«ԸՆԿԵՐԱՅԻՆ ՄԱՐԴ» ԸԼԼԱԼ

Մարդ էա­կը ու­նի եր­կու ե­րե­սակ­ներ՝ ան, նախ «ան­հատ» մըն է, յե­տոյ մարդ­կա­յին ըն­կե­րու­թեան մէկ «ան­դամ»ը։ Ար­դա­րեւ այս եր­կու ե­րե­սակ­նե­րուն ներ­դաշ­նա­կու­թիւնն է որ կը կազ­մէ մար­դը ամ­բող­ջու­թեամբ։ Մար­դուն, ինչ­պէս կ՚ը­սուի, ո՛չ մէկ բան օ­տար է որ մարդ­կա­յին է։ Մարդ կրնայ կա­տա­րե­լա­գոր­ծուիլ տե­ւա­կան ինք­նա­նո­րո­գու­մով։ Ինք­նա­նո­րո­գում կը նշա­նա­կէ՝ վերս­տեղ­ծել ինք­զինք իր հա­րա­զատ ինք­նու­թեան մէջ։ Եւ ա­սի­կա միա­կող­մա­նի ե­թէ ըլ­լայ՝ ան­կա­տար, թե­րի կը մնայ, այլ այս ինք­նա­նո­րո­գու­մը պէտք է ըլ­լայ երկ­կող­մա­նի՝ թէ՛ ան­հա­տա­պէս եւ թէ՛ ըն­կե­րա­յին կեան­քի մէջ։ Մարդ պէտք է եր­կու­քին ալ կա­րե­ւո­րու­թիւն ըն­ծա­յէ եւ յա­ռաջ­դի­մէ թէ՛ ան­հատ ըլ­լա­լով եւ թէ մա­նա­ւա՛նդ որ­պէս մարդ­կա­յին ըն­կե­րու­թեան մէկ ան­դա­մը, որ մաս­նի՛կն է ամ­բողջ ըն­կե­րու­թեան եւ մարդ­կու­թեան։

Մարդ որ­քան «ան­հատ» բայց նաեւ «ան­դամ» է եւ այս եր­կու հան­գա­մանք­նե­րը կը կազ­մեն «մարդ»ը։

Ու­րեմն, ըն­կե­րա­յին էակ մըն է եւ պէտք է ըն­դու­նի իր այս բնա­կան յատ­կու­թիւ­նը։ Ուս­տի ստեղ­ծա­գոր­ծու­թեան ժա­մա­նակ «մարդ»ը ստեղ­ծուե­ցաւ եւ յե­տոյ մարդ էա­կին ըն­կեր-օգ­նա­կան տրուե­ցաւ, քա­նի որ ա­նոր մի­նակ ապ­րի­լը կա­րե­լի չէր եւ այս­պէս ե­ղաւ՝ «այր-մարդ»ը եւ «կին-մարդ»ը, այ­սինքն հա­ւա­քա­կա­նու­թիւն մը ստեղ­ծուե­ցաւ եւ ա­նոնց միու­թեամբ «մարդ»ը՝ մարդ­կա­յին սե­րուն­դը շա­րու­նա­կեց։

Մարդ էա­կին «ըն­կե­րա­յին» ըլ­լա­լու ու­րիշ մէկ փա՛ստն է՝ ա­նոր «ի­րե­րօգ­նու­թեան» կո­չուած ըլ­լա­լը։ Ար­դա­րեւ, իւ­րա­քան­չիւր մարդ ստեղ­ծուած է տար­բեր յատ­կու­թիւն­նե­րով, ա­մէն մէ­կը ո­րոշ թե­րու­թիւն­նե­րով եւ տկա­րու­թիւն­նե­րով, նաեւ՝ ա­ռա­ւե­լու­թիւն­նե­րով, որ­պէս­զի ի­րա­րու թե­րու­թիւ­նը լրաց­նեն, տկա­րու­թիւ­նը զօ­րաց­նեն՝ մէ­կուն ու­նե­ցա­ծով միւ­սին պա­կա­սը ամ­բող­ջաց­նեն։

