ԱՆԿԵՂԾ ԲԱՐԵԿԱՄՈՒԹԻՒՆ

Երբ «բարեկամ» բառը տառացիօրէն մեկնել փորձենք, չենք կրնար հասնիլ «բարեկամութեան» իսկական եւ բարձրագոյն իմաստին։ Արդարեւ, «բարեկամ», տառացիօրէն կը նշանակէ «մէկը որ բարի կը կամենայ, կամ բարիք ընել կ՚ուզէ, բարիք կ՚ընէ»։ Անշուշտ որ չարիք կամեցողը չի կրնար բարեկամ համարուիլ։ Բայց դրական կողմէ, ոեւէ մէկը՝ որ բարիք կ՚ընէ, անպատճառ բարեկա՞մը կ՚ըլլայ անոր, որուն բարիք կ՚ընէ։ Եւ կամ այն բոլոր մարդիկ որոնք չարիք չեն կամենար, բարեկամ կրնա՞ն կոչուիլ։ Չէզոք մէկն ալ կարելի չէ բարեկամ անուանել, քանի որ «բարեկամութիւն»ը գործ կը պահանջէ, այս իմաստով անտարբեր մէկն ալ բարեկամ չի կրնար ըլլալ, քանի որ անտարբերութիւնը եթէ ոչ մէկ օգտակարութիւն, այլ մանաւանդ վնա՛ս կը պատճառէ թէ՛ ենթակային եւ թէ՛ շուրջիններուն։

Ուրեմն «բարեկամ»ը միայն բարի կամեցողը չէ՛, այլ նաեւ իր բարի կամքը գործադրո՛ղը։

Քրիստոնէութիւնը դրական, գործնական վարդապետութիւն մըն է. ան աւելի շատ գործող, խօսքը եւ խորհուրդը գործի վերածող կրօնք մըն է. զոր օրինակ Յիսուս կ՚ըսէ. «Ինչ որ կ՚ուզէք որ մարդիկ ընեն ձեզի, նոյնը ըրէ՛ք դուք անոնց…» (ՄԱՏԹ. Է 12). մինչդեռ Հեռաւոր Արեւելքի ուսուցումը ըսած է.- Ի՛նչ որ չէք ուզեր որ մարդիկ ընեն ձեզի, նոյնը մի՛ ընէք դուք անոնց։ Ասիկա կը նշանակէ, որ Յիսուս չ՚ուզեր, որ մարդիկ չէզոք ըլլան, այլ՝ դրական, գործող։ Ուստի Ան չ՚ըսեր. «մի՛ ընէք», այլ՝ «ըրէ՛ք»։ Այս ալ ցոյց կու տայ, թէ բարի գործ մը, լաւ գործ մը ընելու, կամ ըրած ըլլալու համար պէտք է գործել, պէտք է կեանքի վերածել զայն։ Չէզոք ըլլալ, ուրեմն, բարի ըլլալ չի նշանակեր, անշարժ, անգործ մնալ երբեք «բարիք» չի համարուիր, այլ երբեմն վնաս նոյնիսկ կրնայ պատճառել չէզոք ըլլալ, որուն չափազանցութիւնը «անտարբերութի՛ւն» է…։

Այս իմաստով «բարեկամութիւն»ը գո՛րծին մէջ է, եւ ո՛չ թէ միայն կամեցողութեան մէջ։ Եւ քանի որ գործին ենթական մա՛րդն է, ապա ուրեմն «գործող մարդ»ը բարի է, այն՝ որ բարիք կը գործէ։ Ուրեմն մարդ «բարի» է, երբ բարի գործ մը կը կատարէ, բայց կարեւոր է հոս անկեղծութեան եզրը։ Այս ալ կը նշանակէ, որ բարի է այն մարդը՝ որ նկարագրով բարի է։ Մարդ ինքզինք «բարի» ցոյց տալով, «բարի» ծանօթացնելով իսկական բարի չ՚ըլլար, այլ նկարագրով, այսինքն անկեղծ կերպով բարի գործ կատարելով։

Այսու ամենայնիւ ամէն բարիք ընող ալ «բարեկամ» չի համարուիր. պատահական կամ բացառաբար բարի գործ մը կատարելը չի բաւեր մէկու մը «բարեկամ» կոչուելուն։ Բարեկամութիւնը, ուրեմն «նկարագիր»ը ըլլալու է մարդուն, որպէսզի ան «բարի» եւ «բարեկամ» կոչուի։ Այս իմաստով ո՜րքան դժուար է «բարի մարդ» եւ «բարեկամ» գտնել այս աշխարհի վրայ՝ ուր յաճախ կը պակսի անկեղծութիւնը։ «Բարեկամ» ցոյց տալ ինքզինք, «բարեկամ» ձեւացնել շուրջիններուն այնքան սովորական է դարձած, որ ո՞վ բարեկամ է, ո՞վ բարեկամ չէ՝ հասկնալ կարելի չէ։ Անշուշտ պէտք է զանազանել իսկական բարեկամը եւ կարծեցեալ բարեկամը, ինչ որ շատ դժուար է եւ նոյնիսկ անկարելի՛։

