ԵԿԵՂԵՑԱԿԱՆ ԻՐԱՒՈՒՆՔ

Ե­կե­ղե­ցա­կան ի­րա­ւուն­քը ու­նի իր յա­տուկ ի­րա­ւա­կան դրու­թիւ­նը որ­պէս ընդ­հա­նուր եւ տիե­զե­րա­կան ի­րա­ւա­կան ամ­բող­ջա­կան դրու­թեան մէկ մա­սը։ Ար­դա­րեւ ի­րա­ւա­կան դրու­թիւն­ներ սկզբուն­քով ամ­բողջ մը կը կազ­մեն, բայց հաս­տա­տու­թեան նկա­րագ­րի հա­մե­մա­տու­թեամբ եւ հաս­տա­տու­թեան յատ­կու­թիւն­նե­րուն հա­մա­ձայն մաս­նա­կի տար­բե­րու­թիւն­ներ կը յայտ­նուին։

Այս ուղ­ղու­թեամբ Հայ Ե­կե­ղե­ցին ալ ու­նի իւ­րա­յա­տուկ ի­րա­ւուն­քի կազ­մը եւ դրու­թիւ­նը։ Ու­սի կ՚ար­ժէ պատ­մա­կա­նօ­րէն ու­սում­նա­սի­րել այդ դրու­թիւ­նը։

«Պատ­մա­կա­նօ­րէն» կ՚ը­սենք, քա­նի որ իւ­րա­քան­չիւր քրիս­տո­նեայ պար­տա­ւո՛ր է հպա­տա­կիլ եւ հնա­զան­դիլ իր պատ­կա­նած երկ­րին եւ հպա­տա­կու­թեան տակ պե­տու­թեան քա­ղա­քա­յին ի­րա­ւուն­քին, օ­րէնք­նե­րուն հնա­զան­դիլ եւ իր քա­ղա­քա­կան կեան­քը կա­նո­նա­ւո­րել ըստ քա­ղա­քա­յին-աշ­խար­հա­կան ի­րա­ւուն­քի դրու­թեան պար­տա­ւո­րու­թիւն­նե­րուն։ Նախ­քան ե­կե­ղե­ցա­կան ի­րա­ւուն­քը՝ քա­ղա­քա­յին ի­րա­ւուն­քի գոր­ծադ­րու­թիւ­նը պատ­կա­նե­լիու­թեան եւ հպա­տա­կու­թեան հար­կա­ւո­րու­թիւն մըն է։ Այս իսկ պատ­ճա­ռով կ՚ը­սենք, թէ «ե­կե­ղե­ցա­կան ի­րա­ւունք»ը կ՚ու­սում­նա­սի­րենք պատ­մա­կան տե­սա­կէ­տէ՝ որ­պէս կա­րե­ւոր մէկ մա­սը ընդ­հա­նուր ի­րա­ւա­կան դրու­թեան, որ սկզբուն­քով «ամ­բողջ» մը կը կազ­մէ։ Ը­սենք ծա­ռի մը ճիւ­ղերն են իւ­րա­քան­չիւր ի­րա­ւա­կան դրու­թիւն, ո­րոնց բու­նը մէ՛կ է…։

Ե­կե­ղե­ցա­կան ընդ­հա­նուր ի­րա­ւուն­քը հիմնուած է նախ Ա­ւե­տա­րա­նի, յե­տոյ Ա­ռա­քե­լա­կան Կա­նոն­նե­րու վրայ։

Այս կը նշա­նա­կէ՝ թէ ե­կե­ղեց­ւոյ ընդ­հա­նուր ի­րա­ւուն­քը իբ­րեւ տի­պար ու­նի «հին ե­կե­ղե­ցի»ի կարգ ու կա­նո­նը։

Ա­ռա­քե­լա­կան կար­գադ­րու­թիւն­նե­րը «Ա­ռա­քե­լա­կան Կա­նոն»նե­րէն զատ ութ գիր­քէ բաղ­կա­ցած ժո­ղո­վա­ծու մըն է։ Ինչ­պէս բազ­մա­թիւ հար­ցե­րու, Ա­ռա­քե­լա­կան կա­նոն­ներ կը խօ­սի աշ­խար­հա­կան­նե­րու զա­նա­զան վարք ու բար­քի մա­սին, ո­րոնց­մէ է նաեւ որ­բե­րու մա­սին պա­տուէր­նե­րը։ Թէ ի՛նչ կ՚ը­սէ Ե­կե­ղե­ցա­կան ի­րա­ւուն­քը որ­բե­րու մա­սին։

