ՆԵՂՈՒԹԻՒՆ ԵՒ ԶՕՐՈՒԹԻՒՆ

Կեանքի մէջ նեղութիւններ անպակաս են, նեղութիւններ եւ դժուարութիւններ միշտ կը պատահին եւ պիտի պատահին. ասիկա կեանքին անխուսափելի մէկ իրողութիւնն է. օրէնք մը՝ որ ամէնուն հաւասարապէս ի զօրու է։

Անշուշտ երբ կ՚ըսենք «հաւասարապէս» ասիկա պէտք չէ հասկցուի՝ ամէնուն հաւասար չափով նեղութիւններ կրելու իմաստով, քանի որ նեղութիւններու աստիճանը կը փոխուի իւրաքանչիւր անհատի համար՝ քիչ կամ շատ, պատահական կամ տեւական։ Բայց «հաւասարութիւն»ը պէտք է հասկնալ «անխտիր» կերպով ամէն մէկուն նեղութեան ենթարկուելու իմաստով։ Արդարեւ, ոմանք քիչ նեղութիւն կ՚ունենան՝ ժամանակաւոր եւ անցողակի, կարճատեւ, իսկ ոմանք շատ նեղութիւններ կ՚ունենան. երկարատեւ, տեւական եւ ամբողջ կեանքին ազդող, կեանքին ընթացքը որոշող, անտանելի՛ երբեմն ալ։ Բայց անպայմա՛ն՝ երկարատեւ կամ կարճատեւ, տեւական կամ պատահական, նեղութեան կը մատնուին մարդիկ իրենց կեանքի որեւէ շրջանին։

Արդարեւ, նեղութիւնը սերտօրէն կապուած է զօրութեան, քաջութեան, յոյսի եւ վստահութեան գաղափարներուն հետ։ Ուստի, հոն՝ ուր նեղութիւն կայ, հոն կայ նաեւ յո՛յս, վստահութիւն, որոնք զօրութիւն եւ քաջութիւն կը ներշնչեն ենթակային՝ դիմադրելու համար նեղութեան։ Յոյսը եւ վստահութիւնն է, որ տանելի եւ հանդուրժելի կ՚ընեն ամէն նեղութիւն։

Յոյսը ծաւալ կ՚առնէ Յիսուսի քարոզութեան սկիզբէն իսկ՝ երանութիւններուն հռչակումին մէջ։ Երանութիւնները կը բարձրացնեն մարդուս յոյսը դէպի Երկինք։

Երանութիւնները յոյսին ճամբան կը գծեն նեղութիւններու, փորձութիւններու եւ դժուարութիւններու ընդմէջէն, որոնք կը սպասեն մարդուս, կեանքի որեւէ շրջանին, եւ երբեմն անակնկալ կը յայտնուին։ Բայց բոլոր նեղութիւններու, փորձութիւններու ընթացքին Աստուած կը պահէ մեզ «յոյսին մէջ, որ յուսախաբ չ՚ըներ» (ՀՌՈՄ. Ե 5)։ Յոյսը ապահով եւ հաստատ «հոգիին խարիսխն» է. «յոյսը կը մտնէ հոն, ուր մտաւ Յիսուս մեզմէ առաջ մեզի համար՝ իբր կարապետ» (ԵԲՐ. Զ 19-20)։ Յոյսը նաեւ «զէնք»ն է, որ կը պաշտպանէ մեզ փրկութեան պայքարին մէջ. «Զգեստաւորուինք զրահով հաւատքին եւ սիրոյ, դնենք սաղաւարտը փրկութեան յոյսին» (Ա ԹԵՍ. Ե 8)։

Յոյսը մեզի ուրախութիւնը կու տայ նոյնիսկ նեղութեան մէջ. «Ուրախ եղէ՛ք յոյսին մէջ, համբերող՝ նեղութան մէջ» (ՀՌՈՄ. ԺԲ 12)։ Ան կ՚արտայայտուի եւ կը սնանի աղօթքին մէջ, մասնաւորապէս «Հայր մեր»ին մէջ, որ համառօտութիւնն է ամէն բանի, որ յոյսը մեզի բաղձալի կը դարձնէ։ Բոլոր պարագաներուն մէջ, մեզմէ իւրաքանչիւրը պարտի յուսալ, Աստուծոյ շնորհքով, յարատեւել մինչեւ վերջ եւ ընդունիլ ուրախութիւնը եթէ նոյնիսկ նեղութեան մէջ կը գտնուինք։

Յոյսին կ՚ընկերանայ քաջութիւնը։ «Աշխարհի վրայ նեղութիւն պիտի ունենաք, բայց քաջալերուեցէք, որովհետեւ ես յաղթեցի աշխարհին», կ՚ըսէ Յիսուս. (ՅՈՎՀ. ԺԶ 33)։ Նեղութիւններու դէմ քաջութիւնը կ՚ենթադրէ «զօրութիւն»։ Զօրութիւնը այն բարոյական առաքինութիւնն է, որ նեղութիւններու, դժուարութիւններու մէջ կ՚ապահովէ վճռականութիւնը եւ հաստատամտութիւնը բարիին հետապնդումին մէջ։

