ՎԱԽԻՆ ԱԶԴԵՑՈՒԹԻՒՆԸ

Այսօր կարդացի Խորհրդային Միութեան ամենամեծ մարդասպան ու մարդակեր Անտրէ Չիկատիլոյի կեանքը, որուն զոհը դարձած են 53 անմեղներ, որոնք մեծաւ մասամբ եղած են անչափահաս պարման-պարմանուհիներ:

Մինչեւ այսօր ունիմ այն համոզումը, որ անձ մը ինչ որ է այսօր՝ լաւ թէ վատ, ծնողքը մեծ դեր ունի անոր մէջ, որովհետեւ կարելի չէ՛ խնձորի ծառ ցանել եւ ընկոյզ քաղել անկէ: Թէեւ շրջապատը մեծ դեր ու տեղ ունի անձի կազմաւորման մէջ, սակայն ընտանիքի դերը շատ մեծ է:

Անտրէի օրինակով բացատրենք ծնողքի ունեցած դերին կարեւորութիւնը. պատմութիւնը կը յայտնէ, թէ մարդասպան Անտրէ մինչեւ իր 12 տարեկան հասակը տառապած է գիշերամիզութեամբ, որուն պատճառով ամէ՛ն օր ծեծի ենթարկուած է մօր կողմէ: Անտրէի ծնողները գործի պատճառով տունէն դուրս եղած են եւ իրենց զաւակները առանձին ձգած են տան մէջ: Որպէսզի զաւակները դուրս չգան տունէն՝ միշտ վախցուցած են այն միտքով, որ երբ տունէն դուրս ելլէք, ձեզի կը գողնան եւ կ՚ուտեն, մինչեւ իսկ ստելով, թէ գոյութիւն չունեցող իրենց մեծ եղբայրը «Ստեփան»ը գողցած եւ կերած են մարդակերները: 

Մանկավարժութիւնը ինչքա՜ն կարեւոր է ծնողք դառնալու համար, որովհետեւ շատ անգամ առանց հաշիւի մեր բերնէն դուրս եկած խօսքը կրնայ մեծ ազդեցութիւն ունենալ մանուկին վրայ: Մինչեւ այսօր ծնողներ նոյն Անտրէի մօր քայլին կը դիմեն. «եթէ ճաշդ չուտես «այս ինչ անձը» կու գայ քեզի կը տանի», «Աստուած քար կը նետէ», «այսինչ անձը ծեծ կ՚ընէ» եւ այլն եւ այլն: Մինչեւ այսօր Հայաստանի տարածքին գոյութիւն ունի «մեշոկ պապիկ»ը, որ մանուկները քնացնելու եւ հանդարտ պահելու լաւագոյն ձեւն ու միջոցն է:

Վախի ճամբով մեր ուզածին հասնիլը որպէս «յաղթանակ» կը դիտեն յաճախ մեր ծնողները, սակայն գիտութիւնը կը փաստէ, որ նման վախեր կրնան մանուկը առաջնորդել մինչեւ իսկ հոգեկան խանգարումներու եւ հիւանդութիւններու: Հոգեբանութիւնն ու մանկավարժութիւնը կ՚ըսէ. եթէ մանուկը հաշտ է դուրսի աշխարհին հետ, հաշտ կ՚ըլլայ նաեւ իր ներքին հոգեկան աշխարհին հետ: Հոգեբան մը կ՚ըսէ. ամենամեծ վատութիւնը որ ձեր մանուկին կրնաք ընել, զինք վախցնելն է: Ծնողներ պէտք է գիտակցին, որ իրենց պարտաւորութիւնն է իրենց զաւակներուն սորվեցնել, թէ ինչպէս պէտք է պաշտպանուին այս կամ այն վախէն ու վտանգէն, մինչ անոր հակառակ մենք վախեր կ՚աւելցնենք մանուկի հոգեկան աշխարհին մէջ: Շատ անգամ այս վախի պատճառը կ՚ըլլայ հեղինակութիւն բանեցնելը եւ կամ որպէս ծնողք մեր ուզածին կատարումը. այս բոլորին միջինը գտնելը ինչքան իմաստութիւն կ՚ուզէ:

Կասկածէ վեր է, որ մարդասպան ու մարդակեր Անտրէի վրայ ազդած ու խոր վէրք ձգած պիտի ըլլայ մօր ծեծերն ու երեւակայական վախերը: Հաւանաբար շատ մը ծնողներ մտածեն, որ երբ մանուկը մեծնայ կը մոռնայ ամէն բան, սակայն շատ անգամ բոյն դրած անիրական վախը նոյնիսկ կրնայ չմոռցուիլ: Անտրէ իր ուսումը ստացած է Ռոստովի Պետական համալսարանի ռուսաց լեզու եւ գրականութիւն բաժնին մէջ. ետքը աւարտած է Մարքսիզմ-Լենինիզմ համալսարանը: Ետքը ուսում ստացած է Ախտըրսկի Գեղարուեստական ուսումնարանը: Աւարտելէ ետք ուսումը եղած է «Զնամիա» ռուսական թերթի լրագրող եւ գրած՝ բարոյական եւ հայրենասիրական յօդուածներ: Որոշ ժամանակ ետք եղած է ռուսերէն լեզուի եւ գրականութեան ուսուցիչ երեք տարբեր դպրոցներու մէջ, մինչեւ իսկ վարած է տնօրէնի պաշտօնը:

Նման կրթութիւն ստացած անձ մը ինչպէ՞ս կրնայ դիմել նման քայլերու. այս մէկը մեծագոյն փաստն է, որ մանուկին մէջ ի՛նչ ցանենք, այդ է որ կը հնձենք: Մասնագէտներ կը յայտնեն, որ Անտրէի կատարած սպանութիւնները ջղայնութենէն եւ ատելութենէն աւելի արդիւնքն են հոգեկան խանգարումներու, դատամոլութեան եւ օթիզմի:

Միւս յատկանշական բանը Անտրէի կապուած այն է, որ եղած է ուսուցիչ ու տնօրէն, եւ անոր առաջին զոհը, ինչպէս նաեւ զոհերուն մեծամասնութիւնը, եղած են իր աշակերտները։

Այս փաստը կու գայ անգամ մը եւս շեշտելու ուսուցչութեան կարեւորութիւնը: Հետեւեցէ՛ք համաշխարհային մամուլին. ամէն ամիս բազմաթիւ ուսուցիչներ կը դատուին, իրենց աշակերտներուն նկատմամբ սեռական զգացումներ ունենալու, զանոնք մահուան առաջնորդելու եւ նոյնիսկ սպաննելու մեղադրանքով:

Ահաւոր երեւոյթ. պատկերացուցէք ամէն օր ձեր զաւակները կը յանձնէք ուսուցիչներու, որոնց մասին շատ անգամ բան չէք գիտեր. անոնք կրնան ըլլալ մարդասպաններ, սեռամոլներ եւ ամենէն վտանգաւորը՝ մանուկներու հանդէպ սեռային զգացումներով լեցուն (Paedophile) անձեր: Պոլսոյ մամուլէն յաճախ կը կարդանք. յիսունը անց ուսուցիչներ ինչպէս սեռային յարաբերութեան մէջ կ՚ուզեն մտնել եւ կամ նոյնիսկ ամուսնանալ 14-15 ամեայ պատանիներու հետ:

Այդ իսկ պատճառով ուսուցիչը է՛ եւ կը մնայ ամենէն նուիրական ու դժուարին պաշտօններէն մէկը, որովհետեւ ամէն մարդ չէ՛ որ ուսուցիչ կրնայ ըլլալ:

Պէտք է լուրջ աշխատանք տանիլ ուսուցիչի պատրաստութեան եւ ծնողներու դաստիարակութեան գծով, որպէսզի ունենանք աւելի առողջ եւ յուսալի սերունդ մը:

 

ՀԱՅԿԱԿԱՆ ԱՆՑԵԱԼԷՆ ՊԱՏՄՈՒԹԵԱՆ ՄԷՋ ԱՅՍՕՐ

ԱԼՄԱ ՍԱՖՐԱԶԵԱՆ
(1859-1932)

Մեր թուականէն 89 տարիներ առաջ՝ 18 նոյեմբեր 1932-ին Քաղբերդի մէջ մահացած է դերասանուհի եւ թատերական գործիչ Ալմա Սաֆրազեան (բուն անունով՝ Վարդանոյշ Դելոյեան):

Սաֆրազեան ծնած է 8 նոյեմբեր 1859 թուականին, Թիֆլիզի Ախալցխա քաղաքին մէջ: Անոր բեմական գործունէութիւնը սկիզբ առած է 1880 թուականին, ծննդավայրին մէջ, ներկայացնելով Շէյքսփիրի «Համլեթ»ի Օֆելիա դերը, խաղընկերութեամբ անուանի դերասան, բանաստեղծ, գրող եւ նկարիչ Պետրոս Ադամեանի: Ալմայի ամուսինը եղած է դերասան եւ թատերական գործիչ Ստեփան Սաֆրազեանը։ Ան իր ամուսնոյն հետ ներկայացումներ ունեցած է Երեւանի, Կարսի, Գանձակի, Թաւրիզի, Թեհարանի, Աստրախանի եւ այլ շրջաններու մէջ: Ալմա իր ամուսնոյն հետ ներկայացուցած է բազմաթիւ թատրոններ. ինչպէս՝ Գ. Սունդուկեանի «Պէպօ»ն, Շէյքսփիրի «Օթելլօ»ն, Մուրացանի «Ռուզան»ը, Զակոմէտիի «Ոճրագործի ընտանիքը» եւ այլ ներկայացումներ: Սաֆրազեան 1883 թուականէն սկսեալ հայկական թատրոնի կողքին դերեր ստանձնած է նաեւ ատրպէյճանեան թատրոններու մէջ, ըլլալով առաջին դերասանուհին: Այդտեղ Ալմա հանդէս եղած է Մ. Ֆ. Ախունտովի «Հաճի Կարա», Մատաթեանի «Ագահութիւնը թշնամի կը վաստակէ» եւ այլ ներկայացումներ, իր ամուսնոյն կողքին խաղընկեր ունենալով նաեւ ժամանակուայ յայտնի դերասաններ Զէյնալովը, Նարիմանովը եւ ուրիշներ:

Դերասանութեան կողքին կատարած է նաեւ թատերական գործերու թարգմանութիւններ, ռուսերէնի վերածելով Սունդուկեանի «Պէպօ»ն, Ախունտովի «Հաճի Կարա»ն եւ ուրիշներ:

Շնորհիւ դերասանական ու թատերագիտական իր վաստակին՝ 1926-ին արժանացած է Ատրպէյճանի Վաստակաւոր արուեստագիտուհիի կոչումին:

ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ

Հինգշաբթի, Նոյեմբեր 18, 2021