ՎԻՊԱԿԱՆՈՒԹԵԱՆ ԾԱՂԿՈՒՄԸ

Վիպականութիւնը՝ «romantisme» ծաղկեցաւ տասնիններորդ դարուն Ֆրանսայի մէջ՝ որպէս հետեւանք Ֆրանսական յեղափոխութեան յառաջ բերած մեծ յեղաշրջումներուն։

Քնարերգութեան խոր ազդեցութիւնը եւ զգացումը կը տիրապետէին, եւ այս պատճառաւ գրագէտները եղած էին ճշմարտութենէ աւելի՝ սիրոյ, յոյսի, ատելութեան եւ բաղձանքի գերիները։ Այսպիսի պարագաներուն տակ, վիպական՝ «romantique» վիպասաններ՝ «romancier» կեանքը կը ներկայացնէին ա՛յնպէս, ինչպէս որ իրենք կը փափաքէին որ եղած ըլլար։

Վիպականները ուրեմն, ունէին կայտառ գրիչ մը եւ առինքնող նիւթեր, բայց ներկայացուած դէպքերը մտացածին, զարմանահրաշ (fantastique) էին եւ երեւակայական։

Իրապաշտութիւնը՝ «réalisme» ձեռք առաւ վերլուծման մեթոտը, եղանակը եւ փնտռեց մարդկային գործերուն դրդապատճառները, եւ ո՛չ թէ անոնց մերկ զգացումները։ Մարդկային արարքներու դրդապատճառները փնտռելու փափաքը եւ կիրարկուած ջանքերը իրապաշտ դպրոցին մէջ ներմուծեցին ո՛չ միայն վերլուծման մեթոտը, այլ նաեւ սկեպտիկներու, սկեպտիկութեան՝ «sceptique», «scepticisme» (=վարդապետութիւն այն փիլիսոփաներու՝ որ ամէն բանի վրայ կը տարակուսին ըսելով թէ մարդը անկարող է ճշմարտութիւնը ճանչնալու յաջողիլ) բնազդ մը, եւ պատճառ եղան ընդհանուր թերահաւատութեան մը ծաւալման։ Թերահաւատ էին մարդկային յառաջդիմութիւններուն հանդէպ, եւ այս կերպով 19-րդ դարու երկրորդ կէսէն վերջ, իրապաշտ յաջող վիպագիրները շատ պաղարիւն կերպով նկարագրեցին ոճիրներու եւ մոլութիւններու կենդանի պատկերներ։

Իրապաշտ դպրոցին վերլուծողական մտայնութեան մղում տուող եղաւ Սթենտալ, եւ սկեպտիկութեան բնազդը ներմուծող գլխաւոր գրողը եղաւ Մերիմէ։ Բայց մեծագոյն իրապաշտներէն մին նկատուեցաւ նշանաւոր Օնորէ տէ Պալզագ (1799-1850), որ Ֆրանսայի կարողագոյն վիպագիրներէն մին կը համարուի եւ հեղինակն է 100-ի մօտ գեղեցիկ վէպերու։ Պալզագ իր կուռ գրիչով նկարագրեց պուրժուա (=bourgeois=քաղքենի) եւ ժողովրդական դասակարգերուն իրական բարքերը եւ տուաւ գեղեցիկ նմոյշներ մարդկային դասակարգերուն եսապաշտ՝ «egoiste», եսամոլ ձգտումներուն եւ անոնց ստորին բնազդին։ Իր շրջանին վիպագիրները դարձան յոյժ առինքնող եւ շատ հետաքրքրական։ Եւրոպական ազգերու համար ֆրանսացի Պալզագի վէպերը ամէնուրեք գնահատուեցան, եւ ան եղաւ իր դարուն փնտռուած վիպագիրը։ Շատ մը ազգեր հետզհետէ թարգմանեցին Պալզագը։

Իրապաշտ դպրոցն ալ ունեցաւ իր յեղաշրջումը։

Երբ վիպականութիւնը հասաւ անըմբռնելի ծայրայեղութեան մը, իրապաշտ վիպագիրներ բնականօրէն դարձան տիրապետող, եւ արտադրեցին դրական նիւթեր։

