ԿԵՆՍԱԳՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐ

Նախապէս ներկայացուցինք կենսագրութիւններ երեւելի անձնաւորութիւններու՝ որոնք իրենց մտաւոր աշխատութիւններով հետք են թողած եւ կերպով մը ծառայած՝ մտային զարգացման եւ հոգիի ազնուացման։ Ինչպէս ըսած ենք նախապէս, երախտագիտութեան եւ խղճի պարտք է զանոնք յիշել, եւ նաեւ պէ՛տք է օգտուիլ անոնց տիպար կեանքէն, փորձառութիւն աւելցնելով մեր կեանքի փորձառութեան վրայ։

Ուստի այդ տիպար անձնաւորութիւններու կենսագրութիւններէ օրինակներ կը ներկայացնենք հակիրճ կերպով, երախտագիտութեամբ յիշելով զանոնք, միշտ դա՛ս մը քաղելու մտադրութեամբ։

ԼԵՒՈՆ ՇԱՆԹ (ՍԵՂԲՈՍԵԱՆ). Լեւոն Շանթ ծնած է Պոլիս, 1869-ին։ Ղրկուած է Ս. Էջմիածնի Գէորգեան ճեմարան՝ որուն ընթացքը աւարտելէ ետք՝ բարձրագոյն ուսման համար գացած է Գերմանիա եւ Զուիցերիա, ապա երկար տարիներ ուսուցչական պաշտօն վարելու համար Թուրքիոյ եւ Կովկասի մէջ։

Գրական արտադրութեան կողքին, Լեւոն Շանթ ունեցած է ազգային-քաղաքական գործունէութիւն, որ շարունակած է Հայաստանի Հանրապետութեան տարիներուն՝ 1918-էն մինչեւ 1920, եւ ապա՝ Սփիւռքի մէջ։

Այս վերջին ժամանակաշրջանին, իր գործունէութիւնը եղած է առաւելաբար մանկավարժական, յատկապէ՛ս իր հիմնած Համազգայինի ճեմարանի ծիրին մէջ, Պէյրութ, Նիկոլ Աղբալեանի հետ միասին, մինչեւ իր մահը՝ 1951-ը։

Լեւոն Շանթ պատրաստած է նաեւ հայերէնի դասագիրքերու շարքեր. «Մանկական աշխարհ», եւ «Հայրենի աշխարհ»։

Շանթի գործին տիրող մասը արձակ է, վէպ, վիպակ, թատրերգութիւն։ Առաջիններէն՝ կարելի է յիշել «Կինը» եւ «Հոգիները ծարաւի»։ Թատրերգութիւններէն՝ «Հին աստուածներ», «Կայսր», «Շղթայուածը», «Օշին Պայլ»։

ԵՐՈՒԱՆԴ ՕՏԵԱՆ. Երուանդ Օտեան, արեւմտահայ վիպագիր եւ երգիծաբան (1869-1926), ծնած է Պոլիս։ Յաճախած է Պէրպէրեան վարժարան՝ ուր նկատուած է գրականութեան եւ պատմութեան հանդէպ իր հետաքրքրութեամբ։

Պոլիսէն մեկնած 1896-ին՝ տարիներ թափառական ապրած է երկրէ երկիր, վարելով զանազան պաշտօններ։

Կեանքին վերջին տասնամեակը ապրած է Պոլիս, յետոյ Սուրիա-Լիբանան եւ Եգիպտոս։

Երուանդ Օտեան գրեթէ ամբողջ կեանքը անցուցած է գրելով, նաեւ թերթեր խմբագրելով։ Իր արտադրութիւնը քանակով եղած է հսկայ, բայց որակով շատ «անհաւասար», որովհետեւ օրը օրին նիւթ հասցուցած է թերթերու. վէպեր, թատրերգութիւններ, թարգմանութիւններ, ուսումնասիրութիւններ, հազարաւոր «տոմս»եր եւ քրոնիկ-յօդուածներ՝ մեծ մասամբ երգիծական շեշտով։

Արդարեւ, իրեն կը վերագրուի այն խօսքը՝ թէ արագ եւ առատ գրողներ միշտ կրնան ունենալ վրիպանքներ։

Երուանդ Օտեանի բուն երգիծաբանական գործերէն են «Յեղափոխութեան մակաբոյծները», «Պատերազմ եւ խաղաղութիւն», «Ընկեր Փանջունի»։ Այս վերջինը քննադատութեան նիւթ կը դարձնէ կեղծ հերոսները եւ կեղծ յեղափոխական գաղափարները։

