ՍԵՒԻՆ ԴԺԲԱԽՏՈՒԹԻՒՆԸ

Հաւանաբար մեզմէ իւրաքանչիւրին համար սեւամորթ մարդոց տարբեր ըլլալը կը թուին. քիչ մը տարօրինակ ու արտասովոր. հաւանաբար մենք ալ իրենց համար տարբեր ու արտասովոր ըլլալ կը թուինք՝ հակառակ այն ճշմարտութեան որ մեր միջեւ գոյութիւն ունեցող տարբերութիւնը պարզապէս արտաքին է եւ ո՛չ ներքին:

Այդ տարբեր ու արտասովոր զգալը հետեւանքն է սխալ ըմբռնումներու, որուն իսկական մեղաւորը ո՞վ է երբեք ալ կարելի պիտի չըլլայ գտնել: Ցաւ ի սիրտ, փոքր տարիքէն մեր մէջ կը սերմանուի այն, որ սեւը մի՛շտ չար ու յոռի է, իսկ սպիտակը բարի ու աղէկ եւ տարօրինակ է որ նման բան մը կը տեսնենք նաեւ Աստուածաշունչի մէջ. Հին կտակարանի մէջ բազմիցս Տէրը կը հրամայէ սպիտակ ոչխարներն ու սեւերը զատել իրարմէ եւ յաճախ սպիտակ մասն է որ Տիրոջ հաւանութեան կ՚արժանանայ: Այդտեղ հրեշտակները կը ներկայանան սպիտակ զգեստներով, իսկ չարերը յաճախ հագած են սեւեր: Մարդկային ըմբռնումով սեւը մահուան, իսկ սպիտակը կեանքի խորհրդանիշ կը դառնայ ու այսպէս հազար ու մէկ «սկզբուք»ներով կը փորձեն մեզ համոզել, որ սեւը վատ, չար ու յոռի ներկայութիւն է աշխարհի երեսին:

Աստուածաշունչի նման Սուրբ Գիրք մը, որ ո՛չ միայն իսրայէլացիներուն, այլ ամբողջ մարդկութեան կը պատկանի, ինչո՞ւ համար սեւ գոյնի նկատմամբ ունի նման վերաբերում. օրինակ առնենք Ողբ Երեմիայի 5-րդ գլխուն 10-րդ համարին մէջ գրուած հետեւեալ տողը. «Մեր մորթը սեւացաւ սովի եւ տանջանքի պատճառով». սովը, տանջանքը կը ներկայացուի որպէս սեւ, մինչ այլակերպութեան պարագային սպիտակ լոյսով մը կը նկարագրուի Աստուածայայտնութիւնը:

Այս բոլորին կողքին մեր կեանքի մէջ սովորութիւն դարձած շատ մը իրողութիւններ նոյն ազդեցութիւնը կը գործեն. օրինակի համար հարսանիքներու ժամանակ հարսերը մի՛շտ սպիտակ կը հագուին եւ այդ մէկը կ՚ընդունուի որպէս ուրախութեան նշան, իսկ թաղման պարագային բոլորը կը դառնան սեւազգեստ:

Այս բոլորին վրայ կու գայ աւելնալ այլ արտառոց երեւոյթ մը եւս. նկատի ունենալով Ափրիկէի ունեցած տնտեսական ծանր տագնապները, շատ մը սեւամորթներ բանուորութիւն եւ սպասաւորութիւն ընելու համար կ՚երթան Լիբանան, Տուպայի, Քուէյթ եւ արաբական այլ երկիրներ. այս մէկը պատճառ կ՚ըլլայ որ վերոյիշեալ բոլոր կէտերուն վրայ աւելնայ անոնց «նուաստ» մակարդակի մէջ գտնուիլը. Ամերիկայի Միացեալ նահանգներու մէջ սեւամորթները կը դիտուին որպէս ոճրագործներ, իսկ Միջին Արեւելքի մէջ սպասաւորներ ու աղբահաւաքներ:

Այս բոլորը վատ ազդեցութիւն կ՚ունենայ մանաւանդ սեւամորթ մանուկներու մօտ: Աւելին, շատ անգամ մանկավարժներ իրենք եւս կը գործեն ահաւո՛ր սխալներ: Երեք տարի առաջ՝ 2019 թուականին համացանցի մէջ տարածում գտաւ նկար մը. մանկապարտէզի մը մէջ մանուկներ տարեդարձ կը տօնեն. ուսուցիչը սպիտակամորթ աշակերտները կը նստեցնէ առանձին մէկ սեղանի, իսկ սեւամորթները անոնցմէ հեռու՝ այլ սեղամի մը վրայ. սպիտակներ միատեղ ուրախութեամբ կ՚ուտեն ու կը խմեն, մինչ անդին չորս սեւամորթ մանուկներ իրենց դասընկերներէն հեռու «մասնակից» դառնալ կը փորձեն տարեդարձին:

Մեր թուականէն 59 տարիներ առաջ՝ 1963 օգոստոս 28-ին, Մարթին Լուտեր Քինկ իր նշանաւոր «Ես երազ մը ունիմ»ին մէջ կ՚երազէր տեսնել սեւ ու սպիտակ մանուկներ, որպէս քոյր եւ եղբայր քով քովի կեցած:

Պէտք է համոզուիլ, որ սեւ կամ ճերմակ ծնիլը, քրիստոնեայ կամ մահմետական ընտանիքի մէջ ծնիլը, աղքատ կամ հարուստ ծնիլը, սեւ կամ կապոյտ աչքերով ծնիլը մարդուն կամքէն կախեալ բան մը չէ եւ հետեւաբար մեզմէ իւրաքանչիւրս ալ կրնար այսօր ըլլալ սեւամորթ մը, յայտնուելով կա՛մ սպասաւորի եւ կամ ոճրագործ գողի կարգավիճակին մէջ:

Հաւանաբար սեւերուն հանդէպ մեր ունեցած ատելութիւնն է պատճառը Ափրիկէի աղքատութեան, որովհետեւ համոզուած ենք, որ աշխարհի վրայ գոյութիւն ունի բաւարարաչափ թէ՛ գումար եւ թէ՛ պարէն՝ աշխարհի բոլոր անօթիներն ու աղքատները կշտացնելու համար:

Ցաւ ի սիրտ, մանկական տեսերիզները նոյնիսկ ամէ՛ն ժխտական բան կը ներկայացնեն սեւով. անոնց մէջ ներկայացող մարդակերերը մի՛շտ սեւամորթներ են, իսկ անմեղ զոհը՝ մի՛շտ ճերմակամորթ մը: Անոնց մէջ խիստ ու չար նկարագիր ունեցողները մի՛շտ սեւեր են, իսկ բարին ու ամենէն կարեւորը՝ մի՛շդ յաղթականը ճերմակամորթներ: Բարի կատուն մի՛շտ ճերմակ է այդտեղ, իսկ սեւն ու սատանան՝ միշտ սեւ եւ այս բոլորը ընդունինք թէ ոչ, իր անջնջելի հետքն ու տպաւորութիւնը կ՚ունենայ մանուկի ներաշխարհին մէջ:

Մարթին Լուտեր Քինկի երազը հակառակ տարիներու երկարութեան տակաւին չկրցաւ իրականութիւն դառնալ ու կը շարունակէ մնալ երազը բազմամիլիոն սեւերու, որոնք ակամայ իրենց սեւութեան պատճառով կ՚անտեսուին ու դուրս կը մնան շրջապատէն եւ երկրորդ կարգի մարդ որպէս կը դիտուին:

Վերջապէս ո՞վ ունի փաստ, որ Ադամ կամ Եւա ճերմակամորթ էին. ո՞վ ունի փաստ՝ որ Քրիստոսի առաքեալներու բոլորը ճերմակամորթ բարիներ էին... մեր երեւակայութեան մէջ անոնք ճերմակ են՝ որովհետեւ բարի են, սակայն Ծննդոցի օձը՝ որ խաբեց Եւան, վստահաբար սեւ ըլլալու էր... որովհետեւ կեանքը այդպէս սորվեցուցած է մեզի:

 

ԿԱՐՃ ՊԱՏՈՒՄՆԵՐ -72-

Մանկութեանս ժամանակ հօրս խանութին փողոցը կ՚ապրէր սեւամորթ կին մը... որ կը սիրէր օրը մի քանի անգամ խանութ գալով գրկել ինձ ու սիրել: Տարօրինակ զգացումով մը կը նայէի կնոջ, իսկ ամենէն հետաքրքրականը իւրաքանչիւր համբոյրէ ետք ձեռքովս այտս կը սրբէի, այն համոզումով որ իր համբոյրէն ետք կրնայ այտս սեւցած ըլլալ:

Ամէն անգամ մեկնելէն ետք կ՚ուզէի լուալ երեսս, բողոքելով որ այտս ամբողջութեամբ սեւ է արդէն:

Հիմա մեծնալէ ետք կը յիշեմ, որ այդ սեւամորթը շա՜տ աւելի ազնիւ էր՝ քան բազմատասնեակ սպիտակամորթ հրէշներ, որոնք կ՚ապրէին, կ՚ապրին եւ պիտի ապրին մեր շուրջ:

ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ

Երկուշաբթի, Հոկտեմբեր 17, 2022