ԲՆԱԿԱՆ ԲԱՐՈՅԱԿԱՆ ՕՐԷՆՔԸ

Օրէնքը, իր ամենալայն իմաստով, կենցաղի կանոն մըն է, հրահանգուած՝ պատկան իշխանութեան կողմէ, հասարակաց բարիքին համար։ Բարոյական օրէնքը կ՚ենթադրէ բանական կարգը, որ Արարչին զօրութեան, իմաստութեան եւ բարութեան կողմէ հաստատուած է արարածներուն միջեւ անոնց բարիքին համար։

Բարոյական օրէնքը աստուածային Իմաստութեան գործն է։ Սուրբ գրային իմաստով կարելի է սահմանել զայն իբրեւ «հայրական ուսուցում», Աստուծոյ դաստիարակութիւն։

Բարոյական օրէնքը կը գծէ մարդուն ուղիները եւ կենցաղի կանոնները, որոնք կը տանին դէպի «խոստացուած երանութիւն»ը. ան կ՚արգիլէ Աստուծմէ եւ Անոր սէրէն հեռացնող չարին ճամբաները։ Ան միանգամայն խի՛ստ է իր պատուէրներուն մէջ եւ սիրալիր իր խոստումներուն մէջ։

Բարոյական օրէնքը իր լիութիւնը եւ միութիւնը Քրիստոսի մէջ կը գտնէ։ Յիսուս Քրիստոս Ինքն անձամբ ուղին է կատարելութեան։ Ի՛նքն է վախճանը օրէնքին, քանի որ միայն Ինք կ՚ուսուցանէ եւ կու տայ Աստուծոյ արդարութիւնը. «որովհետեւ օրէնքին նպատակը Քրիստոս Ինքն է, արդարացումը՝ ամէն հաւատացեալի» (ՀՌՈՄ. Ժ 4)։

Մարդը կը մասնակցի Արարչին իմաստութեան եւ բարութեան, որ կու տայ անոր արարքներուն տիրապետելու եւ ինքզինք կառավարելու կարողութիւնը ճշմարտութեան եւ բարիին հասնելու համար։

Բնական օրէնքը կ՚արտայայտէ սկզբնական բարոյական իմաստը՝ որ թոյլ կու տայ մարդուն իր բանականութեամբ զանազանելու ի՛նչ որ բարի է եւ չար, ի՛նչ որ ճշմարտութիւն է եւ սուտ։

Սուրբ Օգոստինոս Աւրելիոս կ՚ըսէ. «Այս կանոնները ուրեմն ո՞ւր արձանագրուած են, եթէ ոչ մատեանին մէջ այն լոյսին, զոր կը կոչեն ճշմարտութի՛ւն։ Հոն է որ արձանագրուած է ամէն արդար օրէնք, անկէ է որ ան կ՚անցնի արդարութիւն գործող մարդուն սրտին մէջ, ո՛չ թէ հոն գաղթելով, այլ հաստատելով անոր մէջ իր դրոշմը, նման կնիքի մը՝ որ մատանիէն կ՚անցնի մոմին առանց լքելու մատանին»։

Իսկ Սուրբ Թովմաս Աքուինացի բնական օրէնքին մասին սապէս կ՚ըսէ. «Բնական օրէնքը ուրիշ բան չէ եթէ ոչ՝ լոյսը բանականութեան, որ դրուած է մեր մէջ Աստուծմէ. անով կը ճանչնանք ի՛նչ որ պէտք է կատարենք եւ ի՛նչ բանէ պէտք է զգուշանանք։ Այս լոյսը կամ այս օրէնքը Աստուած մարդուս տուած է արարչագործութեան պահուն»։ Բնական օրէնքը որ ներկայ է իւրաքանչիւր մարդու սրտին մէջ եւ վերահաստատուած՝ անոր բանականութեան կողմէ, «ընդհանրական» է իր պատուէրներուն մէջ, իսկ իր իշխանութիւնն ալ կը տարածուի բոլոր մարդոց վրայ։ Ան կ՚արտայայտէ անձին արժանապատուութիւնը եւ կը սահմանէ հիմը անոր իրաւունքներուն եւ անոր հիմնական-էական պարտականութիւններուն։

