ԵԹԷ

«Եթէ կրնաս ըլլալ բարի, բայց ուժով».

Հաւանաբար բազմիցս լսած էք, որ այս անարդար աշխարհին մէջ բարի ըլլալը ո՛չ թէ առաւելութիւն կամ լաւ բան, այլ ընդհակառակը մարդ արարածի համար վնաս մըն է, որովհետեւ մեր օրերուն բարի ըլլալ կը նշանակէ ըլլալ նաեւ տկար: Բանաստեղծը անկարելի բան մը կը խնդրէ իր ընթերցողներէն, որովհետեւ այսօր ուժովը բարի չի կրնար ըլլալ, իսկ բարին ալ ուժով՝ որովհետեւ անոնք արդէն իսկ իրարու հակառակ կողմեր են:

Իսահակեան իր բանաստեղծութեան մէջ կ՚ըսէ. «Լուծ կամ լծկան պիտի լինիս» եւ այսօր լուծը ուժովը, իսկ լծկանը բարին է. Քիփլինկ մեզմէ կը խնդրէ երկուքը միատեղ. ըլլալ լուծ եւ միաժամանակ լծկան:

Փորձեցէ՛ք կարդալ մեր հայ բանաստեղծներու գործերը. այդտեղ բարի ըլլալու մասին պատգամ պիտի չգտնէք, որովհետեւ հայ ժողովուրդը ազգ մըն է, որ իր բարութեան պատճառով տուժած եւ մինչեւ օրս կը շարունակէ տուժել. կարդացէ՛ք Շահնուր, Շահան Նաթալի եւ ուրիշներ եւ անոնց էջերէն փորձեցէ՛ք քաղել բարի չըլլալու պատգամը, որովհետեւ այս աշխարհ որպէս բարի գալ՝ տակաւին առանց խաղի սկսելու պարտուած դուրս գալ կը նշանակէ: Տակաւին կը յիշեմ մեծ մօրս խրատը. «բարի մի՛ ըլլար». խրատ՝ որուն մէջ կար փորձառութիւն: Պէտք չէ բարի ըլլալ, որովհետեւ մարդկութիւնը արժանի չէ ձեր այդ բարութեան: Մարդկութիւնը այսօր պատրաստ է շահագործել ձեր բարութիւնը, չարագործել այդ «տկարութիւն»ը եւ աւարտին հարուած մը տալ՝ փոխան շնորհակալութեան. ձեր բարութենէն մղուած հաւանաբար չմերժէք մարդոց ուզածները՝ նոյնիսկ երբ շատ ընելիքներ ու գործեր ունիք. չմերժէք, սակայն օգնութեան պէտքը երբ ունենաք անոնցմէ ո՛չ մէկը պիտի տեսնէք ձեր շուրջ:

Այս բոլորը նկատի ունենալով ինծի համար բարի եւ ուժովը ա՛յն մարդն է, որ վերոյիշեալ բոլոր ըսուածներուն գիտակցութիւնը ունենալով հանդերձ անկոտրում կամքով կը շարունակէ իր բարութեան պտուղները բաժնել. ուժով է ան՝ որ ստանալիք հարուածը գիտնալով հանդերձ չի զլանար իր բարութիւնը ի գործ դնելէ:

Վերջապէս ի՞նչ է բարութիւնը. ի՞նչ է անոր չափանիշը եւ ինչպէ՞ս կարելի է որոշել անձի մը բարի կամ չար ըլլալը... որովհետեւ բարի համբաւ ունեցող այնքա՜ն չարեր տեսած եմ կեանքի մէջ, որոնք երկու երեք բարութեամբ կամ բարերարութեամբ փորձած են փակել տասնամեակներու սեւ անցեալ մը, որովհետեւ այսօր դրամը ունի չարէն բարիի վերածելու շնորհքը. գուցէ օր մը սրբութեան հասցնելու ալ ծառայէ: 

***

«Եթէ կրնաս դուն երազել եւ սակայն,

Չըլլալ գերին երազներուդ գերիշխող»:

Երազելը լա՞ւ բան է. չեմ գիտեր: Գիտեմ միայն, որ հայ մտաւորականներէն մին կը յորդորէր երբեք չերազել, որովհետեւ անոր խօսքերով երազելէ ետք երբ դարձեալ աչքերդ բանաս իրականութեան ու տեսնես անոր յուսախաբ վիճակը, աւելի տխուր ու ընկճուած հոգեկան վիճակ մը պիտի ունենաս: Այլ խօսքով՝ պիտի երազես սպիտակի մասին ու երբ աչքերդ բանաս միայն սեւը պիտի տեսնես. պիտի երազես ջուրերու եւ ովկեաններու մասին, սակայն երբ աչքերդ բանաս անապատային չորութիւն մը պիտի գտնես:

Անդին ուրիշ մտաւորականներ պիտի շեշտեն երազելու կարեւորութիւնը՝ հաստատելով, թէ երազը նախաքայլն է յաջողութեան եւ առանց երազի ու նպատակներու կեանք մը անիմաստ կեանք մըն է պարզապէս:

Հաւանաբար երազելը լաւ, սակայն անոր գերին դառնալն է վտանգաւորը. հաւանաբար այդ գերութեան լոյսին տակ է, որ Նար Դոս իր աշխատութիւններէն մէկուն մէջ կը գրէր, թէ «երազը աւելի՛ իրական է, քան նոյնինքն իրականութիւնը», որովհետեւ երազներուն մէջ կեանքը շատ աւելի հաճելի ու աղուոր է, քան իրական կեանքին մէջ, ուր բոլորը ունին վիրաւորուած ու անկատար երազներ:

Այդ երազին հանդէպ եղած սէրն է պատճառը հաւանաբար, որ մարդիկ միշտ երազանք պահելու պէտքը կը զգան. եկեղեցւոյ մէջ առ Աստուած բարձրացած աղօթքները նոյնիսկ տարբեր բան մը չեն, եթէ ոչ այդ երազներու իրարանցման փափաքն ու իղձը:

Ինծի համար երազելը լաւ բան է, աչքերը բանալէ ետք դժբախտ իրականութիւնը տեսնելու գինով, որովհետեւ իրականութեան եւ երազանքին միջեւ երկարող անդունդն է, որ կը կոչուի կեանք, որ պարզապէս իրականութենէն երազանքին տանող ճամբան է: Երազելը լաւ բան է, որովհետեւ այդ երազի իրականացման ձգտումն է, որ մեզ դէպի առաջ, դէպի յաջողութիւններ կը տանի:

•շարունակելի - 3

 

ՀԱՅԿԱԿԱՆ ԱՆՑԵԱԼԷՆ ՊԱՏՄՈՒԹԵԱՆ ՄԷՋ ԱՅՍՕՐ

ԼԻՆ ՏՈՒՐԵԱՆ
(1933-2014)

Մեր թուականէն 8 տարիներ առաջ՝ 17 մայիս 2014-ին Փարիզի մէջ մահացած է ֆրանսահայ յայտնի երգչուհի Լին Տուրեան:

Տուրեան ծնած է 29 Յունիս 1933-ին Ֆրանսայի Լիոն քաղաքին մէջ: Իր նախնական եւ երաժշտական կրթութիւնը ստացած է ծննդավայր Լիոնի մէջ եւ ապա 1957-ին տեղափոխուած է Փարիզ, անդամ դառնալու տեղի յայտնի երաժշտական խումբերէն մէկուն, որոնց հետ միասին բազմաթիւ ելոյթներ ունեցած է եւրոպական տարբեր երկիրներու մէջ:

Տուրեան 1960-1970 թուականներուն եղած է Փարիզի «Կրանտ Օփերա»յի մենակատարը. իր ներկայացումներուն ընթացքին երգչուհին ներկայացուցած է տարբեր մշակոյթներու պատկանող երգեր, որոնց մէջ ներառած է նաեւ Կոմիտասը, Գրիգոր Սիւնին, Սայաթ Նովան, Ռոմանոս Մելիքեանը եւ բազմաթիւ այլ հայ յայտնի երաժիշտներու գործերը: Երգչուհին բեմ բարձրացած է ժամանակուան յայտնի երաժիշտներ Մարիա Քալլասի, Պորիս Խրիստովի, Ռոպէր Մերիլիի եւ այլոց հետ: Անոնց հետ միասին ելոյթներ ունեցած է Անգլիոյ, Իտալիոյ, Գերմանիոյ, Երեւանի, Օտեսայի եւ այլ վայրերու մէջ:

Շնորհիւ իր ձայնին, Տուրեան 1966 թուականին արժանացած է «Ֆիլիփս»ի մեծ մրցանակին:

Առաջին անգամ Երեւանի մէջ ելոյթ ունեցած է 1972 թուականին, Երեւանի Ա. Սպենդիարեանի անուան օփերային թատրոնէն ներս՝ «Այտա», «Տոն Քարլոս» ներկայացումներով. օփերային ներկայացման կողքին ունեցած է նաեւ մենահամերգներ:

Երգելու կողքին Տուրեան երկար տարիներ զբաղած է նաեւ ուսուցչութեամբ. աւելի քան 23 տարի որպէս ուսուցիչ պաշտօնավարած է Ֆրանսայի Պուլոյն Սուրմէր քաղաքի երաժշտանոցէն ներս: Որոշ ժամանակ յատուկ հրաւէրով դասապահեր ունեցած է նաեւ Երեւանի Պետական երաժշտանոցին, ինչպէս նաեւ Ստեփանակերտի Սայաթ Նովայի անուան երաժշտական դպրոցէն ներս:

Շնորհիւ իր վաստակին, 2007 թուականին Տուրեան արժանացած է Հայաստանի Հանրապետութեան Մշակոյթի նախարարութեան ոսկէ շքանշանին:

ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ

Երեքշաբթի, Մայիս 17, 2022