ՀԱՄԲԱՐՁՈՒՄ ԿԵԼԷՆԵԱՆ-ՀԱՄԱՍՏԵՂ.  Համաստեղ (1895-1966) ծնած է Խարբերդի մօտ։ Կանուխէն մեկնած է Ամերիկա։ Ան ունի թատերակներ. վէպ մը՝ «Սպիտակ ձիաւորը», չափածոյ գործեր՝ բանաստեղծութիւններ. «Այծետոմար», եւ այլն։ Գրած է ամերիկեան միջավայրը ներկայացնող էջեր եւս, յաճախ ամերիկացի տիպարներով։ Անոնք բոլորն ալ բարի, յաճախ խեղճ, անտեսուած մարդիկ են, որոնք Համաստեղի կողմէ կը պատկերացուին նոյնքան մեծ սիրով եւ բարութեամբ։

ՅՈՎՀԱՆՆԷՍ ԹՈՒՄԱՆԵԱՆ. Յովհաննէս Թումանեան (1869-1923), կոչուած «Ամենայն հայոց բանաստեղծ»ը՝ իր ժողովրդական  եւ հայրենասիրական բովանդակութեամբ գործին համար։ Թումանեան ծնած է Լոռիի Դսեղ գիւղը. գրականութեան նուիրուած իր կեանքին մեծ մասը անցուցած է Թիֆլիզ։

Մեծ նուիրումով տարած է նաեւ ազգային-քաղաքական եւ մարդասիրական գործունէութիւն։

Թումանեանի ճոխ եւ հետաքրքրական գործէն, «Սասունցի Դաւիթ»ի կողքին, կրնանք յիշել իր հեքիաթները, ինչպէս՝ «Քազ Նազար», այլազան քերթուածներ՝ «Մի կաթիլ մեղր»էն մինչեւ «Փարվանա» եւ «Հին օրհնութիւն», եւ մինչեւ «Անուշ» երկարաշունչ պոէմը։ Ծանօթ են նաեւ իր արձակ էջերը, յատկապէս պատմուածքներ, ինչպէս՝ «Գիքոր»ը։

ՐԱՖՖԻ-ՅԱԿՈԲ ՄԵԼԻՔ ՅԱԿՈԲԵԱՆ. Բուն անունով՝ Յակոբ Մելիք Յակոբեան, Րաֆֆի, ծնած է 1835-ին, Ատրպատականի Փայաջուկ գիւղը, հին ազնուական ընտանիքէ։

Ուսման համար պատանութեան գացած է Թիֆլիզ, ապա վերադարձած է գաւառ, առեւտրական հօրը գործին օգնելու։ Անոր սնանկացումէն ետք, բազմանդամ ընտանիքը ապրեցնելու համար, փորձած է զանազան գործեր. եղած է նաեւ ուսուցիչ-դաստիարակ հայրենի գաւառին մէջ, բայց իբր զարգացեալ անձ, հալածուելով՝ հեռացած է։

1870-ի շուրջ պտտած է Հայաստանի զանազան գաւառները, հաւաքած՝ մեծաքանակ պատմա-ազգագրական նիւթեր, որոնք շուտով կը սկսի գործածել վէպերու մէջ. «Խենթը», «Սամուէլ», «Կայծեր», «Դաւիթ Բէկ». կը ձգտին անցեալէն հանել պատգամ՝ ապագայի համար, կա՛մ կը ներկայացնեն 19-րդ դարը՝ Րաֆֆիի ժամանակը միաժամանակ կենդանի տիպարներով։

Երբեմն կարելի է հանդիպիլ նաեւ հեռաւոր ապագայի պատկերացման, ինչպէս՝ «Խենթը» վէպի վերջաւորութեան։

Րաֆֆիի դերը մտքի զարգացման, հասունացման եւ գործանակացման մէջ եղած է իսկապէս հսկայակա՛ն։

***

Ահաւասիկ մտաւորականներ՝ որոնք արժէք կը ներկայացնեն գրականութեան մէջ, ինչպէս ըսինք, պէտք է երախտագիտութեամբ յիշել բոլոր անոնք՝ որոնք նուիրականութեամբ ճոխացուցած, զարգացուցած եւ ազնուացուցած են մարդկային միտքը եւ հոգին, կերտած եւ յանձնած են լուսաւոր ապագայ մը մարդկութեան…։

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

Դեկետմբեր 18, 2019, Իսթանպուլ

Շաբաթ, Յունուար 18, 2020