ԵԹԷ

«Եթէ կրնաս սիրտ ու ջիղեր ու մկան

Մաշումէն ետք նորէն լարել անդադար»:

Մեր մէջ ո՞վ է այն մարդը, որ անգամուան մը համար չէ ուզած ապրիլ ու յուսահատ, յոգնած ամէն բանէ ուզած է առյաւէտ հեռանալ. ո՞վ է այն մարդը, որուն սիրտը անգամուան մը համար չէ արիւնած, չէ վիրաւորուած կամ կոտրուած. կա՞յ մարդ, որուն ջիղերը երբեւէ յոգնած չըլլան ու մկանները պրկուած:

Մարդ ընկերային որ խաւին ալ պատկանի, անգամուան մը համար (եթէ ոչ յաճախ) անպայմանօրէն ապրած ու զգացած է այդ մաշումը իր սիրտին, ջիղերուն ու մկաններուն վրայ, սակայն սիրտի ի՜նչ քաջութիւն կ՚ուզէ այդ բոլորէն ետք դարձեալ ոտքի կանգնիլն ու դարձեալ դարմանելը այդ բոլորը, որովհետեւ անոնք թէեւ կը դարմանուին, սակայն իրենց ետին կը ձգեն սպի մը, որ կը կոչուի փորձառութիւն ու կեանք:

Յատկանշական է բանաստեղծին յիշած «անդադար» բառը, որովհետեւ այդ մաշումը մէկ անգամ չէ որ կը կատարուի. այդ մէկը յաճախական է եւ անբաժան մէկ մասն է մեր կեանքին, որովհետեւ վիրաւոր սիրտը մենք պիտի բուժենք, ուրիշը պիտի գայ դարձեալ վիրաւորէ, ջիղերը մենք պիտի խաղաղեցնենք ու հանգստացնենք, սակայն ուրիշը պիտի գայ գրգռէ զայն:

Մենք մաշուած իրերը յաճախ կը թափենք, սակայն սիրտը, ջիղն ու մկանը միակն են, որ պարտաւոր ենք վերանորոգել ու թարմացնել եւ այդ տոկունութեան մէջ է անոնց արժէքը. այնպէս ինչպէս դարաւոր շէնք մը փողոցի մը մէջ կը շարունակէ իր տիրական տեղը գրաւել նորերու կողքին, մարդու սիրտը եւս պարտաւոր է նորերուն դիմաց լարուած ու ձիգ վիճակի մէջ ըլլալ. այլապէս վա՜յ անոր:

***

«Եւ դիմանալ, երբ մեռած է ամէն բան,

Բացի կամքէն, որ կը մնայ մէջդ վառ»:

Յաճախ կը կարծենք, թէ մարդ կը մեռնի, երբ իր սիրտը սկսի այլեւս չտրոփել, սակայն իրական մահը սկիզբ կ՚առնէ հո՛ն՝ երբ մարդուն մէջ հոգի կու տայ կամքը, որ հոգիին եւ մարմինին կողքին մարդը մարդ դարձնող եւ անոր կեանք տուողն է: Առանց կամքի ու նպատակի ապրուած կեանք մը, աննպատակ ծփացող նաւակէն բանով մը չի տարբերիր: 

Բանաստեղծը կենդանի մնալու միակ միջոց կը նկատէ կամքը, որու շնորհիւ կարելի է վերականգնել բոլոր այն բաները, որոնք մարդուն մէջ մեռած են արդէն, որովհետեւ քաջ մարդը կը գիտակցի, որ կամքին դիմաց անզօր է աշխարհի ամէն չարիք ու նենգութիւն:

Յաճախ մտածած եմ, թէ ի՞նչ է կամքը. այդ մէկը ունենալը Աստուածատուր շնո՞րհք է, թէ ոչ դաստիարակութիւն կամ համոզում. ճիշդ է, որ ամէն մարդ աշխարհ եկած է տարբեր կարողութիւններով եւ նկարագրով, սակայն կամքի պարագան ամբողջութեամբ տարբեր է. կամքը կարելիութիւնը ունի զարգանալու եւ յառաջդիմելու եւ այդ է պատճառը, որ շատեր իրենց սխալներուն դիմաց յուսահատելու փոխարէն կը փորձեն դասեր քաղել եւ առանց յուսահատելու նոր կամքով մը կը դիմեն դէպի առաջ՝ ետ չմնալու համար կեանքէն:

Բանաստեղծը կամքին համար կը գործածէ «վառ» բառը, որովհետեւ կեանքի ընկճուած խաւարին մէջ միայն կամքին լոյսն է, որ կրնայ դարձեալ լուսաւորել ամբողջ այդ հոգեկան խաւարը՝ նոյնիսկ եթէ աղօտ թուի:

***

«Եթէ կրնաս արքաներու հետ պարզուկ,

Ամբոխին մէջ առաքինի ըլլալ միշտ»:

Եթէ բանաստեղծը նախապէս գիտցած ըլլար որ օր մը, հայութիւնը այս բանաստեղծութիւնը պիտի թարգմանէ եւ որպէս իրը սիրէ ու տարածէ, վստահաբար այս տողերը պիտի չգրէր, որովհետեւ հայութեան մէջ «թագաւորին հետ թագաւոր ըլլալ»ու հիւանդութիւն մը գոյութիւն ունի, որ ամբողջութեամբ խոտոր է բանաստեղծին յորդորին:

Ինչքա՜ն հեռացած է պարզութիւնը մեզմէ. համեստութիւնը անհետացած իսկ առաքինութիւնը վերացական բան մը դարձած է մեր ընկերութենէն ներս: Բանաստեղծին բոլոր տողերն ալ հայերուս համար օտար չեն, որովհետեւ նոյն գաղափարները մենք լսած ու տեսած ենք մեր տարբեր տարբեր բանաստեղծներուն, ինչպէս նաեւ աշուղներուն մօտ: Առաքինութիւնը մեր նախահայրերուն եւ մեր գրիչներուն կողմէ յաճախ շեշտուած է եւ մինչեւ իսկ երգի ճամբով վերածուած է պատգամի, ըսելով. «Բարի, գեղեցիկ, առաքինի ընկերը՝ մարդուն, փայլեցնում է արեւի պէս պատկերը մարդուն»:

Այդ արեւները պակսած են այսօր եւ իրենց տեղը տուած կեղծաւորներու, որոնք գիտեն մեծին դիմաց ինչպէս քծնիլ եւ տկարին ինչպէս հարուածել, գիտեն ինչպէս սիրաշահիլ մեծը եւ տկարը ինչպէս նուաստացնել:

Երանի՜ անոր, որ աղքատին հետ կ՚ըլլայ այնպէս, ինչպէս պիտի ըլլար արքային դիմաց, իսկ արքային հետ այնպէս՝ ինչպէս աղքատին դիմաց, որովհետեւ այդ մէկը նկարագիրի մաքրութիւն ցոյց կու տայ, իսկ անոր հակառակը շահամոլութիւն, փառասիրութիւն ու շողոքորդութիւն:

•շարունակելի - 6

 

ՀԱՅԿԱԿԱՆ ԱՆՑԵԱԼԷՆ ՊԱՏՄՈՒԹԵԱՆ ՄԷՋ ԱՅՍՕՐ

ԱՆՈՒՇԱՒԱՆ ՄԱԿԱՐԵԱՆ
(1910-1973)

Մեր թուականէն 112 տարիներ առաջ՝ 20 մայիս 1910-ին, Գեղարքունիքի մարզի Սարուխան գիւղին մէջ ծնած է գրականագէտ, բանասիրական գիտութիւններու տոքթոր եւ Գրողներու միութեան անդամ Անուշաւան Մակարեան:

Մակարեան նախնական կրթութիւնը ստացած է ծննդավայրի դպրոցին մէջ, ուրկէ շրջանաւարտ եղած է 1930 թուականին. ապա ընդունուած է Երեւանի Պետական համալսարանի բանասիրական կաճառը, ուրկէ շրջանաւարտ եղած է 1938 թուականին: Գրականագէտը 1941-1945 թուականներուն մասնակցած է հայրենական մեծ պատերազմին: Պատերազմէն ետք, «Միքայէլ Նալպանտեանի պոեզիա»ն նիւթով պաշտպանած է իր թազը եւ ստացած՝ բանասիրական գիտութիւններու տոքթորի աստիճան:

Ուսումը աւարտելէ ետք աշխատած է «Մանուկ Աբեղեան» գրականութեան կաճառէն ներս, իսկ 1971-1973 թուականներուն՝ արուեստի կաճառէն ներս: Նոյն միջոցին պաշտօնավարած է Կիրովականի հեռակայ մանկավարժական կաճառէն ներս, վարելով հայ գրականութեան ամպիոնի վարիչի պաշտօնը: Մակարեան հեղինակ է բազմաթիւ ուսումնասիրութիւններու, որոնցմէ շատեր առանձին հատորներով լոյս տեսած են. ինչպէս՝ «Միքայէլ Նալպանտեան Իբրեւ բանաստեղծ», «Մ. Մեծարենցի ստեղծագործութիւնները», «Երուանդ Օտեանի կեանքը», «Մ. Նալպանտեանը գրող» եւ այլ աշխատութիւններ:

Ռուսերէն լեզուով լոյս տեսած է Մակարեանի «Երգիծանքի մասին» աշխատութիւնը: Մակարեան 1939 թուականին դարձած է Գրողներու միութեան անդամ:

Գրականագէտը մահացած է 1 դեկտեմբեր, 1973 թուականին, Հայաստանի մէջ:

ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ

Ուրբաթ, Մայիս 20, 2022