ԱՐԾԻՒԸ ԵՒ ՆԵՏԸ

Մարդ եթէ ուշադրութեամբ դիտէ բնութիւնը, հոն պիտի գտնէ դասեր, որոնք թերեւս կարելի պիտի չըլլայ հանդիպիլ եւ գտնել մարդկային ընկերութեան մէջ։ Բնութիւնը, արդարեւ, իր ամբողջութեանը մէջ, դպրոց մըն է՝ ուր կարելի է սորվիլ շատ բան։ Կարելի է հարցնել, թէ՝ անբան անասուն մը կրնա՞յ դաս տալ բանաւոր ասուն էակին՝ մարդուն։ Կեանքի ընդհանուր փորձառութիւնը մեզի ցոյց կու տայ, որ օրինակին գէշը կամ բարին չկա՛յ. ամէն օրինակ կրնայ մարդուս դաս մը տալ եւ ճշմարտութեան առաջնորդել զայն։

Արծիւ մը եւ նետ մը… ի՞նչպիսի դաս մը կրնան տալ մարդուս։ Միասին տեսնենք ուրեմն սիրելի՜ բարեկամներ։

Կը պատմուի, թէ՝ արծիւ մը երբ օդին մէջ կը սաւառնի, յանկարծ կը լսէ նետի մը շկահիւնը՝ ձայնը եւ այդ պահուն կը զգայ, թէ մահացու կերպով վիրաւորուած է։ Արիւնլուայ՝ դէպի գետին կը գլորի խեղճ արծիւը։ Եւ այդ միջոցին վերջին ճիգով մը կը նայի զինք վիրաւորող նետին, եւ հազիւ կը տեսնէ, որ զինք վիրաւորող նետը իր իսկ փետուրով է շինուած…

«Ա՜խ», կ՚ըլլայ արծիւին վերջին կանչը։

Սիրելի՜ներ, շատ անգամ մեր թշնամիներուն մե՛նք կու տանք այն առիթը եւ միջոցները՝ որով կը հարուածէ եւ կ՚ոչնչացնէ մեզ։ Եւ ահաւասի՛կ, արծիւը հարուածուեցաւ իր իսկ փետուրով եւ ան եղաւ իր վերջը…

Ուրեմն, պէտք է զգոյշ ըլլալ եւ թշնամիներու առիթ չտալ, որպէսզի գործածեն մեր դէմ. բայց շատ աւելի լաւ է անշուշտ թշնամի չստեղծել, թշնամի չունենալ, սակայն ասիկա մարդկային բնութեան հակառակ է՝ մարդ միշտ կը ստեղծէ «թշնամի» մը՝ երբեմն գիտակցաբար, յետին նպատակներով, գաղտնի դիտաւորութիւններով, երբեմն ալ անգիտակցաբար եւ միամտօրէն։ Որ մէկն ալ ըլլայ, մարդ անպայման «թշնամի» մը կ՚ունենայ։

Իրականութեան մէջ՝ մարդ եթէ չունենայ արտաքին թշնամի մը, ինքն իր մէջ ունի թշնամի մը՝ իր «Ես»ը եւ կարծեմ մարդուս ամենամեծ, անգութ թշնամին ի՛նքն իսկ է։

Կ՚ըսեն, որ անկեղծ թշնամին նախընտրելի է կեղծաւոր բարեկամէն։ Արդէն «կեղծաւոր բարեկամ»ը բարեկամ չէ՛, այլ՝ թշնամի՛։ Եւ դարձեալ, կ՚ըսեն որ նախընտրելի է խելացի թշնամին քան անխելք բարեկամը։ Ճի՛շդ է, քանի որ իմաստուն, խելացի եւ ուշիմ թշնամին խոհակամ է եւ կարելի է զայն ճանչնալ եւ ըստ այնմ վարուիլ, իսկ անմիտ, իմացականութենէ զուրկ բարեկամը անորոշութեան կը մատնէ մարդը՝ չես գիտեր թէ ե՞րբ ի՛նչ պիտի ընէ եւ այդպիսի մէկը բարեկամութենէ աւելի՝ թշնամութիւն կը ստեղծէ։

Արդարեւ, բարեկամ ընտրել եւ թշնամին ճանչնալ «արուեստ» մըն է՝ հմտութիւն եւ փորձառութիւն կը պահանջէ։ Եւ ի՜նչ բարեկամներ կան՝ որ փոխանակ օգտի, վնաս պատճառած են իրենց շուրջիններուն։ Ուստի, «բարեկամ»ը՝ բարեկամ, «թշնամի»ն՝ թշնամի պէտք է ճանչնալ եւ ըստ այնմ վարուիլ։

Ինչպէս ըսինք, թէեւ գրեթէ անկարելի, բայց նախընտրելի է թշնամի չստեղծել։ Բայց ասիկա միակողմանի վիճակ մը չէ. դուք որքան ալ զգուշանաք թշնամի չստեղծելու, թշնամին ինք արդէն կը ստեղծուի։ Ուրեմն կարելի չէ, որ «թշնամի» եզրը գոյութիւն չունենայ մարդուս կեանքին մէջ։ Եւ երբ Յիսուս կ՚ըսէ. «Սիրեցէ՛ք ձեր թշնամինները», այս իսկ փաստ մը, ապացոյց մըն է, թէ կեանքի մէջ կա՛ն թշնամիներ եւ թէ պիտի ըլլան միշտ թշնամիներ։ Արդէն, չէ՞ որ Յիսուս ըսաւ, թէ այս աշխարհի վրայ նեղութիւն պիտի ունենաք, ուրեմն այս բոլորը բնական պէտք է համարուին կեանքի մէջ։

Այո՛, պիտի ըլլան նեղութիւններ եւ թշնամի կեանքի մէջ, բայց կարեւորը անոնց հանդէպ մեր ունեցած դիրքորոշումն է եւ վարուելակե՛րպը։ Պայքար մըն է կեանքը, որ պարտինք քաջութեամբ, խոհեմութեամբ եւ հաւատքի ուժով մաքառիլ, մարտնչիլ միշտ յոյսը ունենալով յաղթանակի պսակը կրելու։

Պայքարի մը մէջ պարտութիւնը բերողը տկարութիւնը չէ՛, այլ՝ վհատութիւնը, յուսալքումը. այն որ յոյս ունի՝ ուժ ունի, կարողութիւն ունի, հաւա՛տք ունի եւ վերջապէս սէ՛ր ունի։

Սիրենք բարեկամները մեր, բայց աւելի շատ սիրենք մեր թշնամիները, որովհետեւ բնական է սիրել բարեկամը, բայց թշնամին սիրել՝ վեհութիւն է. վեհութիւն մը՝ որուն միջոցով միայն կարելի կ՚ըլլայ պարտել թշնամին եւ յաղթե՛լ զայն…։

ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ

Մարտ 17 2023, Իսթանպուլ

Երկուշաբթի, Մարտ 20, 2023