ՇԱԲԱԹԸ ՅԱՐԳԵԼՈՒ ՀԱՐՑԸ
«Շաբաթ» օրը եբրայական շաբաթին 7-րդ օրն էր, երբ ամէն զբաղում եւ աշխատանք պէտք էր դադրէր։ Եւ արդէն «Շաբաթ» եբրայերէն կը նշանակէ՝ հանգիստ կամ դադար։ Ուստի Շաբաթը «սուրբ» օր էր, այսինքն Տիրոջ նուիրուած օր, եւ ամէն Հրեայ պէտք էր ժողովարան երթար աղօթելու եւ Սուրբ Գիրքի ընթերցումը եւ բացատրութիւնը ունկնդրելու։ Երբ հարցը «շաբաթ օրը յարգել» է, այսինքն շաբաթ օր ո՛չ մէկ աշխատանք ընել, ո՛չ մէկ բանով զբաղիլ, ապա ուրեմն բարի գործ ալ պիտի չկատարուէ՞ր…։
Այս մասին Յիսուսի խօսքը շատ յստակ է, Ան կ՚ըսէ, թէ ողորմութիւն կ՚ուզէ եւ ո՛չ թէ զոհ։ Այլապէս անմեղները դատապարտել ճիշդ չէ, քանի որ Մարդու Որդին Տէ՛րն է Շաբաթին։ Եւ դարձեալ Յիսուս կ՚ըսէ, թէ՝ Շաբաթ օրը մարդուն համար է, եւ ո՛չ թէ մարդը՝ Շաբաթ օրուան, ուրեմն Մարդու Որդին Շաբաթ օրուան ալ Տէ՛րն է։ Այս իր ընդհանուր իմաստով կը նշանակէ՝ թէ օրէնքը մարդուն համար է եւ ո՛չ թէ մարդը օրէնքին համար։ Երբ մարդիկ օրէնք մը գործադրելու հարկադրուած են, անհրաժեշտ է նախ մարդուն օգուտը նկատի ունենալ, քանի որ օրէնքը մարդուն օգտին համար է, մարդուն իրաւունքը, ազատութիւնը եւ արժանապատուութիւնը ապահովելու, պահպանելու եւ անոր գոյատեւումը իրականացնելու համար։ Ուրեմն, օրէնքը միջոց է եւ մարդը՝ նպատակ։
Ուստի օրէնքը գործադրելու ժամանակ, պէտք է նախ նկատի ունենալ մարդուն օգուտը, մարդուն բարիքը եւ ըստ այնմ շարժիլ։ Օրէնքի գործադրութեան մէջ առաձիգ ըլլալու է…։
Արդարեւ «Շաբաթ»ը Իսրայէլի օրէնքին սի՛րտն էր։ Շաբաթը սրտի պէս կեդրոնն է Իսրայէլի օրէնքին։ Պատուիրանները պահել՝ կը համապատասխանէր Աստուծոյ իմաստութեան մէջ։ Բայց Յիսուս Քրիստոսով եօթներորդ օրը կ՚աւարտէ առաջին արարչագործութիւնը։ Իսկ ութերորդ օրով կը սկսի «նոր արարչագործութիւն»ը։ Այսպէս, «արարչագործութիւն»ը կը հասնի իր բարձրակէտին՝ փրչագործութեան աւելի՛ մեծ գործով։ Առաջին արարչագործութիւնը Քրիստոսով կը գտնէ իր իմաստը եւ իր գագաթնակէտը նոր արարչագործութեան մէջ, որուն պայծառութիւնը կը գերազանցէ առաջինին պայծառութիւնը։ Եւ ահաւասիկ այս պատճառով է, որ Շաբաթը կը դառնայ միջոցի մը՝ մարդուն փրկութեան, այսինքն բարիքին համար։ Ուրեմն մարդը Շաբաթին համար չէ, այլ՝ Շաբաթը մարդուն օգտին եւ բարիքին համար։
