ՍԵՒՑԱՆՑ -3- ՔՍԱԿԱՀԱՏՈՒԹԻՒՆ

Գ.- ՔՍԱԿԱՀԱՏՈՒԹԻՒՆ.- վերջին տասնամեակը, իր «զարգացած» արուեստագիտութեամբ մեր կեանքին մէջ բացաւ գողերը հետաքրքրող նոր էջ մը՝ կայքահէնութեան ճամբով կատարուած քսակահատութիւն: Աշխարհի «զարգացում»ով գրեթէ ամէն բան դարձաւ առցանց, մինչեւ իսկ տնտեսական աշխարհը եւ այս մէկը պատճառ եղաւ, որպէսզի մարդիկ սկսին գողութիւն կատարել նաեւ առցանց:

Վիճակագրական տուեալներ կը յայտնեն, թէ 2018 թուականին կայքահէններ աշխարհին պատճառած են 8 միլիառ ամերիկեան տոլարի վնաս մը, իսկ 2019 թուականին՝ 11.5 միլիառ ամերիկեան տոլար. 2021 թուականին այդ թիւը նուազած է հասնելով մինչեւ 6 միլիառ ամերիկեան տոլար:

Մինչեւ օրս, նոյնիսկ հաւանաբար այս վայրկեանիս աշխարհի երեսին հազարաւոր կայքահէններ կը փորձեն յարձակիլ ու կոտրել դրամատուներու եւ անհատներու անձնական հաշիւները, այդտեղէն դուրս բերելու համար ապօրէն շահեր ու նիւթական միջոցներ:

Սեւցանցը լաւագոյն հարթակն է այդպիսիներուն համար, կարենալ օրինաւոր շահի վերածելու իրենց գողութիւնը. այսպէս՝ անոնք իրենց գողցած դրամատան տուեալները որոշ գումարի դիմաց կը ծախեն այլ անհատներու. օրինակ 10 համար ամերիկեան տոլար դրամ ունեցող դրամատան հաշիւի դիմաց կը պահանջեն 3 հազար ամերիկեան տոլար եւ այսպիսով օրինական ձեւով իրենք կը ստանան իրենց շահը, իսկ գողցուածը կը փոխանցեն ուրիշին՝ ձեւով մը ազատելով նաեւ ապագայ հետապնդումներէ եւ վտանգներէ, որովհետեւ գողցուած հաշիւով ուրիշն է, որ կը զբաղի, իսկ իրենք իրենց «օրինական» փոխանցումով կատարուած շահը կը վայելեն:

Աշխարհի մէջ առցանց կատարուած գողութիւններու մեծամասնութիւնը կը կատուի «շրջանակ»ին ծանօթ մարդոց կողմէ. գողցողը միշտ ծանօթ կ՚ըլլայ փողոցին, տան անդամներուն եւ անոնց առօրեային եւ անոր հիման վրայ իր ծրագիրները կը մշակէ, սակայն առցանց գողութիւնը ամբողջութեամբ տարբեր է այս երեւոյթէն. Հնդկաստանի մէջ ապրող անհատ մը եթէ ունի գիտութիւնն ու կարողութիւնը, իր տունէն կրնայ գողնալ ամերիկացիի մը հաշուի տուեալները եւ վնաս պատճառել: Օրինակ՝ տարիներ առաջ երեք հնդիկ՝ 38, 27 եւ 26 տարեկան անձերէ բաղկացած արաբ մեծահարուստի մը դրամատան հաշիւէն գողցած էին աւելի քան 300 հազար ամերիկեան տոլար, սակայն չեն յաջողած պահել իրենց ինքնութիւնը:

Սեւցանցի մէջ ամենէն վտանգաւոր ու դժուար բաներէն մէկն է դիմացի անհատի ինքնութեան բացայայտումը. անոնք կրնան նոյնիսկ գողութիւններ կատարել օգտագործելով իմ կամ քու համակարգիչիդ տուեալները. կրնան գողութիւնը կատարել Չինաստանէն, սակայն դրամատան կամ մասնագէտներու մօտ այդ մէկը ցոյց տալ որպէս Յունաստան կամ Ֆրանսա:

Դժբախտաբար առցանց աշխարհը տակաւին չէ կրցած իր ապահովութեան գագաթնակէտին հասնիլ եւ հաւանաբար դժուար հասնի, որովհետեւ մարդու կողմէ ստեղծուած բան մը անպայմանօրէն ուրիշ մարդու մը կողմէ յաղթուելու ենթակայ կը մնայ միշտ. շատ անգամ մարդիկ առանց անհատներու տուեալները գողնալու՝ կը յաջողին ուղղակի դրամատան համացանցային համակարգը ներթափանցել. օրինակ՝ տարիներ առաջ երկու կայքահէններ յաջողած էին այնպիսի բան մը ընել, որ դրամատան ATM մեքենաները ինքնաբերաբար դրամ դուրս հանեն, առանց հպումի եւ կամ մարդու ներկայութեամբ:

Աշխարհահռչակ «Forbes» կայքին համաձայն, մէկ օրուան ընթացքին տեղի կ՚ունենայ աւելի քան 26 հազար կայքահէններու կողմէ կատարուած յարձակումներ. վիճակագրութիւնը կը յայտնէ, թէ 2021 թուականին 1.291 կազմակերպութիւն զոհ դարձած է առցանց կատարուած գողութեանց:

Ոմանց համար ինչքան ալ դժուար թուի այդ բոլորը, ուրիշներու համար կարծես շա՜տ դիւրին բան մը ըլլայ. 2017 թուականին մահուան դատապարտուեցաւ կայքահէն մը, որ կը փորձէր դառնալ համացանցի «Ռոպին Հուտ»ը. ան աւելի քան 217 ամերիկեան դրամատունէ գողցած է աւելի քան 4 միլիառ ամերիկեան տոլար եւ այդ գողցած աւարը տուած է աղքատներուն ու կարիքաւորներուն. այս բոլորը կայքահէնը կատարած է իր 30 տարեկանին. ինքը շա՞տ մասնագէտ է, թէ համակարգը շատ թոյլ է՝ չեմ գիտեր:

Այսօր մարմնական պատերազմի կողքին գոյութիւն ունի երկրորդը՝ առցանց մղուած մարտերը, որովհետեւ այնպէս ինչպէս պատերազմը, նոյնպէս համացանցը կրնայ պետութեան հսկայական գումարներու վնաս պատճառել: Թշնամի պետութիւններու միջեւ միշտ ալ գոյութիւն ունի այդ պայքարը: Աշխարհի մէջ արդէն իսկ գրանցուած է բազմատասնեակ ինքնասպանութեան դէպքեր, որոնց պատճառը եղած է կայքահէններու կողմէ կատարուած յարձակումներն ու գողութիւնները. անոնք դրամատան հաշիւներու կողքին շատ անգամ կը գողնան մարդոց անձնական տուեալները, մինչեւ իսկ գաղտնի անպատշաճ նկարները եւ վախի ազդեցութեան տակ ձգելով դրամական շահ ապահովել կը փորձեն, հակառակ պարագային այդ բոլորը հրապարակել սպառնալով:

Պէտք չէ զարմանալ սեւցանցի մէջ կատարուածներէն, որովհետեւ ան հարազատ պատկերն է մեր ներկային, մեր առօրեային. մարդիկ որքա՜ն ալ փորձեն վարդագոյն ներկայացնել աշխարհը, խաղաղութեան մունետիկ դառնալ փորձեն, պարզ է, որ մեր աշխարհը տարբեր չէ՛ Սոդոմ Գոմորէն. գուցէ հիմա շա՜տ աւելի ահաւոր արարածներ ենք մենք՝ քան իրենք իրենց ժամանակաշրջանին:

Այս բոլորին դիմաց ուրիշ լուծում չկայ, քան Նար-Դոսի առաջարկածը. «Այս աշխարհին ջրհեղեղ պէտք է...»:

- ՎԵՐՋ -

 

ՀԱՅԿԱԿԱՆ ԱՆՑԵԱԼԷՆ ՊԱՏՄՈՒԹԵԱՆ ՄԷՋ ԱՅՍՕՐ

ԺԱՍՄԵՆ
(1894-1978)

Մեր թուականէն 44 տարիներ առաջ՝ 18 յունուար 1978-ին Երեւանի մէջ մահացած է դերասանուհի Ժասմեն (բուն անունով Մարիամ Գրիգորեան):

Ժասմեն ծնած է 7 յունիս 1894-ին, Թիֆլիզի մէջ. ծնած է աղքատ ընտանիքի մէջ եւ նիւթական պատճառներով չէ կրցած շարունակել ուսումը՝ ընդունուած է Հայ Բարեսիրական ընկերութեան ուսումնարան, ուր ի յայտ եկած են անոր դերասանական ու երգելու շնորհները: Ան առաջին անգամ երգած է Ռոմանոս Մելիքեանի եւ ապա Կոմիտաս Վարդապետի քառաձայն երգչախումբէն ներս: Ընթացքին, Ժասմեն դերասանութեամբ սկսած է հանդէս գալ սիրողական ներկայացումներու. անոր առաջին ներկայացումը եղած է «Էտիպ Արքայ»ն, որուն մէջ դեր ստանձնած է նաեւ դերասան ու թատերական գործիչ Ամօ Խարազեան: Այնուհետեւ, 1909-1910 թուականներուն Ժասմեն սկսած է դերեր ստանձնել Թիֆլիզի արուեստի թատրոնէն ներս, բեմ բարձրանալով հայ անուանի դերասաններու հետ:

Ժասմեն 1912-1913 թուականներուն մեկնած է Մոսկուա, դառնալու Մոսկուայի Գեղարուեստական թատրոնի ազատ ունկնդիր: Վերադառնալով Թիֆլիզ ընդունուած է «Հայոց Տրամաթիքական ընկերութեան թատերախումբ», ուր սկսած է ստանձնել առաջին կարգի դերեր. ինչպէս՝ Շիրվանզատէի «Պատուի համար»ի Մարգարիտի դերը, Շէյքսփիրի «Օթելլօ»ի Տեզտեմոնայի դերը եւ բազմաթիւ ուրիշներ: Ժասմեն առաւելաբար յիշուած է «Պատուի համար» ներկայացման Մարգարիտի դերով, որ ներկայացուցած է աւելի քան տասնամեակ մը:

Դերասանուհին 1925-1949 թուականներուն եղած է Պաքուի Հայկական թատրոնի առաջին դերասանուհին, որուն փակուելուն պատճառով որոշ ժամանակ Ժասմեն հեռացած է բեմերէն:

Թատրերգութեան կողքին Ժասմեն դերեր ստանձնած է նաեւ ժապաւէններու մէջ, մարմնաւորելով դերեր «Սեւիլ», «Կիմը հերթապահ» եւ «Մեքսիքական տիպլոմաներ» ժապաւէններուն մէջ:

Ի յիշատակ դերասանուհիին, թատերագէտ Վահրամ Թէրզիպաշեան 1959 թուականին հրատարակած է «Ժասմեն» աշխատութիւնը:

ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ

Երեքշաբթի, Յունուար 18, 2022