ՊԷՅՕՂԼՈՒԻ ԱՒԱԳԵՐԷՑԸ

Միւռոն Աւագ Քահանայ Այվազեանի անունը ծանօթ է այն ամէն անձի, որ մօտ է եկեղեցական շրջանակներուն եւ ո՛չ միայն քաղաքիս մէջ, այլ մանաւանդ գաւառի զանազան քաղաքներու հայ բնակիչներուն։

Միւռոն Քահանայ Հայրը, մօտաւորապէս 40 տարիներուն՝ եկեղեցական կեանքի վրայ անքակտելի դրոշմ մը դրած է իր նուիրական ու անսակարկ հոգեւոր ծառայութիւններուն պատճառով։ Ան իր հովուական ծառայութիւնը չէ՛ սահմանափակած միայն քաղաքիս բնակիչներուն նկատմամբ, այլ յաճախակի իր գաւառ հովուական այցելութիւններով՝ տարածած է լայն շրջանակի մը վրայ։ Իր այս նուիրական հոգեւոր ծառայութեամբ եղած է «խորհրդանի՛շ» մը՝ նուիրականութեան, հոգեւոր ծառայութեան եւ առաքելութեան։ Օրինակելի պաշտպա՛ն մըն է ան՝ եկեղեցւոյ աւանդական արժէքներուն. աւանդապահ բայց ո՛չ երբեք աւանդապաշտ։ Համեստ՝ իր կենցաղով բայց խիստ բծախնդիր՝ իր հոգեւոր ծառայութեամբ։

Ան, ո՜վ գիտէ քանի՞ հոգի «նոր կեանք»ի առաջնորդած է անցեալ 40 տարիներու ընթացքին, մկրտելով մանուկներ, եւ ո՜վ գիտէ քանի՞ ընտանիք կազմած է Սուրբ Պսակի խորհրդակատարութեամբ եւ սուրբ ընտանիքներու ծնունդ տուած եւ ո՜վ գիտէ քանի՞ հոգի ուղարկած է յաւիտենական կեանքի՝ մահուընէ անմահութեա՛ն։

Միւռոն Քահանայ Հայրը, զոր օրինակ, երբ մատակարած է իրենց վերջին հաղորդութիւնը մեծ մայրիկի մը կամ մեծ հայրիկի մը, ապա անոնց թոռնիկներուն տուած է իրենց առաջին հաղորդութիւնը, եւ այսպէս վկայած՝ սերունդներո՜ւ յաջորդականութեան, տեւականացման։

Հարցերու գործնական եւ հատու լուծումներ գտնելու յատկութիւն մը ունի ան, ճարպիկ կերպով կը լուծէ խնդիրներ՝ հաշտութեան, համերաշխութեան հրաշալի՜ միջոցներով։ Հոգեւորականի յատուկ մարդասիրական զգացումներով արժէք կ՚ընծայէ ամէն մէկ անհատի, որ կը դիմեն իրեն որպէս հոգեւոր հայր։

Սա անուրանալի ճշմարտութիւն է, որ ամէն մարդ՝ ամէն մարդէ սորվելիք շա՜տ բան ունի, բայց Միւռոն Քահանայ Հօր փորձառութիւններէն՝ քիչ մը աւելի՛ն։

Արդարեւ, փորձառութիւնը, մարդկային կեանքի մէջ ո՛ւժ մըն է՝ արժէք մը, որ պէտք է օգտուին մարդիկ, լուծում գտնելու համար շատ մը ընկերային, հասարակական հարցերու։ Այս իմաստով, փորձառութիւնը գիտութիւն է, հարստութիւն է, կարողութիւն է, զօրութիւն է, որ պէտք է օգտագործել՝ որպէս հասարակաց արժէք։ Փորձառութեան ընծայուած կարեւորութեան համեմատ ընկերութիւններ, ժողովուրդներ կը յառաջդիմեն, կը լուսաւորուին եւ երջանկութեան կը հասնին։

Փորձառութիւնը՝ ողջամտութեան, խոհեմութեան, իմաստութեան եւ հասունութեան, մտային զարգացման նախաքա՛յլն է։ Տարիներու ընթացքին կը ստացուի փորձառութիւնը՝ որուն պէ՛տք է կարեւորութիւն ընծայուի։ Լոկ գիտութիւնը արժէք չունի եթէ անիկա չկիրարկուի փորձառութեան ուժով. եւ փորձառութիւնն է որ գիտութիւնը գործնականի կը վերածէ։ Տարինե՜ր ամբողջ կուտակուած փորձառութիւն մը ամենամեծ ո՛ւժն է մարդկային կեանքին դիւրատար կերպով ընթանալու գործին եւ միջոցը՝ նպատակի մը հասնելու։

