ՄԱՔՈՒՐ ԽՂՃՄՏԱՆՔ ՈՒՆԵՆԱԼ

Ո՜րքան սքանչելի բան է մաքուր խղճմտանք մը ունենալ եւ մաքուր խղճմտանքով ապրիլ այս կեանքը։ Ուստի մաքուր խղճմտանքը մարդուս ներքին մաքրութիւնն է, եւ հոն ուր կայ մաքրութիւն, հոն կայ նաեւ սէր, համբերութիւն, հանդուրժողութիւն, ներողամտութիւն, կարեկցութիւն եւ գութ, որոնք մարդս կը կատարելագործեն, առաքինի եւ ազնիւ մա՛րդ կ՚ընեն։

Արդարեւ, մարդ իր խղճմտանքին խորը կը գտնէ օրէնքի մը ներկայութիւնը, որ ինք չէ տուած, սակայն որուն ինք պարտաւոր է հնազանդիլ։ Խղճմտանքը՝ այս «ձայն»ը, որ անդադար կը մղէ զինք սիրելու, հնազանդելու եւ կատարելու բարին եւ զգուշանալու չարէն, պատեհ պահուն կը հնչէ անոր սրտին մտերմութեան մէջ։ Ուստի խղճմը-տանքը «օրէ՛նք» մըն է, արձանագրուած Աստուծոյ կողմէ մարդուն սրտին մէջ։ Այս իմաստով խղճմտանքը մարդուն ամենէն մտերիմ եւ ամենէն գաղտնի «ներքին»ը՝ ներսիդին է, «սրբավա՛յր» մը, սրբավայրը մարդուն ուր ան առանձին է Աստուծոյ հետ եւ ուր Աստուած կը խօսի, եւ ուր Աստուծոյ ձայնը ինքզինք լսելի կ՚ընէ։ Մարդուն սրտին խորը ներկայ եղող բարոյական խղճմտանքը պատեհ վայրկեանին կը հրամայէ անոր կատարել բարին եւ զգուշանալ չարէն։ Խղճմտանքը Աստուծոյ Խօսքն է, եւ Աստուծոյ Խօսքը լո՛յս է մարդուն կեանքի ճանապարհին վրայ։ Պէտք է զայն իւրացնէ մարդ հաւատքի եւ աղօթքի մէջ եւ մանաւա՛նդ՝ գործադրէ։ Ահաւասիկ, այսպէս կը կազմուի բարոյական խղճմտանքը։

Խղճմտանքը կը զատորոշէ նաեւ կատարուելիք ընտրանքները, անսալով բարիին եւ մերժելով չարը։ Ան կը վկայէ ճշմարտութեան իշխանութեան, որ կապակցութեան մէջ է գերագոյն Բարիին հետ՝ որուն քաշողականութիւնը կը կրէ մարդկային անձը եւ կ՚ընդունի Անոր պատուիրանները։ Խոհեմ մարդը երբ կ՚ունկնդրէ բարոյական խղճմտանքին, կարող կը դառնայ լսելու իրեն խօսող Աստուածը։

Բարոյական խղճմտանքը բանականութեան մէջ դատողութիւնն է, որուն միջոցով մարդկային անձը կը ճանչնայ բարոյական հանգամանքը շօշափելի գործի մը՝ զոր պիտի կատարէ կամ կը կատարէ եւ կամ արդէն կատարած է։

Մարդը, իր ամէն ըրածին եւ ըսածին մէջ պարտաւո՛ր է հետեւելու հաւատարմաբար այն բանին, զոր գիտէ, թէ արդար եւ ուղիղ է։ Իր խղճմտանքին դատողութեամբ է, որ մարդը կը տեսնէ եւ կը ճանչնայ աստուածային օրէնքին հրահանգները։ Կարեւոր է որ իւրաքանչիւր մարդ ինքզինքին գիտակից ըլլայ՝ լսելու համար խղճմտանքին ձայնը եւ անոր հետեւելու։

Այս գիտակցութիւնը կ՚ենթադրէ «ներամփոփում» մը՝ որուն պահանջքը ա՛յնքան աւելի կարեւոր է, որքան կեանքը յաճախ կը մղէ մարդս խուսափելու, հեռու մնալու ամէն խորհրդածութենէ, քննութենէ կամ ինքնամփոփումէ։ Սուրբ Օգոստինոս Աւրելիոս այս մասին կ՚ըսէ. «Վերադարձի՛ր քու խղճմտանքիդ, հարցաքննէ՛ զայն։ Վերադարձի՛ր։ Վերադարձէ՛ք եղբայրներ, դէպի ձեր ներաշխարհը եւ ձեր բոլոր գործերուն մէջ դիտեցէք Վկան Աստուած»։ Ուստի մարդկային անձին արժանապատուութիւնը իր մէջ կը ներփակէ եւ կը պահանջէ «բարոյական խղճմտանքին ուղղամտութիւն»ը։

Բարոյական խղճմտանքը իր մէջ կը բովանդակէ բարոյական սկզբունքներուն գիտակցութիւնը, ինչպէս նաեւ անոնց գործադրութիւնը տուեալ պարագաներու մէջ՝ պատճառներու եւ բարիքներու գործնական դատողութեան միջոցով, եւ վերջապէս՝ կը բովանդակէ դատումը կատարուելիք կամ արդէն կատարուած տեսանելի եւ շօշափելի արարքներուն մասին։

Բարոյական բարիին շուրջ ճշմարտութիւնը՝ որ հռչակուած է իմացականութեան օրէնքին մէջ, գործնականապէս տեսանելի եւ շօշափելի կերպով ճանչցուած է խղճմտանքին «խոհեմ դատողութեամբ»։ «Խոհեմ» կը կոչուի մարդ, որ ընտրութիւն կը կատարէ այս դատումին համեմատ եւ կը գործէ խոհեմ դատողութեան համաձայն։

Խղճմտանքը թոյլ կու տայ ստանձնել կատարուած արարքներուն «պատասխանատուութիւնը»։ Եթէ մարդ գէշ կը գործէ, խղճմտանքին արդա՛ր դատաստանը կրնայ մնալ անոր մէջ թէ՛ իբր վկան բարիին ընդհանուր ճշմարտութեան, թէ՛ ալ վկա՛ն չարութեան՝ անոր եզակի ընտրանքին։

Խղճմտանքին դատավճիռը կը մնայ գրաւական մը յոյսի եւ ողորմածութեան։

Վկայելով գործուած յանցանքին, ան կը յիշեցնէ խնդրուելիք ներումը, տակաւին գործուելիք բարիքը եւ անդադար մշակուելիք առաքինութիւնը Աստուծոյ շնորհքով։ Մարդը իրաւունք ունի գործելու ըստ խղճմտանքին եւ ազատօրէ՛ն, անձնապէս առնելու համար բարոյական որոշումները…։

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

Հոկտեմբեր 29, 2019, Իսթանպուլ

Շաբաթ, Նոյեմբեր 2, 2019