՛լ, ինչ­պէս ա­մէն ա­նոնց հա­մար որ կ՚ապ­րին…։

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

Ապ­րիլ 12, 2017, Իս­թան­պուլ

Երկուշաբթի, Ապրիլ 17, 2017