ԿՐՕՆԱԿԱՆ ԵՐԿԻՒՂ

«Միայն զօրքերու Տէրը փառաւորեցէք, Անիկա ըլլայ ձեր վախը եւ ձեր զարհուրանքը», կ՚ըսէ Եսայի մարգարէ. (ԵՍ. Ը 13)։ Հոգեւոր կնիքը մարդուս կու տայ սուրբ երկիւղի հոգին՝ որ է իմաստութեան եւ հանճարի հոգին։ Արդարեւ, Սուրբ Հոգիին եօթը պարգեւներն են. իմաստութիւնը, հանճարը, խրատը, զօրութիւնը, գիտութիւնը, աստուածպաշտութիւնը եւ Աստուծոյ երկիւղը։ Իրենց լրումին մէջ անոնք կը պատկանին Քրիստոսի, Դաւիթի Որդիին. (ԵՍ. ԺԱ 1-2)։ Անոնք կը լրացնեն եւ իրենց կատարելութեան կը հասցնեն այն առաքինութիւնները՝ որոնք կ՚ընդունին զանոնք։ Անոնք հաւատացեալները կը դարձնեն հլու՝ հնազանդելու համար փութկոտութեամբ աստուածային ներշնչումներուն. «Քու բարի հոգիդ թող առաջնորդէ ինծի ուղիղ երկրին վրայ», կ՚ըսէ Սաղմոսերգուն. (ՍԱՂՄ. ՃԴԲ 10)։ Եւ դարձեալ, Պօղոս Առաքեալ կ՚ըսէ. «Ամէն անոնք զորս կ՚ոգեւորէ Աստուծոյ Հոգին, Աստուծոյ որդիներ են…։ Եթէ որդիներ, ուրեմն ժառանգորդներ. ժառանգորդներ Աստուծոյ եւ ժառանգորդներ, ժառանգորդակիցներ Քրիստոսի» (ՀՌՈՄ. Ը 14, 17)։

Արդարեւ, «Վերջին Դատաստան»ին պատգամը կո՛չ մըն է դարձի այնքան ատեն որ Աստուած մարդոց դեռ կու տայ «յարմար ժամանակը, փրկութեան օրը» (Բ ԿՈՐՆ. Զ 2)։ Ան կը ներշնչէ Աստուծոյ սուրբ երկիւղը։ Մարդը յանձնառու կ՚ընէ ի նպաստ Աստուծոյ Արքայութեան արդարութեան։ Կ՚աւետէ «երանաւէտ յոյսը» (ՏԻՏ. Բ 13) Տիրոջ վերադարձին, «որ պիտի գայ փառաւորուելու Իր սուրբերուն մէջ եւ հռչակուելու բոլոր հաւատացեալներուն» (Բ ԹԵՍ. Ա 10)։

Աստուածային երկիւղը, սկիզբն է ծնողներու հանդէպ յարգանքին։ Այնքան ատեն որ զաւակը կ՚ապրի ծնողներուն յարկին տակ, պարտի հնազանդիլ անոնց ամէն խնդրանքին, կատարուած՝ իր կամ ընտանիքին բարիքին համար։ «Որդինե՛ր, ամէն բանի մէջ հնազանդեցէ՛ք ձեր ծնողներուն, որովհետեւ ասիկա հաճելի է Տիրոջ». (ԿՈՂ. Գ 20), (ԵՍ. Զ 1)։

Զաւակները պարտին նաեւ հնազանդիլ իրենց դաստիարակներուն, ուսուցիչներուն խոհական պատուէրներուն եւ բոլոր անոնց՝ որոնց վստահած են զիրենք իրենց ծնողները։

Մեծնալէ ետք ալ, զաւակները պիտի շարունակեն յարգե՛լ իրենց ծնողները։ Պիտի կանխեն անոնց փափաքները, սիրով պիտի դիմեն անոնց խրատներուն եւ պիտի ընդունին անոնց արդարացի՛ յանդիմանութիւնները։

Զաւակներուն չափահասութեամբ՝ անոնց հնազանդութիւնը ծնողներուն հանդէպ թէեւ կը դադրի, բայց ո՛չ յարգանքը, որուն ցմիշտ պարտաւոր են մնալ։ Այդ յարգանքը, որովհետեւ կու գայ աստուածային երկիւղէն։ Արդարեւ, յարգանքը իր արմատները ունի Աստուծոյ երկիւղին մէջ՝ որ մէկն է Սուրբ Հոգիին պարգեւներէն։ Եւ որդիական յարգանքը կը նպաստէ ամբողջ ընտանեկան կեանքին ներդաշնակութեան, խաղաղութեան։

