ԱՆԱՊԱՏԷՆ՝ ՀԱՅՐԵՆԻՔ, ՀԱՅՐԵՆԻՔԷՆ՝ ԱՆԱՊԱՏ

Վերջին քանի մը ամիսներուն համաշխարհային մամուլը լայն տեղ յատկացուց Իսլայէլի եւ Պաղեստինի միջեւ տեղի ունեցած բախումներուն։ Սա քաղաքական մանրամասնութիւններէն անդին՝ մանաւանդ հայերուս համար ունի բարոյական դասեր, որոնց պակասը նկատելի է: Որպէս ազգ՝ հայերը մեծ դասեր ունին քաղելիք թէ՛ իսլայէլացի եւ թէ՛ պաղեստինցի ժողովուրդներէն:

Մինչեւ 20-րդ դարու սկիզբները հրեայ ժողովուրդը կը շարունակէր տակաւին փնտռել «խոստացուած» երկիր մը, որ ի վերուստ խոստացուած էր: Մեծագոյն դասը, որ հրեայ ժողովուրդը կրնայ հայ ժողովուրդին փոխանցել՝ հայրենիքի մը գոյութեան կարեւորութիւնն է։ Մինչեւ 20-րդ դարու սկիզբները քարտէսի երեսին գոյութիւն չունէր Իսրայէլը, սակայն հրեայ ժողովուրդը կը հաւատար, թէ գոյատեւելու համար անհրաժեշտ է ունենալ հայրենիք մը՝ համոզուած ըլլալով, որ անհայրենիք ժողովուրդ մը դատապարտուած է առ յաւէտ կորսըւելու: Անոնք թափառական ու գաղթական ժողովուրդ մըն էին աշխարհի տարածքին, սակայն, ի տարբերութիւն հայերուն, քաղաքական, տնտեսական եւ ընկերային բոլոր դժուարին պայմաններուն մէջ ամուր կառչած էին իրենց լեզուին ու Մովսիսական կրօնին եւ օտարութեան մէջ նոյնիսկ յաջողած էին պահել իրենց գոյնը:

Լեզուի եւ կրօնի հանդէպ իրենց ունեցած կապուածութիւնը հրեայ ժողովուրդը առաջնորդեց յաջողութիւններու. եթէ անոնց մօտ չըլլար այդ կապուածութիւնը, այսօր աշխարհի երեսին ո՛չ հրեայ եւ ոչ ալ Իսրայէլ գոյութիւն կ՚ունենային։ Նոյն այդ տրամաբանութեամբ մեր ազգին մէջ տասնեամեակներ շարունակ կը բարձրաձայնուի հայոց լեզուին եւ մշակոյթին պահպանութեան կարեւորութիւնը, որովհետեւ մեր սփիւռքի զաւակները չյաջողեցան ընել այն՝ ինչ որ ըրաւ իսրայէլացի ժողովուրդը եւ կամ այն՝ ինչ որ մինչեւ օրս կը շարունակէ ընել անհայրենիք մնացած եզիտի ժողովուրդը:

Դէմ ենք ծայրայեղութեան, սակայն պատմութիւնը կը փաստէ, թէ այդ ծայրայեղ ըմբռնումները ազգը ոտքի կը պահեն։ Նոյնիսկ Աստուածաշունչին մէջ իսրայէլացի ժողովուրդը դժգոհ էր, որովհետեւ բարեբեր երկրի մը տիրանալու ձգտումը ունէին։ Ի տարբերութիւն անոնց, մեր ժողովուրդը սորվեցաւ լռել նոյնիսկ ամենէն մեծ անիրաւութիւններուն դիմաց եւ չձգտեցաւ ունենալ երկիր մը՝ հիմնուած անփոխարինելի սրբազան արժէքներու վրայ:

Գաղթական իսրայէլացի ժողովուրդը Պաղեստինի գրաւումէն դարեր առաջ արդէն իսկ յանգած էր այն եզրակացութեան, թէ խոստացուած երկիրը նոյնինքն Պաղեստինն է։ Կրնա՞ք պատկերացնել, որ հայ ժողովուրդը գտնուէր նոյն վիճակին մէջ։ Մէկը խոստացուած երկիր պիտի նկատէր Ամերիկայի Միացեալ Նահանգները, իսկ ուրիշ մը՝ Արաբական Միացեալ Էմիրութիւնը եւ իրենց միջեւ տեղի ունեցած անհամաձայնութեան ու բախումներուն պատճառով այնպէս ալ պիտի չկարենային տիրանալ խոստացուած երկրին: Իսրայէլացի ժողովուրդին յաջողութեան մեծագոյն գրաւականներէն մէկը ներքին համաձայնութիւնն էր. ազգային շահերը բոլո՛ր սեփական շահերէն գերիվեր դասելու մեր մօտ պակսող ունակութիւնն էր:

Տակաւին Պաղեստինի գրաւումէն շատ առաջ, հրեայ ժողովուրդը որոշած էր այդտեղ մեծ գաղութներ հաստատել եւ աշխարհի երեսին ցրուած հրեաները իրենց «սրբազան» նպատակը իրականացնելու համար տեղափոխել Պաղեստին։ Անհայրենիք ժողովուրդ մը հայրենիքի կերտումին համար յաջողեցաւ իր ցրուած զաւակները հաւաքել։ Ի տարբերութիւն եւ ի՛ բախտաւորութիւն անոնց, մենք ունինք հայրենիք, սակայն չունինք այն ուժն ու գիտացութիւնը, որ ունէր իսրայէլացի ժողովուրդը: Հայրենիք մը սփիւռքի նիւթական օժանդակութեան վրայ հիմնուելով չի՛ կրնար զօրանալ։ Իսրայէլացի ժողովուրդը լաւապէս կը գիտակցէր, որ Իսրայէլ մը ստեղծելու համար պէտք էր մեկնիլ Պաղեստին, կայք հաստատել ու աշխատիլ այդտեղ։ Հայերու դժբախտ տարբերութիւնը ստուգելու համար նայեցէ՛ք վիճակագրութիւններուն։ Ըստ վիճակագրութիւններուն՝ 2000 թուականին Իսրայէլի բնակչութիւնը կը հաշուէր 6 միլիոն 289 հազար, իսկ այսօր Իսրայէլի բնակչութեան թիւը կը կազմէ 9 միլիոն 311 հազար 652: Իսկ մե՞նք… Ահաւասիկ պատկերը։ 2000 թուականին Հայաստանի Հանրապետութեան բնակչութեան թիւը կը հաշուէր 3 միլիոն 169 հազար։ Այսօր Հայաստանի բնակչութեան թիւն է մօտաւորապէս 2 միլիոն 777 հազար։

Անցեալ 24 տարուան ընթացքին աշխարհի գրեթէ բոլո՛ր պետութիւններուն մէջ բնակչութեան թիւը աճ արձանագրեց, սակայն Հայաստանի պարագային այդ թիւը տարօրինակ ձեւով անկումի մէջ է։ 2050 թուականին (եթէ Հայաստան մը գոյութիւն ունենայ քարտէսի վրայ) այս թիւը 2 միլիոնի պիտի հասնի՞:

Բնակչութեան թիւով, լեզուով, մշակոյթով, կրօնով եւ գրեթէ ամէ՛ն ոլորտներուն մէջ նահանջ կ՚արձանագրենք եւ եթէ փորձենք անոնց մասին բան մը գրել, «գէշ» դուրս կու գանք:

Հին մամուլի էջերէն կը տեղեկանանք, որ թափառական իսրայէլացի ժողովուրդը մեծ հարստութեան մը տէր էր՝ նոյնիսկ անհայրենիք վիճակին մէջ եւ շատերու համոզումով, Պաղեստինի գրաւումը այդ հարստութեան շնորհիւ իրականացաւ։ Անհայրենիք ժողովուրդ մը անհատներ հարստացնելու փոխարէն ազգը հարստացուց եւ հասաւ իր դարաւոր նպատակին, իսկ մենք կը շարունակենք հարստացնել նախարարներն ու պետական պաշտօնեաները:

Եթէ խօսիս՝ գէշ դուրս պիտի գաս. հետեւաբար կը պահանջուի լռել եւ հանդիսատեսի մը անխօս վիճակով դիտել ներկայացումը, որ կը կոչուի՝ «կորուստը հայ ազգին»։ Արդարեւ, լուռ հանդիսատես ըլլալէ ետք «ա՜խ» ու «վա՜խ»ով լալը մեր ազգի իւրայատուկ շնորհքներուն մաս կը կազմէ:

 

ՀԱՐՑ՝ ԱՐՀԵՍՏԱԿԱՆ ԲԱՆԱԿԱՆՈՒԹԵԱՆ

Հարցում. Խօսէ՛ խօսքի ազատութեան զոհի մը մասին:

Պատասխան. Խօսքի ազատութեան համար պայքարող նշանաւոր գործիչներէն մէկն է Սալման Ռուշտին։ Ան հեղինակն է «Սատանայական հատուածներ» աշխատութեան։ Իր այս աշխատութեան պատճառով 1989 թուականին Իրանի Հանրապետութիւնը մահավճիռ հրապարակելով՝ կոչ ուղղած է սպաննել Սալման Ռուշտին, որ դարձաւ խօսքի ազատութեան խորհրդանիշ:

ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ

Երեւան

Շաբաթ, Յունուար 20, 2024