ՈՒՐԱԽ ԿԱՄ ՏՐՏՈՒՄ ԸԼԼԱԼ

«Մին՝ կը սկսէր խնդալ երբ դուռնէն դուրս կ՚ելլէր, իսկ միւսը՝ կը սկսէր լալ»։
JUVENALİS

Մարդիկ կան՝ որ ուրախ են միշտ, կը խնդան, իսկ կան մարդիկ՝ որոնք միշտ տխուր են եւ կու լան միշտ։ Արդարեւ, ասիկա կարելի է տեսնել յաճախ, երբ նոյն պայմաններու մէջ եւ նոյն դէպքերուն ոմանք կը խնդան, ոմանք ալ կու լան։ Ուրեմն, կը հետեւի, որ ուրախանալու եւ տխրելու զգացումները յարաբերական են եւ կը փոխուին ո՛չ թէ դէպքին, այլ անձին համեմատ։

Զոր օրինակ, ճամբու մը վրայ երբ երթեւեկի արկած մը պատահած է՝ վիրաւորուծ մարդիկ կան, անոնց մերձաւորները կը տխրին, բայց անոնք, որ օտար են, կ՚ուրախանան, որ այդ արկածը չէ պատահած իրենց կամ իրենց մերձաւորներուն։ Նոյն դէպքը, թէեւ ըստ էութեան ցաւալի, բայց տարբեր անձերու նկատմամբ՝ տխրալի կամ ուրախանալի։

Ահաւասիկ, կեանքը ա՛յս է. տարբեր զգացումներով, տարբեր նկատումներով եւ տարբեր, նոյնիսկ հակասական արտայայտութիւններով լեցուն ճամբորդութիւն մը։ Թէ ի՞նչ է նպատակը, ի՞նչ է իմաստը կեանքին՝ զբաղեցուցած է խորհող միտքերը ամբողջ պատմութեան մէջ եւ ներկայիս։ Ոմանք կեանքը «անիմաստ» եւ զաւեշտական կը գտնեն եւ այս պատճառով՝ անոնք միշտ կը ժպտին, իսկ ոմանք՝ միշտ տխուր եւ վշտալի, դաժան դէմքով կը դիտեն կեանքը եւ աշխարհը։ Եւ ասիկա, լաւատես կամ յոռետես ըլլալու հարց մըն է՝ ուրախ կամ տխուր բնաւորութիւն ունենալու խնդիր մը։

Եւ այս իմաստով, մարդու հոգերը աւելի ծանր չեն, քան երեւակայութիւնները։

Մարդ կրնայ ձեւով մը յաղթահարել իր մտահոգութիւնները եւ ազատուիլ իր հոգերէն, բայց միշտ գերին է իր երեւակայութիւններուն, քանի որ երեւակայութիւնը սահման չունի՝ մարդ ամենէն անկարելի, անիրականանալի բաները կրնայ երեւակայել, երեւակայութեամբ առողջ կամ հիւանդ, յաջող կամ անյաջող, երջանիկ կամ դժբախտ կրնայ ըլլալ եւ ընդհանրապէս բարի կամ չա՛ր, սիրով կամ ատելութեամբ լեցուն…

Diogenes, այս իսկ պատճառով, կ՚ըսէ, թէ՝ «երջանկութիւնը կարելի է ձեռք բերել պարզ կեանք մը ապրելով»։ Արդարեւ, մարդիկ որչափ բարդ կեանք մը ունենան, այնքան կ՚աւելնան հոգերը եւ կը ճնշեն հոգիին վրայ։ Նոյնպէս, երբ ակնկալութիւններ աւելնան, փափաքներու հորիզոնը լայննայ, տարածուի՝ յուսախաբութեան հաւանականութիւնն ալ նո՛յնքան կ՚աւելնայ։ Ուստի պարզ ըլլանք՝ երջանի՛կ ըլլանք…

ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ

Երեքշաբթի, Ապրիլ 2, 2024