Ա­հա­ւա­սիկ ա­սի­կա կը կո­չուի «ի­րե­րօգ­նու­թիւն», որ կ՚են­թադ­րէ մար­դուն ըն­կե­րա­յին էակ մը ըլ­լա­լու պա­հանջ­քը, պար­տա­ւո­րու­թիւ­նը։ Մարդ պէտք է հա­ւա­քա­պէս ապ­րի, որ­պէս­զի իր պա­հանջ­քը գո­հաց­նէ, իր էու­թիւ­նը պա­հէ եւ գո­յու­թիւ­նը տե­ւա­կա­նաց­նէ։

Այս ի­մաս­տով, ա­հա­ւա­սիկ, մարդ որ­պէս ան­հատ, պէ՛տք է ըլ­լայ «ըն­կե­րա­յին մարդ»՝ ըն­կե­րու­թեան հա­ղորդ անձ՝ հա­կադ­րա­բար մե­կու­սա­ցու­մին, ինք­նա­ռանձ­նա­ցու­մին, ե­սա­կեդ­րոն միայ­նա­կե­ցու­թեան։

Մարդ, որ­քան որ պէտք է ըլ­լայ «ըն­կե­րա­յին», բայց ա­ռա՛նց դառ­նա­լու «ըն­կե­րա­պաշտ»։ Ար­դա­րեւ, այս «ըն­կե­րա­պաշտ» ա­սոյ­թը պէտք է առ­նել իր ա­մե­նա­լայն, ըն­դար­ձակ եւ հա­սա­րա­կա­ցած ի­մաս­տով՝ այ­սինքն «հա­ճո­յա­պաշտ» նշա­նա­կու­թեամբ՝ ռամ­կու­թեան եւ հա­սա­րակ դիր­քի հաս­նե­լու աս­տի­ճան։ Ուս­տի «պարզ» ըլ­լալ տար­բեր բան է, գռե­հիկ, ստո­րին ըլ­լալ, տար­բեր բան։ Եր­կու պա­րա­գա­նե­րը ի­րար շփո­թել սխա՛լ է եւ պատ­րանք միեւ­նոյն ժա­մա­նակ։

Ու­րեմն մարդ պէտք է ներ­դաշ­նա­կել գիտ­նայ ան­հա­տա­կա­նու­թիւ­նը եւ ըն­կե­րա­յին ըլ­լա­լը։ Պէտք է աշ­խար­հա­յին ըլ­լայ բայց ո՛չ աշ­խար­հա­պաշտ, պէտք չէ՛ որ նոյ­նա­նայ, միա­նայ աշ­խար­հի հետ, աշ­խար­հա­յի­նին հետ, միշտ պա­հե­լով իր մարդ­կա­յին ար­ժա­նա­պա­տուու­թիւ­նը իր բարձր աս­տի­ճա­նին ու դիր­քին վրայ։

Կա­րե­լի՞ է ա­սի­կա։ Մարդ կրնա՞յ մնալ միշտ իր բարձր դիր­քին վրայ, երբ կեան­քի մէջ կան ա­ւե­լի «վար» դիր­քեր եւ ա­ւե­լի «վեր» դիր­քեր՝ ո­րոնք տե­ւա­պէս կը հրա­պու­րեն, կը շլաց­նեն, ի­րեն կը քա­շեն մար­դը՝ կը շար­ժեն դէ­պի վար ընդ­հան­րա­պէս եւ հա­զուա­դէ­պօ­րէն ալ դէ­պի վե՛ր։ Եւ ա­հա­ւա­սիկ, մարդ, այս «վե­րի­վայ­րում»նե­րուն մէջ երբ կրնայ մնալ իր դիր­քին վրայ՝ հոն ուր պէտք է ըլ­լայ, այն ա­տեն հա­ւա­տա­րիմ կը մնայ իր կո­չու­մին եւ կ՚ըլ­լայ՝ «մա՛րդ»։­