Յիսուս դարձեալ կ՚ըսէ. «Դուք իմ բարեկամներս էք, եթէ գործադրէք ինչ որ կը պատուիրեմ ձեզի». (ՅՈՎՀ. ԺԵ 14)։ Յիսուսի այս խօսքերը ցոյց կու տան, թէ «բարեկամ» ըլլալու համար խօսքը չի բաւեր, այլ գործե՛լ պէտք է։ Ինչպէ՞ս։ Այս հարցումը Յիսուս սապէս կը պատասխանէ մեզի. «Մեծագոյն սէրը ա՛յն սէրն է, որով մարդ ինքզինք կը զոհէ իր բարեկամներուն համար». (ՅՈՎՀ. ԺԵ 13)։ Այս խօսքերն ալ ցոյց կու տան, թէ ճշմարիտ բարեկամութեան համար անհրաժեշտ պայմաններն են՝ սէրը եւ զոհողութիւնը։

Արդարեւ, «բարեկամութիւն»ը գաղափար մըն է՝ հեռանկար մը, իտէա՛լ մը, եւ անոր գործնականն է՝ «բարեկամ»ը։ Ուստի ամէն գաղափար արժէք կը ստանայ, երբ գործի վերածուի, կեանք առնէ, թէ ոչ՝ ամէն գաղափար կը մնայ որպէս ամուլ եւ անշահ մտածում մը միայն։ Սէրն ալ նոյնն է. սէրը կարելի չէ արտայայտել միայն խօսքով, այլ՝ գործո՛վ։ Եւ ամէն փափաք կ՚իրականանայ, երբ գործի վերածուի, ապրուի եւ կեանքի բնոյթ առնէ։ Ուրեմն, «բարեկամութիւն»ն ալ ազնիւ գաղափար մը միայն կը մնայ, երբ ան «բարեկամ»ի մը կեանքին մէջ գործի չվերածուի, չիրականանայ…։

Բարեկամութեան ապացոյցը անկեղծ բարեկա՛մն է. այսինքն բարեկամութիւնը կարելի է ապացուցանել գործո՛վ։

Շահ կամ բարիք բարեկամութեան մէջ տեղ չեն կրնար ունենալ։ Ուստի, «բարեկամ» է այն անձը որմէ՝ ո՛չ թէ շահ կ՚ակըն-կալուի, այլ գո՛րծ. նկարագրի վստահութիւն, ուր միակ շահն է անոր հոգիին սիրելիութիւնը, անկեղծութիւնը, մտերմութիւնը։ Եւ ի՜նչ մեծ երջանկութիւն է գիտնալ, թէ ճշմարիտ բարեկամ մը կայ իր կեանքին մէջ։ Հոգ չէ թէ հազուագիւտ, բայց մեծ արժէք ներկայացնող։ Բարեկամէն բան մը ակնկալել, բարիք սպասել չէ բարեկամութեան բնոյթը. անոր ըրածը կամ չըրածը բարեկամութեան հիմը չի կազմեր, հիմը անոր եղածն է, վստահութիւն, անկեղծութիւն եւ վարուելակերպը, գործը որոնք արդէն վստահութիւն կը ներշնչեն։

Բարեկամութիւնը՝ երկուստեք ճշմարիտ բարեկամութիւն է առանց սակայն փոխադարձ սպասելու։

Բարեկամը իր «բարեկամութիւն»ը կ՚ընէ, բայց չ՚ակնկալեր, կամ չի թելադրեր դիմացինին, որ բարեկամութիւն ընէ որեւէ կերպով։ Եւ եթէ բարեկամութիւնը շահաւոր է, շահը բարեկամին անձը եւ գործը պէտք է ըլլայ։ Մա՛րդ մարդու ըրածին համար երախտիք կրնայ ունենալ, կրնայ երախտապարտ ըլլալ, բայց բարեկամ չզգալ, բարեկամ չըլլալ…։

Ահաւասիկ, այս պատճառով է որ Յիսուս «բարեկամ» անուանեց «Բարի Սամարացին»։ Բարի Սամարացիին ըրածը փաստն էր, նաեւ ըրածին հետեւանքը բարի էր եւ նոյն պատճառով անոր նկարագրին բնական մէկ հետեւանքն էր՝ որ նախընթաց էր իր ըրածին։

Արդարեւ, երբ մարդ նկարագրով «բարի» է, բարիք կը գործէ եւ կ՚ըլլայ «բարեկա՛մ»։

Երանի՜ անոնց որ ունին բարեկամներ…։

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

Նոյեմբեր 13, 2020, Իսթանպուլ

Չորեքշաբթի, Նոյեմբեր 18, 2020