ԱՇԽԱՏԱՆՔԻ ԿԱՐԵՒՈՐՈՒԹԻՒՆԸ

Թերեւս աւելորդ նկատուի խօսիլ աշխատանքի կարեւորութեան վրայ, քանի որ անուրանալի է այն ճշմարտութիւնը, թէ ո՛չ մէկ կարեւոր արդիւնք կամ արժէք ձեռք կը բերուի առանց աշխատութեան։ Չէ՞ որ պատրաստ որեւէ բանէ մը օգտուելու, որեւէ բան օգտագործելու համար ալ աշխատանք պէտք է՝ ծանր կամ թեթեւ, բայց անպայմա՛ն աշխատանք…։

Արդարեւ, մարդ արարածը, իր արարչութեան առաջին պահէն իսկ աշխատութեան կոչուած է՝ «իր հացը ուտելու իր ճակտին քրտինքով», այսինքն՝ աշխատանքով։

Մարդուս կեանքին մէջ, ի՛նչ որ կ՚ուզէ ունենալ, տիրանալ՝ դաստիարակութիւն, արուեստ, արհեստ, արժանիք, դրամ-հարստութիւն, համբաւ, այս բոլորն ալ կը կարօտին աշխատանքի։ Թերեւս, ոմանք ըսեն որ կան ստացուածքներ, որոնք ժառանգուած են, ծինային յաջորդականութեամբ փոխանցուած են, եւ կամ բնատուր արժէքներ են, բայց անոնք ալ զարգացնելու, գոնէ պահպանելու համար աշխատանքի չե՞ն կարօտիր։ Կը բաւէ՞ միայն ունենալ, պահել ալ պէտք չէ՞ որեւէ արժէք, եւ պահելու համար ալ աշխատանք պէտք չէ՞։

Ուրեմն աշխատանքը, ամէն մարզի մէջ, կարեւոր է եւ անհրաժե՛շտ։ Այն որ արդար վաստակ մը ձեռք բերել կ՚ուզէ՝ պէտք է աշխատանք ցոյց տայ։ Ինքզինք յարգող ամէն լրջախոհ անձ, աւելի յարգի պիտի գտնէ այն վաստակը, այն ստացուածքը՝ որուն խառնած է իր արդար քրտինքէն կաթիլներ եւ զոհած է իր կեանքէն՝ ժամանակ, ստացուածք, հանգիստ, հաճոյք, որոնք կը կարօտին աշխատանքի։

Այս իմաստով, աշխատանքի պակասը, աշխատութեան նկատմամբ անտարբերութիւնը, սովորական բացատրութեամբ, ծուլութենէ աւելի վտանգաւոր եւ վնասակար հիւանդութիւն մը, ախտ մըն է մարդուն փակած։

Ժան Ժագ Ռուսօ, անաշխատ մարդը կը կոչէ՝ «ընկերային գող», որ կը գողնայ ընկերութեան միւս աշխատող անդամներուն վաստակը, եւ կ՚ապրի որպէս «մակաբոյծ» միշտ ուրիշներու աշխատութեան ապաւինելով։ «Ձրիակեր պնակալէզ»ներ կ՚անուանուին այն ամէնքը՝ որ առանց որեւէ բանաւոր եւ իրաւացի պատճառի կամ արգելքի չեն աշխատիր եւ աշխատողներու վաստակը, արդա՛ր վաստակը կը շահագործեն։

Ուստի ի՛նչ որ ալ ըլլայ պատճառը՝ միջավայր, աւանդութիւն, ապրուստ, ամէն ասպարէզի մէջ կա՛յ աշխատութեան պահանջքը։ Բայց մարդուն մէջ կայ նաեւ «քիչ աշխատել»ու, «աշխատանքէ խոյս տալ»ու, «աշխատութենէ փախչել»ու փափաք մը։ Պէտք է խոստովանիլ, թէ այս փափաքը ընդհանրապէս կայ մարդուն մէջ եւ այն, որ չի զգար այդպիսի փափաք մը, իրապէ՛ս «յարգելի բացառութիւն» մը կը կազմէ, որ արդէն իր գործերով կը փայլի հաւաքականութեան մէջ՝ քիչ մըն ալ նախանձը շարժելով միւսներուն…։

Մարդ էակին բնական սկզբունքն է. «Կարելի եղածին չափ քի՛չ աշխատանքով՝ կարելի եղածին չափ մե՛ծ վարձք, մե՛ծ շահ, շա՛տ արտադրութի՛ւն»։

Այս նշանաբանը, ահաւասիկ, որ թոշակաւոր՝ որոշ վճարումի մը փոխարէն աշխատողներու, աշխատաւորներու յատուկ չէ միայն, այլ բոլորովին իր շահուն աշխատողներու մօտ ալ կարելի է նկատել, այն իրողութիւնը ցոյց կու տայ, թէ աշխատանքը, ընդհանրապէս սիրելի չէ մարդուս համար։ Եւ որպէս բնական հետեւանք այս իրողութեան, ո՛չ նիւթապէս եւ ո՛չ բարոյապէս ըստ արժանւոյն կը վարձատրուի մարդ։

