ՄՈՒՇԵՂ ԻՇԽԱՆ (1914-1990)

Մուշեղ Իշխան, իսկական անունով՝ Մուշեղ Սրապիոնի Ճենտերէճեան, ծնած է 1914-ին Սիվրիհիսար։ 1923-ին, ընտանիքը հաստատուած է Դամասկոս։ Իր ծննդեան թուականը յաճախ կը յիշուի 1913, սակայն ինք ճշդած է այն, երբ 37 տարիի բաժանումէ մը յետոյ հանդիպած է իր հարազատ մօրը. մինչ ան որդեգրած եւ խնամած է իր հօրեղբօր կինը։ 1918-ին մահացած է հայրը։ 1928-ին ան աւարտած է Դամակոսի (=Շամ) Հայոց ազգային վարժարանը, 1935-ին Պէյրութի Հայ ճեմարանը, 1938-1940 թուականներուն հետեւած է Bruxelles համալսարանի մանկավարժութեան եւ գրականութեան դասընթացքներուն։

1941-1951 թուականներուն խմբագրած է Պէյրութի «ԱԶԴԱԿ» օրաթերթ/շաբաթաթերթը։

Հայ գրականութիւն դասաւանդած է Պէյրութի Հայ ճեմարանին մէջ՝ ուր երկու տարիներ կատարած է նաեւ տնօրէնի տեղակալի պարտականութիւնը։ Ճեմարանի մէջ աշխատած է մինչեւ իր կեանքի վերջին տարին՝ 1990 թուականը։

Մուշեղ Իշխան (Մուշեղ Սրապիոնի Ճենտերէճեան) մահացած է յունիս 12, 1990 թուականին։

Երեւանի մէջ «Մուշեղ Իշխան» անունով դպրոց մը կը գտնուի։ Մուշեղ Իշխանի յայտնի կարգախօսն է՝ «Հայ լեզուն տունն է հայուն» ասոյթը։ Մուշեղ Իշխանի որոշ բանաստեղծութիւնները դարձած են երգեր Արթուր Մեսչեանի երաժշտութեամբ եւ կատարումով։

Ստորեւ կը ներկայացնենք Մուշեղ Իշխանի գործերէն մին՝ դրուագ մը իր մանկութեան օրերէն. «Օրիրոդ Աստղիկը եւ ես» խորագրով։ Դեռ ինը տարեկան մանուկ՝ Մուշեղ կը սորվի, թէ «կեանքը դժուա՛ր է»։

Գրութիւնը կը ներկայացնենք նոյնութեամբ՝ հաւատարիմ մնալով իր բնատիպին։

ՕՐԻՈՐԴ ԱՍՏՂԻԿԸ ԵՒ ԵՍ

Մեր բոլոր դասերը զիս անտարբեր կը ձգեն. ուսուցչուհիները աչքիս՝ պարզապէս «օրիորդ» են, անդէմք, անանուն։

Բայց մարզանքի դա՜սը. այսինքն դասը աւանդող ուսուցչուհի՛ն՝ Օրիորդ Աստղիկը…։ Իր անունէն, գեղեցկութենէն, հագուածքէն, գլխարկէն՝ մինչեւ իր շուրջ տարածուող անուշ հոտը - կը գինովցնեն ինը տարեկան տղու իմ հոգիս…

Օրիորդ Աստղիկը շաբաթը երկու ագնամ միայն դպրոց կու գայ, այդ օրերը տօ՛ն են ինծի համար։

Ահա կը տեսնեմ զինք մանուկի հիացած աչքերովս։ Հագած է վերէն վար ճերմակ շրջազգեստ մը, դրած՝ լայն եզերքով թեթեւ գլխարկ մը, որ թափանցիկ լուսամփոփի մը պէս կէս-լոյսի մէջ կը պահէ իր դէմքը։ Ամբողջ մարմինը քաղցրութիւն է, շարժումները՝ պարող եւ քնքուշ. այնքան՝ որ չեմ հասկնար ինչո՛ւ մարզիչ է, եւ ոչ երգի կամ դաշնակի ուսուցչուհի։

Օրիորդ Աստղիկը մեզ կը հաւաքէ, կը շարէ բակը, ուղղութիւն առնել եւ աջէն ձախ ու ձախէն աջ դառնալ կը սորվեցնէ։

