ՄԱՐԴԸ ԷԱՊԷՍ ՉԱՐ ՉԷ՛

«Մարդուն բնաւորութիւնը էապէս չար չէ։ Անկիրթ եւ անկարգ բնաւորութիւններ տեղի տուած են սիրոյ արարքներու առջեւ, եւ ազդուած՝ անոնցմով։ Հարկ չկայ, որ յուսահատինք անոնց բարեփոխման կարելիութեան մասին»։

Mahatma Gandhi

Աստուած միշտ Տէ՛րն է իր օրէնքներուն եւ կրնայ զանոնք ամէն վայրկեան կրկին վերահաստատել, փոխել կամ վերցնել։ Յաճախ բնութիւնը անհասկնալի միջոցներով կը վարէ, որպէսզի մարդ անդրադառնայ, թէ ամէն ինչ Անոր ենթակայ է եւ թէ Ան Ամենակարող է եւ պէտք է հպատակի Անոր կամքին՝ որ միշտ բարի՛ է։ Ան կ՚իշխէ տեսանելի աշխարհին, ինչպէս ե՛ւ անտեսանելի աշխարհին իր ամենակարողութեամբ եւ անհո՜ւն զօրութեամբ։

Արդարեւ Աստուծոյ համար «անկարելի»ն գոյութիւն չունի, քանի որ ամէն ինչ Ինք ստեղծած է եւ իր կամքին համաձայն կը խնամէ զանոնք։ Աստուած էապէս «բարի» է եւ ուրեմն Ան երբեք «չար» որեւէ բան չի ստեղծեր եւ արգելք կ՚ըլլայ, որ «չար»ը տիրէ աշխարհին։

Բայց ամէն բան ժամանակ մը ունի. Աստուած Ինք անժամանակ է, անցեալ, ներկայ եւ ապագայ չունի, որովհետեւ Ան «Է», այսինքն միշտ, առանց ժամանակի կայ եւ Իր արարքները ժամանակով չեն սահմանափակուած։ Այս իսկ պատճառով Աստուած համբերատար է, կ՚ուզէ, որ մարդ իր ազատ կամքով ընտրէ «բարի»ն կամ վերադառնայ իր էական վիճակին։ Բայց մարդ նաեւ անհամբեր է, կ՚ուզէ, որ ամէն ինչ «ներկայ» ժամանակին մէջ իրականանայ, որովհետեւ իր կեանքը ժամանակով սահմանափակուած է՝ վախը ունի, որ եթէ իր ուզածը «ներկայ»ին չիրականանայ, գուցէ ապագային բնաւ չ՚իրականանար։ Մարդ գերի է ժամանակին, քանի որ ինք տէրը չէ անոր։

Զոր օրինակ, կարելի է տեսնել «չար» մարդիկ՝ որ «բարի»ներուն ոտքերուն առջեւ կը տապալին, եւ բարիներ իսկոյն կը զայրանան չարագործներու դէմ քանդիչ եռանդով մը։

Բայց մարդ՝ «չար» կամ «բարի», նախընտրելի է, որ ուշադրութիւն դարձնէ եւ հպատակի Աստուծոյ ծրագիրներուն։ Արդարեւ Աստուած իր ծրագիրներով մարդուն ցոյց կու տայ «չար» մը, ո՛չ սակայն որպէս նմանութիւն։ Աստուծոյ ծրագրին մէջ, որուն մաս կը կազմեն Իր Օրէնքները, նմանելու օրինակը ցոյց կու տայ մարդուն։ Եւ Աստուծոյ Օրէնքները «Սիրոյ Օրէնք»ներ են՝ որոնք կը պատուիրեն սիրել բոլոր մարդիկը անխտի՛ր։

Սիրոյ այս Օրէնքը անփոփոխ է, մշտնջենաւոր՝ յաւիտենական է եւ միայն Օրէնսդիրը՝ Աստուած Ի՛նք կրնայ փոփոխութեան ենթարկել կամ վերցնել։ Բայց Աստուած Սէ՛ր է, եւ ուրեմն սիրով տուած Օրէնքը՝ Սիրոյ Օրէնքը միշտ կը մնայ, քանի որ Աստ-ւած «բարի՛» է, Բարութիւնը Անոր Բնութիւնն է…։

Մարդ երբեք կարող չէ արեւը իր սովորական ընթացքին մէջ կեցնել եւ կամ ընթացքը փոխել։ Անկարելի է ասիկա մարդուն համար։ Բայց եթէ Աստուած հրամայէ մարդուն, որ այդ «անկարելի»ն կատարէ, Ան կու տայ նաեւ զօրութիւնը եւ կարողութիւնը իրագործելու զայն։