Մինչդեռ, աշխատանքը կեա՛նք է, ոմանց համար կիրք մը՝ ապրելու, գոյատեւելու եւ կեանքը վայելելու։ Անշուշտ աշխատանքն ալ պէտք է օգտագործել չափաւորութեան մէջ՝ առանց զանց ընելու զբօսանքը, հաճոյքը եւ հոգեւոր եւ մտային զբաղումները։ Եւ պէտք չէ մոռնալ, թէ՝ որքան որ աշխատանքը կեանքին համազօր է, բայց վերջապէս կեանքը ապահովելու միջո՛ց մըն է եւ ո՛չ թէ նպատակ մը։

Մարդ պէտք է, պարտաւո՛ր է աշխատելու, որպէսզի կեանքը ապահովէ, կեանքը գոյապահպանէ եւ կեանքը գոյատեւէ։ Ասիկա կարելի է հասկնալ սա պարզ իրականութենէն, թէ եթէ կեանք չկայ, աշխատանք ալ գոյութիւն ցոյց չի՛ տար, աշխատանքը կեանքին համար է, եւ ո՛չ թէ կեանքը՝ աշխատութեան համար։

Այս իմաստով, աշխատանքը կախում ունի կեանքի գոյութենէն, եւ ուրեմն մարդ պէտք է աշխատի կեանքին համար։ Եւ ահաւասիկ, հոս ալ կարեւորութիւն կը ստանայ «չափաւորութիւն»ը, ինչպէս ամէն մարզի մէջ։

Աշխատանքը եւ զբօսանքը հաւասարա-կըշռել, ներդաշնակել, յաջողութեան եւ նպատակի հասնելու համար անհրաժեշտ է։ Անշուշտ ասիկա հմտութիւն, կեանքի փորձառութիւն կը պահանջէ, եւ անոնք որ յաջող մարդիկ եղած են կեանքի մէջ՝ յաջողած են նախ հաւասարակշռել եւ ներդաշնակել աշխատանքը եւ զբօսանքը՝ չափաւոր կերպով օգտագործելով անոնց բարիքը։ Եւ այս տեսակ աշխատանք ի՜նչ հրաշքներ պիտի գործէր մարդուս անհատական եւ ընկերային կեանքին մէջ՝ գործատեղիներուն, աշխատանոցներուն մէջ։ Մարդուս համար ո՜րքան կարեւոր է իրեն ընծայուած առիթները գործածել, զանոնք օգտագործել իրենց չափին, սահմանին եւ կշիռին մէջ, եւ այն ատեն հասնիլ արդար նպատակներու, բարեբեր արդիւնաւորութիւններու…։

Եւ որքա՜ն ցաւալի է աշխատանք մը ընդհատել զանազան անիմաստ եւ աննպատակ, փուճ եւ անարժէք միջամտութիւններով, զոր օրինակ, շաղակրատութեամբ, բամբասանքով, քննադատութեամբ, սին երազանքով։ Այդպիսի աշխատանք մը միայն աղքատ արդիւնք մը կրնայ ունենալ, պարապ աշխատութիւն մը միայն եւ իսկական ինքնախաբէութի՛ւն։

Աշխատանքը որքան չափաւոր եւ հաւասարակշռուած, այնքան ալ պէտք է անկե՛ղծ ըլլայ՝ մարդ պէտք չէ զինք աշխատանքի մէջ ցոյց տալու համար աշխատիլ ձեւանայ, այլ՝ նպատակի հասնելու համար աշխատանքի մէջ ջանասէ՛ր ըլլայ։

Ուրիշ առիթներով ալ յիշած էինք, դարձեալ յիշելու մէջ անպատեհութիւն մը չենք տեսներ, ամերիկացիներու մէկ խօսքը մտաբերել, թէ՝ «Այն որ յաջող եւ երեւելի ըլլալ կ՚ուզէ, թող սովորական գործէ մը զատ, եզական գործ մը ընէ, եթէ չի կրնար այդ ընել՝ սովորական գործ մը՝ լաւագոյն կերպով ընէ»։

Ահաւասիկ, աշխատանքի համար ստուգանիշ մը՝ աշխատիլ փափաքով, եռանդով, առանց շուրջիններուն հետ մրցակցելու, առանց նայելու աշխատանքի նկատմամբ անտարբերներու, եւ յարատեւ աշխատութեամբ ջանայ ընել լաւագո՛յնը…։

Աշխատանքի յարգը եւ կարեւորութիւնը գիտցողներ՝ կեանքին ալ յարգը եւ կարեւորութիւնը կը գիտնան եւ երջանիկ կ՚ըլլան…։

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

Օգոստոս 15, 2018, Իսթանպուլ

Ուրբաթ, Օգոստոս 17, 2018