Այս մասին Մարկոս Թուլիուս Չիչերօ կ՚ըսէ. «Անշուշտ ճշմարիտ օրէնք մը գոյութիւն ունի, անիկա ուղիղ իմացականութիւնն է. ան համաձեւ է բնութեան հետ, սփռուած բոլոր մարդոց մօտ. ան անփոփոխելի եւ յաւիտենական է։ Անոր հրահանգները պարտականութեան կո՛չ մըն են։ Անոր դրած արգելքները կը զգուշացնեն յանցանքէն։ Սրբապղծութիւն է ներհակ օրէնքով փոխարինել զայն։ Արգիլուած է չգործադրել անոր որեւէ մէկ տնօրինումը. իսկ զայն ամբողջութեամբ յետսկոչելը, ո՛չ ոքին տրուած է»։

Բնական օրէնքին գործադրութիւնը բազմատեսակ է. ան կրնայ, կեանքի պայմաններուն բազմազանութեան հետ յարմարցուած, խորհրդածութիւն պահանջել ըստ վայրերու, ժամանակաշրջաններու եւ պարագաներու։ Սակայն մշակոյթներուն զանազանութեան պարագային՝ բնական օրէնքը կը մնայ իբրեւ «կանոն» մը՝ որ մարդիկը իրարու կը զօդէ եւ անխուսափելի տարբերութիւններէն անդին, հասարակաց սկզբունքներ կը պարտադրէ անոնց։

Բնական օրէնքը «անյեղլի» եւ «յարակայ» կը մնայ պատմութեան յեղաշրջումներուն մէջ. ան անայլայլելի է եւ մշտնջենաւո՛ր։ Ան կը գոյատեւէ գաղափարներու, համոզումներու եւ բարքերու մակընթացութեան տակ եւ թիկունք կը կանգնի անոր յառաջդիմութեան։

Բնական օրէնքը արտայայտող կանոնները կը մնան ըստ իրենց էութեան վաւերակա՛ն։ Նոյնիսկ եթէ մարդ ժխտէ մինչեւ իսկ անոր սկզբունքները, սակայն չի՛ կրնար զայն քանդել եւ ո՛չ ալ զայն հանել մարդուն սրտէն։ Ան միշտ կը վերընձիւղի անհատներուն եւ ընկերութիւններուն կեանքին մէջ։ «Գողութիւնը ստուգապէս պատժուած է Քու Օրէնքիդ կողմէ, Տէ՛ր, բայց նաեւ այն օրէնքին կողմէ, որ դրուած է մարդուն սրտին մէջ եւ զոր անբարշտութիւնն անգամ չի ջնջեր», կ՚ըսէ Սուրբ Օգոստինոս Աւրելիոս։

Արարչին յոյժ բարի գործը եղող Բնական օրէնքը կը հայթայթէ ամո՛ւր հիմերը, որոնց վրայ մարդը կրնայ կառուցանել շէնքը բարոյական կանոններուն, որոնք պիտի առաջնորդեն անոր ընտրանքները։ Ան կը դնէ նաեւ բարոյական անհրաժեշտ հիմը մարդոց հասարակութեան կերտումին, վերջապէս կը հայթայթէ անհրաժեշտ հիմը քաղաքացիական օրէնքին, որ անոր կը զօդուի, ըլլա՛յ խորհրդածութեամբ մը, որ անոր սկզբունքներէն եզրակացութիւններ կը քաղէ, ըլլա՛յ նաեւ դրական եւ իրական յաւելումներով։

Արդարեւ, Բնական օրէնքին պատուէրները յստակ եւ անմիջական կերպով չեն իմացուած բոլորէն։ Ներկայ կացութեան մէջ, շնորհքը եւ յայտնութիւնը անհրաժե՛շտ են «մեղաւոր»՝ սխալական մարդուն, որպէսզի կրօնական եւ բարոյական ճշմարտութիւնները կարենան ճանչցուիլ բոլորէն եւ առանց դժուարութեան, հաստատ ստուգութեամբ եւ սխալի խառնուրդէ զերծ։ Բնական օրէնքը յայտնեալ օրէնքին եւ շնորհքին կը հայթայթէ հի՛մ մը՝ որ պատրաստուած է Աստուծմէ եւ յարմարցուած՝ Սուրբ Հոգիին ներգործութեան…։

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

Օգոստոս 12, 2019, Իսթանպուլ

Երկուշաբթի, Սեպտեմբեր 2, 2019