ՄԱՅԹԵՐՈՒ ՎՐԱՅ ՄԵՌՆՈՂ ԱՐՈՒԵՍՏԸ

Հիւսիսային պողոտայ եմ. խճողուած է՝ ինչպէս միշտ:

Լուսաւորութեան մէջ փողոցին անըմբռնելի մթութիւն մը կայ. այն մթութիւններէն՝ որ առանց պատճառի խռովք ու վրդովում կը յառաջացնեն մարդու ներաշխարհէն ներս՝ անծանօթ յոյզով մը խեղդելով արդէն իսկ մռայլ հոգիները:

Լուսաւոր այդ խաւարին մէջէն կ՚անցնին զուարթ ու շէն մահկանացուներու ամբոխ մը, լուռ ու անտարբեր ի դիմաց կեանքի վշտագալար հոգիներուն, որոնք կը փորձեն իրենց հիւծած հոգիները քշելով հասնիլ կեանքի սրընթաց գնացքին: Այդ փողոցին մէջ յանկարծ մարդու սիրտէն խոյս կու տան խղճմտանքն ու գութը՝ ի դիմաց աղքատութիւն կոչուած թշուառութեան:

Քայլերս ակամայ կանգ առած էին տարաբախտ պառաւի մը դիմաց, որ հակառակ ցուրտին, իր երբեմնի շնորհալի ձայնը ձգած՝ ամբոխին մէջ կը փնտռէր իր յաճախորդները. այդ ժլատներու քմայքէն կախեալ էր իր օրապահիկը. անոնցմով երաշխաւորուած իր կենաց մահու պայքարի վերջնական արդիւնքը:

Այդ օր եկած էր դարձեալ բախտը փորձելու փողոցներուն մէջ: Արիւնի հոտ մը կար ձայնին մէջ. ձայն՝ որ պէտք է սթափեցնէր անտարբեր հոգիները, կեանքի անփոյթ վազքին մէջ դանդաղեցնէր անկարեկիր մարդկութիւնը: Աղքատութիւնը ձեռքէն բռնած քաշկռտելով բերած հասցուցած էր զինք այստեղ՝ հսկայական պողոտայի վրայ աննկատ անկիւն մը շնորհելով:

Անզգալաբար ձեռքին մէջ կը դողդոջէր ձեռքի անտաշ ճպոտը: Երկչոտ նայուածքները կը խուսափէր անցորդներու աչքերէն, որոնք հիմա անտարբերութեամբ կը նայէին իրեն, շատ անգամ կարեկցանքով ու վշտակցութեամբ: Հիմա ինք անոնց աչքին ողորմութիւն խնդրող չքաւոր մուրացիկ մըն էր, սակայն ո՛չ երբեք երգիչ ու արուեստագէտ եւ գուցէ այդ փառքի նուաստացումն էր պատճառը աչքերը մեր աչքերէն փախուստի մատնելուն:

Հակառակ ճաշարաններէն լսուող տհաճ ու անախորժ երաժշտութեանց, պառաւին ձայնը կը շարունակէ իր տիրական ներկայութիւնը պահել ամբողջ փողոցի երկայնքին: Ձայնին զօրութիւնը կը ջատագովէ երբեմնի հզօր ու ազդեցիկ մեծութեան ու փայլքի մը անուրանալի գոյութիւնը, որ հիմա մեռած աստղի մը պէս չխամրելու վերջին փորձեր մը կ՚ընէր: Գուցէ անցեալին եղած ըլլար անուանի երգասաց մը՝ որ հիմա մուրացիկի մը որպէս իր ձայնին վերջին լարերը կը փորձէ մաշեցնել: Հայը օտարացնող երգերու մէջէն կը զանազանուէր իր ձայնը, որուն մէջ ծնունդ կ՚առնէր մերթ Սայաթ Նովան, մերթ Աշուղ Հաւասին: Ձայնին մէջ կը տողանցէին Նժդեհը, Անդրանիկը, Դրօն եւ ուրիշներ: Ձայնին մէջ կը կենդանանար Աստղիկ՝ Վահագնի կարօտը սիրտին:

Հսկաներու պանթէոն մը ամբողջ յարութիւն կ՚առնէր այդ ձայնին մէջ. եւ ի՜նչ հեգնանք... երկնային այդ պարգեւը մարդոց կը մատուցուէր մերթ անվճար եւ ատեն ատեն մի քանի ղուրուշի մը դիմաց:

Մեղաւորի նայուածքով ժամանակ առ ժամանակ կը նայի դէմը փռուած թաշկինակին, որուն մէջ դրուած մի քանի դահեկանը կը պաշտպանէր քամիին յանձնուելէն: Ճակատագրի մէջ խաղով եթէ ծնած ըլլար օտարութեան մէջ, գուցէ այսօր դասուած ըլլայ յայտնի երաժիշտներու շարքին, առանց օրուան ապրուստ հոգալու մտատանջութիւնը ունենալու։

