«ՄԱՅՐԵՆԻ»ԻՆ ՄԷՋ ՇԵՇՏԵՆՔ ՄԱՅՐԵՆԻՆ

Անցնող մի քանի օրերու ընթացքին որոշեցի թերթատել մեր դպրոցներուն մէջ որպէս հայերէն լեզուի դասագիրք օգտագործուող գիրքերը՝ տեսնելու համար, թէ ի՞նչ կը սորվին ու կը կարդան մեր հասակ առնող նոր սերունդները: Վստահաբար արդիւնքը յուսահատեցնող էր. կրթութեան նախարարութիւնը եւ կամ Հայոց լեզուի կոմիտէն ինչո՞վ կը զբաղի՝ չեմ գիտեր, սակայն գիտեմ, որ դասագիրքերու վիճակը լուրջ մտահոգութեան առիթ պէտք է դառնայ՝ վերատեսութեան ենթարկելու եւ անգամ մը եւս մտածելու, թէ ի՛նչ կ՚ուզենք սորվեցնել հասակ առնող մեր ապագայ սերունդներուն:

Ձեռքիս է երկրորդ դասարանի Մայրենի լեզուի դասագիրքը. սկսինք.-

Գիրքին մէջ հրապարակուած առաջին հեքիաթի հեղինակն է «Ռէյն Ռուադ» անուն գրող մը. մեր հայ գրողներու բազմաթի՜ւ հեքիաթները մէկդի ձգած, ինչո՞ւ համար մանուկներուն որպէս ընթերցանութիւն հիւրասիրել օտար գրողի մը հեքիաթը՝ երբ ունինք Թումանեան, Ղազարոս Աղայեան, Իսահակեան եւ բազմաթիւ ուրիշներ: Մի քանի էջեր ետք դարձեալ կը հանդիպինք օտար գրողի մը՝ Նիքոլայ Սլադկով: Քննադատելու ժամանակ պէտք է ըլլալ արդար. դասագիրքին մէջ վստահաբար տեղ կը գտնեն Թումանեանն ու Աղայեանը, սակայն ինչո՞ւ տեղ տալ օտարինին. վստահաբար մեր պատանի-երիտասարդները պէտք է հայկականին կողքին կարդան նաեւ օտարինը՝ որպէս ընդհանուր զարգացում, սակայն նախ պէտք է տեղ տալ հայկականին. այս մէկը կը նմանի կրօնի. մարդ նախ իր կրօնը լաւապէս կ՚ուսումնասիրէ ու կը սորվի եւ ապա հաստատ համոզումներ ունենալէ ետք կը սկսի սերտել միւսները՝ հաստատ մնալով իր կրօնին մէջ:

Ազգային դժբախտութիւն մըն է, որ մեր մէջէն կամաց կամաց կը վերանայ հայկական անձնանունները. նոր ու «զարգացած» ծնողները իրենց զաւակները հպարտութեամբ օտարազգի անուններով կը կոչեն. Սարգիսին, Սեդրակին ու Արային թոռներն ու ծոռները հիմա Լիւսի, Ալիսիա, Աննա-Մարիա եւ տարբեր անուններ կը կրեն: Դժբախտաբար այս երեւոյթը տեղ կը գտնէ նաեւ դասագիրքերուն մէջ. շատ մը պատմուածքներու հերոսները օտար անուններ կը կրեն: Մեր մանկութեան ժամանակ հերոսները կը կրէին Անի, Արա, Պետիկ եւ այլ հայկական անուններ, սակայն այսօր Միշա, Սերկէյ եւ այլ տարբեր անուններ կը գտնենք: Այո, անոնք պարզապէս անուններ են, սակայն այդ մանր ու աննշմար բաները եւս հայեցի դաստիարակութեան մաս կը կազմեն։ Հայ աշակերտին հերոսները պարտի ըլլայ Մկրտիչը, Մուշեղը, Դաւիթը եւ Մհերը, որպէսզի անոնք այդ անուններուն մէջ ո՛չ թէ միայն անուն, այլ հայութիւն տեսնեն եւ որոշ կապուածութիւն մը ունենան, որովհետեւ անոնք ազգային արժէքներուն մաս կը կազմեն:

Ձեռքիս է երրորդ դասարանի դասագիրքը. կը հանդիպինք «Տանկը թանգարանում» անուն բանաստեղծութեան մը, գրուած Ռաֆայէլ Հայրապետեանի կողմէ. գիրքին մէջ ո՛չ մէկ տեղ «տանկ»ի փոխարէն օգտագործուած չէ «թնդանօթ» հայերէն բառը (վստահաբար չենք ըսեր օգտագործեն հրասանդ, գնդընկէց կամ սանդար բառերը): Դժբախտաբար շատ մը օտար բառեր որպէս «հայերէն» կը դրուի մեր ապագայ սերունդին դիմաց. այդ մանուկները վստահաբար թնդանօթ բառը պիտի չգործածեն, եթէ հայերէն լեզուի դասընթացքին մէջ տեսնեն, լսեն ու կրկնեն «տանկ» բառը. կը վերադառնանք նոյն հարցին. անոնք թող գիտնա՛ն որ օտար լեզուի մէջ կը գործածուի «տանկ» բառը, սակայն թող գիտնան, որ այդ մէկը հայերէն չէ եւ մեր մայրենի լեզուն ունի անոր համարժէք բառը: «Տանկ»ը պարզապէս օրինակ մըն է տեղ գտած այլ բազմաթիւ բառերէն, որոնք որպէս «հայերէն» կը դրուի մեր աշակերտութեան դիմաց:

«Սեպտեմբեր 21» խորագրեալ պատմութեան առաջին տողերուն մէջ կը կարդանք.- «Արմէնը, երկրորդ դասարանի մաթեմատիկայի դասագիրքը ձեռքին...»: Այսօր պետական մակարդակով եւս թուաբանութեան դասընթացքը կը կոչուի «մաթեմատիկա» եւ բոլոր աշակերտութեան համար նոյնպէս կը շարունակէ մնալ նոյնը: Թուաբանութիւն բառին ի՞նչը տձեւ է... կը կարծենք «մաթեմատիկա» բառի հնչիւնաբանութիւնը շատ աւելի դժուար է՝ քան «թիւ» եւ «բանութիւն» բառերու միացումը. այսօր մեր հայ աշակերտները դպրոցներէն ներս կը հետեւին «ֆիզիկա»ի, «մաթեմատիկա»ի, «շախմատ»ի դասընթացքներու։ Շախմատի տեղ «Ճատրակ» բառի օգտագործման մէջ ի՞նչ անպատեհութիւն կար:

Պէտք է համոզուիլ ու ընդունիլ, որ մեր նպատակը դպրոցներուն մէջ պարզապէս «գիտութիւն» մը փոխանցելը չէ. մենք պարտաւոր ենք մեր ազգային արժէքները փոխանցել ապագայ սերունդին, որ նոյնքան կարեւոր է՝ քան թուաբանական հաշուարկ մը: Մեր ազգին մէջ պէտք է վերատեսութեան ենթարկուի դպրոց հասկացողութիւնը եւ անգամ մը եւս յստականայ, թէ ի՞նչ է մեր դպրոցներուն նպատակը։ Վերոյիշեալ փոքր թուացող սխալներու ճամբով է որ ժամանակի ընթացքին կը կորսուի լեզուն, կը կորսուին արժէքները. թուաբանութիւնը որպէս «մաթեմատիկա» սորվող մեր այսօրուան երիտասարդը իր կարգին իր զաւակներուն ու թոռներուն «մաթեմատիկա» պիտի սորվեցնէ եւ այսպէս սերունդէ սերունդ շարունակուի եւ այսպէս է որ բառեր կ՚անհետանան ու կը կորսուին:

Մեր մօտեցումը մանաւանդ մայրենի լեզուի պարագային ամբողջութեամբ տարբեր է, որովհետեւ կը հաւատանք, թէ այդ դասապահին է որ հայերէն լեզուի կողքին հայրենասիրութիւն կարելի է սերմանել մեր ապագայ սերունդին մէջ. Սասունցի Դաւիթը սորվելով՝ անոնք թէ՛ հայերէն լեզուն կրնան սորվիլ եւ թէ պայքարի ոգին ունենալ. Առիւծ Մհեր կարդալով՝ կրնան թէ՛ հայերէն բառեր սորվիլ եւ թէ պատերազմական ոգիին հետ ծանօթանալ: Դպրոցի մը առաքելութիւնը դասագիրքերուն մէջ տրուած նիւթերը փոխանցելէն շա՜տ աւելի վեր պարտի ըլլալ. դպրոցը ռազմական կրթութիւն փոխանցելու համազօր է. պատերազմական կրթութեան ժամանակ կռուիլ ու պաշտպանուիլ կը սորվեցնեն. մայրենի լեզուի դասընթացքի պարագային եւս նոյնն է՝ որովհետեւ մեր մայրենի լեզուի գոյատեւման համար պէտք է կռուիլ եւ պաշտպանել օտար ազդեցութիւններէ:

 

ՀԱՐՑ՝ ԱՐՀԵՍՏԱԿԱՆ ԲԱՆԱԿԱՆՈՒԹԵԱՆ

Հարցում. Անասունները հոգի ունի՞ն:

Պատասխան. Անասուններուն հոգի ունենալ-չունենալու հարցը փիլիսոփայական եւ կրօնական մեկնաբանութեան խնդիր է՝ քան գիտական փաստ: Տարբեր մշակոյթներ տարբեր համոզումներ ունին այս նիւթին շուրջ: Շատ մը կրօններ կը հաւատան, որ հոգիի գոյութիւնը կապուած է մարդուն եւ անասունները չունին հոգի, սակայն ուրիշներ ալ կը հաւատան, որ անասունները մարդկանց նման ունին հոգի, գիտակցութիւն, յոյզեր, ինքնագիտակցութիւն եւ այլ զգացումներ՝ որ մարդը ունի:

Պատասխանը՝ թէ կենդանիները հոգի ունին թէ ոչ, կախուած է մարդու անձնական համոզումէն. այդ նիւթը դարեր շարունակ եղած է աստուածաբաններու, փիլիսոփաներու եւ գիտնականներու ուսումնասիրութեան առարկայ եւ մինչեւ օրս կը շարունակէ ըլլալ:

ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ

Երեւան

Երեքշաբթի, Փետրուար 20, 2024