ԱՐՏԱՔՍՄԱՆ ԿԻՐԱԿԻ

Ամբողջ աշխարհը եւ տիեզերքը ստեղծելէ յետոյ Աստուած վեցերորդ օրը ստեղծեց մարդը։ Մարդուն տուաւ ապրելու համար հրաշալի վայր մը, որ կոչեց Եդեմական դրախտ, եւ մարդուն ըսաւ. «Այս դրախտին մէջ ապրէ, որքան կեանք կու տամ քեզ, այս բոլոր ծառերու եւ կենդանութեան պտուղներէն օգտուէ, բացի մէկ հատէն՝ չարի եւ բարիի գիտութեան ծառէն»։ Եւ Ադամ եւ Եւա ապրեցան այս դրախտին մէջ՝ վայելելով դրախտի երջանկութիւնը եւ ազատութիւնը։

Բայց օր մը սատանան օձի կերպարանքով մօտեցաւ Եւային եւ ըսաւ. «Գիտէ՞ք, թէ Աստուած ինչու համար արգիլեց ձեզ բարիի եւ չարի գիտութեան ծառին պտուղը վայելել»։ Եւ շարունակեց. «Եթէ այս պտուղէն ուտէք՝ աստուածներ կը դառնաք։ Աշխարհի բոլոր գաղտնիքները կը հասկնաք։ Այդ պատճառով ալ, որպէսզի աստուածներ չդառնաք, Աստուած արգիլեց, որ այս պտուղը ուտէք»։

Չդիմանալով գայթակղութեանը՝ Եւան համտեսեց, ան հաճելի թուեցաւ քիմքին եւ ապա պտուղը տուաւ Ադամին։ Ադամը եւս, հակառակ իր խոստումին, կերաւ այդ արգիլուած պտուղը եւ մեղանչե՛ց…։

Դրախտի բոլոր վայելքները ունեցող առաջին մարդիկ անհնազանդութեան պատճառով մեղանչեցին, մեղքի թակարդին մէջ ինկան։ Եւ այդ օրուընէ մինչեւ այսօր մարդիկ կը տառապին, մարդիկ իրենց ճակատի քրտինքով իրենց հացը կը հայթայթեն, կիներ երկունքով կեանք կու տան՝ զաւակ կը ծնին, օձը կը սողայ գետնի վրայ, եւ մարդու գարշապարէն հեռու կը փախչի։ Ադամին եւ Եւային Եդեմական դրախտէն արտաքսուելով՝ Աստուած այս պատիժները սահմանեց մարդկութեան անհնազանդ նախահայրերուն։

Հաւանաբար այս բոլորը «այլաբանական իմաստ» ունին այսօր մեզի համար, քանի որ համայն մարդկութիւնը անխուսափելիօրէն իրեն հետեւող իր ստուերը ունի լոյսի տակ։

Սատանան ամէն մէկս փորձութեան կ՚ենթարկէ, եւ այդ փորձութեան ընթացքին եթէ մենք սատանայի ճանկերու մէջ կ՚իյնանք, վա՜յ է մեզի համար, որովհետեւ մեր ամբողջ կեանքը փորձութեան կեանք մըն է, եւ մենք պէտք է փորձութիւններէն կարողանանք յաղթանակով դուրս գալ։ Ասոր ամենալաւ տիպարն է՝ Յիսուս։ Արդարեւ, Յիսուս Իր քարոզութեան սկիզբին անապատին մէջ քառասուն օր «ապաշխարութեամբ» եւ «զղջումով» նախապատրաստուեցաւ եւ Իր իսկ օրինակով ցոյց տուաւ, որ ի՛նչպէս կարելի է դէմ դնել փորձութիւններուն, հակառակ որ Ինք բացարձակապէս անմեղ էր։

Ասիկա սովորութիւն էր եբրայեցիներու մօտ, բոլոր քահանաները եւ մարգարէները, որոնք քարոզութեան եւ հոգեւոր ծառայութեան կը սկսէին երեսուն տարեկանէն յետոյ, կը քաշուէին անապատ, այնտեղ ճգնելու համար։

Երբ Յիսուս Իր ճգնութեան քառասնօրեայ այդ շրջանը կ՚անցընէր, սատանան կրկին մօտեցաւ Անոր եւ ականջին փսփսաց. «Ես ալ անօթի եմ, դո՛ւն ալ։ Ուրեմն այս քարերուն շունչ տուր, թող հաց դառնան, որ ուտենք, անօթի չմնանք»։

Յիսուս, այո՛, Աստուած էր, կարող էր քարերը, ինչպէս սատանան գիտէր, հացի վերածել, բայց ըսաւ. «Մի՛ փորձեր քու Տէրդ»։

Եւ ուրիշ օր մըն ալ սատանան զԱյն բարձրացուց աշտարակի մը վրայ եւ ըսաւ. «Այստեղէն եթէ ինքզինքդ վար ձգես, հրեշտակները կը պահպանեն քեզ»։ Ինչպէս եւ Սաղմոսերգուն կ՚ըսէ. «Հրեշտակներուն պատուիրուած է քեզ համար, որ ոտքդ երբեք քարի չդպչի»։ Յիսուս դարձեալ պատասխանեց. «Ետի՛ս գնա՛, սատանա՛յ»։

Սատանան անգամ մը եւս ուզեց փորձել Յիսուսը. Երուսաղէմի բարձունքներուն կանգնեցուց եւ ըսաւ. «Ահաւասիկ ամբողջ աշխարհը՝ իր բնակիչներով, իր շէնքերով, իր հարստութեամբ, իր ամէն ինչով քեզ կու տամ, եթէ ինծի երկրպագես»։ Յիսուս դարձեալ պատասխանեց. «Օրէնքի Գիրքին մէջ գրուած է.- Քու Տէր Աստուածդ պէտք է պաշտես եւ միայն Անո՛ր ծառայես»։

Եւ այն ատեն սատանան ձգեց Յիսուսը եւ հեռացաւ…։

Կ՚ապրինք աշխարհի մը վրայ՝ ուր կան բազմաթիւ փորձութիւններ, եւ այդ փորձութիւնները միշտ մեզի կը հետեւին. մեղքը միշտ մեր մօտն է, մեղքը միշտ մեզի կը հետեւի եւ մեզ մշտապէս ամէն տեսակ փորձութիւններու կ՚ենթարկէ։

Եւ ահաւասիկ, Մեծ պահքը՝ քառասնօրեայ պահեցողութեան այս շրջանը յատկապէս տնօրինուած է մեզի համար, որպէսզի մենք հեռո՛ւ մնանք մեղքէ եւ ամէն տեսակ փորձութիւններէ, աղօթենք պահեցողութեամբ, զղջումով եւ ապաշխարութեամբ սրբենք, մաքրենք մեր հոգիները։

Պահեցողութիւնը միայն որոշ ուտելիքներէ հրաժարիլ չէ՛, պահեցողութիւնը, սիրելի՜ բարեկամներ, նաեւ մեր լեզուները զսպել, մեր կիրքերը հակակշռել է, մեղքէ հեռո՛ւ մնալու համար կարելին ընել է։ Եւ մանաւանդ չբամբասել, չհայհոյել, ուրիշներու մասին վատ եւ սուտ վկայութիւններ չկատարել է։ Մեծ պահքի այս շրջանը լաւագոյն առի՛թն է վերանորոգուելու, «նոր մա՛րդ» ըլլալու, նոր թափով մը վերսկսելու ապրիլ այս կեանքը…։

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

Փետրուար 16, 2021, Իսթանպուլ

Շաբաթ, Փետրուար 20, 2021