Ա­ռա­քեալ­նե­րու ժա­մա­նակ կը վա­ճա­ռէին ա­մէն ինչ եւ կը յանձ­նէին դրա­մը ա­ռա­քեալ­նե­րուն՝ կազ­մե­լով «ընդ­հա­նուր գան­ձա­րան» մը, ո­րով կը կե­րակ­րուէին ու կը խնա­մուէին բո­լո­րը եւ այս­պէս անխ­տիր ա­մէն­քին գո­հա­ցում կը տրուէր եւ ա­ռաջ­քը կ՚առ­նուէր աղ­քա­տու­թեան (ԳՈՐԾՔ. Դ 32-37)։ Ա­ռա­քե­լա­կան կար­գադ­րու­թիւն­նե­րու հա­մա­ձայն այս գու­մա­րէն եր­կու մաս կը ստա­նա­յին որ­բե­րը։

Իսկ Հայ Ե­կե­ղեց­ւոյ՝ Աշ­տի­շա­տի ժո­ղո­վի (365թ.) կա­նոն­նե­րու հա­մա­ձայն «որ­բե­րու եւ այ­րի­նե­րու հա­մար պի­տի կա­ռու­ցուի որ­բա­նոց­ներ եւ այ­րիա­նոց­ներ եւ ա­նոնց պէտ­քե­րը հո­գա­լու հա­մար պի­տի նա­խա­տե­սուին ա­ռան­ձին տուր­քեր ու հա­սեր»։

­Գա­լով ա­մուս­նու­թեան, Ա­մուս­նու­թիւ­նը՝ որ կը նշա­նա­կէ ըն­տա­նիք կազ­մել օ­րի­նա­ւոր պայ­ման­նե­րու տակ, ա­մէն ըն­կե­րու­թեան մէջ, ա­մէն ժա­մա­նա­կաշր­ջա­նի ու­նի ի­րա­ւա­կան դրու­թեան եւ տիե­զե­րա­կան ի­րա­ւուն­քի պայ­ման­ներ եւ օ­րէն­քի պաշտ­պա­նու­թեան ար­ժա­նի է դար­ձած։ Ար­դա­րեւ, ըն­տա­նի­քը միշտ «սուրբ» նկա­տուած է եւ յա­տուկ յարգ ու պա­տիւ վա­յե­լած է ա­մէն ի­րա­ւա­կան դրու­թեան մէջ, նկա­տի ու­նե­նա­լով, որ ան ամ­բողջ ըն­կե­րու­թեան կո­րի­զը եւ հիմն է եւ ըն­կե­րու­թեան կազ­մա­ւո­րու­մը եւ ըն­թաց­քը կա­խում ու­նի ըն­տա­նի­քէն։

Ըլ­լա՛յ աշ­խար­հա­յին, ըլ­լա՛յ ե­կե­ղե­ցա­կան եւ ընդ­հան­րա­պէս կրօ­նա­կան մար­զի մէջ ըն­տա­նի­քը միշտ ու­նե­ցած է բարձր դիրք եւ յա­տուկ ի­րա­ւա­կան խնամ­քի ար­ժա­նա­ցած։ Այս ի­մաս­տով Ե­կե­ղե­ցին ա­մուս­նու­թիւ­նը ի­րա­կա­նաց­նող «Պսակ»ը ե­կե­ղեց­ւոյ խոր­հուրդ­նե­րէն մին է հա­մա­րած, որ կը կա­տարուի քա­հա­նա­յի օրհ­նու­թեամբ եւ ե­կե­ղե­ցիի սրբա­գոր­ծու­թեամբ՝ ո­րու մի­ջո­ցով եր­կու ա­մու­սին­ներ՝ այր մարդ եւ կին մարդ օ­րի­նա­ւոր կեր­պով ի­րա­րու հետ կա­պուե­լով՝ կը կազ­մեն «միու­թիւն» մը եւ կը մտնեն ո­րոշ ի­րա­ւունք­նե­րու եւ օ­րի­նա­կան սահ­ման­նե­րու մէջ։