Յիսուս Օրէնքը կ՚ամբողջացնէ աստուածային մեկնաբանութեամբ ցոյց տալով անոր «դաստիարակչական» իմաստը։
Այնտեղ ահաւասիկ կը տեսնուի օրէնքին իսկական նպատակը. աստուածային իշխանութեամբ Օրէնքին վերջնական մեկնաբանութիւնը տալով, Յիսուս կը բախի կարգ մը օրէնսգէտներու՝ որոնք չէին ընդունիր Օրէնքին նկատմամբ տուած Անոր մեկնաբանութիւնը՝ որ սակայն երաշխաւորուած էր անոր ընկերացող «աստուածային նշան»ներով։ Եւ ասիկա կը զօրէ մանաւանդ «Շաբաթ»ի հարցին համար. Յիսուս յաճախ րաբունական փաստարկութիւններով կը յիշեցնէ, թէ Աստուծոյ կամ մերձաւորին ընծայուած ծառայութիւնը, զոր կ՚իրագործեն իր բուժումները, երբեք չի՛ խանգարեր Շաբաթ օրուան հանգիստը, քանի որ կարեւորը մա՛րդն է՝ անոր բարիքը, անոր օգուտը եւ պահպանումը, փրկութիւնը։
Հոս, քանի որ «Շաբաթ»ը համազօր նկատուած է Օրէնքին, ուրեմն կ՚արժէ խորհրդածել նաեւ «օրէնք»ի մասին։
Օրէնքը, իր ընդհանուր իմաստով, կենցաղի կանոն մըն է, հրահանգուած պատկան իշխանութեան կողմէ, հասարակաց բարիքին համար, որուն մէ՛ջն է նաեւ անհատական բարիքը։
Արդարեւ օրէնքը կ՚ենթադրէ «բանական կարգ»ը, որ Արարչին զօրութեան, իմաստութեան, կարողութեան եւ բարութեան կողմէ հաստատուած է արարածներուն միջեւ անոնց բարիքին համար եւ ի նպաստ անոնց վախճանին։ Ամէն օրէնք «յաւիտենական օրէնք»ին մէջ կը գտնէ իր առաջին եւ վերջին ճշմարտութիւնը։ Օրէնքը հռչակուած եւ հաստատուած է բանականութեան կողմէ՝ իմաստութեամբ, իբրեւ մասնակցութիւն մը կենդանի Աստուծոյ նախախնամութեան՝ որ Արարիչն է եւ Փրկի՛չը բոլորին։ Եւ ահաւասիկ, այս «բանականութեան կարգաւորութիւն»ը կը կոչենք «օրէնք»։
Եւ շնչաւոր, կենդանի բոլոր արարածներուն մէջ, մարդը միա՛կն է, որ կրնայ հպարտանալ, թէ արժանի եղած է հաստատել, ընդունիլ եւ հպատակիլ եւ ըստ այնմ շարժիլ «օրէնք» կոչուած բանական կարգաւորութեան մը։
Օրէնքը մարդ, ինք կը հաստատէ՝ նոյնինքն հպատակելու, հնազանդելու եւ գործադրելու համար։ Մարդն է, որ իմացականութեամբ օժտուած՝ ատակ դատելու, որոշելու եւ կանոնաւորելու իր ընթացքը եւ ամբողջ կեանքը՝ օգտագործելով ազատութիւնը, իմաստութիւնը եւ իմացականութիւնը՝ հնազանդելով իրեն յանձնուած կանոններուն։
Ուստի օրէնքին գործադրութեան շարժառիթն է՝ սէրը։ Արդարեւ Սուրբ Թովմաս Աքուինացի կ՚ըսէ.