Ուստի պէտք է օգտուիլ «փորձառութեան» անուրանալի ուժէն։ Փորձառուներու արժէք ընծայել՝ թէ՛ անհատական եւ թէ՛ հաւաքական կեանքի բարելաւման միջոցն է։ Արդարեւ, պահա՛նջք մըն է օգտուիլ փորձառութիւններէ եւ փորձառու անձերէ։

Գիտութեան արժէքը կ՚աւելնայ եւ աւելի եւս օգտակար կ՚ըլլայ, երբ փորձառութեան հետ համընթաց ըլլայ։ Գիտութիւնը վստահելի կը դառնայ, երբ ան շրջապատուած է փորձառութեամբ եւ յանձնուած է իրապէ՛ս փորձառու ձեռքերու։ Գիտութիւնը անփորձ ձեռքերու մէջ կրնայ օգուտէ աւելի վնաս պատճառել, բայց եթէ միանայ փորձառութեան, անոր օգտակարութիւնը կը կրկնապատկուի։

Ուրեմն անոնք որ գիտութեան արժանիքով օժտուած են, իրենց նպատակին հասնելու համար պէտք է օգտուին փորձառութեան ուժէն՝ փորձառու անձերէն, որուն տիպարներէն մին է Միւռոն Քահանայ Հայրը՝ եկեղեցական 40 տարիներու փորձառութեամբը։ Այո՛, գիտութիւնը փորձառութեան կը կարօտի, իսկ փորձառութիւնը կը կարօտի հետաքրքրութեան, իր ուժին գիտակցութիւնը ունեցող «գիտուն»ներու՝ իրենց «գիտութիւն»ը նպաստաւոր կերպով կարենալ գործածելու համար։ Եւ ահաւասի՛կ Միւռոն Քահանայ Հայրը՝ փորձառութեան մարմնացո՛ւմը։

Կեանքի ընթացքին, զանազան խնդիրներու, հարցերու մէջ կու գայ կէտ մը՝ ուր գիտութիւնը անբաւարար կը մնայ, անկարող կ՚ըլլայ ահաւասի՛կ այդ պահուն «փորձառութիւն»ը կը հասնի օգնութեան եւ կը լուծէ ամէն հարց։ Արդէն գիտութիւնը չէ՞ նաեւ փորձառութի՛ւն։ Ճշմարիտ գիտութիւնը՝ որքան տեղեկութիւն, նո՛յնքան ալ փորձառութիւն է, այսինքն՝ տեղեկութիւն ե՛ւ փորձառութիւն։

Ապա ուրեմն պէտք է արժէք ընծայուի փորձառուներու՝ որոնք ապրելով սորված եւ գիտցա՛ծ են։

Ամէն մարզի մէջ, ուրեմն փորձառութիւնը կարեւոր դեր կը խաղայ հարցերու լուծման մէջ, ե՛ւ նաեւ՝ հոգեւոր հարցերու, եկեղեցական խնդիրներու մէջ։ Եթէ հարց մը կայ, անոր լուծո՛ւմն ալ կայ անպայման, բաւ է որ շիտակ ճամբան կարենայ գտնել մարդ։ Եւ այդ շիտակ ճամբան գիտութիւնն ե՛ւ փորձառութիւնն է. ոմանք եթէ «գիտուն» են, ոմանք ալ ուրեմն «փորձառո՛ւ» եւ երկուքին միացումով է որ կարելի կ՚ըլլայ լուծումը գտնել։

Քահանայից դասու երիցագոյն անդամը՝ Միւռոն Աւագ Քահանայ Հայրը, իր տարիներու հոգեւոր ծառայութեամբ եւ վաստակով իրապէ՛ս «փորձառու» մըն է. իր փորձառութենէն օգտուիլը ո՛չ միայն անհատական, այլ հասարակական պահանջք մըն է։ «Գիտութիւն» ե՛ւ «փորձառութիւն» երբ համընթաց են, ապա եկեղեցին կրնայ ապահով քայլերով ընթանալ իր արժանի՛ նպատակին…։

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

Յունիս 12, 2017, Իսթանպուլ

Շաբաթ, Յունիս 17, 2017