Հայ ժո­ղո­վուր­դի մէջ Դ. դա­րէն սկսեալ ար­դէն կան պատ­մա­կան վկա­յու­թիւն­ներ՝ որ ե­կե­ղե­ցա­կան պսակը ընդհանրացած է եւ «օրէնքի ուժ» ստացած էր։ Ուս­տի Փաւստոս, Ներ­սէս Մե­ծի կար­գադ­րու­թիւն­նե­րու մա­սին խօ­սե­լով, կ՚ը­սէ, թէ ո՛չ ոք կը հա­մար­ձա­կէր թողուլ իր կինը, եւ անգամ մը պսակի օրհնու­թիւ­նը ստա­նա­լէ ետք ո՛չ ոք կը հա­մար­ձա­կէր պսա­կուիլ ու­րի­շի մը հետ։ Բայց Ար­շակ թա­գա­ւոր Ար­շա­ւա­նի պատ­ճա­ռով երբ այս կար­գը վեր­ցուց, մարդ կար, որ տա­սը կին կ՚առ­նէր…։

Իսկ Ե. դա­րուն, Շա­հա­պի­վա­նի Ժո­ղո­վի կա­նոն­ն0ե­րուն հա­մա­ձայն խիստ կարգ ու կա­նոն սահ­մա­նուած էր ո՛չ միայն պսա­կի մա­սին, այ­լեւ պսա­կէն ա­ռաջ ո­րե­ւէ յա­րա­բե­րու­թիւն չու­նե­նա­լու վե­րա­բեր­մամբ։

Ի­րա­կա­նին՝ ըն­տա­նի­քի ա­ռողջ կազ­մու­թեան ծա­ռա­յող կարգ ու կա­նո­նը պէտք չէ նկա­տուի ժա­մա­նա­կավ­րէպ, քա­նի որ «ըն­տա­նիք»ը միշտ նոյնն է ա­մէն շրջա­նի։ Եւ այս իսկ պատ­ճա­ռով չհաս պսակ կա­տա­րող հո­գե­ւո­րա­կա­նը նոյն կա­նոն­նե­րու հա­մա­ձայն մին­չեւ ան­գամ կ՚են­թար­կուէր կար­գա­լու­ծու­թեան եւ տու­գա­նադ­րա­մի։

Մին­չեւ 9-րդ դար ե­կե­ղե­ցա­կան պսա­կի հետ կ՚ըն­դու­նուէր նաեւ քա­ղա­քա­ցիա­կան պսա­կը։

Ըստ 1875 թուա­կա­նին հրա­տա­րա­կուած Պսա­կի Կա­նոն­նե­րուն՝ նշա­նադ­րու­թեան ժա­մա­նակ խոս­տո­վա­նա­հայր քա­հա­նան ու­շադ­րու­թիւն պի­տի դարձ­նէ, թէ՝ յօ­ժա­րա­միտ ու ա­զատ կամ­քո՞վ, կ՚ու­զեն միու­թիւն կազ­մել հարսն ու փե­սան, այլ՝ ար­տա­քին պատ­ճառ­նե­րէ եւ բռնու­թիւն­նե­րէ ստի­պ-ւած։ Ա­մուս­նա­ցած­նե­րը պէ՛տք է, որ չա­փա­հաս ըլ­լան։ Նաեւ պէտք է ու­շա­դիր ըլ­լալ եր­կու­քին ա­ռող­ջու­թեան, որ յե­տոյ ա­պա­գա­յին տա­րա­բախ­տու­թեան պատ­ճառ չդառ­նայ, քա­նի որ ան­լու­ծանե­լի՛ է պսա­կը մին­չեւ ցմահ միա­բան կե­նակ­ցու­թեամբ։ Այս ալ կը նշա­նա­կէ՝ թէ Հայ Ե­կե­ղե­ցին եւս ըն­դու­նած է օ­րի­նա­ւոր ա­մուս­նու­թեան կա­պով հաս­տա­տուած միու­թեան ան­լու­ծա­նե­լիու­թի՛ւ­նը։ Ան­շուշտ, ինչ­պէս վե­րը ը­սինք, քա­ղա­քա­ցիա­կան օ­րէնք­նե­րու մար­զը եւ ե­կե­ղե­ցա­կան ի­րա­ւունք­նե­րու մար­զը տար­բեր է։