Գրական սեռերը՝ մանաւանդ վէպը եւ թատրոնը ենթարկուեցան ընդհանուր վերանորոգման։

Ինչ որ գրականութեան մէջ ծանօթ էր իբր «Իրապաշտութիւն»՝ կոչուեցաւ «Բնապաշտութիւն», «Naturalisme»։ Վիպականութենէն (romantisme) դէպի Բնապաշտութիւն տանող այս առանցքը ձեւակերպուեցաւ Կիւսթավ Ֆլօպէրի գրիչով։ Ֆլօպէր ջանաց սահման դնել երեւակայութեան, եւ բնութիւնը եւ բնական դէպքերը պատկերացուց իրենց ինքնայատուկ դրոշմով, եւ ջանաց ընթերցողին յուզում եւ կարեկցութիւն ազդել իրերու ընթացքէն բխող ուղիղ միջոցներով՝ փոխանակ վիպագրողին արուեստագիտական գրիչին ազդեցութեամբ հետաքրքրութիւն ստեղծելու։

Բնապաշտ դպրոցին հետեւողներուն յենակէտը եղաւ որդեգրել այն գաղափարը, թէ վէպը պէտք չէր ըլլար վիպագրին երեւակայութեան մէկ խաղը, այլ պէտք էր ըլլար մարդկային հոգիին եւ կեանքին պատկերին՝ մէկ իրական եւ փնտռուած հայելին։

Կիւսթավ Ֆլօպէրի (Gustave Flaubert, 1821-1880) յեղաշրջուած գրիչին յաջորդեց «արմատական Բնապաշտութեան» նոր ուղին, որուն հիմնադիրը համարուեցաւ նշանաւոր Էմիլ Զոլան (1840-1902), իտալացի մենեքագէտի մը որդին, որուն գիրքերը տարապայման կերպով առատ ծախուեցան իրերայաջորդ նորանոր հրատարակութիւններով։

Էմիլ Զոլա նոր հիմ մը դրաւ իր վիպագրութեան։

Զոլա ընդունեց իրապաշտ արուեստին կարեւոր եղանակները, բայց վիպագրութեան գլխաւոր հիմ նկատեց բարոյական եւ փիլիսոփայական այնպիսի նոր վարդապետութիւն մը, որ պիտի յենուր գիտութեան վրայ։

Այս կերպով Էմիլ Զոլա իր վիպագրութեան նոր վարդապետութիւնը բանաձեւեց Կիւսթավ Ֆլօպէրի, Թէնի (Hippolyte Adolph Taine, 1828-1893), եւ հոգեբան գրողներու բացարձակ ազդեցութեան տակ։ Թէն (Taine) ֆրանսացի պատմագէտ եւ միանգամայն գրական քննադատ մըն էր, որ գրեց ֆրանսական եւ անգլիական գրականութեան եւ պատմութեան շուրջ ուշագրաւ հատորներ։

Էմիլ Զոլա իր գծած ուղղութեամբ ջանաց մարդկային զգացումները եւ կիրքերը եւ բոլոր մոլութիւնները պարզաբանել միայն բնախօսական (բնախօսութիւն=physiologie) պայմաններուն, միջավայրին, կլիմային եւ ժառանգականութեան-ծինային ազդեցութիւններու շնորհիւ, եւ գտաւ ակնկալուածէն եւ պէտք եղածէն աւելի՛ յաջողութիւն։

19-րդ դարու հարուստ գրականութեան արձակի լայն բաժնին բեղմնաւորութիւնը՝ որուն կեդրոնաձիգ յենակէտը եղած էր վէպը, տարուէ տարի նոր յեղաշրջումներու ենթարկուեցաւ այդ դարու ամբողջ ընթացքին, եւ այս կերպով Էմիլ Զոլայի Բնապաշտական դպրոցը ծնունդ տուաւ հռչակաւոր նոր բնապաշտ վիպագիրներու, որոնց գերագոյն ներկայացուցիչը հանդիսացաւ Կի տը Մոբասան (1850-1893), ֆրանսացի նշանաւոր նորավիպագիրը, որ անբաժան բարեկամն էր Կիւսթավ Ֆլօպէրի, Էմիլ Զոլայի, եւ Ալֆոնզ Տոթէի (1840-1897)։ Այս վերջինը երգիծաբան էր եւ վիպագրող, եւ իր բոլոր գործերը իսկոյն թարգմանուեցան անգլերէնի։ Բնապաշտական վերանորոգուած դպրոցը, Զոլայէ եւ Մոբասանէ զատ ունեցաւ երկու ուրիշ վարպետներ, որոնցմէ մին էր վերոյիշեալ Ալֆոնզ Տոթէն եւ միւսներն էին Կոնքուռ եղբայրները…։

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

Հոկտեմբեր 15, 2019, Իսթանպուլ

Ուրբաթ, Հոկտեմբեր 18, 2019