Ունայնութեա՜ն ուղեւորներ... ձեռք ձեռքի զոյգեր, երազկոտ ու անտարբեր կը շարունակեն անցնիլ՝ զանց ընելով պառաւին պատարագը, ուր Քրիստոսի մարմնին տեղ անհաւատ ժողովուրդին կը տրուի մշակոյթն ու արուեստը: Պիտի չարթննա՞յ երբեք անոնց խիղճերը գերող անպարտելի քունը:

Կը պատարագուի արուեստն ու մշակոյթը՝ ապաշնորհ մարդոց անողորմ ոտքերուն տակ, մինչ պառաւը մեռած նայուածքները հեռուն սեւեռած կը շարունակէր ներբողել սէրը: Հաւատացէ՛ք, պառաւին համար երգը շա՜տ շա՜տ աւելի նշանակութիւն ու իմաստ ունէր՝ քան բոլոր այն երգիչները, որոնք այսօր բարձրախօսը վերցուցած, կը փորձեն իրենց ագռաւի ձայնին սոխակի երանգ տալ: Պառաւին մօ՛տ է որ կը կենդանանար «երգը կեանք է» լոզունգը:

Վերադարձայ տուն, սակայն պառաւին ձայնին արձագանգը տակաւին կը շարունակէր լսուիլ ներաշխարհիս մէջ: Հիմա է, որ կը զգամ տարտամ դառնութիւնը ճակատագրին:

Եւ ինչքա՜ն մշակոյթ ու արուեստ, ամէ՛ն օր կը զոհուին մեր հսկայ քաղաքի աննկատ մայթերուն վրայ:

***

Յ.Գ. Երգող կինը ծանօթ է Ժասմին անունով (բուն անունը՝ Յասմիկ Անտոնեան): Նկարահանուած է նաեւ Ժասմինը կեանքը ներկայացնող ժապաւէն, որ կը կոչուի «Հիւսիսային Պողոտայի Թագուհին»:

 

ՀԱՅԿԱԿԱՆ ԱՆՑԵԱԼԷՆ ՊԱՏՄՈՒԹԵԱՆ ՄԷՋ ԱՅՍՕՐ

ԹԱԹՈՒԼ ԱԼԹՈՒՆԵԱՆ
(1901-1973)

Մեր թուականէն 120 տարիներ առաջ՝ 2 հոկտեմբեր 1901-ին Ատանայի մէջ ծնած է երաժիշտ, խմբավար ու մանկավարժ Թաթուլ Ալթունեան:

Ալթունեան նախնական կրթութիւնը ստացած է ծննդավայրի ծխական դպրոցէն ներս, ապա ուսումը շարունակած՝ Լենինկրատի երաժշտանոցին մէջ, ուրկէ շրջանաւարտ եղած է 1928 թուականին:

Ուսումը աւարտելէ ետք հաստատուած է Հայաստան: Երեւանի Երաժշտանոցէն ներս վարած է ուսուցչական պաշտօն՝ 1934 թուականէն սկսեալ, միաժամանակ վարելով երաժշտանոցի երգչախումբի ղեկավարի պաշտօնը: Երաժիշտը եղած է Հայաստանի Պետական երգչախումբի ղեկավար՝ 1947-1949 թուականներուն: Գլխաւորած է նաեւ Հայկական ժողովրդական երգի-պարի համոյթը, որ 1974-ին մկրտուեցաւ Ալթունեանի անուամբ:

Ալթունեան ղեկավարած է Հայաստանի երգչախմբային ընկերութեան երգչախումբը՝ 1966-1969 թուականներուն եւ եղած է անոր նախագահը՝ 1958-1973 թուականներու միջեւ:

Ալթունեանի ղեկավարութեամբ երաժշտասէր հանրութեան ներկայացուած է Կոմիտասի «Գարուն»ը, «Սօնա եար»ը, «Անձրեւ եկաւ»ն ու այլ գոհարներ, որոնցմէ են Կարա Մուրզայի, Ս. Մելիքեանի եւ այլ երաժիշտներու ստեղծագործութիւնները:

Իր վաստակին շնորհիւ Թաթուլ Ալթունեան արժանացած է Խորհրդային Հայաստանի Ժողովրդական արուեստագէտի կոչման, ինչպէս նաեւ 1950 թուականին տիրացած է Խորհրդային Հայաստանի Պետական մրցանակին:

Ալթունեանի անունով կոչուած են Հայաստանի եւ Եգիպտոսի մէջ գործող երաժշտական համոյթներ: 

Թ. Ալթունեան մահացած է 29 նոյեմբեր 1973-ին, Երեւանի մէջ:

ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ

Շաբաթ, Հոկտեմբեր 2, 2021