Հայ Ե­կե­ղե­ցին կ՚ար­գի­լէ ա­րիւ­նա­կից­նե­րու եւ մեր­ձա­ւոր­նե­րու ա­մուս­նու­թիւ­նը, քա­նի որ ըստ ֆի­զի­քա­կան պայ­ման­նե­րու՝ ա­ռող­ջու­թեան մեծ վնաս կը պատ­ճա­ռէ՝ այդ­պի­սի ա­մուս­նու­թիւն­նե­րէ ծնած որ­դի­նե­րու եւ սե­րունդ­նե­րու նկատ­մամբ։ Այս կ՚են­թադ­րէ «կա­նո­նա­կան հա­սու­թիւն», որ կը նշա­նա­կէ՝ ազ­գա­կա­նա­կան ո­րո­շա­կի աս­տի­ճան։ Իբ­րեւ ա­ռո՛ղջ սե­րունդ ու­նե­նա­լու պայ­ման՝ ա­մուս­նա­ցող­նե­րը ազ­գա­կա­նու­թեամբ եւ ա­րիւ­նով որ­քան հե­ռո՛ւ ըլ­լան ի­րար­մէ, այն­քան յար­գած կ՚ըլ­լան ե­կե­ղեց­ւոյ կա­նոն­նե­րը՝ ո­րոնք հիմ­նուած են ա­ռող­ջա­պա­հա­կան սկզբունք­նե­րու վրայ։ Հին կա­նոն­նե­րով՝ տղան եօթ պորտ, եօթ ճիւղ կամ եօթ աս­տի­ճան հե­ռու պի­տի ըլ­լայ աղ­ջի­կէն՝ ո­րուն հետ ա­մուս­նա­նալ կը խոր­հի։ Նոյն­քան խիստ էին նա­խա­պէս խնա­միա­կան եւ հո­գե­ւոր կամ օ­րի­նա­ւոր ազ­գա­կա­նու­թիւն­նե­րը, զոր օ­րի­նակ, սա­նա­հայ­րու­թիւն կամ կնքա­հայ­րու­թիւն։

Հո­գե­ւոր-օ­րի­նա­կան ազ­գա­կա­նու­թեան աս­տի­ճան­նե­րու ար­գել­քը ժա­մա­նա­կա­կից ան­հո­գու­թեան կամ ան­տար­բե­րու­թեան պատ­ճա­ռով, այ­սօր գրե­թէ ա­նու­շադ­րու­թեան մատ­նուած կ՚ե­րե­ւին, ան­շուշտ յար­գե­լով ազ­նիւ բա­ցա­ռու­թիւն­նե­րը։ Այ­սօր ու­շադ­րու­թիւն դար­ձուած է ար­տա­քին ի­րո­ղու­թիւն­նե­րու՝ միա՛յն ա­րե­նակ­ցա­կան կամ ազ­գա­կա­նա­կան կա­պի աս­տի­ճա­նին, շատ ան­գամ նկա­տի ու­նե­նա­լով ֆի­զի­քա­կան-ա­ռող­ջա­պա­հա­կան պայ­ման­նե­րը։ Բայց Ե­կե­ղեց­ւոյ հա­մար նո՛յն­քան կա­րե­ւոր է հո­գե­ւոր-օ­րի­նա­կան ազ­գա­կա­նու­թիւն­նե­րը։

Ե­կե­ղեց­ւոյ ի­րա­ւուն­քի տե­սա­կէ­տէն՝ ա­մուս­նու­թեան հա­մար պայ­մա՛ն է նաեւ չա­փա­հա­սու­թեան տա­րի­քը։

Չա­փա­հա­սու­թեան տա­րի­քը կա­խում ու­նի կլի­մա­յէն եւ երկ­րի քա­ղա­քա­ցիա­կան օ­րէնք­նե­րէն։ Ար­դա­րեւ արբունքի չհասածները եւ անչափահասները չեն կրնար ա­մուս­նա­նալ ըստ ե­կե­ղե­ցա­կան օ­րէն­քին եւ Հայ Ե­կե­ղեց­ւոյ ի­րա­ւուն­քին։ Ա­մուս­նա­ցող­նե­րու փո­խա­դարձ յօ­ժա­րու­թիւ­նը, հա­ւա­նու­թիւ­նը, ա­զատ կամ­քով տրուած ո­րո­շու­մը եւ մա­նա­ւանդ սէ­րը անհ­րա­ժեշտ պայ­ման­ներ են՝ ա­մուս­նու­թեան բնա­կա­նոն ու բա­րո­յա­կան պար­տա­կա­նու­թիւն­նե­րը կա­տա­րե­լու հա­մար։