Ուս­տի կա­րե­ւոր է իր դիր­քը պահ­պա­նել, ե­թէ նոյ­նիսկ ա­ւե­լի վե­րը ըլ­լայ, կամ ա­ւե­լի վար իջ­նէ՝ մնայ միշտ իր դիր­քին, իր նկա­րագ­րին, իր իս­կա­կան բնու­թեան մէջ։ Սա­պէս խոր­հինք՝ մարդ վեր ել­լե­լով, ի­րա­պէս բարձ­րա­ցա՞ծ կ՚ըլ­լայ եւ կամ վար իջ­նե­լով, ստոր­նա­ցա՞ծ կ՚ըլ­լայ, ե­թէ մարդ կա­րե­նայ պա­հել իր իս­կա­կան դիր­քը եւ նկա­րա­գի­րը՝ չի փո­խուիր, կը մնայ միշտ նո՛յ­նը, ինչ որ է իր էա­կա­նին մէջ։

Այս կը նշա­նա­կէ, որ դիր­քեր, աս­տի­ճան­ներ պէտք չէ փո­խեն մար­դը՝ մար­դուն էա­կան ինք­նու­թիւ­նը, քա­նի որ ա­նոնք պար­զա­պէս «վի­ճակ»ներ են եւ ո՛չ թէ «կա­ցու­թիւն»։ Մարդ երբ «վեր» ել­լէ, պէտք չէ՛ բարձր տե­ղէն դի­տէ իր շուր­ջը, իր ան­ցեա­լը, ինչ­պէս նաեւ՝ ե­թէ ո­րե­ւէ պատ­ճա­ռով կորսնց­նէ իր դիր­քը, իր աս­տի­ճա­նը, պէտք չէ յուալ­քուի եւ պէտք չէ կորսն­ցու­ցած նկա­տէ իր ինք­նու­թիւ­նը, քա­նի որ ե­թէ նոյ­նիսկ չքա­նան ա­մէն դիրք ու աս­տի­ճան, ան կը մնայ ի՛նք, իր իսկ ար­ժէ­քով եւ ար­ժա­նա­պա­տուու­թեամբ։

«Ըն­կե­րա­յին մարդ»ուն հա­մար կա­րե­ւո­րը իր ինք­նու­թիւ­նը եւ ան­հա­տա­կա­նու­թիւ­նը պահ­պա­նե՛լն է երբ «ան­դամ» ըլ­լայ ըն­կե­րու­թեան։ Ան­դամ ըլ­լալ՝ իր ան­հա­տա­կա­նու­թիւ­նը, ինք­նու­թիւ­նը ա­ռանց կորսնց­նե­լու՝ ա­հա­ւա­սիկ ա՛յս է «մարդ»ը, ար­ժա­նա­պա­տուու­թիւն եւ ար­ժա­նա­ւո­րու­թիւն ու­նե­ցող, ինք­նու­թիւն պար­զող ան­հա­տը։ Հաս­տա­տա­միտ, նկա­րա­գի­րը զօ­րա­ւոր, աշ­խար­հի հո­սանք­նե­րէ չտա­րուող կամ­քի տէր մար­դուն հա­մար ո­րե­ւէ ազ­դե­ցու­թիւն չու­նի՝ ո՛չ «վեր»ը եւ ո՛չ ալ «վար»ը, պար­զա­պէս ժա­մա­նա­կա­ւոր վի­ճակ­ներ են ա­նոնք, որ չեն փո­խեր ինք­նու­թիւ­նը։

«Ան­հատ» ըլ­լալ եւ «ըն­կե­րա­յին մարդ» դիր­քին մէջ, ըն­կե­րու­թեան «ան­դամ» վի­ճա­կին մէջ պա­հել իր «ան­հատ»ի նկա­րա­գի­րը՝ չմիա­ձու­լուիլ ըն­կե­րու­թեան մէջ եւ ի՛նչ որ կը պա­հան­ջուի զօ­րա­ւոր նկա­րագ­րէ մը։

