ԷՋՄԻԱԾԻՆ

Վերջերս ուրախութեամբ ԺԱՄԱՆԱԿ-ի խմբագրութեան կողմէ ստացայ «ԺԱՄԱՆԱԿ-100» մատենաշարէն լոյս տեսած «Դէպի Էջմիածին Երթուդարձի նօթեր» գիրքը, գրուած բանասէր, բանաստեղծ, խմբագիր եւ հասարակական գործիչ, ինչպէս նաեւ ԺԱՄԱՆԱԿ թերթի աշխատակից Թորոս Ազատեանի կողմէ (ապրած 1898-1955 թուականներուն):

Վստահ եմ Թորոս Ազատեանի պատկերացումն ու յոյզերը տարբեր չեն Մելքոն Կիւրճեանի «Պանդուխտի կեանքէն» աշխատութեան մէջ ներկայացուցած Ֆարհատէն, որ իր խօսակիցներուն հետ իր խօսքը կը վերջացնէր «Էջմիածնի Ճեմարանը, տի՛կին, հոն կ՚երթամ» վերջաբանով: 

Յաճախ կ՚ըսենք, թէ մեր կեանքին մէջ փոխուած է ամէ՛ն ինչ. նոյնիսկ սրբազան արժէքներու հանդէպ եղած նախանձախնդրութիւնն ու ակնածութիւնը. հեղինակը իր աշխատութեան 8-րդ տողին մէջ իսկ արդէն կը մատնանշէ հայրենիքի ու սրբութեան հանդէպ եղած անցեալի ակնածութիւնը հետեւեալ տողերով. «Ողջերթի փութացող սիրելիներու եւ բարեկամներու առընթեր կային հետաքրքիրներ ալ»: Անոնցմէ շատեր եկած էին հաւանաբար այն պատճառով, որ չէին հաւատար, թէ Պոլիս կը մասնակցի կաթողիկոսական ընտրութեան, սակայն վստահ ենք, թէ անոնց մէջ կային նաեւ հայրենիքին, Էջմիածնին ու կաթողիկոսութեան հանդէպ յատուկ սիրով ու հետաքրքրութեամբ լեցուած հաւատացեալներ, որոնց համար մեկնողները երանելիներ էին՝ որոնք արժանի պիտի ըլլային տեսնելու այն սրբավայրերը, ուր ապրած ու գործած են մեր նախնիները աւելի քան 1700 տարի:

Եթէ աշխարհի վրայ տակաւին կան նման սէր տածողներ, ըսե՛մ. Նախանձելիներէն մէկն ալ ես եմ, որ բախտաւորութիւնը ունիմ ապրելու ա՛յն սրբավայրի հարեւանութեամբ, որ գրողի բառերով «քանինե՜ր փափաքած են» տեսնել ու այցելել: Էջմիածնի տաճարը տունէս հինգ վայրկեան հեռաւորութեան վրայ կը գտնուի եւ գրեթէ ամէն օր բախտաւորութիւնը կ՚ունենամ անցնելու եւ տեսնելու այդ սրբավայրը: Արփիարեան իր «Րաֆֆի եւ հայ վիպասանութիւնը» աշխատութեան մէջ կը գրէ հետեւեալ տողը. «Ատեն մը նոցա համար էին երանիներն, որք Ս. Գեղարդն, Էջմիածին համբուրած ի տուն կը դառնային». ինչպէս գրողը կը նշէ... ատեն մը:

Առաջին այցելութեան տպաւորութիւնը խորն էր. ամէ՛ն մէկ քայլափոխի նոր մտածում մը. արդեօք Կոմիտաս Վարդապետ քալա՞ծ էր այն տեղէն՝ որ ես հիմա կը քալեմ. բազմատասնեակ իմաստասէր հոգեւորականներ ու եկեղեցական գործիչներ այս նոյն երկինքին տակ չէ՞ր որ ապրեցան: Պահ մը կը նայիս Մայր Տաճարի քարերուն, որոնց հանդէպ նախանձ մը կը զգաս: Այդ քարերը դարեր շարունակ լսած ու տեսած են բազմաթիւ կաթողիկոսներ, մինչեւ իսկ սուրբեր. անոնք այսօր չկան, սակայն այդ քարերը կը շարունակեն մնալ որպէս դարաւոր պատմութեան լուռ վկաներ: Այդ քարերուն վրայէն քալած էր նաեւ Խրիմեան Հայրիկ, որ իր գրութիւններուն մէջ Էջմիածինը կը նկարագրէ որպէս «Ի տաճարն Աստուածակերտ, ի մայրըն մեր Ամոնածին,  Ի վեհ եւ գերապանծ աթոռ հայոց Լուսաւորչին»: Եւ վերջապէս բոլոր մեծութիւններուն կողքին մեր հաւատքին համաձայն Տէրը ի՛նք կրնար քալած ըլլալ այդ քարերուն վրայէն, որուն համար կոչած ենք Էջ միածին. Տէրը այդտե՛ղ ընտրած էր իր բնակութեան համար:

Պատմութեանը կը փաստէ, թէ ինչքան մեծ նշանակութիւն ունեցած է Էջմիածինը հայ ժողովուրդին համար. վկայ Շահ Աբբասը, որ հայերը որպէս գաղթական Սպահան տարած ժամանակ ուզեց քակել Սուրբ Էջմիածին Տաճարը եւ նոյն քարերով ու նմանութեամբ տաճար մը շինել Սպահանի մէջ՝ Էջմիածին անունով, որովհետեւ համոզուած էր, թէ հայերը յօժարութեամբ կ՚ապրին հո՛ն՝ ուր Էջմիածին կայ: Շահ Աբբաս կը հաւատար, թէ այսպիսով կրնայ Հայաստանը մոռցնել տալ հայերուն, որովհետեւ Էջմիածինը ինքնին հայրենիք մըն էր անոնց համար:

Էջմիածինը Հայութիւն կը բուրէ. հայ աշուղ Ջիւանի իր «Իմ Որդին» երգին մէջ դիմելով իր զաւկին կ՚ըսէ. «Մեր նախնեաց հոտն առնել կուզե՞ս, իմ որդեակ, Էջմիածին, Սուրբ Կարապետ ուխտ գնա՛». Էջմիածնի հանդէպ սէրը ի յայտ կու գայ նաեւ մեր ժողովրդական ազգային երգերուն մէջ. անոնցմէ յայտնի է «Էջմիածին երթամ ուխտ» ժողովրդական երգը, ուր մայր մը իր զաւակին առողջութեան համար կը դիմէ Էջմիածին, հաւատալով անոր ամենակարող զօրութեան:

Հոգեւոր կեանքին մէջ նոյնիսկ հայը օտարամոլ է. մեր հայորդիներէն շատեր այսօր իրենց հիւանդութեան եւ կամ նեղութեան ժամերուն, մանաւա՛նդ սփիւռքի տարածքին կը դիմեն օտար վանքեր ու եկեղեցիներ, որովհետեւ անոնց համար օտարինը միշտ աւելի սուրբ ու հոգեւոր ըլլալ կը թուի. օտար սուրբերու բարեխօսութիւնը կը խնդրեն, իրենց տուներէն ներս անոնց սրբապատկերները կը պահեն, մոռնալով, որ մենք եւս ունինք սրբութիւններ ու սուրբեր՝ որոնք նուազ հրաշագործութիւններ չեն կատարած քան օտարինը: Պէտք է վերականգնել Էջմիածին ուխտի գալու սովորութիւնը, որովհետեւ այդտեղէն ծնունդ առաւ այն լոյսը՝ որ լուսաւորեց Հայաստան աշխարհը:

Երանի՜ այն հայուն, որ իր մէջ էջմիածինը տեսնելու ու շօշափելու փափաքով կ՚ապրի:

 

ՀԱՅԿԱԿԱՆ ԱՆՑԵԱԼԷՆ ՊԱՏՄՈՒԹԵԱՆ ՄԷՋ ԱՅՍՕՐ

ՍԻԼՎԱ ԿԱՊՈՒՏԻԿԵԱՆ
(1919-2006)

Մեր թուականէն 103 տարիներ առաջ՝ 20 յունուար 1919-ին, Երեւանի մէջ ծնած է գրող, բանաստեղծուհի, արձակագիր, հրապարակախօս եւ հասարակական գործիչ Սիլվա Կապուտիկեան:

Կապուտիկեան իր նախնական կրթութիւնը ստացած է Երեւանի Կրուպսկայայի անուան դպրոցին մէջ (այս դպրոցը այժմ կը կոչուի «Նիկոլ Աղբալեանի անուան 9րդ դպրոց»): Աւարտելէ ետք դպրոցական ուսումը ընդունուած է Երեւանի Պետական համալսարանի բանասիրական բաժինը, ուրկէ շրջանաւարտ եղած է 1941 թուականին. 1949-1950 թուականներուն մեկնած է Մոսկուա՝ հետեւելու Մաքսիմ Կորքիի անուան գրականութեան կան հասակին. բանաստեղծութիւնը հրատարակուած է «Պիոներ Կանչ» թերթին մէջ: Իր բանաստեղծութեան առաջին ժողովածուն՝ «Օրերի հետ»ը հրատարակած է 1945 թուականին, որուն յաջորդած են հինգ տասնեակէ աւելի գիրքեր, որոնցմէ են՝ «Այս իմ երկիրն է» (1949), «Բարի երթ, Երեւան» (1957), «Իմ էջը» (1968), «Իմ ժամանակը» (1979) եւ բազմաթիւ այլ աշխատութիւններ: Կապուտիկեան իր «Իմ հարազատները» բանաստեղծական ժողովածուին համար 1952 եւ 1988 թուականներուն արժանացած է պետական մրցանակներու: Բանաստեղծուհին 1962 թուականէն սկսեալ շրջած է հայկական գաղթօճախներ՝ Լիբանան, Սուրիա, Եգիպտոս, Ֆրանսա, Երուսաղէմ, Պարսկաստան եւ այլ երկիրներ ու իր յուշերը ամփոփած «Կարաւանները դեռ քայլում են», «Խճանկար հոգու եւ քարտէզ գոյներու» եւ «Իմ կածանը աշխարհի ճանապարհին» աշխատութիւններուն մէջ:

Շնորհիւ իր վաստակին՝ Կապուտիկեան 1970 թուականին արժանացած է Խորհրդային Հայաստանի Արուեստի վաստակաւոր գործիչ, 1980 թուականին Վրաստանի Մշակոյթի վաստակաւոր աշխատող եւ Երեւանի Պատուաւոր քաղաքացի կոչումներուն. 1998 թուականին Քէյմպրիճի միջազգային կաճառի կողմէ ստացած է «Տարուայ կին» տիտղոսը: Արժանացած է «Պատուոյ նշան», «Աշխատանքի վեթերան», «Հայրենական մեծ պատերազմի ժամանակ անձնուէր աշխատող», «Մարշալ Բաղրամեան» եւ «Սուրբ Մեսրոպ Մաշտոց»ի անուան շքանշաններուն:

Կապուտիկեան եղած է յայտնի բանաստեղծ Յովհաննէս Շիրազի առաջին կինը. անոնց որդին՝ Արա Շիրազ եղած է քանդակագործ եւ Հայաստանի Հանրապետութեան Ժողովրդական նկարիչ:

Բանաստեղծուհին մահացած է 25 օգոստոս, 2006 թուականին:

ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ

Հինգշաբթի, Յունուար 20, 2022