ՄԱՐՄՆԱԿԱՆ ՈՒ ՀՈԳԵԿԱՆ ՍՈՎԸ

Երբեւէ այցելա՞ծ էք Պէյրութ եւ առիթը ունեցած էք տեսնելու հայկական վարժարաններն ու եկեղեցիները, ակումբներն ու հայկական հաստատութիւնները. եթէ նոյնիսկ այցելած չէք, գէթ լսա՞ծ էք անոր փառաւոր անցեալ մը ունեցող գաղութին մասին: Ամէն տեղէ աւելի հո՛ն է, որ հայը համեմատաբար կրցած է պահել իր հայութիւնը, դպրոցը, եկեղեցին, մամուլը, կուսակցութիւններն ու կազմակերպութիւնները, սակայն այդ բոլոր արդիւնք են զոհողութեան, նուիրումի ու անձնուրացութեան:

Մերօրեայ գաղութները հարուստ կը նկատենք, սակայն կը մոռնանք, որ անոնք ունեցած են սեւ անցեալ մը. մի քանի օրեր առաջ ընթերցումներուս մէջ գտայ 1935 թուականին գրուած նամակ մը. պէյրութաբնակ Մ. Ղուրումեան կը գրէ հետեւեալ տողերը.

«Հայրենակիցներ, ցաւն ու տառապանքը մեծ է, նամանաւանդ տեղւոյս վրայ: Մեր հայրենակիցները անտուն ու անապաստան, անօթի ու ծարաւ կը տառապին օրն ի բուն չոր հացի մը համար, սակայն այդ անգամ չեն գտներ: Աղի արցունքը անպակաս է իրենց կարմրած աչքերէն»:

Շինարարութեան մէջ ջուր կը գործածուի, սակայն մեր գաղութներու շինութիւնը ո՛չ թէ ջուրով, այլ արցունքով կառուցուեցաւ, ինչ որ աւելի կանգուն պահեց ու մինչեւ օրս հակառակ բոլոր դժուարութիւններուն կը փորձէ պահել: Այսօր Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան տարածքը տեսնելով կը սքանչանանք, սակայն կը մոռնանք որ գաղթական Սահակ Կաթողիկոս անտուն ու անօթեւան նաւերու անկիւնները, վրաններու տակ այսօրուան երազը կը հիւսէր: Մենք կը տեսնենք այսօրը, սակայն մեր տեսածին արժէքը գիտնալու համար պէտք է նայինք դէպի անցեալ, որովհետեւ այդ զոհողութեան գիտակցութիւնն է, որ մեզ պիտի առաջնորդէ ոտքի ու կանգուն պահել զանոնք:

Նոյն նամակագիրը այդ ժամանակ Լիբանան հաստատուող քաղաքացիներուն համար կը գրէ. «տասնեակներով երեխաներ հաց կ՚ուզեն, մայրեր իրենց մօտ կաթ չունին իրենց սիրելիները սովամահութենէ փրկելու համար»:

Սակայն կայ զարմանալի ու անհասկնալի բան մը. անօթի, անտուն ու ծարաւ այդ ժողովուրդը առաջնահերթութիւնը կու տայ եկեղեցի ու դպրոց շինելու, որովհետեւ ունէին այն գիտակցութիւնը, որ հացը այսօրուան, սակայն արժէքները վաղուան համար պէտք են. դպրոցի կամ եկեղեցւոյ շինութեան տեղ անոնք կրնային իրենց ապրած սովին դէմ պայքարիլ, սակայն անոնց արարքը առիթ կու տայ մտածելու մարմնական ու հոգեկան սովի տարբերութիւններուն մասին:

Յաճախ մտաւորականներ քննադատած են եւ կը քննադատեն դար մը առաջ ապրող հայ ժողովուրդին հաւատքը, սակայն կ՚անգիտանան, թէ այդ հաւատքն է, որ փրկեց ժողովուրդը կորուստէ. այդ հաւատքն է, որ ստեղծեց հայկական գաղութը, որովհետեւ հո՛ն ու հայկական եկեղեցւոյ գմբէթը բարձրացաւ, հոն եղաւ նաեւ դպրոցը, հոն եղաւ ակումբն ու մարդասիրական գործունէութիւնը եւ պատահականութիւն չէ դպրոցներուն եկեղեցւոյ շրջափակին մէջ կառուցումը. գացէ՛ք Լիբանան եւ պիտի տեսնէք եկեղեցի մը եւ եկեղեցւոյ կից շինուած դպրոցը. պիտի տեսնէք նաեւ եկեղեցւոյ եւ դպրոցին քով շինուած ակումբը:

Վստահ կրնանք ըլլալ, որ անոնց շինութիւնը եւ մանաւանդ պահպանումը այնքան ալ դիւրին եղած չէ. Լիբանանի թէժ պատերազմի օրերուն աւելի քան մի քանի տասնեակ տարիներ հայ երիտասարդներ իրենց կեանքի գնով պահպանած են այդ կառոյցները. անոնցմէ շատեր նոյնիսկ նահատակուած են պարզապէս կարենալ պահելու համար այդ կառոյցները, որոնք կ՚արժեզրկուին այսօր:

Սակայն այդ օրերուն ալ կային անձեր, որոնք դէմ էին այդ բոլորի շինութեան. օրուան մամուլը ինչքա՜ն քննադատած է կաթողիկոսը՝ կաթողիկոսարան մը շինելու իր մտադրութեան համար. ինչքա՜ն քննադատուած են դպրոցներ շինելու համար հոգի տուողները, որովհետեւ շատեր ապագան մոռցած լոկ իրենց ներկային ու եսին վրայ կենդրոնացած ուզած են ապրիլ. բազմահազար հայորդիներու հայեցի դաստիարակութիւնը նժարի վրայ դրած են իրենց անօթութեան հետ, մինչ ուրիշներ յանձն առած են անօթի մնալ՝ պարզապէս հայեցիութիւնը կենդանի տեսնելու համար:

Մամուլի մէջ կը կարդամ, թէ 1928 թուականին հայ պատանի մը զոհ կը դառնայ դժբախտ պատահարի մը ու կը մահանայ ու մամուլը կը բարձրաձայնէ, թէ որքա՜ն կարեւոր է պատանիներուն կեանքը մեր ազգին համար, որովհետեւ անոնցմով է որ մեր ազգը պիտի բազմանայ, աճի՛ ու զօրանայ. եկեղեցին, դպրոցը, ակումբը եւ մինչեւ իսկ մէկ պատանիի կեանքը արժէք ունէր:

Այսօր անոնցմէ ո՞ր մէկը արժէք կը ներկայացնէ մեզի համար. ի՞նչ կ՚ընենք եկեղեցիներուն, դպրոցներուն, ակումբներուն եւ կամ արդէն իսկ կորսուելու վրայ եղող մեր պատանիներուն համար: Մէկ պատանիի կորուստը ցաւող մեր ազգը այսօր անտարբերութեամբ կը դիտէ կորուստը բազմահազար պատանիներուն:

Անցեալի մեր հայորդիները մարմնապէս անօթի էին. այսօր մենք կո՛ւշտ ենք մարմնով, սակայն անօթի ենք հոգիով՝ որով յագեցած էին անոնք:

 

ԿԱՐՃ ՊԱՏՈՒՄՆԵՐ -246-

Անթիլիաս ու Դպրեվանք յաճախ այցելութեան կու գային հին դպրեվանեցիներ, որոնք որոշ ժամանակ ապրած ու «խմած» են վանքի ապուրէն: Անոնք յիշատակներու մէջ խորասուզուած «մեր ժամանակ» ըսելով կը պատմէին իրենց օրերուն մասին եւ փառք կու տային ներկային, որովհետեւ նորերը ունէին աւելի լաւ պայմաններ՝ քան հիները:

Նոյնն է պարագան նաեւ մեր դպրոցներու պարագային. նոր սերունդը մի՛շտ աւելի բախտաւոր կ՚ըլլայ քան հինը, սակայն կշիռքի օրէնքի համաձայն եթէ մէկ կողմը ծանր ըլլայ՝ միւս կողմը կը մնայ օդը։ Երանելի պիտի ըլլար մեր ազգին համար ունենալ մերօրեայ պայմանները, սակայն անցեալի ոգին, որով յաջողութիւններ կրնային կերտուիլ: Մեր գրասեղանները հարուստ էին, սակայն անոնց գրասեղաններուն փոխարէն ունէին հարուստ ոգի ու նուիրում:

ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ

Երեւան

Ուրբաթ, Մայիս 19, 2023