«Օրէնքը վիճակուած է մարդէն հեռացնելու ի՛նչ որ անհաշտ է սիրոյն հետ։ Օրէնքը իբր նպատակ ունի հեռացնելու ամէն ինչ, որ կրնայ արգե՛լք գոյացնել սիրոյ աճումին, նոյնիսկ եթէ ինքնին հակառակ չէ սիրոյ»։
Իսկ Սուրբ Ֆրանչիսկոս Սալեզացի կը վերլուծէ օրէնքին պատուէրներուն նպատակը՝ աստուածային նախախնամութեան եւ հոգածութեան տեսակէտէ։
«Աստուած չ՚ուզեր, որ ամէն մարդ ամէն խրատ գործադրէ, այլ միա՛յն անոնք՝ որոնք պատշաճ են ըստ տարբերութեան անձերուն, ժամանակներուն, առիթներուն եւ կարողութիւններուն ու տարողութիւններուն, ինչպէս որ սէրը կը պահանջէ զայն, քանի որ սէրը ինքն է, որ իբրեւ թագուհի բոլոր առաքինութիւններուն, բոլոր պատուիրաններուն, բոլոր խրատներուն եւ վերջապէս բոլոր օրէնքներուն եւ քրիստոնեայ բոլոր արարքներուն, կը նշէ մարդուն եւ կնոջ յատուկ շարքը, կարգը, ժամանակը եւ արժէ՛քը», Արդարեւ, օրէնքը կը պարունակէ ճշմարտութիւններ՝ որոնք դիւրատար կ՚ընեն մարդուս կեանքը։
Ուրեմն բացայայտ կերպով կը տեսնուի, որ օրէնքին գործադրութիւնը պէտք է ըլլայ մարդուն ի նպաստ, մարդուն բարիքը նպատակ ունենալով գործելու է ան։
Այն օրէնքը, որ մարդուն օգտին չի ծառայեր, պատշաճ կերպով պէտք է փոխուի՝ ի նպաստ մարդուն եւ օգտակար ձեւ ստանայ։ Արդարեւ օրէնքի մը մեկնաբանութիւնը պէտք է ըլլայ միշտ նկատի ունենալով մարդ եզրին բարիքը, օգուտը եւ բարոյական շահը։
Պատմութիւնը ցոյց կու տայ, թէ այն օրէնքները, որոնք չեն ծառայեր մարդկային բարիքին, ի վերջոյ կը փոխարինուին մարդուն օգտին ծառայող օրէնքներով։
Ուրեմն, Յիսուս երբ կ՚ըսէ, թէ Շաբաթը մարդուն համար է եւ ոչ թէ մարդը Շաբաթին համար, երբ «Շաբաթ»ը հասկնանք որպէք «օրէնք», ըսել կ՚ուզէ, թէ օրէնքը պէտք է ծառայէ մարդուն, եւ ոչ թէ մարդը օրէնքին։ Քանի որ օրէնքներ կը փոխուին, բայց մարդը իր բոլոր արժէքներով անփոփոխ կը մնայ…։
Բոլոր այս խորհրդածութիւնները մեզ կը տանին այն եզրակացութեան, թէ երբ օրէնք մը կը գործադրուի՝ նախ եւ առաջ պէտք է նկատի առնուի մա՛րդը՝ իր արժանիքով ու արժանապատուութեամբ, իր իրաւունքով ու ազատութեամբ եւ ըստ այնմ մեկնա-բանուի օրէնքը։
Օրէնքի գործադրութեան մէջ մարդուն բարիքը առաջնակարգ դեր կը խաղայ։ Մարդուն ամբողջական էութիւնը միշտ աւելի ծանր կը կշռէ, քան օրէնքը իր ամբողջ գործադրութեամբ։ Անշուշտ այս օրինազանց ըլլալ, օրէնքի տրամադրութիւններուն չհապատակիլ կամ չհնազանդիլ չի՛ նշանակեր, այլ՝ մեկնաբանութեան եւ ուղի՛ղ գործադրութեան հարց մը կը ստեղծէ, ի՛նչ որ բնական է ամէն մարդկային արարքի համար։
Օրէնքին նպատակն է՝ մարդուն բարիքը…։
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Յունիս 9, 2015, Իսթանպուլ
Հոգեմտաւոր
- 05/02/2025
- 05/02/2025