Հարցը սա է. մարդ «մարդու սահմանափակ միտքով» կը նայի իրողութիւններու, բայց աստուածային անսահման միտքը որեւէ արգելք չի ճանչնար «անկարելի»ն իրականացնելու, «կարելի» դարձնելու ամէն ինչ։ Ահաւասիկ, ա՛յս է «մարմնաւոր աչք»ով դիտելու եւ «հոգեւոր աչք»ով տեսնելու տարբերութի՛ւնը։

Մարդուն համար «չար»ը «բարի»ի չի վերածուիր։ Ինչո՞ւ։ Որովհետեւ իր մտածողութիւնը սահմանափակ է՝ կանխակալ է այդ մասին, հասկնալ, ընդունիլ չ՚ուզեր։ Իր տեսածը այն է միայն թէ՝ «չար»ը միշտ չա՛ր է եւ երբեք չի փոխուիր։ Բայց կը փոխուի, քանի որ մարդուն էութիւնը, էական վիճակը «բարի» է, բնութեամբ բարի՛ ստեղծուած է։

Բնաւ, խնձորենիի ճիւղին վրայ փտած, նեխած կերպով հասունցած խնձոր մը տեսա՞ծ էք սիրելի՜ բարեկամներ, անիկա երբ ճիւղին վրայէն փրցուի, եւ փրցուելէն յետոյ լաւ չխնամուի, լաւ չպահուի, արտաքին ազդեցութիւններու պատճառով հետզհետէ կը փտի, որովհետեւ էապէս «առո՛ղջ» է եւ թա՛րմ։

Մարդն ալ բարի եւ «թարմ» կը ծնի եւ յետոյ չար կ՚ըլլայ եւ «կը թառամի»։

Բայց մարդ ինչո՞ւ կ՚ուզէ, եռանդի, ոգեւորութեան կերպարանքի տակ, իր բարեկամը, իր ընկերը ատել, երբ Աստուած՝ իր Արարիչը՝ Ինք, արտակարգ նշաններով, Իր սիրոյ Օրէնքին հաւատարիմ է եւ երբեք չի վերցներ, եւ կը թոյլատրէ ընել զայն, ի՛նչ որ առաջ արգիլա՛ծ էր։

Մարդուն կարծեցեալ եռանդը որքան ալ բոցավառ ըլլայ, ի վերջոյ «տկար կայծ» մըն է համեմատելով Աստուծոյ՝ Արարչին եւ Նախախնամին եռանդին, որ սուրբ Սէրէ դրդուած երկիր իջաւ եւ բնակեցաւ մարդոց մէջ։ Աստուծոյ Միածին Որդին՝ Յիսուս Քրիստոս վար իջաւ սիրոյ դէմ, բարութեան դէմ, ճշմարտութեան դէմ, արդարութեան դէմ պատահած նախատինքները, անարգանքները ջնջելու՝ «չար»ը իր նախնական, սկզբնական վիճակին վերածելու, վերստին ծնունդ տալու «բարի»ին։ Արդարեւ, էականը «բարի»ն է, չարը՝ բացառութի՛ւն։

Աստուծոյ Միածին Որդին վար իջաւ Բարձրեալին պատիւը վերականգնելու՝ ո՛չ մեղաւորին կորուստով։ Ան վար իջաւ մեղաւորներուն՝ չարամիտներուն ներո՛ւմ շնորհելու համար՝ փրկութեան հրաւիրելու համար զանոնք եւ տեւապէս անոնց հետքերուն հետեւելու՝ որոնք Աստուծմէ հեռո՛ւ կ՚ապրին։ Ան եկաւ չարացած բարիքները իրենց նախկին վիճակին վերադարձնելո՛ւ։ Ան վար իջաւ «կորսուած»ը փնտռելու եւ գտնելո՛ւ։

Սակայն մարդը, իր ծոցին մէջ կը կրէ աղէտաբեր սերմը, որ ամէն ինչ կը փճացնէ, ամէն ինչ կը կործանէ իր գաղտնի թոյնով։

Մարդ, ընդհանրապէս չարին, չարագործին վրայ կը բարկանայ, որովհետեւ ինքզինք աւելի լա՛ւ կը համարի եւ կը խորհի, թէ առաքինութեան եւ ազնուութեան գագաթը հասած է, երբ ջարամիտին դէմ, յանցաւորին դէմ կը զայրանայ։

Յանցաւորը քարկոծելէ առաջ, իւրաքանչիւր անձ պէտք է իր ներքին ծալքերը քննէ. արդեօք միշտ աստուածային օրէնքներու հաւատարիմ մնացա՞ծ է, եւ ո՛վ որ ինքզինք Աստուծոյ աչքին առջեւ «անմեղ» կը համարի, ա՛ն թող նետէ առաջին քարը…։

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

Յուլիս 15, 2020, Իսթանպուլ

Ուրբաթ, Յուլիս 17, 2020