Զօրութիւնը կ՚ամրացնէ առաջադրանքը նեղութիւններուն, փորձութիւններուն դիմադրելու եւ արգելքներուն յաղթահարելու բարոյական կեանքին մէջ։

Զօրութեան առաքինութիւնը մարդս կարող կը դարձնէ յաղթելու վախին, ամէն մտահոգութեան, նոյնիսկ մահուան վախին, ճակատելու նեղութիւններուն եւ դժուարութիւններուն։ Ան մարդս տրամադիր կը դարձնէ երթալու մինչեւ հրաժարումը եւ զոհաբերումը իր կեանքին, պաշտպանելու համար «արդա՛ր դատ» մը։ Սաղմոսերգուն կ՚ըսէ. «Իմ զօրութիւնս եւ իմ երգս, Տէ՛րն է» (ՍԱՂՄ. ՃԺԷ 14)։

Արդարեւ մարդ «որդիական վստահութիւն»ը կ՚ապրի եւ ասիկա կը փաստուի մանաւանդ նեղութիւններու մէջ։ Մարդ, բնականաբար, երբ նեղութեան մէջ գտնուի, անպայմա՛ն վստահելի «անձ» մը կը փնտռէ, ինչպէս որդին կը փնտռէ իր ծնողքը, հայրը կամ մայրը, նոյնպէս եւ մարդիկ նեղութիւն երբ ունենան կը փնտռեն զԱստուած՝ երկնային Հայրը որպէս ամենէն վստահելի Անձ։ Վստահութիւնը ապահովութիւն կ՚ենթադրէ, ինչ որ կրնայ տալ ամենավստահելին՝ Աստուած, որ է Արարիչ ե՛ւ Նախախը-նամ Հայր։ Այստեղ գլխաւոր դժուարութիւն մը կը տեսնուի խնդրանքի աղօթքին նկատմամբ, կատարուած իր անձին կամ ուրիշներուն համար՝ բարեխօսութեան միջոցով։ Ոմանք նոյնիսկ կը դադրին աղօթելէ, մտածելով թէ իրենց խնդրանքը ընդունելի չէ եղած։ Հոս, երկու հարցում կը ծագի. ի՞նչու կը խորհինք, թէ մեր խնդրանքը ընդունելի չէ եղած։ Ապա ի՞նչ ձեւով մեր աղօթքը ընդունելի, այսինքն «արդիւնաւոր» կը դառնայ։ Այս հարցումներուն կը պատասխանէ Պօղոս առաքեալ։ Արդեօք մենք համոզուա՞ծ ենք, «թէ չենք գիտեր աղօթել ինչպէս որ պէտք է» (ՀՌՈՄ. Ը 26)։ Արդեօք Աստուծմէ «պատշաճ բարիքնե՞ր» կը խնդրենք։ Արդարեւ Ան կը սպասէ որ խնդրենք, քանի որ մեր արժանապատուութիւնը մեր ազատութեան մէջ է, եւ ուրեմն պէտք է աղօթել Անոր ազատութեան Հոգիին հետ, որպէսզի կարենանք իրապէ՛ս ճանչնալ Անոր բաղձանքը. «Եւ Աստուած որ սիրտերը կը քննէ՝ գիտէ թէ ի՛նչ կը խորհի Սուրբ Հոգին, որովհետեւ անիկա Աստուծոյ կամքին համաձայն կը բարեխօսէ հաւատացեալներուն համար» (ՀՌՈՄ. Ը 27)։

Ուստի, «որդիական վստահութիւն»ը հրահրուած է Աստուծոյ կատարած գերազանց գործին կողմէ՝ Իր Որդիին չարչարանքներով, նեղութիւններով եւ Յարութեա՛մբ։ Քրիստոնեայի աղօթքը գործակցութիւն է Աստուծոյ Նախախնամութեան հետ, Անոր մարդոց հանդէպ ունեցած սիրոյ ծրագրին հետ։

Այս իմաստով «Երանութիւններ»ը խոստումներ են, որ թիկունք կը կանգնին յոյսին՝ տառապանքներու, նեղութիւններու եւ փորձութիւններու մէջ։

Ուրեմն սա բացայա՛յտ է. այս աշխարհի վրայ միշտ պիտի պատահին նեղութիւններ՝ երկարատեւ կամ կարճատեւ, ուստի մարդ պէտք է պատրաստ ըլլայ զանոնք դիմաւորելու, որոնք կարելի է դիմագրաւել յոյսի զօրութեամբ, քաջութեամբ եւ վստահելով ու ապաւինելով Աստուծոյ, որ Նախախնա՜մն է միշտ իր արարածներուն՝ իր որդիներո՛ւն…։

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

Ապրիլ 6, 2019, Իսթանպուլ

Հինգշաբթի, Մայիս 2, 2019