«Կիրք» եզրը կը մատնանշէ մարդուն զգայնութիւնները եւ կամ զգացումները։ Իր յուզումներուն ընդ մէջէն մարդը կը նախզգայ «բարի»ն եւ կը զգուշանայ «չար»էն։ Այս իմաստով, գլխաւոր կիրքերն են՝ սէրը եւ ատելութիւնը, բաղձանքը եւ վախը՝ երկիւղը, ուրախութիւնը, տխրութիւնը եւ բարկութի՛ւնը։ Կիրքերուն մէջ, որոնք նկատուած են իբր զգայնութեան մղումներ, չկա՛յ բարոյական ո՛չ բարիք եւ ո՛չ չարիք։ Սակայն այն չափով որ կիրքերը կախում ունին կամ չունին իմացականութենէն եւ կամքէն, ասոր համեմատ անոնց մէջ կ՚ըլլայ բարոյական բարին կամ չարը։ Եւ երկիւղն ալ որպէս «կիրք», իր բարոյական «բարի»ն կամ «չար»ը կախում ունի իմացականութենէն եւ կամքէն։ Մարդ, երկիւղը իմացականութեամբ եւ կամքին զօրութեամբ կրնայ օգտագործել ի նպաստ բարիին եւ կամ կրնայ շահագործել՝ չարին համար։

Զղջումը Աստուծոյ մէկ պարգեւն է եւ Սուրբ Հոգիին մէկ մղումը։ Ան կը ծնի մեղքին տգեղութեան մասին խորհրդածութենէն եւ կամ մեղաւորին սպառնացող յաւիտենական դատապարտութեան եւ այլ պատիժներու, հատուցումներու վախէն՝ որ կը կոչուի «վախի զղջում»։

Խղճի նման խորունկ ցնցում մը կրնայ սկիզբ տալ «ներքին յեղաշրջում»ի մը, որ շնորհքին ազդեցութեան տակ իր լրումին կը հասնի խորհրդենական արձակումով։

Պատշաճ է այս խորհուրդը ընդունելու համար խղճի քննութիւն կատարել Աստուծոյ Խօսքին լոյսին տակ։ Արդարեւ Աստուծոյ երկիւղը ուղեցոյց մըն է խղճին՝ որ է Աստուծոյ ձայնը մարդուս մէջ։

«Կիրք» եզրը կը պատկանի քրիստոնեայ աւանդին։

Զգացումները կամ կիրքերը կ՚արտայայտեն յուզումներ կամ զգայնութեան շարժումներ, որոնք կը միտին գործելու կամ չգործելու, նայած թէ մարդ բան մը իբր «բարի» կամ իբր «չար» կ՚ընկալէ կամ կը պատկերացնէ։ Ուստի կիրքերը բազմաթիւ են։ Ամենէն հիմնական կիրքը, ինչպէս յիշուեցաւ, սէ՛րն է, որ կը դրդուի «բարի»ին հմայքէն։ Սէրը կը պատճառէ բացակայ բարիին բաղձանքը եւ զայն ստանալու յո՛յսը։ Այս շարժումը վերջ կը գտնէ ձեռք ձգուած բարիին հաճոյքով կամ ուրախութեամբ։

«Չար»ին անդոհը ատելութիւն եւ խորշանք կը պատճառէ, գալիք չարիքն ալ՝ վա՛խ։ Այս շարժումը կը յանգի առկայ չարին պատճառած տխրութեամբ կամ անոր հակադրուող բարկութեամբ։

Սուրբ Թովմաս Աքուինացի կ՚ըսէ թէ. «Սիրել՝ մէկուն բարիքը ուզել է»։ Միւս բոլոր զգայնութիւնները կը բխին մարդուն սրտին սկզբնական շարժումէն դէպի բարին։ Միայն լաւը կը սիրուի։ Սուրբ Օգոստինոս Աւրելիոսի համաձայն՝ կիրքերը գէշ են եթէ սէրը գէշ է, բարի են, եթէ սէրը բարի՛ է։

Բայց սա յստակ է թէ՝ հոն ուր սէր կայ, հոն «գէշ» իմաստով վախ չկայ, եւ հոն ուր սէր կայ, հոն «լաւ» իմաստով երկիւղ կայ, ակնածանք կայ։

Աստուծոյ անունին հանդէպ ակնածանքը արտայայտութիւնն է այն ակնածանքին, զոր կը պարտինք Աստուծոյ իսկ խորհուրդին եւ ամէն նուիրական իրականութեան, որուն յիշեցումը Ի՛նք է։ Նուիրականին զգացողութիւնը կախեալ է կրօնական առաքինութենէն։ Մարդ, երկիւղին եւ նուիրականին զգացումները բարձրագոյն չափով կը զգայ, եթէ Աստուծոյ վսեմութեան տեսութիւնը ունենայ։ Այս զգացումները, մարդ կը զգայ, եթէ կարենայ Անոր ներկայութիւնը իրեն տեսանելի եւ շօշափելի դարձնել։ Պէ՛տք է մարդ զգայ, ո՛ր չափով կը հաւատայ, թէ Աստուած ներկա՛յ է։ Այդ զգացումը չունենալ կը նշանակէ չհաւատալ, չգիտակցիլ, թէ Ան ներկա՛յ է…։

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

Օգոստոս 15, 2020, Իսթանպուլ

Երեքշաբթի, Օգոստոս 18, 2020