- Իրարու ետեւէ ուղղութի՛ւն առէք,- կը հնչէ իր քաղցր ձայնը։

Բայց իր գեղեցկութիւնը մագնիս է. հրամանը ի՛նչ ալ ըլլայ՝ ես միշտ իր կողմը կը դառնամ, իրեն կը նայիմ. եւ ուղղութիւնս կորսնցնելով՝ շարքէն կ՚ելլեմ։

Կը հասնի. թեւս բռնելով շարքի կը դնէ։

- Զարմանալի է աս պզտիկը,- կ՚ըսէ իր երգող ձայնով,- շարքի կենալ չսորվեցաւ։ Ինչո՞ւ շուարեր ես, շարքի՛ կեցիր, ընկերոջդ ծոծրակի՛ն նայէ, ինծի մի՛ նայիր։

«Օրիորդ Աստղիկ, ինչպէ՜ս չնայիմ քեզի… գեղեցկութիւնդ նկարագրելու համար՝ մանկական միտքս բաւարար բառեր չունի։ Ոչ ալ գիտէ՝ ի՛նչ է մէջէս յորդող յուզումը, երբ դպրոց կու գաս եւ մեր դէմ կը կայնիս՝ ճերմակ պարիկի պէս, կամ կարօտը, որ մեկնելէդ ետք կ՚աճի ներսս»։

Եւ ան ուրկէ՜ գիտնայ, որ յանցաւորը ես չեմ, ի՛նքն է, իր աչքե՛րն են։ Իր աչքերէն, դէմքէն, ամբողջ անձէն եկող ալիքներն են որ կը ցրուեն, տակնուվրայ կ՚ընեն զիս՝ դասարանի ամենախելօք, կարգապահ աշակերտը… Ուրկէ՜ գիտնայ։

Օր մը, երբ Օրիորդ Աստղիկը մարզանքի պահի աւարտէն քանի մը վայրկեան առաջ մեկնած է շտապով, դասընկերներէս Եղիան ինծի կը մօտենայ։

- Գիտե՞ս, Օրդ. Աստղիկը նշանուած է։

- Չէ՜,- կը բացականչեմ խորապէս յուսախաբ,- ո՞վ ըսաւ։

- Երկայն Պօղոսիկը. իր ազգակա՛նն է։

- Ինչո՞ւ նշանուած,- կը կմկմամ, փորձելով ելք մը գտնել շշմած վիճակէս։

- Չե՞ս գիտեր,- եւ Եղիան ինծի աչք կ՚ընէ նշանակալի ձեւով,- պիտի ամուսնանայ նշանածին հետ, միասին նոյն բարձին վրայ պիտի քնանան, վերջն ալ պէպէք պիտի ունենայ։

Չեմ կրնար երեւակայել մեր աղուոր Օրիորդը օտար մարդու մը հետ նոյն բարձին վրայ պառկած։ Կ՚ուզեմ պաշտպանել զինք։

- Հայտէ՜, ծօ՛, կը շինես կոր …

- Աստուա՛ծ վկայ, ճիշդ է ըսածս …

- Գիտե՞ս, կ՚աւելցնէ Եղիան,- երբ որ մեծնամ՝ ձկնորս պիտի ըլլամ, շատ դրամ պիտի շահիմ եւ ճիշդ Օրիորդ Աստղիկին պէս օրիորդ մը պիտի առնեմ։

- Ե՛ս պիտի առնեմ,- կը հակադարձեմ ջղայնութեամբ։

- Դուն ի՞նչ պիտի ըլլաս որ …

- Կօշկակար։

- Քեզի Օրիորդ Աստղիկ չեն տար։

- Ինչո՞ւ։

- Կօշկակարը կօշիկ կարելով շատ դրամ չի շահիր …

Այդ մէկը հաշիւ չէի ըրած, կրկին կը թաղուիմ խոր մտածումներու մէջ։ Ի՜նչ դժուար է կեանքը…

Չ՚անցնիր ամիս մը՝ դպրոցը լուր կը տարածուի, թէ Օր. Աստղիկը ամուսնացեր է, ա՛լ չի գար, իր աղուոր պատկերը ա՛լ չի շրջիր բակին մէջ։ Դպրոցը կը մթննայ աչքիս…

***

Եթէ ինը տարեկան տղայ մը կը զգայ, թէ «կեանքը դժուար է», այդ կը նշանակէ, որ կեանքը իրապէ՛ս դժուար է եւ մեծ պայքա՛ր կը պահանջէ…։

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

Փետրուար 11, 2020, Իսթանպուլ

Երեքշաբթի, Փետրուար 18, 2020