Ան­շուշտ մարդ սխա­լա­կան է՝ ու­նի մարդ­կա­յին տկա­րու­թիւն­ներ եւ թե­րու­թիւն­ներ, բայց այն որ կրնայ անդ­րա­դառ­նալ իր տկա­րու­թիւն­նե­րուն եւ թե­րու­թիւն­նե­րուն եւ ըստ այնմ կը վա­րէ կեան­քը, ա­հա­ւա­սիկ ա՛ն է որ կը կա­տա­րե­լա­գոր­ծուի։ Ա­սոր հա­մար պէտք է մարդ միշտ ինք­նա­նո­րո­գու­մով, աշ­խոյժ մնայ եւ պատ­րաստ ըլ­լայ ա­մէն փոր­ձու­թեան։ Այ­սօր, մարդ­կու­թիւ­նը պէտք ու­նի ա­ւե­լի եւս ներ­քին տո­գո­րու­մի մը, ներ­քին պրկու­մի մը՝ ներ­քին պայ­քա­րի եւ հո­գե­կան ար­ժէք­նե­րու վե­րա­կեն­սա­ւոր­ման։ Ուս­տի պէտք է հա­ւա­տալ, պէտք է վստա­հիլ այդ ար­ժէք­նե­րուն եւ ճշմար­տու­թեան, այն ա­նու­րա­նա­լի, ան­վի­ճե­լի ճշմար­տու­թիւ­նը, թէ՝ հո­գե­ւո­րը շատ ա­ւե­լի կեն­սա­կան է մար­դուն հա­մար, քա­ն մարմ­նա­կա­նը, ո­րով­հե­տեւ մշտնջե­նա­կա­նը հո­գե­ւոր ար­ժէք­ներն են, իսկ մարմ­նա­ւո­րը՝ ժա­մա­նա­կա­ւո՛ր։

Պէ՛տք է խոս­տո­վա­նիլ, թէ այս հա­ւատ­քով երբ կ՚ապ­րին եւ կ՚ի­րա­գոր­ծեն ի­րենց կեան­քի ե­րե­ւոյթ­նե­րը, ա­ռիթ­նե­րը՝ կ՚ա­պա­հո­վեն ներ­կա­յի չափ ա­պա­գան, այդ սե­րունդ­նե­րը կը գո­յա­տե­ւեն եւ հետզ­հե­տէ կը յա­ռաջ­դի­մեն։ Հո­գե­ւոր եւ մտա­ւոր ար­ժէ­քի հա­ւատ­քը, մարդս կը պա­հէ ա­մուր, հաս­տատ, կամ­քի տէր եւ զօ­րա­ւոր նկա­րագ­րի մէջ, այ­լա­պէս մարդ կը տա­րուի ա­մէն հո­սան­քէ, կը տպա­ւո­րուի վե­րու­վայ­րի շար­ժում­նե­րէ՝ կը փո­խուի եւ ի վեր­ջոյ կը կորսնց­նէ իր ինք­նու­թիւ­նը, իր էու­թիւ­նը եւ մին­չեւ իսկ իր մարդ­կու­թիւ­նը։

Ու­րեմն, մարդ պար­տա­ւոր է, պէտք է ջա­նայ՝ իր մարդ­կա­յին տկա­րու­թիւն­նե­րու եւ թե­րու­թիւն­նե­րու սահ­ման­նե­րուն մէջ դի­մադ­րել աշ­խար­հի ա­մէն տե­սակ փոր­ձու­թիւն­նե­րու, պայ­քա­րի դժուա­րու­թիւն­նե­րու հետ. ան­շուշտ կրնայ եր­բեմն պար­տուիլ, քա­նի որ ա­պա­հո­վագ­րուած չէ եր­բեք միշտ յաղ­թա­կան ել­լե­լու այդ պայ­քա­րէն, բայց պէտք է գիտ­նայ՝ շա­րու­նա­կել պայ­քա­րը, միշտ եւ ա­ւե­լի՛ ե­ռան­դուն, միշտ ա­ւե­լի աշ­խո՛յժ։ Եւ կա­րե­ւո­րը ո՛չ թէ ան­կում չու­նե­նալն է, այլ ան­կու­մէն ետք վե­րա­կանգ­նե­լու եւ շա­րու­նա­կե­լու կամ­քը եւ հա­ւատ­քը ու­նե­նա՛լն է…։

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

Ապ­րիլ 12, 2017, Իս­թան­պուլ

Երեքշաբթի, Ապրիլ 18, 2017