Մարդ ո­րոշ հո­գե­կան եւ մտա­ւոր պա­շար մը ու­նե­նա­լու է՝ ա­մուս­նու­թեան պա­տաս­խա­նա­տուու­թեան գի­տակ­ցու­թիւն ստա­նա­լու հա­մար։

Խառն ա­մուս­նու­թիւն­նե­րու մա­սին Ա­ռա­քեա­լը կորն­թա­ցի­նե­րուն գրած իր ա­ռա­ջին նա­մա­կին մէջ կ՚ը­սէ. «Միւ­ս­նե­րուն ե՛ս կը պա­տուի­րեմ, ո՛չ թէ Տէ­րը.- Ե­թէ ոե­ւէ հա­ւա­տա­ցեալ եղ­բայր ու­նի ան­հա­ւատ կին մը՝ որ կ՚ու­զէ իր հետ ա­մուս­նա­ցած մնալ, թող չբաժ­նուի իր կնոջ­մէ։ Նոյն­պէս, ոե­ւէ հա­ւա­տա­ցեալ կին, ե­թէ ու­նի ան­հա­ւատ ա­մու­սին մը՝ որ կ՚ու­զէ իր հետ ա­մուս­նա­ցած մնալ, թող չբաժ­նուի իր ա­մու­սի­նէն։ Ան­հա­ւատ ա­մու­սի­նը կնոջ մի­ջո­ցաւ Աս­տու­ծոյ ժո­ղո­վուր­դին կա­պուած կ՚ըլ­լայ, եւ ան­հա­ւատ կի­նը ա­մու­սի­նին մի­ջո­ցաւ Աս­տու­ծոյ ժո­ղո­վուր­դին կա­պուած կ՚ըլ­լայ. այ­լա­պէս՝ ձեր որ­դի­նե­րը հե­թա­նոս պի­տի նկա­տուէին, մինչ­դեռ հի­մա Աս­տու­ծոյ ժո­ղո­վուր­դին մաս կը կազ­մեն։ Սա­կայն ե­թէ ան­հա­ւատ ա­մու­սի­նը կամ կի­նը ու­զէ բաժ­նուիլ՝ թո՛ղ բաժ­նուի։ Նման պա­րա­գա­նե­րուն ո­րե­ւէ պար­տադ­րանք չկա՛յ հա­ւա­տա­ցեալ ա­մու­սի­նին եւ կնոջ վրայ։ Աս­տուած մեզ կան­չեց խա­ղա­ղու­թեամբ ապ­րե­լու։ Բայց ո՞վ գի­տէ, թե­րեւս այդ ձե­ւով ա­մու­սի­նիդ փրկու­թեան պատ­ճառ կ՚ըլ­լաս, ո՛վ կին. կամ դո՛ւն, ո՛վ մարդ. թե­րեւս այդ ձե­ւով կնոջդ փրկու­թեան  պատ­ճառ կ՚ըլ­լաս։ Այ­լա­պէս, իւ­րա­քան­չիւ­րը թո՛ղ ապ­րի Աս­տուծ­մէ ի­րեն տրուած շնորհ­քին հա­մա­ձայն, ինչ­պէս որ էր՝ երբ Աս­տուած զինք կան­չեց։ Այս­պէս կը պա­տուի­րեմ բո­լոր ե­կե­ղե­ցի­նե­րուն։ Հրեա՞յ մըն է կան­չուա­ծը. թող չծած­կէ իր թլփա­տուած ըլ­լա­լը։ Հե­թա­նո­սու­թե­նէ ե­կա՞ծ է. թո՛ղ չթլփա­տուի։ Քա­նի որ կա­րե­ւոր մար­դուս թլփա­տուած եւ կամ անթլ­փատ ըլ­լա­լը չէ՛. կա­րե­ւո­րը Աս­տու­ծոյ պա­տուի­րա­նը պա­հե՛լն է» (Ա.ԿՈՐՆԹ. Է 12-19)։

­Պօ­ղոս Ա­ռա­քեալ շա՜տ բան կ՚ը­սէ իր այս խօս­քե­րով…։

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

Յու­նիս 11, 2015, Իս­թան­պուլ

Ուրբաթ, Յունիս 19, 2015